Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altՆա­խորդ գրա­ռու­մով են­թադ­րած էի, որ հո­ղեր յանձ­նե­լու մա­սին շրջա­նա­ռո­ւող զրոյ­ցին լրջա­ցումն էր ­Սաս­նայ Ծ­ռե­րու ընդվ­զու­մին պատ­ճա­ռը, նաեւ զի­նեալ գոր­ծո­ղու­թեան մղի­չը: Ա­մէն ա­րար­քի մէջ ան­պայ­մա՚ն տրա­մա­բա­նու­թիւն փնտռող­ներ օ­րին կաս­կա­ծե­ցան

նոյ­նիսկ, որ ա­տի­կա ա­ռանձ­նա­կի, մե­կու­սի գոր­ծո­ղու­թիւն մը չէր կրնար ե­ղած ըլ­լալ: ­Կը կաս­կա­ծէին, թէ ­Սաս­նայ Ծ­ռե­րու ա­ռած քայ­լին պի­տի հե­տե­ւի պա­լա­տա­կան յե­ղաշր­ջում մը այն­պէս, ինչ­պէս պա­տա­հած էր 1998ին, ա­ռա­ջին նա­խա­գա­հի՝ Լ.Տ.­Պետ­րո­սեա­նի ժա­մա­նակ, երբ ան տե­ղի տա­լով ար­տա­քին ճնշում­նե­րուն՝ հա­կո­ւած էր խա­ղա­ղու­թեան դի­մաց ա­զա­տագ­րո­ւած հո­ղե­րը ա­զե­րիին յանձ­նե­լու ընտ­րան­քին եւ հրա­տա­րա­կած՝ «­Պա­տե­րա՞զմ, թէ ՞ խա­ղա­ղու­թիւն» տխրահռ­չակ յօ­դո­ւա­ծը...:

Ո­մանց այս կաս­կա­ծը պար­զա­պէս կ­՚ար­ձա­նագ­րեմ ու կ­՚անց­նիմ:
Բա­րա­ցու­ցա­կան է , որ ­Սաս­նայ Ծ­ռե­րու ա­րար­քին ստեղ­ծած խռո­վա­յոյզ օ­րե­րու ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան խո­շոր բա­ցա­կա­նե­րը ե­ղան երկ­րի կա­ռա­վա­րա­կան կազ­մը, Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վը եւ այն կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք սանկ-նանկ առն­չո­ւած են իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն:
Կ­՚են­թադ­րո­ւի, թէ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը ժո­ղո­վուր­դին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն են, իսկ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ա­ռա­քե­լու­թիւնն է միջ­նոր­դի դեր կա­տա­րել՝ ի­րենց հե­տե­ւորդ­նե­րուն ու պե­տու­թեան մի­ջեւ:

Ո՞ւր էին ա­նոնք:
Չ­հա­շո­ւած անն­շան բա­ցա­ռու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք մշտա­պէս հրա­պա­րա­կի վրայ աղմ­կող ընդ­դի­մա­դիր­ներ են, մնա­ցեալ­նե­րը չու­զե­ցին կամ չհա­մար­ձա­կե­ցան զի­րենք ընտ­րող ցու­ցա­րար­նե­րուն մէջ ըլ­լալ, չա­փա­ւո­րե­լու հա­մար ա­նոնց քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­րիու­թիւ­նը, ի հար­կին ուղ­ղե­լու զա­նոնք, մեղ­մե­լու ա­նոնց կիր­քը, եւ այլն:
Ինչ­պէ՞ս կ­՚ար­դա­րա­ցո­ւի ա­նոնց բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը:
Կ­՚ը­սո­ւի, թէ մա­հա­մերձ ­Ռոս­տո­մի ար­տա­սա­նած վեր­ջին ու բազ­մի­մաստ բա­ռե­րը ե­ղած են՝ «­Խե՜ղճ ­Ժո­ղո­վուրդ»...:
Մեծ յե­ղա­փո­խա­կա­նին եր­կու բա­ռե­րու մէջ խտա­ցու­ցած իր ժո­ղո­վուր­դին խոր ճա­նա­չո­ղու­թիւ­նը ան­գամ մը եւս կը ցո­լա­նար այդ օ­րե­րուն: Ի ­Հա­յաս­տան, պե­տա­կա­նու­թեան պայ­ման­նե­րու մէջ ընդվ­զած հայ բազ­մու­թիւն­ներ ա­ռանց ա­ռաջ­նոր­դի եւ... կա­մա­կոր սփիւռք:

Խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գին խո­րա­պէս հա­մո­զո­ւած ըլ­լա­լով հան­դերձ, մարդ ա­կա­մայ հարց կու տայ ինք­զին­քին, թէ բա­ցա­կայ այս տար­րե­րո՞վ պի­տի ար­դիւ­նա­ւո­րո­ւի, ըստ նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան, նա­խա­գա­հա­կա­նէն խորհրդա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գի ան­ցու­մը...:
Ե­րե­ւի, պի­տի կի­րար­կո­ւի ­Մաօ ­Ցէ ­Թուն­կին վե­րագ­րո­ւած խօս­քը, թէ... խնձո­րին «խնձո­րու­թիւ­նը» հասկ­նա­լու հա­մար պէտք է խած­նել զայն:
Խն­դիրն այն է սա­կայն , որ հասկ­ցո­ւե­լիք-փոր­ձո­ւե­լի­քը խնձո­րը չէ, այլ՝ երկ­րի մը հա­մա­կար­գը:

Ին­չե­ւէ...
Անց­նինք:
Խ­ռո­վա­յոյզ այդ օ­րե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ ձգո­ւե­ցաւ ոս­տի­կա­նու­թեան, որ ցոյ­ցե­րու-եր­թե­րու մաս­նա­կից քա­ղա­քա­ցի­նե­րու հետ վա­րո­ւե­ցաւ ինչ­պէս ինք կը կար­ծէր կամ կը հա­ւա­տար, որ պէտք է վա­րո­ւի. այ­սինքն վա­րո­ւե­ցաւ այն­պէս , ինչ­պէս որ կը վա­րո­ւին լկտի խու­լի­կան­ներ զսպե­լու պա­րա­գա­յին:

Գի­տենք, որ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը երկ­րի մը ու­ժա­կան անհ­րա­ժեշտ կա­ռոյցն է: Ա­ւե­լորդ է նաեւ ը­սել, որ ու­ժը կը գոր­ծա­ծո­ւի լաւ կամ վատ, օգ­տա­կար կամ վնա­սա­կար նպա­տա­կի: ­Վայ ե­կեր է, ե­թէ ոս­տի­կա­նը քա­ղա­քա­ցի­նե­րու դէմ կա­մա­յա­կա­նօ­րէն գոր­ծա­ծե­լու ի­րա­ւուն­քը կու տայ ինք­զին­քին, իբ­րեւ ուժ՝ ի­րեն վստա­հո­ւած ձեռ­քի մա­հա­կը կամ մէջ­քին ատր­ճա­նակ կրե­լու լիա­զօ­րու­թիւ­նը: Այդ գոր­ծիք­նե­րը կարգ-կա­նո­նի պահ­պան­ման հա­մար են: Ոս­տի­կա­նին հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը օ­րէն­քին հան­դէպ է, ոչ թէ իշ­խող­նեու եւ ա­նոր նո­ւի­րո­ւա­ծու­թիւ­նը ի պաշտ­պա­նու­թիւն քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն է: ­Բայց ա­սի­կա ար­դէն ու­րիշ թե­մա է եւ դուրս կ­՚իյ­նայ այս քննար­կու­մէն:

Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ դժո­ւար լու­ծե­լին հան­րա­յայտ ու դա­ժան այն ի­րա­կա­նու­թիւնն է, որ երկ­րին մէջ ձե­ւա­ւո­րո­ւած է կա­ռա­վար­ման այն­պի­սի հա­մա­կարգ, ուր պե­տու­թիւն-իշ­խա­նու­թիւն-մե­նաշ­նոր­հեալ հարս­տա­պե­տու­թիւն ի­րա­րու ա­գու­ցո­ւած-ըն­դե­լու­զո­ւած են, ի­րար­մով կը սնա­նին:
Բա­րեշր­ջու­մի ե­ղա­նա­կով այս ե­ռեա­կի հան­գոյ­ցը քա­կե­լու օ­րի­նա­կան-սահ­մա­նադ­րա­կան ճամ­բան ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն պի­տի անց­նի վե­րո­յի­շեալ­նե­րու՝ իշ­խող­նե­րու եւ մե­նաշ­նոր­հեալ­նե­րու բո­վէն, քա­նի որ ա­նոնց ձեռքն է, յու­նա­կան ա­սոյ­թով՝ «ե՚ւ դա­նա­կը, ե՚ւ սե­խը»: ­Կը նշա­նա­կէ, թէ այդ մար­դի­կը բնա­կան ճա­նա­պար­հով եր­բեք տե­ղի պի­տի չտան, պի­տի չտկա­րա­նան ո­րե­ւէ փոր­ձի դի­մաց, որ ի­րենց­մէ պի­տի խլէ իշ­խա­նու­թիւ­նը եւ վա­յե­լած ա­ռանձ­նաշ­նոր­հու­մը:

Չու­նե­նանք միամ­տու­թիւ­նը, որ աս­տո­ւա­ծա­յին տնօ­րի­նու­թեամբ հո­գե­փո­խու­թիւն կը կրեն ա­նոնք, մե­ղա­յի կու գան, ի­րենց վա­յե­լած դիր­քե­րը կը զի­ջին:
Զա­նոնք տկա­րաց­նե­լու ո­րե­ւէ փորձ ուժ­գին դի­մադ­րու­թեան պի­տի հան­դի­պի ան­պայ­ման՝ իշ­խա­նու­թեան բո­լո՜ր, բո­լո՜ր օ­ղակ­նե­րու մէջ, քա­նի գի­տեն ա­նոնք, որ ի­րենց տկա­րու­թիւ­նը են­թա­կայ պի­տի դարձ­նէ զի­րենք հաշուետուութեան, ա­պօ­րէն մի­ջոց­նե­րով դի­զո­ւած հարստու­թիւ­նը ազ­գին վե­րա­դարձ­նե­լու պար­տադ­րան­քի, պա­տի­ժի:

Ու­րեմն ո՞ւր է ել­քը.
Յե­ղա­փո­խու­թի՞ւն:
Ան­շուշտ՝ ո՚չ:
Յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը յա­ջո­ղած պա­հուն իսկ կը մեռ­նի եւ կը ծնի շա­հա­գոր­ծող նոր ցե­ցեր:
Միակ ա­պա­ւէնն ու ար­դիւ­նա­ւո­րը սահ­մա­նադ­րա­կան կարգն է եւ օ­րէն­քին ու­ժը ու ա­նոր խստա­գոյնս կի­րար­կու­մը, ո­րուն հա­մար կա­րի­քը կար թե­րեւս, որ եր­կիրն ու հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ցնցում­նե­րու են­թար­կո­ւէին:

Ապ­րի­լի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մը եւ ­Սաս­նայ Ծ­ռե­րու ար­կա­ծախնդ­րա­կան ու ան­հե­ռան­կար գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ի­րենց բա­ցա­սա­կան հե­տե­ւանք­նե­րով հան­դերձ, ցնցե­ցին հա­սա­րա­կու­թիւ­նը եւ հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն դար­ձու­ցին յե­տա­դարձ ու­ժով օ­րէն­քի խստա­գոյն գոր­ծադ­րու­թիւ­նը՝ ներ­քին ցե­ցե­րու, չա­րա­շա­հող մե­նաշ­նոր­հեալ­նե­րու նկատ­մամբ:
Ս­պա­սե­լի է, որ հի­մա ը­նե­լիք ու­նե­նան դաշ­նակ­ցա­կան նա­խա­րար­նե­րը: ­Սա­կայն՝ զգոյշ: Անհ­րա­ժեշտ է ընդ­դի­մա­նալ՝ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ ա­ճած քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­րիու­թիւ­նը ճզմե­լու ո­րե­ւէ փոր­ձի:

Քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­րիու­թեամբ օժ­տո­ւած հա­սա­րա­կու­թիւնն է գլխա­ւոր յե­նա­րա­նը այն պայ­քա­րին , որ օ­րէն­քի ու­ժով պի­տի մղո­ւի (պէտք է մղո­ւի) ներ­քին ցե­ցե­րու դէմ:
Յա­ջոր­դին կը վեր­ջաց­նեմ ը­սե­լիքս...:

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Ա­թէնք, 8-11 Օ­գոս­տոս 2016