Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altԱյս յօ­դո­ւա­ծով փորձ կը կա­տա­րո­ւի բա­ցատ­րե­լու պատ­ճառ­նե­րը ­Ռու­սիոյ եւ ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յան­կար­ծա­կի վե­րա­կանգն­ման, որ նաեւ ջեր­մօ­րէն ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ո­րոշ չա­փով Ի­րա­նի կող­մէ՝ մինչ Ե­րե­ւա­նի մէջ մեծ առ­ճա­կա­տում տե­ղի

կ­՛ու­նե­նար զի­նո­ւած ընդ­դի­մա­դիր խում­բի եւ ոս­տի­կա­նու­թեան մի­ջեւ:

­Մոս­կո­ւա եւ Ան­գա­րա, մէկ կողմ ձգե­լով ի­րենց հա­կա­մար­տու­թիւ­նը՝ նա­խորդ տա­րի սու­րիա­կան սահ­մա­նի մօտ ­Թուր­քիոյ կող­մէ ռու­սա­կան ռազ­մա­կան ինք­նա­թի­ռի խոց­ման պատ­ճա­ռով, այժմ «հա­շո­ւար­կով ա­մուս­նու­թիւն» կնքած են՝ մեկ­նե­լով ի­րենց ազ­գա­յին փո­խա­դարձ շա­հե­րէն: ­Ռու­սիոյ եւ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ­նե­րու կող­մէ ըն­դու­նո­ւած այս գործ­նա­կան ո­րո­շու­մը նպա­տակ ու­նի ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նին հասց­նե­լու ի­րենց տնտե­սա­կան շա­հե­րը եւ հա­մա­կար­գե­լու ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը՝ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռե­լով ա­ւե­լի լաւ դի­մա­կա­յե­լու Ա­րեւ­մուտ­քի ճնշում­նե­րը:

­Ռու­սիա կը տա­ռա­պի փլու­զո­ւող տնտե­սու­թե­նէն, հիմ­նա­կա­նին մէջ ա­նոր դէմ ա­րեւմ­տեան պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րու պատ­ճա­ռով՝ Ուք­րա­նիա­յէն Ղ­րի­մի կցու­մէն ետք: ­Միւս կող­մէ, հա­կա­ռակ ՆԱԹՕին եւ Եւ­րո­պա­կան ­Խոր­հուր­դին իր ան­դա­մակ­ցու­թեան՝ ­Թուր­քիոյ չի թոյ­լատ­րուիր միա­նա­լու Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան եւ ան կը մե­ղադ­րո­ւի ­Սու­րիոյ մէջ Իս­լա­մա­կան ­Ծայ­րա­յե­ղա­կան ­Շար­ժու­մին ա­ջակ­ցե­լու յան­ցան­քով: Ա­ւե­լին, ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Էր­տո­ղան վրդո­ված է, որ բազ­մա­թիւ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­ներ խստօ­րէն քննա­դա­տած են իր կոշտ մի­ջոց­նե­րը՝ ընդ­դէմ քա­ղա­քա­կան հա­կա­ռա­կորդ­նե­րու, ­Յու­լիս 15ի յե­ղաշրջ­ման փոր­ձէն ետք: Էր­տո­ղան նաեւ դժգոհ է, որ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը չյանձ­նե­ցին ­Թուր­քիոյ՝ մահ­մե­տա­կան հո­գե­ւո­րա­կան ­Ֆեթ­հուլ­լահ ­Կիւ­լէ­նը, ո­րուն Էր­տո­ղան կը մե­ղադ­րէ ռազ­մա­կան յե­ղաշրջ­ման փոր­ձի կազ­մա­կերպ­ման յան­ցան­քով:

­Մեր­ժե­լով «ան­հար­կի ա­րեւմ­տեան մի­ջամ­տու­թիւ­նը» ի­րենց ներ­քին եւ ար­տա­քին գոր­ծե­րուն՝ ­Ռու­սիա եւ ­Թուր­քիա ո­րո­շե­ցին հիմք դնել նոր դա­շին­քի մը, որ զի­րենք դուրս կը բե­րէ Ա­րեւ­մուտ­քի մե­կու­սա­ցու­մէն: Այդ նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար ­Ռու­սիոյ նա­խա­գահ ­Փու­թին Օ­գոս­տոս 8ին ­Պա­քո­ւի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Ա­լիե­ւի եւ Ի­րա­նի նա­խա­գահ ­Ռո­հա­նիի հետ, իսկ Օ­գոս­տոս 9ին, ­Սան ­Փե­թերս­պուր­կի մէջ՝ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի հետ: Այս չորս եր­կիր­նե­րը ստո­րագրե­ցին շարք մը կա­րե­ւոր տնտե­սա­կան հա­մա­ձայ­նագ­րեր եւ քննար­կե­ցին տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցող էա­կան քա­ղա­քա­կան հար­ցեր, այդ շար­քին՝ Ար­ցա­խեան հա­կա­մար­տու­թեան հար­ցը: ­Յա­ջորդ օ­րը ­Փու­թին ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի հետ՝ ա­ւե­լի վաղ կա­յա­ցած իր տե­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը ա­նոր ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար:

­Մինչ ­Ռու­սիոյ մեր­ձե­ցու­մը - ­Հա­յաս­տա­նի ո­խե­րիմ թշնա­մի­ներ Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Թուր­քիոյ հետ - կրնայ յան­գեց­նել ծանր ճնշում­նե­րու նա­խա­գահ ­Սարգ­սեա­նի վրայ՝ Ար­ցա­խի հար­ցով տա­րած­քա­յին զի­ջում­նե­րու եր­թա­լու, ա­նի­կա կրնայ նաեւ նո­ւա­զեց­նել Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը Ար­ցա­խի դէմ, ա­ռանց ­Փու­թի­նի հա­մա­ձայ­նու­թեան: ­Պէտք չէ զար­մա­նալ, որ այս նոր վե­րախմ­բա­ւո­րու­մը Ատր­պէյ­ճա­նի, ­Ռու­սիոյ եւ ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ, կրնայ նաեւ 2009ին ստո­րագ­րուած հայ-թրքա­կան մե­ռեալ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը վե­րա­կեն­դա­նաց­նել, ո­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք կը բա­ցո­ւի ա­նոնց մի­ջեւ ընդ­հա­նուր սահ­մա­նը՝ Ար­ցա­խի հար­ցով ­Հա­յաս­տա­նի «հաշ­տա­րար քայ­լի» հետ միա­սին:

Այ­սօ­րո­ւան խո­րա­մանկ թուրք ղե­կա­վար­նե­րը կ­՛ըն­թա­նան հետ­քե­րո­վը ի­րենց օս­մա­նեան նախ­նի­նե­րուն, ո­րոնք տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ հմտօ­րէն կը հրահրէին եւ­րո­պա­կան մեծ եր­կիր­նե­րէն մէ­կը միւս­նե­րուն դէմ, իսկ յե­տոյ կ­՛անցնէին միւս­նե­րուն կող­մը, երբ ձեռն­տու ըլ­լար ի­րենց: Ան­հա­ւա­տա­լիօ­րէն, Էր­տո­ղան ջերմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ է ­Ռու­սիոյ հետ՝ միա­ժա­մա­նակ մնա­լով ՆԱԹՕի ան­դամ եւ օգ­տո­ւե­լով եր­կու կող­մե­րէն: ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ եւ ՆԱԹՕի միւս ան­դամ­նե­րը պէտք չէ հան­դուր­ժեն թրքա­կան այս խա­բե­բա­յու­թիւ­նը: Ա­նոնք պէտք է խստօ­րէն նա­խազ­գու­շաց­նեն Էր­տո­ղա­նը՝ ընտ­րե­լու կա՛մ ՆԱԹՕն, կա՛մ ­Ռու­սիան…: Ե­թէ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը շա­րու­նա­կէ ­Ռու­սիոյ կող­մը բռնել, ան կրնայ յայտ­նո­ւիլ դա­տարկ տաշ­տա­կի առ­ջեւ, երբ Ք­րեմ­լի­նի հետ ա­նոր դա­շին­քը փլու­զո­ւի…

­Մինչ մութ ամ­պեր կը կու­տա­կո­ւէին ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի վրայ, հա­յե­րը զբա­ղած էին ներ­քին վէ­ճե­րու կար­գա­ւոր­մամբ: ­Յու­լիս 17ին Ե­րե­ւա­նի մէջ ոս­տի­կա­նու­թեան գուն­դի գրա­ւու­մը 31 զի­նեալ­նե­րու կող­մէ, ո­րոնց ղե­կա­վար­նե­րը Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի վե­թե­րան­ներ էին, լուրջ մտա­հո­գու­թիւն յա­ռա­ջա­ցուց հա­յե­րու մօտ՝ երկ­րի ներ­սը եւ դուր­սը: «­Սաս­նայ Ծ­ռեր» ա­նու­նը կրող խում­բը կը պա­հան­ջէր նա­խա­գահ ­Սարգ­սեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նը, քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեալ­նե­րու ա­զատ ար­ձա­կում, մի­ջան­կեալ կա­ռա­վա­րու­թեան ձե­ւա­ւո­րում եւ նոր ընտ­րու­թիւն­ներ:

Երկ­շա­բա­թեայ դի­մա­կա­յու­թե­նէն ետք, ո­րու ըն­թաց­քին ե­րեք ոս­տի­կան սպաննուե­ցաւ, զի­նո­ւած մար­դոց­մէ մէկ քա­նին վի­րա­ւո­րո­ւե­ցաւ եւ տաս­նեակ ցու­ցա­րար­ներ վնա­սո­ւածք­ներ ստա­ցան կամ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցան՝ ա­նոնց շար­քին լրագրող­ներ, ա­պա «­Սաս­նայ Ծ­ռեր» խում­բի մնա­ցած ան­դամ­նե­րը յանձ­նո­ւե­ցան: Ա­մէն գի­շեր հա­րիւ­րա­ւոր, եր­բեմն ալ հա­զա­րա­ւոր ցու­ցա­րար­ներ հան­րա­հա­ւաք­ներ կազ­մա­կեր­պե­ցին՝ ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տե­լով վե­թե­րան­նե­րու խում­բի պա­հանջ­նե­րուն:

Այս ող­բեր­գա­կան առ­ճա­կատ­ման իս­կա­կան ար­մատ­նե­րը խորն են եւ կը հաս­նին մին­չեւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին օ­րե­րը: Բ­նակ­չու­թեան լայն խա­ւե­րու շրջա­նակ­նե­րուն մէջ մեծ զայ­րոյթ եւ հիաս­թա­փու­թիւն կու­տա­կո­ւած են վեր­ջին քա­ռորդ դա­րու ըն­թաց­քին, երբ ա­ւե­լի քան մէկ մի­լիոն մար­դիկ լքե­ցին եր­կի­րը՝ ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րու տար­րա­կան պէտ­քե­րը բա­ւա­րա­րե­լու հա­մար: Ա­նոնք, ո­րոնք մնա­ցին, բա­զում զրկանք­ներ կրե­ցին եւ տա­ռա­պե­ցան կա­մա­յա­կա­նու­թիւն­նե­րէ, ինչ­պէս՝ փտախ­տէ, կեղ­ծո­ւած ընտ­րու­թիւն­նե­րէ, ա­նար­դար դա­տա­կան հա­մա­կար­գէ, ան­տար­բեր պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­նե­րէ եւ մե­նաշ­նորհ­ներ ու­նե­ցող ա­ռեւտ­րա­կան­նե­րէ…

Այս բո­լո­րին հե­տե­ւան­քով՝ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու մեծ մա­սը կորսն­ցուց իր հա­ւատ­քը կա­ռա­վա­րու­թեան նկատ­մամբ: ­Թէեւ զի­նո­ւած յար­ձա­կու­մը ոս­տի­կա­նու­թեան գուն­դի վրայ այ­լա­խո­հու­թեան ըն­դու­նե­լի ձեւ չէ, սա­կայն երբ մար­դիկ եր­կար ժա­մա­նակ կը գտնո­ւին ա­նե­լա­նե­լի վի­ճա­կի մէջ եւ չեն տես­ներ ո­րե­ւէ այ­լընտ­րանք ի­րենց դժգո­հու­թիւն­նե­րը լու­ծե­լու հա­մար, ստի­պո­ւած կը դի­մեն ծայ­րա­յեղ քայ­լե­րու:

­Մինչ նման ներ­քին պա­ռակ­տում մը կրնայ վտան­գել ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ա­պա­հո­վու­թիւ­նը, ցու­ցա­րար­նե­րը կը մնան անդր­դո­ւե­լի՝ հա­մա­րե­լով, որ ո՛չ հա­շո­ւե­տու ղե­կա­վար­ներ ու­նե­նա­լը ա­ւե­լի վտան­գա­ւոր է: Որ­քան ալ տա­րօ­րի­նակ թո­ւի, բայց բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք դէմ են Ար­ցա­խի շրջա­կայ հո­ղա­տա­րածք­նե­րու հնա­րա­ւոր վե­րա­դարձ­ման, օգ­նե­ցին ­Սարգ­սեա­նի դիր­քե­րու ամ­րապնդ­ման՝ հա­մո­զե­լու ­Փու­թի­նը, որ Ար­ցա­խի հար­ցով հայ ժո­ղո­վուր­դը կտրա­կա­նա­պէս դէմ է ո­րե­ւէ տա­րած­քա­յին զիջ­ման:

Ե­թե իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը ցան­կան կան­խել ներ­քին խռո­վու­թիւն­նե­րու հե­տա­գայ կրկնու­թիւ­նը, ա­պա պէտք է բո­լոր անհ­րա­ժեշտ մի­ջոց­նե­րու ձեռ­նար­կեն՝ ցոյց տա­լու հա­մար, որ ի­րենք իս­կա­պէս կը մտա­ծեն հայ ժո­ղո­վուր­դի բա­րե­կե­ցու­թեան մա­սին: Այս նպա­տա­կով, նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան վեր­ջերս խոս­տա­ցած է կտրուկ փո­փո­խու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նել, նե­րա­ռեալ «ազ­գա­յին միաս­նու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան» ձե­ւա­ւո­րու­մը: ­Հասկ­նա­լի է, որ բազ­մա­թիւ քա­ղա­քա­ցի­ներ թե­րա­հա­ւա­տօ­րէն կը վե­րա­բե­րին այս յայ­տա­րա­րու­թեան, քա­նի որ նա­խա­պէս հա­ման­ման ան­կա­տար խոս­տում­ներ շատ լսած են:

2017ին կը նա­խա­տե­սո­ւի նոր խորհրդա­րա­նի ընտ­րու­թիւն, իսկ նոր նա­խա­գա­հը կ­՛ընտ­րո­ւի խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան­նե­րու կող­մէ՝ 2018ին: Ե­թէ յա­ջորդ ընտ­րու­թիւն­նե­րը ար­դար չըլ­լան եւ չներ­կա­յաց­նեն բնակ­չու­թեան տար­բեր հատուած­նե­րը, ա­պա կրնան ա­ւե­լի լուրջ խռո­վու­թիւն­ներ ծայր առ­նել: Ա­զատ ընտ­րու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու բե­ռը ին­կած է ոչ միայն պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­նե­րու, այ­լեւ ու­սե­րուն ընտ­րող­նե­րու, ո­րոնք կը վա­ճա­ռեն ի­րենց քո­ւէ­նե­րը…

­Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ճամ­բով ընտրուած կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը միակ մի­ջոցն է ձեռք բե­րե­լու ժո­ղո­վուր­դին վստա­հու­թիւ­նը՝ ոչ միայն երկ­րի ար­դար կա­ռա­վար­ման, այ­լեւ ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը պատ­շաճ կեր­պով վա­րե­լու հա­մար, նե­րա­ռեալ Ար­ցա­խի շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը: ­Ներ­կա­յիս մեծ անվստա­հու­թիւն կայ այն ուղ­ղու­թեամբ, որ փակ դռնե­րու ե­տեւ վա­րո­ւող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը - ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ կամ այ­լուր -, կը բխի՞ն հայ ժո­ղո­վուր­դի շա­հե­րէն:

Այս նոր պար­տադ­րո­ւած ան­կա­յուն աշ­խար­հա­ռազ­մա­վա­րա­կան մե­կու­սա­ցու­մէն դուրս գա­լու հա­մար, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պէտք է ըն­դօ­րի­նա­կեն թրքա­կան վա­ղե­մի մար­տա­վա­րու­թիւ­նը՝ «բաժ­նէ եւ տի­րէ», ­Ռու­սիան հա­նե­լով ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի դէմ, ա­տով իսկ կան­խե­լով Ատրպէյ­ճա­նի, Ի­րա­նի, ­Ռու­սիոյ եւ ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ հնա­րա­ւոր հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը Ար­ցա­խեան հա­կա­մար­տու­թեան հար­ցով:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր»