Ամրան արձակուրդներու աւարտին եւ աշխատանքային առօրեայի վերադարձին հետ, յունահայութիւնը եւս իր ուշադրութիւնը կը սկսի կեդրոնացնելու գաղութային մեր կազմակերպ կեանքի ազգային օրակարգին վրայ՝ իր դիմագրաւած խնդիրներուն բարւոք լուծումներ
տալու առաջադրութեամբ։
Օրակարգի հարցերը նո՛յնն են անշուշտ.
- Հայ ընտանիքի ազգային դիմագիծին եւ տոհմիկ արժէքներուն պահպանումը՝ այլասերման եւ օտարացման հոսանքներուն դէմ պայքարի մեր զէնքերը նորոգելով եւ զարգացնելով,
- Հայ դպրոց-եկեղեցի-ակումբ եռանկիւնով պայմանաւորուած հայեցի կեանքի աշխուժութեան ապահովումը՝ հայաշունչ միջավայրի ու ընկերային առողջ մթնոլորտի մէջ ազատ ու բազմակողմանի զարգացման հնարաւորութիւններ ընձեռելով մեր զաւակներուն եւ ընտանիքներուն,
- Հայ մշակոյթն ու գրականութիւնը արհեստագիտական նորարարութեամբ եւ արդիական միջոցներու օգտագործումով նորահաս սերունդին մատչելի դարձնելու եւ ներշնչման աղբիւրի վերածելու հրամայականը,
- Հայ Դատի պահանջատիրութեամբ մեր երիտասարդութեան ազգային-քաղաքական դիմագիծը կոփելու մարտահրաւէրը՝ միջազգային խռովայոյզ վերիվայրումներու մէջ անգամ Հայաստանի ու հայութեան վաղուան պայծառ օրուան նուաճումը առաջնահերթութեան վերածելով։
Թէեւ օրակարգը նո՛յնն է, բայց շատ բան փոխուած է լուծումներու առումով։
Որքան ալ նոյնը ըլլայ ազգային մեր կառոյցներուն եւ կռուաններուն առաւել աշխուժացման եւ բարեկարգման օրակարգը, փոխուող ժամանակներուն հետ փոխուած են նաեւ մեր գաղութի ազգային-կազմակերպական հոգերուն եւ առաջադրանքներուն պահանջած լուծումները։
Նորահաս սերունդներուն հետ հասկնալի լեզուով խօսելու, անոնց հոգեմտաւոր աշխարհին հաղորդակից մնալու հարկադրանքը ճիտին պարտքն է ու կարեւորագոյն մարտահրաւէրը մեր բոլոր կառոյցներուն եւ նուիրեալ գործիչներուն – վարչական պատասխանատու ըլլան անոնք թէ կուսակցական գործիչ, հոգեւորական հովիւ թէ ուսուցիչ, խմբագիր թէ վարիչ, անձնուէր միութենական թէ հոգատար թաղական։
Միաժամանակ՝ ժամանակի եւ կեանքի փոփոխութիւններուն հետ քայլ պահելու եւ մասնագիտական պատրաստութեամբ ու արհեստավարժական գիտելիքներով գործելու հրամայականը որքան ալ անխուսափելի ըլլան, մտահան պէտք չէ ընել, որ հայապահպանման պայքարի բոլոր ճակատներուն վրայ ալ մեր յառաջապահ ուժերէն եւ գործիչներէն ամէն բանէ առաջ եւ վեր կը պահանջուի անսակարկ զոհաբերութեան ոգի, վառ ու ճառագայթող հայեցի շունչ եւ դիմագիծ, այլեւ՝ անանձնական անսպառ նուիրումով օժտուած յառաջապահներ։
Ինչպէս որ Օգոստոսի առաջին տասնօրեակին տեղի ունեցած Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան Միութեան բանակումին նուիրուած թղթակցութիւնը կը յուշէ, տարուան ընթացքին թափուած հաւաքական մեր ճիգերուն եւ զոհաբերութիւններուն արգասիքը մենք կ՚ըմբոշխնենք ամառը՝ բանակումին, երբ կրտսեր թէ երէց մեր պատանիներուն կը յաջողինք տրամադրել հայեցի եւ հայախօս հաւաքական առօրեայ՝ համապատասխան ընկերային եւ մշակութային, ազգային թէ քաղաքական արժէքներով յագեցած ջերմ մթնոլորտով։
Վերամուտ է դարձեալ եւ հանգստացած ու նորոգուած թափով մենք վերստին կը լարենք մեր ուժերը՝ ազգային միեւնոյն օրակարգին նորովի լուծումներ գտնելու առաջադրանքով։