Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altԱ­նե­րե­ւա­կա­յե­լի վտան­գա­ւոր զար­գա­ցում­ներ տե­ղի կ­՛ու­նե­նան ­Թուր­քիոյ մէջ՝ դա­ւա­դիր­նե­րը որ­սա­լու քո­ղին տակ: ­Յու­լիս 15ի յե­ղաշրջ­ման փոր­ձը ա­նո­ւա­նե­լով «Ալ­լա­հէն նո­ւէր» նա­խա­գահ Էր­տո­ղան այս ա­ռի­թը կը չա­րա­շա­հէ իր վա­ղե­մի ե­րա­զան­քը ի­րա­կա­

նաց­նե­լու հա­մար. դառ­նալ միա­ժա­մա­նակ ոչ միայն ­Սուլ­թան, այլ նաեւ Ս­թա­լին եւ ­Հիթ­լէր...

­Յե­ղաշրջ­ման փոր­ձէն շատ չան­ցած, էր­տո­ղան հրա­մա­յեց ձեր­բա­կա­լել եւ աշ­խա­տան­քէ դուրս դնել տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր սպա­ներ (ո­րոնց շար­քին՝ հա­րիւ­րա­ւոր հրա­մա­նա­տար­ներ եւ ծո­վա­կալ­ներ), ոս­տի­կան­ներ, ու­սու­ցիչ­ներ, քա­ղա­քա­ցիա­կան ծա­ռա­յող­ներ, դա­տա­ւոր­ներ եւ լրագ­րող­ներ, ինչ­պէս նաեւ փա­կել հա­րիւ­րա­ւոր մաս­նա­ւոր դպրոց­ներ: Այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը այն­քան ա­րագ տե­ղի ու­նե­ցան, որ դժո­ւար էր հա­ւա­տալ, թէ կարճ ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծի մը մէջ կա­րե­լի էր կաս­կա­ծեալ­նե­րու վե­րա­բերեալ նմա­նօ­րի­նակ սպա­ռիչ ցու­ցակ կազ­մել: Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, թրքա­կան բռնա­պե­տը եր­բեք ալ կա­րիք չու­նէր ո­րե­ւէ ցու­ցակ նա­խա­պատ­րաս­տե­լու, քա­նի որ ան կը ձեր­բա­կա­լէր եւ գոր­ծէ կ­՛ար­ձա­կէր բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք իր հե­տե­ւորդ­նե­րը չէին…

­Յու­լիս 20ին, ձայ­նե­րու 346 կողմ եւ 115 դէմ յա­րա­բե­րակ­ցու­թեամբ ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նը հա­ւա­նու­թիւն տո­ւաւ երկ­րին մէջ 90օ­րեայ ար­տա­կարգ դրու­թիւն յայ­տա­րա­րե­լու օ­րի­նա­գի­ծին եւ Էր­տո­ղա­նի «քարթ պլանշ»՝ նա­խա­գա­հա­կան հրա­մա­նագ­րե­րով 30 օր իշ­խե­լու հա­մար:

Այս եր­կու ժամ­կէ­տնե­րը, ա­մե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ, պի­տի եր­կա­րաձ­գո­ւին: 115 ե­րես­փո­խան­նե­րը, ո­րոնք հա­մար­ձա­կե­ցան դէմ քո­ւէար­կել այդ օ­րի­նա­գի­ծին, կրնան սուղ գին վճա­րել ի­րենց ան­հա­ւա­տար­մու­թեան հա­մար, քա­նի որ ա­նոնք կրնան զրկո­ւիլ ե­րես­փո­խա­նա­կան ան­ձեռնմ­խե­լիու­թե­նէն եւ մե­ղադ­րո­ւիլ յե­ղաշրջ­ման մաս­նակ­ցե­լու յան­ցան­քով: ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը իր ա­նօ­րի­նա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու դա­տա­կան բո­լոր վե­րա­նա­յում­նե­րը կան­խե­լու նպա­տա­կով տե­ղե­կա­ցուց Եւ­րո­պա­կան ­Խոր­հուր­դին, որ այ­լեւս պի­տի չըն­դու­նի ­Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու Եւ­րո­պա­կան ­Դա­տա­րա­նի ի­րա­ւա­սու­թիւ­նը...

Ն­կա­տե­լի են ո­րոշ ա­հազ­դու զու­գա­հեռ­ներ Էր­տո­ղա­նի վար­չա­կար­գի դա­ժան քայ­լե­րուն եւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան 1915-1923 թո­ւա­կան­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նակ հա­յե­րու եւ միւս քրիս­տո­նեա­նե­րու դէմ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած ան­գութ բռնու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ.
1) Թր­քա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ար­գե­լանք դրած է ­Յու­լիս 15ի պե­տա­կան յե­ղաշրջ­ման կաս­կա­ծեալ­նե­րու ու­նե­ցո­ւած­քին վրայ: Ա­նոնց հա­ւա­նա­կան դա­տա­պար­տու­մէն ետք, այդ ու­նե­ցո­ւած­քը կը փո­խան­ցո­ւի պե­տու­թեան, ինչ­պէս այդ ե­ղաւ 1915 թո­ւա­կա­նէն սկսեալ, երբ բռնագ­րա­ւո­ւե­ցաւ աք­սո­րո­ւած ու սպան­նո­ւած հա­յե­րու եւ այ­լոց սե­փա­կա­նու­թիւ­նը:

2) Էր­տո­ղա­նի կողմ­նա­կից­նե­րը, ո­րոնք սպան­նո­ւած կամ վի­րա­ւո­րո­ւած էին յե­ղաշրջ­ման փոր­ձի ըն­թաց­քին, հա­տու­ցում կը ստա­նան կաս­կա­ծեալ դա­ւա­դիր­նե­րու բռնագ­րա­ւո­ւած ու­նե­ցո­ւած­քի հա­շւոյն: ­Հա­ման­ման գոր­ծո­ղու­թիւն ի­րա­կա­նա­ցո­ւե­ցաւ նաեւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ՝ հա­յե­րէ թա­լա­նո­ւած ու­նե­ցո­ւած­քը բաժ­նո­ւե­ցաւ ­Պալ­քան­նե­րէն ներ­գաղ­թած թուր­քե­րուն եւ ե­րիտ­թուր­քե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն, ո­րոնք սպան­նո­ւած էին հայ վրի­ժա­ռու­նե­րու ձեռ­քով:

Ընդ­դի­մա­դիր «­Ճում­հու­րի­յէթ» թեր­թի խմբա­գիր ­Ճան ­Տիւն­տար մեծ ռիս­քի դի­մե­լով՝ հա­մար­ձա­կօ­րէն պնդեց, որ ար­տա­կարգ դրու­թեան պայ­ման­նե­րուն ­Թուր­քիա կ­՛ու­նե­նայ «բռնա­պե­տա­կան վար­չա­կարգ, ո­րով կը սահ­մա­նա­փա­կո­ւին ա­զա­տու­թիւն­նե­րը, գրաքն­նու­թեան կ­՛են­թարկուին լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րը եւ կը վե­ր­նայ խորհրդա­րա­նը»: ­Ցա­ւօք, ­Տիւն­տար չնշեց, որ այդ բռնու­թիւն­նե­րը ­Թուր­քիոյ մէջ վա­ղուց գո­յու­թիւն ու­նէին, պե­տա­կան յե­ղաշրջ­ման փոր­ձէն ա­ռաջ: Ի­րօք, Էր­տո­ղան իր բռնա­տի­րա­կան ծրագ­րե­րը բա­ցա­յայ­տած է ա­ւե­լի քան 10 տա­րի ա­ռաջ, յայ­տա­րա­րե­լով՝ «­Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը գնաց­քի պէս է: ­Դուն կը նստիս, որ տեղ մը եր­թաս, իսկ յե­տոյ՝ կ’իջնես»...

Էր­տո­ղան՝ հաս­նե­լով իր «գնաց­քով ճամ­բոր­դու­թեան» ա­ւար­տին, այժմ յայ­տա­րա­րած է, որ ինք կրնայ վե­րա­կանգ­նել մա­հա­պա­տի­ժը «յե­ղաշրջ­ման դա­ւա­դիր­նե­րու» նկատ­մամբ, իր քա­ղա­քա­կան մրցա­կից­նե­րէն ձեր­բա­զա­տե­լու հա­մար...: Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան պաշ­տօ­նեա­նե­րը զգու­շա­ցու­ցած են թուրք ղե­կա­վա­րը, որ նման քայլ մը մշտա­պէս կ­՛ար­գե­լա­փա­կէ ­Թուր­քիոյ ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան...

­Բա­ցի այդ, «Էմ­նըս­թի Ին­թըր­նէ­շը­նըլ» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ան­ցեալ շա­բաթ ջախ­ջա­խիչ զե­կոյց հրա­պա­րա­կեց՝ փաս­տագ­րե­լով կա­լա­նա­ւոր­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու բազ­մա­թիւ խախ­տում­ներ եւ մե­ղադ­րե­լով Էր­տո­ղա­նը անվտան­գու­թեան ու­ժե­րուն՝ զի­նո­ւոր­նե­րու խոշ­տան­գում­նե­րուն, սո­ված պա­հե­լուն եւ նոյ­նիսկ բռնա­բա­րու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցե­լու յան­ցան­քով...: ­Կա­լա­նա­ւոր­նե­րը նաեւ զրկո­ւած էին ի­րենց փաս­տա­բան­նե­րուն հետ տե­սակ­ցե­լու հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն:

Էր­տո­ղան իր քա­ղա­քա­կան հա­կա­ռա­կորդ­նե­րը մէջ­տե­ղէն վերց­նե­լու մո­լուց­քով տա­րո­ւած, պա­հան­ջած է ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րէն՝ ­Թուր­քիոյ յանձ­նել իր գլխա­ւոր մրցա­կից, իս­լա­մա­կան հո­գե­ւո­րա­կան ­Ֆե­թուլ­լահ ­Կիւ­լէ­նը՝ զայն մե­ղադ­րե­լով յու­լի­սեան յե­ղաշր­ջու­մը կազ­մա­կեր­պե­լու յան­ցան­քով: Էր­տո­ղա­նի հա­մա­խոհ­նե­րը ցե­ղա­պաշ­տա­կան մօ­տեց­մամբ փոր­ձե­ցին վար­կա­բե­կել ­Կիւ­լէ­նը՝ մե­ղադ­րե­լով զայն նաեւ հայ­կա­կան ծա­գում ու­նե­նա­լու եւ 50 տա­րի ա­ռաջ ­Պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քին ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ըն­դու­նող նա­մակ գրե­լու յան­ցան­քով...

Ազ­դե­ցիկ Ի­րա­ւա­բան­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վը (Ի.Մ.Յ.) եր­կու զե­կոյց հրա­պա­րա­կած է ­Յու­լիս 18ին եւ 21ին՝ Էր­տո­ղա­նի վար­չա­կար­գի կոշտ մի­ջոց­նե­րը ո­րա­կե­լով իբ­րեւ «կա­մա­յա­կան եւ օ­րէն­քի գե­րա­կա­յու­թեան հիմ­նա­րար սկզբուն­քին հա­կա­սող»: Ա­ւե­լին, Ի.Մ.Յ.ի գլխա­ւոր քար­տու­ղար Ո­ւայտ­լըր ­Թէյ­լըր զգու­շա­ցու­ցած է ­Թուր­քիան. «­Կան մար­դու ի­րա­ւունք­ներ, ո­րոնք եր­բեք չեն սահ­մա­նա­փա­կո­ւիր, նոյ­նիսկ ար­տա­կարգ դրու­թեան ժա­մա­նակ, յատ­կա­պէս կեան­քի ի­րա­ւուն­քը, խոշ­տան­գում­նե­րու կամ դա­ժան վե­րա­բե­րու­մի ար­գե­լան­քը եւ կա­մա­յա­կան ա­զա­տազրկ­ման հիմ­նա­կան տար­րերն ու ար­դար դա­տաքն­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը»:

­Նա­խա­գահ Էր­տո­ղան ա­ւե­լի մեծ վնաս հաս­ցու­ցած է թուրք ժո­ղո­վուր­դին, քան այս­պէս կո­չո­ւած դա­ւա­դիր­նե­րը՝ ձեր­բա­կա­լե­լով եւ աշ­խա­տան­քէ դուրս դնե­լով 60 հա­զար զի­նո­ւո­րա­կան­ներ, պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­ներ եւ այլ քա­ղա­քա­ցի­ներ, իր այս ա­րար­քովն իսկ տկա­րաց­նե­լով եր­բեմ­նի հզօր ռազ­մա­կան ու­ժը եւ վտան­գե­լով երկ­րի ա­պա­հո­վու­թիւ­նը:

Յա­րութ ­Սա­սու­նեան - «­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր»