Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Անձեր կան, որոնց մասին պատմութեան բազմահազար հատորներուն մէջ անջնջելի էջեր  գոյութիւն ունին։ Դէպքեր կան, որոնք իւրայատուկ էջեր կը գրաւեն այդ հատորներուն մէջ։ Կան նաեւ կառոյցներ, շէնքեր, յուշակոթողներ, որոնք ոչ միայն յիշատակուած են այդ հատորներուն մէջ, այլ, հոգ չէ թէ կիսաւեր, տակաւին կանգուն են, որպէս կենդանի վկաները փառաւոր անցեալի մը։
Տիարպաքըրի  Սուրբ Կիրակոս  եկեղեցին՝ Հայաստանեայց  առաքելական եկեղեցւոյ Միջին Արեւելքի ամենամեծ շէնքը, նման կառոյց մըն է։

Տիարպաքըր Աքքադական սեպաձեւ արձանագրութիւններու մէջ, Ք. Ա. 2¬րդ հազարամեակի վերջաւորութեան, կը յիշուի Ամեդու անունով։

Քաղաքի ամրութիւններուն կառուցումը կը վերագրուի Երուանդունիներու  Թագաւորութենէն (Ք.Ա. 580-201)  Տիգրանի (Ք.Ա. 560¬535)։ Այս պատճառով ալ կարգ մը պատմաբաններ քաղաքը կոչած են Տիգրանակերտ, ինչ¬որ առիթ տուած է շփոթութիւններու՝ Տիգրան Մեծի (Ք.Ա.95¬55) կառուցած Տիգրանակերտին հետ։

Ք.Ա. 70ական թուականներուն Տիգրան Մեծի կայսրութեան սահմանները տարածուած էին Կասպից Ծովէն մինչեւ Միջերկրականի արեւելեան ափե- րը, Մեծ Կովկասի լեռնաշղթայէն մինչեւ Կարմիր Ծով։
Պատմահայր Խորենացի Տիգրանի մասին կը գրէ. «Իր ժամանակակիցներուն համար նախանձելի եղաւ, իսկ աւելի վերջ եկողներուս համար ցանկալի, թէ՛ ինքը եւ թէ իր ժամանակը...»։
Տիգրան կþորոշէ այս լայնատարած կայսրութեան աւելի կեդրոնական մէկ վայրը՝ իր պատանդութենէ ազատուելով թագաւոր հռչակուած վայրը՝ Աղձնիք նահանգի Նփրկերտ գաւառը, արեւմտեան Տիգրիսի ձախակողմեան վտակ Քաղիրթի օժանդակ Նիկեփորիոնի (Ֆարղին սու)  ափին կառուցել նոր մայրաքաղաք՝ իր անունով։                                                                          
Տիգրանակերտի շինութիւնը կը տեւէ հինգ տարի (Ք.Ա. 83-8)։ Քաղաքը կը շրջապատուի 25 մ. (50 կանգուն) բարձրութեամբ հաստ  պարիսպով։ Կը շինուին պահեստանոցներ, զինանոցներ, ախոռներ, թատրոն, նաեւ միջնաբերդ։  Արքայական մեծ ու շքեղ պալատը կը կառուցուի քաղաքի արուարձանը, շուրջը՝  լիճեր, զբօսայգիներ, որսատեղեր եւ ամուր բերդ։ 
Ըստ Պլուտարքոսի՝  Տիգրանակերտ մեծ քաղաք էր, լեցուն գանձերով,   աստուածներու նուիրաբերուած թանկարժէք ընծաներով։ Հարուստներ ու  ազնուականներ թագաւորին հաճելի երեւալու համար քաղաքի շինութեան ու  ընդարձակման համար իրարու հետ կը մրցէին։ 
Տիգրան Բ.  հայ աւագանիին մէկ մասը կը փոխադրէ Տիգրանակերտ, բայց բուն բնակչութիւնը կը կազմէ Կապադովկիայէ, Ասորեստանէ, Միջագետքէ, Փիւնիկիայէ, Պաղեստինէ բերուած ժողովուրդը։
Քաղաքին հարաւային կողմէն կþանցնէր Պարսկաստանի Աքեմենեան թագաւոր Դարեհ Ա-ի (Ք.Ա. 522¬486)  շինել տուած Ելամի (Էլամ) թագաւորութեան մայրաքաղաքը՝ Շոշը (Շուշ, Շուշան, Սուս) այդ թուականներուն Փոքր Ասիոյ արեւմտեան կէսը գրաւած Լիդիայի մայրաքաղաք Սարդեսի  (Սարդիս, այժմ՝ Սարթ) կապող «Արքայական ճանապարհ»-ը։ Տիգրանակերտ, Մանազկերտէն ու Զարեհաւանէն անցնող,  «Արքունի Պողոտայ»-ով ալ կապուած էր Արտաշատին։  Որով դիրքը յարմար էր տարանցիկ առեւտուրի համար, ուստի կարճ ժամանակուայ մէջ արագօրէն բարգավաճած էր։ Բնակչութեան թիւը հասած էր հարիւր հազարի։ Եղած էր առեւտուրի եւ հելլենական մշակոյթի մեծ կեդրոն։  Պատմութեան մէջ յիշուած է որպէս հզօր ամրութիւններ եւ լաւ կազմակերպուած պաշտպանութիւն ունեցող քաղաք։
Տիգրանակերտ, Տիգրան Բ.-ի մահէն յետոյ, կը դադրի մայրաքաղաք ըլլալէ, սակայն կը մնայ որպէս Հայաստանի մեծագոյն քաղաքներէն մին։
Տիգրան Մեծ իր թագաւորութեան շրջանին կառուցած է չորս Տիգրանակերտներ, որոնցմէ միուն աւերակները, մի քանի տարի առաջ, յայտնաբերուեցան Արցախի Մարտակերտի շրջանին մէջ։ Սա ինքնին կը փաստէ, թէ Արցախ, աւելի քան 2,000 տարիէ ի վեր կը պատկանի հայոց։
Այժմ Տիգրանակերտ, Տիարպաքըր  նահանգին արեւելեան սահմանի Սիլվան գիւղաքաղաքի Ֆարղին գիւղի մօտ աւերակ վիճակի մէջ է։
Յայտնի գիտնական ԼեմանՀաուպտ 1899 թուականին կը յայտնաբերէ յունարէն արձանագրութիւններ։ Շնորհիւ այդ արձանագրութիւններու կարելի կþըլլայ ապացուցանել, թէ անոնք Տիգրանակերտի աւերակներն են։
Երբ արաբները,  956 թուին,  մի քանի բիւզանդական քաղաքներ կþաւերեն, ըստ արաբ պատմագիր Իպն ալԱսիրի,  բիւզանդացիներն ալ Նփրկերտի (Տիգրանակերտ) վրայ կը յարձակին։ Կը կողոպտեն, կþաւերեն ու կը հրկիզեն քաղաքը  եւ ժողովուրդը  գերի կը տանին։
1515-ին քաղաքը կþանցնի Օսմանեան տիրապետութեան տակ եւ կþըլլայ Տիարպէքիր նահանգի Միոֆարկին  գաւառի համանուն կեդրոնը։
Ըստ «ՎԻՃԱԿԱՑՈՅՑ Գաւառական Ազգային Վարժարանաց Թուրքիոյ» 1903-ին հրատարակուած տուեալներուն, 1901-1902 տարեշրջանին  Թուրքիոյ մէջ կային 818 վարժարաններ, 60,315 աշակերտներով, 22,380 աշակերտուհիներով, 1,597 ուսուցիչներով եւ 556 ուսուցչուհիներով։


Ըստ «Ընդարձակ Օրացոյց Ս. Փրկիչ Հիւանդանոցի Հայոց»ի 1904 տարուայ թիւին,  Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններուն մէջ կային Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ 65 Առաջնորդական Վիճակներ (Թեմեր), որոնցմէ 45ը ենթակայ էր Պոլսոյ Պատրիարքութեան, 5ը՝ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան, 13ը՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ 2ն ալ՝ Աղթամարի Կաթողիկոսութեան։ Գոյութիւն ունէին 1958 եկեղեցիներ եւ 228 վանքեր։ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութիւնը ունէր 21 վիճակ՝ 75 եկեղեցիներով եւ 1 վանքով։ Հայ Բողոքական Հասարակութիւնը ունէր 156 ժողովարան (եկեղեցի)։
Այժմ Պոլսոյ մէջ կան 16 վարժարաններ եւ 38 եկեղեցիներ, իսկ Փոքր Ասիոյ մէջ ալ՝ բոլորն ալ գործօն 7, որոնցմէ մին է Ս. Կիրակոս Եկեղեցին։
Օսմանացիներ Տիարպէքիրը 1515¬ին գրաւելէ յետոյ, քաղաքի  Մայր եկեղեցին՝ Ս. Թէոտորոսը,  1515¬1518 թուականներուն կը վերածեն մզկիթի, զայն կոչելով  Գուրշունլու ճամի։ 629ին կառուցուած եւ Բագրատունեանց Աշոտ Ա.ի (885-890) նորոգած Ս. Աստուածածին եկեղեցին ալ կþըլլայ քաղաքի գլխաւոր մզկիթը՝ Ուլու Ճամի։ Մզկիթի վերածուած են նաեւ Ս. Գէորգ, Ս. Երրորդութիւն եւ Ս. Յովհաննէս եկեղեցիները։
Հայեր, 20րդ դարու սկիզբը, Տիարպէքիրի մէջ ունէին Ս. Սարգիս եւ Ս. Կիրակոս եկեղեցիները։  Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ անուան առաջին անգամ կը հանդիպինք հայազգի ճանապարհորդ Սիմէոն Լեհացիի (1584-1637) «Ուղեգրութիւն» անուանեալ հատորին մէջ։ Սիմէոն 1608-19 տարիներուն ճանապարհորդած է դէպի  Իտալիա, Ռումանիա, Պուլկարիա, Յունաստան, Թուրքիա, Հայաստան, Սուրիա, Պաղեստին, Եգիպտոս եւ շարք մը այլ երկիրներ։ Վերադառնալով Լեհաստանի Լվով քաղաքը,1619-25 տարիներուն գրի առած է իր «Ուղեգրութիւն» հատորը, ուր տեղ տուած է ժողովուրդներու սովորութիւններուն, կենցաղին, բարքերուն, կրօնքին, ծէսերուն, ճարտարապետական յուշարձաններու նկարագրութեան։
Երբ Ֆաթիհ Փաշա մզկիթի մօտակայ Ս. Թէոդորոս Եկեղեցին 1515¬1518 թուականներուն մզկիթի կը վերածուի, եկեղեցապատկան գերեզմանատան հողին վրայ կը կառուցուի Ս. Կիրակոս հայկական եկեղեցին, որուն շինութեան տարին ճշգրտութեամբ յայտնի չէ։ Եկեղեցւոյ համալիրին մէջ կը գտնուին Ս. Սարգիս Եկեղեցին ու Ս. Յակոբ մատուռը։
Եկեղեցին, 1722ին,  կþենթարկուի նորոգութեան եւ 1729-ին ալ կþընդարձակուի, Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարքի օրով (1715-1741)։
Ս. Կիրակոս Եկեղեցին Յունիս 1881-ի մեծ հրդեհին  այրելէ յետոյ, 1883-ին կը վերաշինուի 5 մեծ եւ 2 փոքր խորաններով, որոնցմէ գլխաւոր խորանը բացառիկ նրբաճաշակ կառուցուածք ունի։ Ան ունի 4 դուռներ եւ 3,000 անձ  պարփակելու տարողութիւն։  Եկեղեցւոյ տարածքը 1,400 քառակուսի մեթր է, իսկ համալիրինը՝ 3,500, ուր կ գտնուի  հոգեւորականի բնակավայր, դպրոց, աղքատներու կերակուր սպասարկուած ճաշարան, հաւաքման սրահ։  Տաճարի 7 խորանները կը խորհրդանշեն եկեղեցւոյ 7 խորհուրդները՝ Մկրտութիւն, Դրոշմ, Ապաշխարութիւն, Սուրբ Հաղորդութիւն, Ձեռնադրութիւն, Պսակ Ամուսնութեան եւ Կարգ հիւանդաց, իսկ  4 դուռներն ալ՝ 4 աւետարանիչները՝ Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս։
1913-ի Աւագ Շաբաթ օր կայծակահարութեամբ  քանդուած սոխաձեւ գմբէթով զանգակատան տեղ նոյն տարին կը կառուցուի կոթական ոճով 29 մեթր բարձրութեամբ նոր զանգակատուն մը, ուր կը զետեղուի քանդուած զանգակատան Զիլճեաններու շինած զանգակը եւ ոսկէխաչ մը։
28 Մայիս 1915-ին, տարագրութեան օրերուն, եկեղեցւոյ զանգակատունը  թնդանօթաձգութեամբ կը փլցուի՝ շրջակայ մզկիթներու մինարէներէն բարձր ըլլալու պատճառաբանութեամբ։
Առաջին Աշխարհամարտի օրերուն  եկեղեցին կը գործածուի որպէս գերմանական սպաներու զօրանոց եւ հանրապետութեան սկզբական շրջանին ալ՝ որպէս Սիւմէրպանքի կտաւի մթերանոց։
1950-ին, պայմաններու մասամբ բարելաւումով, Ս. Կիրակոս կը սկսի ունենալ վարչականներ։
Հայութեան  արդէն սակաւաթիւ  ներկայութիւնը  տարուէ տարի բոլորովին կը նուազի։ Երիտասարդութիւնը ուսանելու, չափահասակներն ալ տնտեսական պատճառներով, նաեւ անհանդուրժելի  դարձող շրջապատի ճնշման հետեւանքով իրենց ծննդավայրէն կը հեռանան՝ կորսնցնելով, պետականօրէն ճշդուած, եկեղեցւոյ վարչութեան անդամ ընտրուելու իրաւունքը։  1990-ին քաղաքը արդէն իսկ հայաթափուած է։ Եկեղեցւոյ հոգատարութեան ծանր բեռը կþիյնայ մի քանի տարեց Տիգրանակերտցիներու ուսերուն վրայ։ Եկեղեցին ու եկեղեցապատկան շէնքեր կը մնան անխնամ, գրեթէ փլատակ։
2008-ին, նոր օրէնքներու թոյլտուութեամբ՝ Տիգրանակերտէն հեռու ապրողներու ալ վարչական ընտրուելու արտօնութեամբ, Պոլսոյ մէջ կը կազմուի Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ հիմնարկը։
Մարդիկ վաղանցուկ են, կառոյցներն են մնայուն՝ որպէս վկայ անցեալի  մը փառաւոր։
Այս հասկացողութեամբ վարչութիւնը Պատրիարքարանի հետ խորհրդակցելէ յետոյ կþորոշէ 1992¬ին տանիքն ալ փուլ եկած  եկեղեցին վերանորոգել եւ զայն կորսուած մօտաւորապէս երկու հազար եկեղեցիներուն ցանկին վրայ չաւելցնել։ Կþառնուին համապատասխան քայլեր։ Կը պատրաստուի շինութեան ծրագիրը՝ ամբողջութեամբ պահպանելով կառոյցի նախկին տեսքը։ Կը ստացուի Յուշարձաններու Խորհուրդի վաւերացումը։  Կը ստուգուի ծախսերը։ Եկեղեցւոյ շինութիւն՝ 2 միլիոն 4 հարիւր հազար տոլար (մօտաւոր հաշւով 3,5 միլիոն թրքական լիրա), իսկ զանգակատունը՝ 250 հազար տոլար։
Քաղաքի բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը՝ 90 առ հարիւրը, քիւրդ է։ Ժողովուրդին 73 առ հարիւրը քրդերէն կը խօսի։ Քաղաքապետն ու թաղապետներէն շատեր  ալ քիւրդ են։ Հասկացողութիւնը այն է, թէ իւրաքանչիւր ազգի անհատ պէտք է իր մայրենի լեզուով կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն ունենայ եւ ժողովրդավարութեան հաստատման համար ալ պէտք է յարգուի ուրիշներու մշակոյթը։  Այս ըմբռնումով քաղաքի աւագանին կը փափաքի  քրդական մշակոյթի ծաղկման զարկ տալ։ Այդ ալ կարելի է քաղաքը դարձեալ վերածելով բազմամշակութային միջավայրի մը։  Առ այդ թաղապետարանի ծառայութիւնները կը կատարուին մի քանի լեզուներով, ի մէջ այլոց հայերէնով։ Կը հրատարակուի եռամսեայ ուսանողական թերթ 6 լեզուներով՝ մին հայերէն։ Հրատարակուած է Տիարպաքըրի մասին հայերէն գրքոյկ, նաեւ երախաներու համար հայերէն ու թուրքերէն հէքեաթներու գիրք։
Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ բացումէն յետոյ՝ հոգ չէ թէ որպէս թանգարան, հայկական մշակութային կոթողներու նկատմամբ յառաջացած է մեծ հետաքրքրութիւն։ Ս. Կիրակոս Եկեղեցին ալ, իր ինքնուրոյն կառուցուածքով եւ բարձր զանգակատունով եղած էր քաղաքի խորհրդանիշը։
Երբ Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Հիմնարկի ատենապետ Պրն. Վարդկէս Այըք կը մօտենայ քաղաքապետութեան, թաղապետութեան,  իրեն ցոյց կը տրուի թէ՛ համագործակցութիւն եւ թէ կը խոստացուի շինութեան ծախսերու մասնակցում՝ 660 հազար տոլարով։ Կը խոստացուի նաեւ եկեղեցւոյն վերադարձնել գրաւեալ եկեղեցապատկան հողերն եւ կալուածները, որոնց եկամուտով պիտի հոգացուի  եկեղեցւոյ ընթացիկ ծախսերը։ Ըստ Թուրքիոյ կարգ մը օրէնքներուն փոքրամասնութիւները իրենց դպրոցները, եկեղեցիները, համայնքային շէնքերը նորոգելու, ներկելու, նոյնիսկ «քամ մը քամել»-ու համար յատուկ արտօնութեան կը կարօտին։ Պրն. Վարդկէս Այըք  իր յարատեւ ջանքերով, աննկուն կամքով  անցած է իւրաքանչիւր հանգրունէ եւ ստացած է վերաշինութեան արտօնագիր։
Այս եկեղեցին, որպէս Պատրիարքարանի պատկանող եկեղեցի, առաջին մէկ օրէն իր վրայ պիտի ունենայ խաչ։ Պատարագներ պիտի մատուցուին։
2011 տարւոյ Հոկտեմբերի 22-ին պիտի կատարուի եկեղեցւոյ օծումը եւ  23 Հոկտեմբեր, Կիրակի օր ալ պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ։
Նկատի ունենալով, թէ այսօր Տիգրանակերտի մէջ միայն 5 հայ ընտանիք գոյութիւն ունի, կարելի է հարց տալ, թէ կարժէ՞ մի քանի միլիոն տոլար ծախսել վերաշինութեան մը համար։
Անտարակոյս, կþարժէ՛։
Երբ Անիի մէջ, Անին կերտող հայերու, քաղաքի հայկական թագաւորութեան մասին որեւէ գրաւոր կամ բերանացի յիշատակում չըլլար, երբ փոխանակ Անիի՝ Անը (ANI - յիշատակ), Աղթամարի՝ Ագտամար (ճերմակ հանքերակ) կþըսուի,  Տիգրանակերտի 3,000 հոգինոց եկեղեցին կենդանի վկան պիտի ըլլայ ոչ միայն քաղաքի, այլեւ Թուրքիոյ տարածքի «անյայտացած» հայութեան անցեալի գոյութեան։ Յուշարձան մը պիտի ըլլայ Մեծ Եղեռնի զոհերուն։ Հաւաքավայր մը պիտի դառնայ բոլոր այն գաղտնի՝ ծածուկ հայերուն, որոնք, պայմաններու բերմամբ,   մահմետականացած են՝ նոյնիսկ մօտ անցեալին։
Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ  ինքնատիպ ու փառաւոր ներկայութիւնը պիտի փայփայէ մեր բոլորին  ազգային ինքնութիւնը, հոգ չէ թէ մենք ապրինք մեր հայրենի հողերէն հեռու։

Արմէն Քիւրքճեան