Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altԷ­րե­բու­նիի գոր­ծո­ղու­թիւ­նը կա­րե­լի է միայն ո­րոշ ա­ռու­մով ա­ւար­տած նկա­տել. պա­տանդ­նե­րը ա­զատ ար­ձա­կո­ւած են: ­Հետզ­հե­տէ պարզ կը դառ­նայ, թէ ի՞նչ ե­րաշ­խիք­նե­րու հի­ման վրայ կա­յա­ցած է ա­զատ ար­ձա­կու­մը կամ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ա­ռա­ւե­լա­բար ի՞նչ կէ­տե­րու

վրայ կեդ­րո­նա­ցած են:
­Հե­տե­ւեալ լրա­տո­ւու­թիւ­նը իր վրայ վեր­լու­ծում­նե­րու ո­րոշ լու­սար­ձակ­ներ կը բա­նայ.

«Ե­րե­ւա­նեան վեր­ջին ի­րա­դա­ձու­թիւն­նե­րը պա­րե­կա­պա­հա­կա­յին ծա­ռա­յու­թեան գուն­դի գրաւ­ման պա­րու­նա­կին մէջ մի­տո­ւած են ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի տա­պալ­ման: ­Մինչ­դեռ, այս բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, կող­մե­րը ար­ձա­նագ­րած են ո­րո­շա­կի ար­դիւնք­ներ»,- այս մա­սին ­Պա­քո­ւի մէջ լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու պա­հուն ը­սած է ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի եւ­րո­պա­կան եւ եւ­րա­սիա­կան գոր­ծե­րով նախ­կին օգ­նա­կան ­Մե­թիու Պ­րայ­զան:

Ա­նոր խօս­քով՝ ­Փե­թերս­պուր­կի եւ ­Վիեն­նա­յի հան­դի­պում­նե­րուն ժա­մա­նակ ­Ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կող­մե­րը իս­կա­պէս ար­ձա­նագ­րած են ո­րո­շա­կի ար­դիւնք­ներ. «Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ­Փե­թերս­պուր­կի եւ ­Վիեն­նա­յի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն ետք կը վկա­յեն, որ քննար­կում­նե­րուն մէջ ո­րո­շա­կի տե­ղա­շար­ժեր ե­ղած են»: ­Խօ­սե­լով հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ ­Ռու­սիոյ դե­րա­կա­տա­րու­թեան մա­սին` Պ­րայ­զա նշած է, որ նա­խա­գահ ­Փու­թին իս­կա­պէս ան­հանգս­տա­ցած է այն հան­գա­ման­քով, որ ապ­րի­լեան ճգնա­ժա­մը շատ լուրջ էր, եւ պա­տե­րազ­մի վերսկս­ման մեծ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն կը պա­րու­նա­կէ, ինչ որ ձեռն­տու չէ ­Ռու­սիոյ: «­Փու­թի­նը կրնայ խա­ղա­ղա­պա­հի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­նալ այս հա­կա­մար­տու­թեան մէջ»,- կար­ծիք յայտ­նած է ա­մե­րի­կա­ցի պաշ­տօ­նա­տա­րը:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի ե­րե­ւա­նեան վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, ա­պա այս պա­րու­նա­կին մէջ Պ­րայ­զա հա­մա­ձայն է այն քա­ղա­քա­գէտ­նե­րուն հետ, ո­րոնք կը կար­ծեն, թէ պա­րե­կա­պա­հա­կա­յին ծա­ռա­յու­թեան գուն­դի գրա­ւու­մը մի­տո­ւած է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի տա­պալ­ման:

­Մե­թիու Պ­րայ­զա Ար­ցա­խեան հիմ­նախն­դի­րի կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ուղ­ղա­կի մաս­նակ­ցած, փոր­ձա­ռու­թիւն կու­տա­կած աշ­խոյժ հա­մա­նա­խա­գահ ե­ղած է: Ա­նոր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը դի­ւա­նա­գի­տա­կան ը­սե­լա­ձե­ւե­րու ա­րո­ւես­տին տի­րա­ցած գոր­ծի­չի տպա­ւո­րու­թիւն եւ հա­մո­զում կը փո­խան­ցեն:
­Վե­րը նշո­ւած յայ­տա­րա­րու­թեան պա­րա­գա­յին, ա­ռա­ջին բա­ժի­նը ա­ռանձ­նա­պէս նոր բո­վան­դա­կու­թիւն չ­՛ա­պա­հո­վեր: ­Տե­ղա­շարժ, ­Վիեն­նա­յի եւ ­Փե­թերս­պուր­կի հան­դի­պում­նե­րուն ընդ­հա­նուր դրա­կան գնա­հա­տա­կան: Այս­տեղ ո­րո­շա­կի տե­ղա­շարժն ալ նա­խա­պէս բազ­միցս օգ­տա­գոր­ծո­ւած ը­սե­լա­ձեւ է եւ յա­տուկ դէ­պի բե­կում տա­նող ո­րե­ւէ հու­նա­ւո­րում չի փո­խան­ցեր:
­Կը թո­ւի, որ հե­տաքրք­րա­կա­նը յայ­տա­րա­րու­թեան երկ­րորդ եւ եր­րորդ կէ­տերն են, գրե­թէ ի­րա­րու ա­գու­ցո­ւած:

Երկ­րորդ կէ­տը ­Ռու­սիոյ ղե­կա­վա­րին կա­տա­րած ճի­գե­րուն գնա­հա­տա­կանն է ա­մե­րի­կա­ցի պաշ­տօ­նա­տա­րին կող­մէ: Այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը կը ձգո­ւի, որ Ո­ւա­շինկ­թըն լիար­ժէք հա­մա­ձայն է ­Մոս­կո­ւա­յի գեր-միջ­նոր­դու­թեան` ­Փու­թի­նին վե­րագ­րե­լով խո­րա­պէս ան­հանգս­տա­ցած ըլ­լա­լը քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն: Ա­ւե­լի՛ն. ­Ռու­սիոյ խա­ղա­ղա­պահ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը շեշ­տե­լով՝ Պ­րայ­զան, գէթ յայ­տա­րա­րո­ղա­կա­նու­թեամբ, ­Մոս­կո­ւա­յի գեր-միջ­նոր­դու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը կը տես­նէ եւ կ­՛ար­դա­րաց­նէ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի ղե­կը ստանձ­նե­լու ռու­սա­կան ճի­գե­րը:

Իսկ ա­ռա­ջին եւ երկ­րորդ կէ­տե­րը ամ­փոփ բա­նա­ձե­ւե­լով՝ կը հասկ­ցո­ւի այն, որ ­Ռու­սիոյ գեր-միջ­նոր­դու­թեամբ աշ­խու­ժա­ցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ո­րո­շա­կի տե­ղա­շարժ ա­պա­հո­ված են եւ պա­տե­րազ­մի վերսկ­սու­մը նոյ­նինքն ­Մոս­կո­ւա­յի հա­մար ձեռն­տու չէ, ու­րեմն՝ հա­մո­զիչ են ­Ռու­սիոյ կող­մէ լու­ծու­մի յան­գե­լու հա­մար տա­րո­ւող աշ­խա­տանք­նե­րու դրդա­պատ­ճառ­նե­րը:

­Հի­մա գանք եր­րորդ կէ­տին. Պ­րայ­զա առն­չու­թիւն­ներ գծած է եւ լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռած ե­րե­ւա­նեան դէպ­քերն ու Ար­ցա­խեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի նո­րա­գոյն փու­լը: Այս­պէս. ռու­սա­կան աշ­խու­ժու­թեան շեշ­տու­մով գո­յա­ցած դրա­կան տե­ղա­շար­ժը, որ նաեւ նա­խան­շած է (ըստ Պ­րայ­զա­յին) ո­րո­շա­կի ար­դիւնք­նե­րու հաս­նե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը, պա­րե­կա­պա­հա­կա­յին ծա­ռա­յու­թեան գուն­դի տա­րած­քի գրա­ւու­մով տա­պա­լե­լու վտան­գին առ­ջեւ էր:

Ա­ւե­լորդ չ­՛ըլ­լար այս­տեղ նշե­լը, որ Է­րե­բու­նիի գոր­ծո­ղու­թեան Ար­ցա­խեան կար­գա­ւոր­ման հետ փոխ-կա­պակ­ցո­ւած ըլ­լա­լուն մա­սին թէ­կուզ ոչ նոյն շեշ­տադ­րում­նե­րով, այ­սու­հան­դերձ ակ­նարկ կա­տա­րած էր նաեւ ­Ռու­սիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր ­Զա­խա­րո­վան` նշե­լով, որ այդ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ինչ-որ ձե­ւով կը խան­գա­րեն ­Ղա­րա­բա­ղեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը:

­Փոր­ձենք պա­հել Պ­րայ­զա­յի ու­ղեր­ձին տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը:
Է­րե­բու­նիի հան­գու­ցա­լու­ծու­մը քա­ղա­քա­կան հար­թու­թեան վրայ տե­ղա­փո­խելն ու պա­տանդ­նե­րը ա­զատ ար­ձա­կե­լով գրաւ­ման վերջ տա­լը՝ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ տա­րածք­ներ չյանձ­նե­լու ե­րաշ­խիք­նե­րու դի­մաց, սկսած է ձեւ ու մար­մին ստա­նալ եւ բնու­թագ­րել ամ­բողջ պա­տա­հա­ծին բուն շար­ժա­ռի­թը՝ գրա­ւող խում­բին կեն­սագ­րու­թիւ­նը եւ յայ­տա­րա­րո­ւած ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը նկա­տի ու­նե­նա­լով: ­Նաեւ՝ երկ­կող­մա­նիօ­րէն ըն­կա­լո­ւած միջ­նոր­դին կեն­սագ­րու­թիւ­նը: ­Մինչ­դեռ, ­Խո­րե­նա­ցի փո­ղո­ցին վրայ հա­ւա­քո­ւող ցու­ցա­րար­նե­րուն կամ ընդ­հան­րա­պէս հրա­պա­րա­կա­յին քննար­կում­նե­րու մաս­նա­կից­նե­րուն կող­մէ հնչած իշ­խա­նա­փո­խու­թեան պա­հանջ­նե­րը շատ չէին ար­ծար­ծեր Ար­ցա­խեան խնդի­րը եւ կը կեդ­րո­նա­նա­յին ա­ւե­լի ներ-հա­յաս­տա­նեան ի­րա­վի­ճա­կին վրայ:

Պ­րայ­զա­յի կող­մէ ընդգ­ծո­ւած ե­րե­ւոյթ­նե­րու փոխ-կա­պակ­ցո­ւա­ծու­թիւ­նը ան­շուշտ այլ շար­ժա­ռիթ­ներ ու­նի: ­Կը թո­ւի, որ այս­տեղ ա­ւե­լի թե­ման օգ­տա­գործ­ման գոր­ծիք է Պ­րայ­զա­յի հա­մար, որ ի դէպ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի եւ­րո­պա­կան եւ եւ­րա­սիա­կան գոր­ծե­րով նախ­կին օգ­նա­կա­նի պաշ­տօ­նը զբա­ղե­ցու­ցած է: Իսկ գու­ցէ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ Պ­րայ­զան եւ ­Զա­խա­րո­վան, այս­տեղ մեկ­նե­լով ոչ թէ ի­րա­կան վի­ճա­կէն, այլ միան­գա­մայն ի­րա­տե­սա­կան թո­ւա­ցող այն հե­ռան­կա­րէն, որ տա­րածք­նե­րու վե­րա­դար­ձի մա­սին խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը որ­քան ա­ռար­կա­յա­կան բնոյթ ու­նե­նան, այն­քան ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կը մեծ­նայ ժո­ղովր­դա­յին դի­մա­կա­յու­թեան հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը: Ա­մե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ ա­նոնք լա­ւա­տե­ղեակ են այն տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րէն, ո­րոնք գո­յու­թիւն ու­նին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ:

­Մենք` իբ­րեւ հայ­կա­կան կողմ, գու­ցէ յա­ջո­ղինք այս փոխ-կա­պակ­ցո­ւա­ծու­թեան տալ դրա­կան հու­նա­ւո­րում նախ եւ ա­ռաջ Է­րե­բու­նիի հան­գու­ցա­լու­ծու­մի ա­ռա­ջին հանգ­րո­ւա­նը ա­ռանց ցնցու­մի եւ ա­ռանց ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան ա­ւար­տած ըլ­լա­լով:
Ա­պա, իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն եւ ­Սաս­նայ Ծ­ռե­րուն մի­ջեւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ա­ռանց­քը կեդ­րո­նաց­նե­լով ար­ցա­խեան հիմ­նախն­դի­րին վրայ, նկա­տի ու­նե­նա­լով թէ՛ զի­նեալ­նե­րուն կեն­սագ­րու­թիւ­նը, թէ՛ միջ­նոր­դին ար­ցա­խեան կեր­պա­րը եւ թէ՛ ստեղ­ծո­ւած մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան շա­հագրգ­ռու­թեան բարձր աս­տի­ճա­նի ի­րա­վի­ճա­կը` Ար­ցա­խեան ­Հար­ցին կար­գա­ւո­րում ա­պա­հո­վե­լու ա­նու­նին տակ:

Այս մէ­կը գու­ցէ կ­՛օգ­նէ նաեւ հայ­կա­կան կող­մին՝ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ա­ւե­լի ա­մուր դիր­քե­րէ մեկ­նե­լու հա­մար: ­Փոխ-կա­պակ­ցո­ւա­ծու­թիւ­նը կրնայ օգ­տա­կար ը­լալ. բայց ոչ` ­Մե­թիու Պ­րայ­զա­յի կամ ­Զա­խա­րո­վա­յի ծխա­ծած­կու­թա­ւոր շար­ժա­ռիթ­նե­րէն եւ նպա­տակ­նե­րէն մեկ­նած:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ