Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altԵ­թէ ­Յու­լիս 15ին ­Թուր­քիոյ մէջ պա­տա­հած դէպ­քե­րը կա­տա­րո­ւած ըլ­լա­յին ութ­սու­նա­կան­նե­րուն եւ նոյ­նիսկ ին­նի­սու­նա­կան­նե­րուն, վստա­հա­բար ար­դիւն­քը պի­տի ըլ­լար տար­բեր ու յար եւ նման 1960ի, 1971ի եւ 1980ի դէպ­քե­րուն: Այ­սինքն՝ պե­տա­կան հա­րո­ւած­նե­րու

հե­տե­ւան­քով, բա­նա­կը ինք­զինք պար­տադ­րած պի­տի ըլ­լար քա­ղա­քա­կան այ­լա­զան հո­սանք­նե­րուն:

­Դեռ ա­ւե­լին, ե­թէ Էր­տո­ղան յա­մա­ռօ­րէն փա­կած ըլ­լար գե­րար­դիա­կան հա­մա­ցան­ցա­յին դրու­թեան դռնե­րը, այդ ժա­մա­նակ ինք­զինք պար­տու­թեան մատ­նած պի­տի ըլ­լար եւ գլխի­կոր հե­ռա­ցած՝ Ան­գա­րա­յի նո­րա­կա­ռոյց նա­խա­գա­հա­կան «Աք­սա­րայ» պա­լա­տէն:

Այս պե­տա­կան հա­րո­ւա­ծը կա­տա­րո­ւե­ցաւ, ան­ցեալ ­Յու­նիս 28ին, ՏԱՀԵ­Շի ա­հա­բեկ­չա­կան ու­ժե­րուն կող­մէ, ­Պոլ­սոյ մի­ջազ­գա­յին օ­դա­կա­յա­նին մէջ, յի­սու­նի շուրջ զո­հեր խլած խա­փա­նա­րա­րա­կան ա­րար­քէն քա­նի մը շա­բաթ ետք:

­Դեռ քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ, ըն­կե­րա­յին կեան­քի մե­ծա­գոյն չա­րիք­նե­րէն նկա­տե­լով, ան ա­մէն ճիգ թա­փած էր, հա­մա­կար­գիչ­նե­րու եւ բջի­ջա­յին հե­ռա­ձայն­նե­րու մի­ջո­ցաւ ար­գի­լե­լու գոր­ծա­ծու­թիւ­նը հա­մա­ցան­ցա­յին զա­նա­զան կա­ռոյց­նե­րու, ո­րոնց կար­գին դի­մա­տետ­րը (ֆէյս­պուք), դայ­լայ­լի­չը (թո­ւի­թըր):

­Նոյ­նիսկ «­Կու­կըլ»ը ե­ղած էր ան­բաղ­ձա­լի հա­մա­ցան­ցա­յին կա­ռոյց մը՝ ­Սուլ­թան Էր­տո­ղա­նի հա­մար: ­Սա­կայն այդ նոյ­նինքն հա­մա­ցան­ցա­յին կա­ռոյցն է, որ փրկեց ­Թուր­քիոյ ղե­կա­վա­րին այդ օր՝ 15 ­Յու­լիս 2016ի ե­րե­կո­յեան, երբ ան իր բջի­ջա­յին հե­ռա­ձայ­նով կապ հաս­տա­տեց տե­ղա­կան ­Սի. Էն. Էն. կա­յա­նին հետ եւ կոչ ուղ­ղեց բնա­կիչ­նե­րուն դուրս գա­լու բնա­կա­րան­նե­րէն եւ պայ­քա­րե­լու ըն­բոստ բա­նա­կա­յին­նե­րուն դէմ:
…Եւ այդ՝ ար­դի ան­թել ե­լեկտ­րո­նա­յին կա­պի ո­ճը հա­սաւ իր նպա­տա­կին:

­Մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի եւ ­Պոլ­սոյ բա­նա­լի կա­ռոյց­նե­րը ռմբա­կո­ծե­լով եւ ո­րոշ յա­ռաջ­խա­ղացք­ներ ար­ձա­նագ­րող ըն­բոստ բա­նա­կա­յին­նե­րը, ի­րենց դէմ ու­նե­ցան ամ­բոխ մը, որ կրցաւ յե­ղաշր­ջել կա­ցու­թիւ­նը:

­Կարգ մը ան­պաշ­տօն լու­րեր նոյ­նիսկ կը տե­ղե­կաց­նէին, թէ ­Մար­մա­րի­սի ա­մա­րա­նո­ցը ար­ձա­կուր­դի մեկ­նած էր­տո­ղան կը պատ­րաս­տո­ւէր ­Գեր­մա­նիա խոյս տա­լու եւ քա­ղա­քա­կան ա­պաս­տան խնդրե­լու: ­Սա­կայն իր դէմ յե­ղաշր­ջում կա­տա­րող ըն­բոստ բա­նա­կա­յին­նե­րով լե­ցուն ուղ­ղա­թիռ մըն էր, որ պար­տա­դիր էջք կա­տա­րեց մօ­տա­կայ յու­նա­կան մէկ օ­դա­կա­յա­նը… խնդրե­լով քա­ղա­քա­կան ա­պաս­տա­նեա­լի ի­րա­վի­ճակ:

­Հա­զիւ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կա­տա­րո­ւած, շա­տեր կա­տա­րե­ցին զա­նա­զան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ: ­Նոյ­նիսկ Էր­տո­ղա­նի երկր­պա­գու­նե­րը յայտ­նե­ցին, թէ այս բո­լոր պա­տա­հա­ծը պատ­րաս­տո­ւած դե­րա­սա­նու­թիւն մըն է, պատ­րաս­տո­ւած նոյ­նինքն մար­գա­րէ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ, բան մը որ ան­հե­թեթ եւ անտ­րա­մա­բա­նա­կան է:

Յս­տակ է, թէ վե­րո­յի­շեալ թո­ւա­կան­նե­րուն կա­տա­րո­ւած պե­տա­կան հա­րո­ւած­նե­րու բաղ­դա­տած՝ քե­մա­լա­կան մո­լուց­քով թրծո­ւած թրքա­կան բա­նա­կի ընտ­րա­նին, իր ամ­բող­ջա­կան միաս­նա­կա­մու­թեամբ, բե­մա­հար­թակ չէր բարձ­րա­ցած: Ընդ­հա­կա­ռակն՝ հոն ալ ստեղ­ծո­ւած էր «ան­տա­ռա­յին» դրու­թիւն մը, որ շու­տով բա­ցա­յայ­տո­ւե­ցաւ, թէ դիւ­րա­բեկ ու խար­խուլ էր:

­Հա­լա­ծախ­տէ տա­ռա­պող Էր­տո­ղա­նի հա­մար այս պե­տա­կան հա­րո­ւա­ծի ե­տին կը գտնո­ւէին ոչ թէ միայն տա­րա­կար­ծիք սպա­ներ, այլ իր թիւ մէկ թշնա­մի ­Կիւ­լէ­նը, որ ցայ­սօր, իբ­րեւ քա­ղա­քա­կան ա­պաս­տա­նեալ, կը բնա­կի ­Ֆի­լա­տել­ֆիոյ մէջ: ­Դեռ շատ մե­լան պի­տի հո­սի ձա­խո­ղու­թեամբ ա­ւար­տած այս պե­տա­կան հա­րո­ւա­ծին մա­սին, ո­րու բա­նա­լին ան­գամ մը եւս նոյ­նինքն Էր­տո­ղա­նի չնա­խա­սի­րած քա­րոզ­չա­կան մի­ջոց­նե­րու գոր­ծա­ծու­թիւնն էր:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»