Print
Category: Յօդուածագրութիւն

alt­­Նոր եւ անդ­րա­նիկ ­Թաղ. ­Խոր­հուր­դը գոր­ծի ձեռ­նար­կե­լով կը մտադ­րէ Հնդ­կաս­տան հան­գա­նա­կու­թեան ձեռ­նար­կել եւ 1908 ­­Յու­նի­սի սկիզ­բը հո­վիւ Ե­րե­միա Վրդ. Ե­գիպ­

տոս կ­­՚ու­ղե­ւո­րի, ան­կից Հնդ­կաս­տան անց­նե­լու հա­մար։ ­­Սա­կայն նիւ­թա­կան պատ­ճառ­ներ եւ տե­ղա­կան ար­գելք­ներ կը հար­կադ­րեն յի­շեա­լը, որ ­­Պո­լիս մեկ­նի նոյն տա­րո­ւոյ Օ­գոս­տո­սին, օգ­տո­ւե­լով ­­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն։ ­­Մինչ այդ՝ ­Թաղ. ­Խոր­հուր­դը Հնդ­կաս­տա­նի հո­գե­ւոր պաշ­տօ­նեա­նե­րուն եւ ե­րե­ւե­լի­նե­րուն կը տե­ղե­կաց­նէ հան­գա­նա­կու­թեան նպա­տա­կը։

Ա­տե­նա­պետ ­­Յա­րու­թիւն ­­Գօ­լո­յեա­նի հրա­ժար­մամբ, ա­տե­նա­պե­տու­թեան կը հրա­ւի­րո­ւի Մ. ­­Մա­նու­կեան։ ­­Թաղ. ­Խոր­հուր­դը, հա­կա­ռակ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու, կը շա­րու­նա­կէ իր գոր­ծը եւ նկա­տի առ­նե­լով ե­կե­ղեց­ւոյ սպառ­նա­ցող վտան­գը, կ­՚ո­րո­շէ ա­տե­նա­պետն ու ա­տե­նադ­պի­րը ու­ղար­կել ­­Պո­լիս եւ առ այս կը տե­ղե­կաց­նէ ­­Պատ­րիար­քա­րան, 8 Օ­գոս­տոս 1908 թիւ 19 պաշ­տօ­նագ­րով։

­­Մինչ այդ ­­Լի­ֆօ­րեան Վրդ. ­­Պո­լիս իր դի­մում­նե­րը կը կա­տա­րէ ­­Թաղ. ­Խոր­հուր­դը կը յա­ջո­ղի ե­կե­ղե­ցին փո­խան­ցել ա­տե­նադ­պիր Պ. Ա. Գ­լը­ճեա­նի ա­նո­ւան։

­­Խառն ժո­ղո­վը 18 ­­Սեպտ. 1908 թիւ 790 նա­մա­կով կը պա­տաս­խա­նէ, թէ «ու­շադ­րու­թեան առ­նե­լով ղրկո­ւած գիրն ու հո­գե­ւոր հո­վիւ ­­Լի­ֆօ­րեան Վրդ­.ի բե­րա­նա­ցի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը, կ­՚ո­րո­շէ յի­շեալ վարդ.ի յանձ­նել ժա­պա­ւի­նեալ տո­մար մը ար­տա­սահ­մա­նի մէջ հան­գա­նա­կու­թիւն կա­տա­րե­լու հա­մար»։
Եւ ո­րով­հե­տեւ ե­կե­ղեց­ւոյ գե­տի­նը իբր գրաւ կը գտնո­ւի նոյն պա­հան­ջա­տէ­րին վրայ, ուր­կէ լոկ գրու­թիւն մը առ­նո­ւած է, կ­՚ո­րո­շէ որ այդ սե­փա­կա­նու­թեան խնդի­րը օ­րի­նա­ւոր վի­ճա­կի մը վե­րա­ծո­ւի, տե­ղա­կան օ­րի­նաց հա­մա­ձայն։

1908 ­­Դեկտ. 18ին փո­խա­նոր­դա­րա­նը ե­կած գրու­թիւն մը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ Ե­րե­միա Վրդ­.ի 300 տրախ­մի տրո­ւած է Ծնն­դեան տօ­նե­րու առ­թիւ Ա­թէնք վե­րա­դառ­նա­լու։ Իսկ վար­չու­թիւ­նը 1909ի սկիզ­բը կ­՚ո­րո­շէ, որ հան­գա­նա­կու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւի Իզ­միր եւ Ե­գիպ­տոս, նկա­տե­լով որ ա­սանկ ջնջին գու­մա­րի մը հա­մար չ­՚ար­ժեր մին­չեւ Հնդ­կաս­տան մարդ ու­ղար­կել, ո­րուն ճամ­բու ծախ­քին հան­գա­նա­կե­լի գու­մա­րը հա­զիւ կը բա­ւէ։ ­­Թաղ. ­Խոր­հուր­դը սա­կայն կա­պո­ւած չի մնար ­­Պատ­րիար­քա­րա­նին եւ ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան դի­մե­լով ­­Յու­նաս­տա­նի մէջ հան­գա­նա­կու­թիւն ը­նե­լու ար­տօ­նու­թիւն կը խնդրէ, որ կը տրո­ւի։

Իսկ ­­Պատ­րիար­քա­րան ղրկած մէկ գրով կը սպսռնայ հրա­ժա­րիլ, ե­թէ մին­չեւ ­­Փետ­րո­ւա­րի կի­սուն գո­հա­ցու­ցիչ կար­գադ­րու­թիւն մը չըլ­լայ։ 1909 Ապ­րի­լի կի­սուն ­­Լի­ֆօ­րեան Վրդ. յու­սա­հատ, կը մեկ­նի ­­Պո­լիս, եւ ան­կէ Ե­րու­սա­ղէմ ճամ­բայ կ­՚ել­լէ։ ­­Կի­լի­կիոյ ա­ղէ­տը նոր պա­տա­հած ըլ­լա­լով եւ ­­Լառ­նա­քա­յի մէջ 1500 հայ փախս­տա­կան­ներ գտնե­լով, կ­­՚ո­րո­շէ ա­նոնց օգ­տա­կար ըլ­լալ։

­­Թաղ. ­Խոր­հուր­դը եր­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով Ա­թէնք կը հրա­ւի­րէ ­­Քէօս­թէն­ճէ գտնո­ւող ­Գա­րե­գին Քհնյ. Արծ­րու­նին, որ­պէս­զի գլուխ կանգ­նի պե­տու­թեան ար­տօ­նու­թեամբ կա­տա­րո­ւե­լիք հան­գա­նա­կու­թեան։ ­­Յի­շեա­լը զա­նա­զան պայ­ման­նե­րով կ­՚ըն­դու­նի պաշ­տօ­նը, ե­թէ ­­Պոլ­սոյ ­­Պատ­րիար­քա­րա­նը ար­տօ­նէ։ ­­Սա­կայն այս պա­րա­գան եւս կը ձա­խո­ղի, ո­րով­հե­տեւ ­­Թաղ. ­Խոր­հուր­դը ի վի­ճա­կի չէ վճա­րե­լու պա­հան­ջուած գու­մա­րը, նկա­տե­լով որ ­­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչակ­մամբ եր­կու հա­րիւր հո­գի­նոց գա­ղու­թին հա­զիւ կէ­սը մնա­ցած է։ ­­Շա­տեր մեկ­նած են հայ­րե­նիք կամ այ­լուր։ ­­Բա­րե­բախ­տա­բար հել­լէն կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը 50 տրախ­մի յանձն ա­ռած է վճա­րել իբր հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նի մը ամ­սա­թո­շակ։

1909 ­­Նոյ. 25ին Ա­թէնք կը հաս­նին ­­Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւա­զե­րէց ­­Մի­քա­յէլ Ս. Քհնյ. Աշ­ճեան եւ ­­Կա­րա­պետ Այ­ճեան, ներ­կայ ըլ­լա­լու հա­մար հան­գու­ցեալ ­­Թա­դէոս ­­Պէ­կեա­նի Ա­թէն­քի դրա­մա­տան մէջ ու­նե­ցած դրա­մարկ­ղի բա­ցու­մին։ ­­Տի­րող վհա­տու­թիւ­նը, ներ­քին պայ­քար­նե­րը ար­դէն ձեռն­թափ ը­րած էին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը։ Ուս­տի Տ. ­­Մի­քա­յէլ Քհնյ. նոյն տա­րո­ւոյ ­­Նո­յեմ­բե­րի ա­ռա­ջին շաբ­թուն, ի մի հա­ւա­քե­լով գա­ղու­թին ան­դամ­նե­րը, նոր ­Թաղ. ­Խոր­հուր­դ ­մը կ­՚ընտ­րէ յան­ձին՝ ­­Յա­րու­թիւն ­­Քօ­լո­յեա­նի, Ա­ղեք. Գ­լը­ճեա­նի, Գ­րի­գոր Ա­րա­պեա­նի, ­­Պետ­րոս Ե­ղօեա­նի, ­­Կա­րա­պետ ­­Սա­տո­յեա­նի։

­­Դեկ­տեմ­բե­րի մէջ Ա­մե­րի­կա մեկ­նե­լու հա­մար Ա­թէնք կը ժա­մա­նէ ­­Վահ­րամ Քհնյ. Արծ­րու­նի։ ­­Թաղ. ­Խոր­հուր­դի դի­մու­մին վրայ փո­խա­նոր­դա­րա­նը 25 ­­Դեկտ.ին պաշ­տօ­նագ­րով մը ­­Վահ­րամ Քհնյ­.ին պաշ­տօն կը յանձ­նէ տօ­նա­կան օ­րե­րը հոն անց­նել եւ բառ­նալ ժողվր­դեան մէջ տի­րող երկ­պա­ռա­կու­թիւ­նը։ Տ. ­­Վահ­րամ եր­կու ա­միս պաշ­տօ­նա­վա­րե­լէ վերջ, ըստ իր յայ­տա­րա­րու­թեան 125 ֆր. փոխ առ­նե­լով կը մեկ­նի կրկին ­­Պո­լիս։
­­Թաղ. ­Խոր­հուր­դը քա­նիցս կը փոր­ձէ հրա­ժա­րիլ, սա­կայն քաո­սէ վախ­նա­լով ո­գի ի բռին կ­­՚աշ­խա­տի։ Եւ որ­պէս­զի ե­կե­ղեց­ւոյ շէն­քը ա­ճուր­դի չհա­նո­ւի, կ­­՚օգ­տա­գոր­ծէ տե­ղա­կան հան­գա­նա­կու­թեան ար­տօ­նու­թիւ­նը։

Ա­հա թէ ի՞նչ կը գրէ 1910 վեր­ջե­րը ղրկո­ւած թիւ 60 տե­ղե­կագ­րին մէջ.-
«­­Թաղ. ­Խոր­հուրդս դուռ­նե­րը ափ առ­նե­լով յա­ջո­ղե­ցաւ տեղ­ւոյն կա­ռա­վա­րու­թե­նէն ժա­պա­ւի­նեալ տո­մար ստա­նալ։ ­­Ներ­քին զի­նո­ւո­րա­կան եւ այլ պա­րա­գա­ներ եւ ար­տա­քին խառ­նակ կա­ցու­թիւ­նը, տնտե­սա­կան տագ­նա­պը, նա­խա­րար­նե­րու հրա­ժա­րու­մը հան­գա­նա­կու­թեան մեծ ար­դիւնք մը չա­պա­հո­վեց։ Ար­դիւն­քը վեց հա­րիւր ֆր. ե­ղաւ. ո­րուն 300ը նո­ւի­րեց բա­րեխ­նամ թա­գու­հին, եւ միւսն ալ բա­րե­սիրտ յոյ­ներ։ Եր­կար դի­մում­նե­րէ վերջ, քա­ղա­քա­պե­տու­թե­նէն ալ վեց հա­րիւր տրախ­մի ա­ռինք, շնոր­հիւ հպա­տակ ըլ­լալ­նուս, ո­րով ե­կե­ղեց­ւոյ պարտ­քին հա­զար ֆր. եւս վճա­րե­ցինք եւ 250 ֆր. ալ տո­կո­սը»։

­­Թաղ. ­Խոր­հուր­դը լուր առ­նե­լով որ Ա­թէնք նշա­նա­ւոր օ­թէլ Անկ­լը­թէ­րը սե­փա­կա­նու­թիւնն է զմիւռ­նաբ­նակ ­­Տիար Ա­րա­պեա­նի, կը դի­մէ ­­Դու­րեան Սրբա­զա­նին, որ­պէս­զի իր կող­մէ գի­մում ըլ­լալ յի­շեա­լին, ե­կե­ղեց­ւոյ 250 նա­բո­լէո­նի պարտ­քը նո­ւի­րե­լու։ ­­Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րէն ­­Տիար Յ. ­­Գօ­լո­յեան, որ ­­Պո­լիս փո­խադ­րո­ւած էր, ա­նընդ­հատ դի­մում­ներ կը կա­տա­րէ վար­չու­թեան մօտ։ ­­Տե­ղա­պահ ­­Ման­կու­նի Սր­բա­զան պահ մը կ­­՚ընդ­դի­մա­նայ ժա­պա­ւի­նեալ տո­մա­րի գա­ղա­փա­րին, դի­տել տա­լով թէ ե­կե­ղե­ցին ազ­գին ա­նո­ւան չէ, սա­կայն նկա­տե­լով որ դրա­մը վճա­րե­լէ վերջ կա­րե­լի է ա­տանկ պա­հանջ մը ը­նել, տե­ղի կու­տայ։ ­­Հան­գա­նա­կու­թեան հա­մար բա­նակ­ցու­թիւն կը վա­րո­ւի մայր ե­կե­ղեց­ւոյ ­­Գէորգ Քհնյ. ­­Պա­գա­լեա­նի հետ, սա­կայն ձա­խո­ղու­թեան պատ­ճա­ռով, հան­գա­նա­կու­թեան գոր­ծը կը յանձ­նո­ւի ­­Տէր ­­Կա­րա­պետ Վրդ. Մկր­տի­չեա­նի հա­րիւ­րին քսա­նով։

19 ­­Մա­յիս 1911ին թիւ 75ով ե­ղած դի­մու­մին վրայ Օ­գոս­տոս 26ին ­Պատ­րիար­քա­րա­նը 179 թիւ պաշ­տօ­նագ­րով մը, Մկր­տի­չեան Վրդ­.ը կը նշա­նա­կէ նաեւ հո­գե­ւոր հո­վիւ Ա­թէն­քի։ ­­Սա­կայն Վրդ­.ի հան­գա­նա­կու­թեան հա­մար դէ­պի Իզ­միր եւ Ե­գիպ­տոս ճամ­բայ ե­լած պա­հուն, ­­Ման­կու­նի Եպս. կ­­՚ար­գի­լէ դրա­մա­հա­ւա­քու­թիւ­նը, պա­հան­ջե­լով նախ 1900էն ի վեր հո­գա­բար­ձու­թեանց եւ խոր­հուրդ­նե­րու հա­շիւ­նե­րը։

­­Պատ­րիար­քա­կան նոր ընտ­րու­թեան պատ­ճա­ռով այս հար­ցը պահ մը կը մոռ­ցո­ւի։
­­Պար­տա­տէ­րը ե­կե­ղե­ցին ա­ճուր­դի հա­նե­լու նոր սպառ­նա­լիք ը­րած ըլ­լա­լով, ­Խոր­հուր­դը կը խնդրէ ­­Պատ­րիար­քա­րա­նէն, դի­մում ը­նել հել­լէն դես­պա­նին, ար­գի­լե­լու հա­մար ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան սպառ­նա­ցող այս ա­ճուր­դը։
­­Թաղ. ­Խոր­հուր­դը իր քա­ռա­մեայ շրջա­նը ա­ւար­տած ըլ­լա­լով կը հրա­ժա­րի եւ ­­Փետր. 19ի ­­Կի­րա­կի օ­րը նոր ընտ­րու­թիւն կա­տա­րե­լով մատ­րան մէջ, մե­ծա­մաս­նու­թեամբ ­Թաղ. ­Խոր­հուր­դի ան­դամ կ­՚ընտ­րո­ւին.- ­­Տիարք՝ ­­Պետ­րոս Ե­ղո­յեան, Մկր­տիչ ­­Մա­նու­կեան, ­­Մատ­թէոս Անդ­րէա­սեան, Գ­րի­գոր Ա­րա­պեան, ­­Պաղ­տա­սար ­­Տոք­թո­րեան։

­­Թաղ. ­Խոր­հուր­դը ան­մի­ջա­պէս ընտ­րու­թեան ար­դիւն­քը հա­ղոր­դե­լով ­­Պատ­րիար­քա­րան, զատ­կա­կան տօ­նե­րուն առ­թիւ քա­հա­նայ մը կը խնդրէ։ Կ­րօն. ժո­ղո­վը նախ Ա­բի­սո­ղոմ քհնյ. ­­Թո­րո­սեա­նը կ­­՚ո­րո­շէ, սա­կայն յե­տոյ իր ո­րո­շու­մը փո­խե­լով առ­ժա­մեայ հո­վիւ կը կար­գէ ­­Սար­գիս Քհնյ. ­­Զա­քա­րեա­նը։
­­Մինչ այդ կա­տա­րո­ւած դի­մում­նե­րուն վրայ բա­րի­զաբ­նակ ­­Տիգ­րան ­­Խան ­­Քէ­լէ­կեան ­­Պատ­րիար­քա­րան կ­՚ու­ղար­կէ Ա­թէն­քի ե­կե­ղեց­ւոյ պարտ­քի փո­խար­ժէ­քը ե­ղող 5000 ֆրան­քի չէք մը։ ­­Նոր ­­Թաղ. ­Խոր­հուր­դը թեր­թե­րէ տե­կե­կա­նա­լով այս պա­րա­գան, 13 ­­Մա­յիս 1912ին թիւ 3 հա­մա­րով թէ այդ գու­մա­րը, ինչ­պէս նաեւ տո­կո­սը ե­ղող 750 տրախ­միին ան­մի­ջա­կան ա­ռա­քու­մը կը խնդրէ։

­­Պատ­րիար­քա­րա­նը պարտ­քի մուր­հակ­նե­րը կը պա­հան­ջէ եւ տո­կո­սի վճար­ման մա­սին եր­կար բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէ վերջ 1913 ­­Յու­նո­ւար 9 թիւ 107 պաշ­տօ­նագ­րով ­­Պատ­րիար­քա­րա­նը կը յայտ­նէ, թէ՝ «­­Մայ­րա­քա­ղա­քիս Վ­սեմ. հել­լէն դես­պա­նին հետ բա­նակ­ցու­թիւն կա­տա­րե­ցինք եւ վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ ­­Յու­նաս­տա­նի մէջ կա­րե­լի է բա­րո­յա­կան ա­նո­ւան վրայ ոե­ւէ ազգ. հաս­տա­տու­թիւն ար­ձա­նագ­րել, բա­ւա­կան է որ հայ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան գո­յու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս հաս­տա­տուած ըլ­լայ տեղ­ւոյն կրօ­նից եւ հան­րա­յին կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թե­նէն եւ վա­ւե­րա­ցո­ւած ար­քա­յա­կան հրո­վար­տա­կով։

­­Քա­ղաք. ­Ժո­ղո­վը ու­շադ­րու­թեան առ­նե­լով այս ան­գամ բուն խնդի­րը եւ տես­նե­լով թէ ար­դէն հել­լէն կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հայ գա­ղու­թը ճանչ­ցած է պաշ­տօ­նա­պէս եւ ըստ կա­նո­նագ­րի վա­ւե­րա­ցու­ցած է 1908 ­­Սեպտ. 22 թո­ւա­կա­նին, եւ թէ այդ կա­նո­նագ­րի տրա­մադ­րու­թեամբ Ա­թէն­քի Ս. Գ­րի­գոր ­­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղե­ցին, որ կը գտնո­ւի օ­տոս Ք­րիէ­զի, եւ թիւ 10 իր յա­րա­կից տնա­կով եւ շրջա­պա­տով, ո­րոնց ար­ժէ­քը կը ներ­կա­յաց­նէ 11.200 տրախ­մի, կա­նո­նագ­րի զօ­րու­թեամբ ա­պա­հո­վո­ւած գտաւ ե­կե­ղեց­ւոյ սե­փա­կա­նաու­թեան ի­րա­ւուն­քը, եւ ար­ժան գտաւ ու­ղար­կել ձեզ նո­ւի­րեալ 5000 ֆրան­քի գու­մարն, ինչ­պէս նաեւ 1000 ֆր. եւս նոյն պար­տուց բա­նած տո­կո­սեաց յատ­կաց­նե­լու հա­մար»։

Դ­րա­մը Ք­րէ­տի ­­Լիո­նէի մի­ջո­ցաւ ղրկո­ւած ըլ­լա­լով, Ապ­րի­լի ըն­թաց­քին պար­տա­տէ­րը պաշ­տօ­նա­կան գրու­թեամբ եւ նո­տա­րու­թեան վա­ւե­րաց­մամբ, մուր­հակ­նե­րը ազ­գին վե­րա­դարձ­նե­լով, այս ցա­ւոտ խնդի­րը փա­կո­ւած է։ Դժ­բախ­տա­բար՝ հա­կա­ռակ ­Թաղ. ­Խոր­հուր­դի փա­փա­քին եւ ­­Պատ­րիար­քա­րա­նի ո­րոշ­ման, ոչ մէկ ար­ձա­նագ­րու­թիւն դրո­ւած է ե­կե­ղեց­ւոյ ճա­կա­տը ­­Քէ­լէ­կեան ­­Խա­նի այս նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւ­նը յի­շեց­նող։ Ա­սոր պատ­ճառ­նե­րը մութ կը մնան ցարդ։

­Թաղ. ­Խոր­հուր­դը պարտ­քի վճա­րու­մէն ա­ռաջ եւ ետ­քը, քա­նիցս ձեռ­նար­կած է ա­ռան­ձին հո­գե­ւոր հո­վիւ ու­նե­նա­լու շէն­քին վրայ, սա­կայն ­­Պատ­րիար­քա­րա­նը հրա­հան­գած է հա­մա­ձայ­նիլ ­­Գան­տիոյ ­Թաղ. ­Խոր­հուր­դին հետ, որ­պէս­զի քա­հա­նան փոխն ի փոխ այ­ցե­լէ եր­կու շրջան­նե­րը։

­­Ծա­նօթ.- ­­Պալ­քա­նեան եւ մեծ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին, ­Թաղ. ­Խոր­հուր­դ­­նե­րու ազգ. գոր­ծու­նէու­թեանց եւ քա­ղա­քա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը պի­տի տանք ­­Տա­րե­ցոյ­ցիս յա­ռա­ջի­կայ տա­րո­ւան թի­ւով։ Ո­րով ներ­կայ տա­րո­ւայ աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ ամ­փո­փած կ­՚ըլ­լանք գա­ղու­թին հաս­տա­տու­թեան եւ ե­կե­ղեց­ւոյ գնման ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։

Ար­մե­նակ ­Տէր-­Յա­կո­բեան - Վերջ