Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altԻն­չո՛ւ ընտ­րե­ցինք այս ու­ղին եւ ին­չո՛ւ յայտ­նո­ւե­ցանք այս ճամ­բուն վրայ, ո­րու եր­կու կողմն ալ ան­դունդ է։
­Հարց չէ տրո­ւա­ծը, այլ՝ ­Յու­լիս 17ի զի­նեալ ըմ­բոս­տաց­ման ող­բեր­գու­թիւնն ու մղձա­ւան­ջը ապ­րող հայ մար­դոց ի­րա­ւա­ցի գան­գատն է

եւ ընդվ­զու­մը։

Ին­չո՛ւ իշ­խա­նու­թեան ղե­կին հա­սած «տղերք»ը, ա­հա 25 տա­րիէ ի վեր, ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մէն աս­դին, չեն ու­զեր յար­գել ի­րա­ւա­կան կար­գե­րու, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան հե­տա­մուտ պե­տու­թիւն կա­ռու­ցե­լու տիե­զե­րա­կան օ­րէն­քին խա­ղա­կա­նոն­նե­րը։

­Պա՛րզ. ին­չո՛ւ ա­զատ ու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը մէկ կողմ չեն քա­շո­ւիր, երբ ի­րենց ձեռք ձգած իշ­խա­նու­թեան սահ­մա­նադ­րա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը իր ա­ւար­տին կը հաս­նի, կամ՝ ի­րենց վա­յե­լած ժո­ղովր­դա­յին վստա­հու­թիւ­նը կը սպա­ռի եւ, ընդ­հա­կա­ռակն, հա­մընդ­հա­նուր դժգո­հու­թեան եւ մեր­ժու­մի ահ­ռե­լի ա­լի­քի կը վե­րա­ծո­ւի։

­Նաեւ՝ ին­չո՛ւ ժո­ղո­վուր­դին պատ­կա­նող պե­տու­թեան եւ ա­նոր բազ­մա­զան լծակ­նե­րուն հետ մեր իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը կը վա­րո­ւին սե­փա­կան ա­գա­րա­կի պէս՝ այդ բո­լո­րը ծա­ռա­յեց­նե­լով ի­րենց ինք­նա­վե­րար­տադ­րու­թեան, իշ­խա­նու­թեան ա­թոռ­նե­րը ցմահ ի­րենց ձեռ­քը պա­հե­լու ըն­չա­քաղ­ցու­թեան, ո­րե­ւէ հա­ւա­սա­րակշ­ռեալ հա­սա­րա­կու­թեան անհ­րա­ժեշտ պայ­մա­նը հան­դի­սա­ցող ընդ­դի­մադ­րու­թեան նուաս­տա­ցու­մին եւ փո­շիա­ցու­մին։
Շ­քան­շա­նին միւս ե­րեսն ալ ող­բեր­գա­կան է եւ նոյն­քան մղձա­ւան­ջա­յին։

Ին­չո՛ւ մեր ժո­ղո­վուր­դին դժգո­հու­թիւնն ու մեր ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տե­լու եւ պաշտ­պա­նե­լու դրօշ պար­զող ընդ­դի­մա­դիր «տղերք»ը չեն ու­զեր սոր­վիլ, ա­հա քա­ռորդ դա­րէ ա­ւե­լի, որ զէն­քով փրկու­թեան հաս­նե­լու օ­րէն­քը ի­րա­պէ՛ս եւ ի­րա՛ւ օ­րի­նա­չա­փու­թիւն դառ­նա­լու հա­մար պէտք է ու­նե­նայ իր բա­ցա­ռու­թեանց կա­նո­նը։

Այ­սի՛նքն. «­Միայն զէն­քով կայ հա­յոց փրկու­թիւն»՝ երբ այ­լեւս չի մնար ելք ու ճար եւ խեն­թերն են, որ կը գտնեն ելք ու հնար...
Այ­սի՛նքն. օ­տա­րի լու­ծին եւ բռնա­կա­լի ա­նօ­րի­նու­թեանց դէմ ար­դա­րա­ցի զի­նեալ պայ­քա­րի օ­րէն­քը չի կրնար տա­րա­ծո­ւիլ ա­մէն գնով, ի հար­կին սե­փա­կան ոս­տի­կա­նին ա­րիւ­նը թա­փե­լու ճամ­բով, իշ­խա­նա­փո­խու­թեան հաս­նե­լու պար­զամտու­թեան ու կա­մա­պաշ­տու­թեան վրայ։

Ա­յո՛, ին­չո՛ւ հա­սանք հոս եւ հա­մազ­գա­յին վե­րա­կանգ­նու­մի ու ինք­նա­հաս­տատ­ման մեր հե­րո­սա­կան եր­թը մտցու­ցինք այս ճամ­բուն մէջ, ո­րուն եր­կու կողմն ալ ան­դունդ է։

Դ­ժո­ւար է ստու­գա­պէս ճշդել, թէ մեր հա­սա­րա­կու­թեան ո՞ր տո­կո­սը կողմ է ­Ժի­րայր ­Սե­ֆի­լեա­նի ա­զատ ար­ձակ­ման պա­հան­ջին, այ­լեւ՝ վե­րա­պահ է ա­նոր դէմ իշ­խա­նու­թեանց հրա­պա­րա­կած, բայց թե­րա­հա­ւա­տու­թեամբ ըն­կա­լո­ւող այն մե­ղադ­րան­քին, թէ Ար­ցա­խեան ­Շարժ­ման ե­րէ­կի ա­զա­տա­մար­տի­կը եւ այ­սօ­րո­ւան ար­մա­տա­կան ընդ­դի­մադ­րու­թեան դրօ­շա­կի­րը ի­րա­պէս զի­նեալ բռնաշր­ջու­մի ձեռ­նար­կած էր...

­Բայց վստա­հա­բար կա­րե­լի է ա­մե­նայն հա­մո­զու­մով ձայ­նակ­ցիլ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն ա­հա­զանգ կը հնչեց­նեն, թէ այ­սօ­րո­ւան Հ.Հ. նա­խա­գա­հը իր վար­քագ­ծով ոչ մէկ երկ­խօ­սու­թեան գե­տին կը ձգէ իր սխալ­ներն ու մո­լո­րանք­նե­րը մեր­ժող... ա­մէն կար­գի ընդ­դի­մա­խօս­նե­րուն առ­ջեւ։

Իսկ այ­սօ­րո­ւան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու այ­սօ­րի­նակ կա­մա­կո­րու­թեան դէմ զզո­ւան­քով ար­տա­յայ­տո­ւող եւ պայ­քա­րե­լու պատ­րաստ հա­սա­րա­կա­կան լայն շեր­տերն ան­գամ, բնա­կա­նա­բար, չեն ըն­դու­նիր եւ դէմ են, որ ազ­գո­վին՝ հա­սա­րա­կու­թեամբ եւ պե­տու­թեամբ իյ­նանք... եղ­բայ­րաս­պան ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան ան­դուն­դը։

­Դի­տենք մեր շուր­ջը եւ տես­նե՛նք ­Թուր­քիոյ այ­սօ­րո­ւան գա­լա­րում­նե­րը, որ­պէս­զի դաս քա­ղենք թրքա­կան բա­նա­կին եւ պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեան վեր­նա­խա­ւին մէջ ծայր ա­ռած ներ­քին մաք­րա­գոր­ծում­նե­րու եւ պա­լա­տա­կան հա­շո­ւե­յար­դար­նե­րու տղմուտ եւ լպրծուն քա­ղա­քա­կան ո­լո­րապ­տոյ­տէն։

Ոս­տի­կա­նա­տուն գրա­ւե­լով, ո­տի­կա­նա­պետ սպան­նե­լով կամ ոս­տի­կան­ներ պա­տանդ բռնե­լով՝ քա­ղա­քա­կան «զի­ջում­ներ» չես կրնար պար­տադ­րել կա­մա­կոր իշ­խա­նա­ւո­րին...
­Պար­զա­պէս ա­րար-աշ­խար­հին ցոյց կու տաս խո­ցե­լիու­թիւ­նը քու երկ­րիդ մէջ հաս­տա­տո­ւած ոս­տի­կա­նա­կան պե­տու­թեան, որ կ­՚ու­զէ ի­րա­ւա­կան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կար­գե­րու հան­դեր­ձան­քով պճնո­ւիլ։

Իսկ իշ­խա­նու­թեանց դէմ զի­նեալ ըմ­բոս­տաց­ման ձեռ­նար­կած եւ զոհ խլած ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը «ա­հա­բե­կիչ» կո­չե­լով եւ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ա­նոնց­մէ «վնա­սա­զեր­ծե­լու» կար­գա­խօ­սով զի­նո­ւո­րա­կան գրո­հի ձեռ­նար­կե­լով՝ իբ­րեւ իշ­խա­նու­թեան առ­ջեւ դրո­ւած բուն հար­ցե­րէն եւ հիմ­նա­կան խնդիր­նե­րէն ո՛չ մէ­կը կը լու­ծես, նոյ­նիսկ լուծ­ման դոյզն գե­տին չես ձգեր։

­Պար­զա­պէս ա­րար-աշ­խար­հին կը փաս­տես, որ ստեղ­ծած ես պե­տու­թիւն մը, ուր կ­՚իշ­խէ ան­տա­ռին օ­րէն­քը եւ ուր ի­րա­ւուն­քը, ի վեր­ջոյ, կը պատ­կա­նի... զօ­րա­ւո­րին։

Ո՛չ, կա­րե­լի չէ շա­րու­նա­կել այս ճամ­բան, ո­րու եր­կու կողմն ալ ան­դունդ է։
Ո՛վ որ մեզ բե­րաւ այս փա­կու­ղիին, ի՛նք ալ պէտք է գտնէ աս­կէ դուրս գա­լու ել­քը:

Ն.Պ.