Print
Category: Յօդուածագրութիւն

alt15 ­Յու­լի­սի ձա­խո­ղած յե­ղաշր­ջու­մի փոր­ձէն ետք, ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին բազ­մա­հա­զար պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­ներ գոր­ծազր­կո­ւած են։ ­Զա­նա­զան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րէ եւ պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րէ դուրս հա­նո­ւած պաշ­տօ­նեա­նե­րու թի­ւը թեր­թիս հրա­տա­րա­կու­

թեան յանձ­նո­ւած ժա­մե­րուն հա­սած էր 55 հա­զար 578ի։ ­Մաք­րա­գործ­ման մե­ծա­գոյն հո­սան­քը կա­յա­ցաւ ­կրթա­կան նա­խա­րա­րու­թեան շրջա­նակ­նե­րուն մէջ։ ­Նա­խա­րա­րու­թեան կազ­մին մէջ պաշ­տօ­նա­վա­րող 15 հա­զար 200 ան­ձեր գոր­ծա­զուրկ ե­ղած են։ ­Միւս կող­մէ յա­տուկ դպրոց­նե­րուն մէջ ու­սուց­չա­գոր­ծող ա­ւե­լի քան 21 հա­զար ու­սու­ցիչ­ներ ալ կորսն­ցու­ցած են ի­րենց ու­սուց­չա­գոր­ծե­լու ար­տօ­նու­թիւ­նը։
­Բո­լոր այս գու­մա­րին վրայ ­Չո­րեք­շաբ­թի օր եւս 6 հա­զար 538 ու­սու­ցիչ­ներ դուրս մնա­ցած են ի­րենց ծա­ռա­յու­թե­նէն։ Այս տո­ւեալ­նե­րով պաշ­տօ­նանկ ե­ղած ու­սու­ցիչ­նե­րուն ընդ­հա­նուր թի­ւը կը հաս­նի 42 հա­զար 731ի։ ­Բարձ­րա­գոյն ուս­ման խոր­հուրդն ալ իր կար­գին հրա­ժա­րե­լու հրա­ւի­րեց բո­լոր պե­տա­կան եւ հիմ­նադ­րա­մա­յին հա­մալ­սա­րան­նե­րու տե­սուչ­նե­րը։ Այս­պէ­սով՝ պե­տա­կան հա­մալ­սա­րան­նե­րու 1176 եւ յա­տուկ հա­մալ­սա­րան­նե­րու 401 տե­սուչ­նե­ր հ­րա­ժա­րե­ցան։
Ն­ման հրա­ժա­րում­ներ պա­տա­հած են ար­դա­րա­դա­տա­կան հա­մա­կար­գէն ներս ալ։
­Հոս ալ բազ­մա­թիւ դա­տա­ւոր­ներ հսկո­ղու­թեան տակ առ­նո­ւած կամ պաշ­տօ­նազր­կո­ւած են։ ­Նոյն­պէս մաք­րա­գոր­ծու­մը թա­փան­ցած է բա­նա­կի շար­քե­րուն եւ բիւ­րա­ւոր սպա­ներ հե­ռա­ցո­ւած են բա­նա­կի շար­քե­րէն։ ­Մին­չեւ թեր­թիս տպա­րան յանձ­նո­ւած պա­հուն ձեր­բա­կա­լո­ւած էին 43 ոս­տի­կան­ներ եւ 121 ալ հսկո­ղու­թեան տակ առ­նո­ւած։ Հս­կո­ղու­թեան տակ առ­նո­ւած դա­տա­խազ­նե­րու եւ դա­տա­ւոր­նե­րու թի­ւը հա­սած է 1005ի, ո­րոնց­մէ 587 ար­դէն ձեր­բա­կա­լուած։ ­Չեն բա­ցա­ռո­ւած նաեւ զի­նո­ւո­րա­կան դա­տա­խազ­նե­րը եւ դա­տա­ւոր­նե­րը։ ­Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թեամբ, ռազ­մա­կան ար­դա­րա­դա­տու­թեան մէջ ծա­ռա­յող ողջ անձ­նա­կազ­մը հար­ցաքն­նու­թեան են­թար­կո­ւած է եւ ա­նոնց­մէ 262ը ար­դէն պաշ­տօ­նազր­կո­ւած։

­Մա­հա­պա­տիժ­նե­րու խնդի­րը

Այս թո­հու­բո­հի մէջ իշ­խա­նու­թիւ­նը կրկին օ­րա­կար­գի կը բե­րէ մա­հա­պա­տիժ­նե­րու նիւ­թը, որ վա­ղուց դուրս բե­րո­ւած էր ­Թուր­քիոյ սահ­մա­նադ­րու­թե­նէն։ ­Յե­ղա­փո­խու­թեան օ­րը, կէս գի­շե­րին յա­ջոր­դող ժա­մե­րուն, հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը կոչ ը­րաւ երկ­րի ժո­ղովր­դին փո­ղոց գա­լով ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար։ Իս­կոյն քա­ղաք­նե­րու հրա­պա­րակ­նե­րը խու­ժած ամ­բո­խը սկսաւ դիրք բռնել դի­մա­ցը ե­լած ոս­տի­կան­նե­րուն դէմ։
­Զա­նա­զան տե­ղեր բուռն մի­ջա­դէ­պեր պա­տա­հե­ցան, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով բազ­մա­թիւ շար­քա­յին­ներ զո­հո­ւե­ցան։ ­Սա­կայն ժո­ղո­վուր­դը ան­յագ էր իր այս պոռտ­կու­մին մէջ եւ յա­ճախ կը վան­կար­կէր՝ «մա­հա­պա­տիժ կը պա­հան­ջենք» ը­սե­լով։ ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը օգ­տո­ւե­ցաւ գո­յա­ցած ան­կար­գու­թե­նէն եւ խոս­տա­ցաւ հա­սա­րա­կու­թեան, որ ե­թէ խորհր­դա­րա­նը նման ա­ռա­ջար­կով ներ­կա­յա­նայ՝ ինք իս­կոյն կը վա­ւե­րաց­նէ մա­հա­պա­տի­ժի ա­ռիթ տո­ւող օ­րէն­քի փո­փո­խու­թիւ­նը։ ­Սա­կայն դէ­տեր բո­լո­րո­վին տար­բեր կար­ծի­քի են եւ ա­նոնք կ­՚ը­սեն, թէ ան­կա­րե­լի է այս նիւ­թին շուրջ ետ քայլ մը որ­դեգ­րել։ Այս մա­սին ա­մե­նա­լուրջ հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը ե­կած է ­Թուր­քիոյ ­Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու ­Միու­թեան եւ ­Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու ­Հիմ­նադ­րա­մի շրջա­նակ­նե­րէն։ ­Միու­թիւ­նը այս առ­թիւ կը յի­շեց­նէ նախ­կին վար­չա­պետ­նե­րէն Ատ­նան ­Մեն­տէ­րէ­սի օ­րի­նա­կը, ո­րուն ժա­ռան­գոր­դը ըլ­լա­լու կը յա­ւակ­նի նա­խա­գահ Էր­տո­ղան։

Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ա­ռար­կու­թիւ­նը

Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւնն ալ իր կար­գին կ­՚ա­ռար­կէ ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րու լոկ քա­րոզ­չա­կան դրդու­մով յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն։ Այս վեր­ջի­նի հա­մա­ձայն Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ան­դա­մակ­ցե­լու ձգտում ու­նե­ցող ո­րե­ւէ եր­կրի մէջ ա­նըն­դու­նե­լի է մա­հա­պա­տի­ժի խնդի­րը վի­ճա­բա­նու­թեան նիւթ դարձ­նել։
Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ա­ր­­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ անվ­տան­գու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու բարձ­րա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Ֆէ­տէ­րի­քա ­Մո­կէ­րի­նի յայտ­նեց, թէ մա­հա­պա­տիժ գոր­ծադ­րող ոչ մէկ եր­կիր կրնայ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ան­դա­մակ­ցիլ։

­Տան­ջան­քը ա­նըն­դու­նե­լի է

­Նիւ Եոր­քի մէջ գոր­ծող մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու HRW կազ­մա­կեր­պու­թիւնն ալ իր կար­գին զգու­շա­ցուց ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը՝ նշե­լով, որ յե­ղա­փո­խու­թեան սպառ­նա­լի­քի դէմ պայ­քա­րե­լու մի­ջո­ցին անհ­րա­ժեշտ է օ­րի­նա­կա­նու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ մնալ։ ­Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կը նշո­ւի, թէ ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն օ­րըս­տօ­րէ ա­ւե­լի կարծր ռազ­մա­վա­րու­թեան կը դի­մէ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու նկատ­մամբ։ ­Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պէտք չէ, որ այս խնդի­րը ի­րեն դէմ հա­մա­րած բո­լոր շրջա­նակ­նե­րու դէմ վհու­կի պա­տե­րազ­մի մը վե­րա­ծէ։ «­Պէտք է խու­սա­փիլ ձեր­բա­կա­լո­ւած­նե­րու նկատ­մամբ տան­ջանք գոր­ծադ­րե­լէ»։

Ար­տա­կարգ դրու­թեան գոր­ծադ­րու­թիւն

20 ­Յու­լիս ­Չո­րեք­շաբ­թի օր ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Ռէ­ճէփ ­Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ գու­մա­րո­ւած Ազ­գա­յին Անվ­տան­գու­թեան ­Խոր­հուր­դը, իր չորս ժամ 40 վայր­կեան տե­ւած նիս­տի ա­ւար­տին, ո­րո­շեց ար­տա­կարգ դրու­թեան գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։ ­Նա­խա­գա­հը կէս գի­շեր­ո­ւայ մօտ ժա­մե­րուն հե­ռա­տե­սի­լի դի­մաց ժո­ղո­վուր­դին ձայ­նե­լով յայ­տա­րա­րեց սոյն ո­րո­շու­մը։ «­Սահ­մա­նադ­րու­թեան 120րդ ­յօ­դո­ւա­ծով ճշդուած ար­տա­կարգ դրու­թիւ­նը ե­րեք ա­միս տե­ւո­ղու­թեամբ գոր­ծադ­րե­լու հա­մար կոչ կ­՚ուղ­ղենք կա­ռա­վա­րու­թեան»։ Ն­շենք, որ ար­տա­կարգ դրու­թիւ­նը 1990ա­կան տա­րե­թի­ւնե­րուն գոր­ծադ­րո­ւած էր քրտաբ­նակ շրջան­նե­րու մէջ եւ ան­պատ­ժե­լիու­թեամբ ա­պա­հո­վո­ւած պե­տու­թեան զի­նեալ ու­ժե­րը բազ­մա­թիւ ինք­նա­կամ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կա­տա­րած էին։ Այդ շրջա­նը ­Թուր­քիոյ պատ­մու­թեան մէջ կը յի­շո­ւի ձեր­բա­կա­լո­ւե­լէ ետք ան­յայտ կոր­սո­ւած­նե­րու պատ­մու­թիւն­նե­րով։

«ԱԿՕՍ»