Print
Category: Յօդուածագրութիւն


«Գետաշէն» երգի բառերուն եւ երաժշտութեան հեղինակը Գագիկ Նազարեանն է, ներկայիս՝ ծանօթ Գուսան Հայկազուն անունով, որ կ՛ապրի Երեւան մայրաքաղաքին մէջ: Հոկտեմբերին բախտը ունեցանք երկրորդ անգամ այցելելու մեր հայրենիքը եւ ծանօթանալու Գուսան Հայկազունի. ան մեզ՝ անճարցիներս, հրաւիրեց Արարատի ստորոտը գտնուող Խարբերդ գիւղի իր տան պարտէզը, ներկայութեամբ իր երգողներուն:

Չենք գիտեր, թէ ի՞նչ տուեալներու  վրայ հիմնուած, Սփիւռքի տարածքին, վերջին 20 տարիներու ընթացքին հրատարակուած բոլոր երգարանները «Գետաշէն» երգին երաժշտութիւնը կը վերագրեն Սահակ Սահակեանի:
«Գետաշէն» երգի բառերուն եւ երաժշտութեան հեղինակը Գագիկ Նազարեանն է, ներկայիս՝ ծանօթ Գուսան Հայկազուն անունով, որ կ՛ապրի Երեւան մայրաքաղաքին մէջ: Հոկտեմբերին բախտը ունեցանք երկրորդ անգամ այցելելու մեր հայրենիքը եւ ծանօթանալու Գուսան Հայկազունի. ան մեզ՝ անճարցիներս, հրաւիրեց Արարատի ստորոտը գտնուող Խարբերդ գիւղի իր տան պարտէզը, ներկայութեամբ իր երգողներուն:
Մենք մեծ հաճոյքով վայելեցինք Գուսանին եւ իր խումբին ջերմ հիւրասիրութիւնն ու յեղափոխական երգերը: Անոնք խանդավառութեամբ պատմեցին եւ վերյիշեցին Այնճար աւանի հիմնադրութեան 70 ամեակին իրենց ունեցած ելոյթն ու Այնճարի ժողովուրդին հիւրասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի ելոյթը, Արամ Ա. կաթողիկոսի աջահամբոյրն ու Անթիլիասի վանքի եւ Լիբանանի տեսարժան վայրերու այցելութիւնները: Շատ հաճելի ժամանակ անցուցինք՝ երգելով եւ մտերմիկ խօսակցութիւններով:
Գուսան Հայկազուն ու իր խումբը Դեկտեմբերի սկիզբը Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը պիտի մեկնին՝ ընդառաջելով տեղւոյն Համազգայինի հրաւէրին, եթէ քաղաքական պայմանները թոյլատրեն:
Մենք, Հայաստան կեցութեան ընթացքին, հանդիպումներ ունեցանք Գուսան Հայկազունի հետ, նաեւ Երեւանի իր գրասենեակին մէջ: Ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ իր կեանքի զանազան հանգրուաններուն, իր յօրինած յեղափոխական եւ սիրային երգերուն՝ շուրջ 100 հատ, որոնք հրատարակուած են 1998ին եւ 2011ին, «Հայեր Միացէք» վերնագիրին տակ: Անոր յեղափոխական երգերը ընդհանրապէս նուիրուած են Ղարաբաղեան կռիւներու հերոսներուն, խրախուսելու համար ճգնաժամային օրերուն յուսահատութեան մէջ, կեանքի եւ մահու դէմ կռուող ղարաբաղցիին. «Հայեր Միացէք» երգը համայն հայութիւնը համախմբելու մարտահրաւէր մըն էր.

Ուս-ուսի տուած, առիւծի նման
Ետ բերենք հողն ու փառքը հայութեան:
Հայեր, միացէք, միացէք հայեր,
Արցախն է մեզ կանչում, օգնութեան հասնենք:
 
Գուսան Հայկազունի իւրաքանչիւր երգը ունի իր յօրինումի դրդապատճառն ու պատմութիւնը: Գուսանը մաս կը կազմէր «Արտաշատ» ջոկատի 20 մարտիկներուն. անոնք 1990ին օգնութեան պիտի հասնէին վտանգուած Գետաշէն գիւղին. ահա՛ թէ ի՞նչ կը պատմէ Գուսանը իր յօրինած «Գետաշէն» երգին համար.
««Արտաշատ» ջոկատի 20 մարտիկներս, երբ ուղղաթիռ կը բարձրանայինք Գետաշէն գիւղին օգնութեան երթալու, ջոկատին հրամանատարը, ձեռքէս քաշելով ուղղաթիռէն վար առաւ զիս՝ ըսելով. «Դու ափսոս ես, մի քէօր կիւլլա («կոյր փամփուշտ») կը գտնի քեզ, մնացի՛ր հոս եւ Գետաշէնի մասին մի երգ յօրինիր…»: Ուղղաթիռը մեկնեց, ես մնացի տեղս, ապա գացի մեր ապաստանարանը եւ յօրինեցի Գետաշէն երգին բառերն ու երաժշտութիւնը. երեք օր ետք, երգը ձեռքիս՝ միացայ ջոկատի ընկերներուս եւ անոնց սորվեցուցի երգը: Այդ օրէն  սկսեալ, «Գետաշէն» երգը տարածուեց խրամատից խրամատ եւ դարձաւ մի տեսակ քայլերգ Ղարաբաղի մարտիկներուն. երգը տարածուեց ոչ միայն Արցախում, այլ Հայաստանում եւ Սփիւռքում»:
 
«Գետաշէն» երգին առնչութեամ, Գուսան Հայկազունը ուրիշ աւելի հետաքրքրական դէպք մը պատմեց. «Կռիւներու տաք ժամանակ, երբ կը թալանուէին եւ կը դատարկուէին մեր գիւղերը, խումբ մը մանուկներ՝ ծերունիի մը առաջնորդութեամբ, կ՛ապաստանին մօտակայ քարայր մը. մեր մարտիկները քարայրէն հայերէն խօսակցութիւններ կը լսեն եւ հայերէնով ձայն կու տան, որ անոնք քարայրէն դուրս գան, սակայն անոնք չեն գար՝ վախնալով, որ ատրպէյճանցիները դարան մը պատրաստած են իրենց դէմ, որովհետեւ ատրպէյճանցի զինուորները լաւապէս հայերէն կը խօսէին. հայ մարտիկներէն մէկը կ՛ըսէ. «Գետաշէնը երգենք»: Երբ քարայրի մանուկները «Գետաշէն» երգը կը լսեն, դուրս կու գան եւ վազելով դէպի հայ մարտիկները՝ կը փաթթուին անոնց, որովհետեւ ատրպէյճանցիները դեռ «Գետաշէն» երգը չէին գիտեր»:
Ահա՛, սիրելի ընթերցող, «Գետաշէն» երգի յօրինումին պատմութիւնը. երգի բառերուն եւ երաժշտութեան հեղինակը Գուսան Հայկազունն է. հակառակ անոր, որ Գուսանը արտաքինով նիհարակազմ է, սակայն ան իր սիրտին մէջ կը կրէ ոչ միայն Երեւանն ու Արցախը, այլ՝ ամբողջ Պատմական Հայաստանը՝ իր լիճերով, լեռներով, դաշտերով, մշակոյթով եւ պատմութեամբ: Անոր յօրինած երգերը Ղարաբաղեան կռիւներուն ուժ ու կորով կը ներշնչէին մեր մարտիկներուն:
Գուսան Հայկազունի ընդհանրացած երգերէն յիշենք՝ «Հայեր Միացէք», «Գետաշէն», «Հպարտ Գնացէք», «Պիտի Գնանք», «Չքնաղ Շահումեան», «Վեր Կաց Շահէն», «Արի Զօրավար», «Մուսա Լերան Զաւակներն Ենք» եւ ուրիշներ:
 
Սիրելի Գուսան եւ երգիչ-երգչուհիներ, Խարբերդ գիւղի այդ հաւաքն ու երգերը միշտ պիտի արձագանգեն մեր սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ, եւ այս օտար ափերուն վրայ կարօտով պիտի յիշենք այն մտերմիկ խօսակցութիւնները, հայրենասիրական երգերը՝ Արարատի ստորոտը, Գուսանի պարտէզին մէջ, բոլորուած համեստ սեղանի շուրջ եւ ճարճատիւն խարոյկի դիմաց:
Յաջողութիւն կը ցանկանք բոլորիդ եւ յաջող երթ ու վերադարձ Հալէպ քաղաքէն:

ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Գետաշէն

Բազմել ես լեռներին, ունես հազար շէն,
Արծիւների բոյնն ես, չքնաղ Գետաշէն,
Բարբարոս ցեղերին անդադար սանձող,
Դու քաջերի օրրան, իմ քաջ Գետաշէն։

Կրկ.
Չորս կողմդ անդունդ է, ճամբէքդ փակուած,
Երկնքում սեւ ու մութ ամպեր կուտակուած,
Կողքիդ հայկական շէներն են լքուած
Դու կաս ու կը մնաս, յաւերժ Գետաշէն։
Ջահել տղերք դու քիչ ունես Գետաշէն,
Բայց ծերերդ էլ ոչ մի բանով պակաս չեն,
Ամէն մի կին մի ֆիտայի տնաշէն,
Քեզ յաղթել չի լինի իմ քաջ Գետաշէն։

Կրկ.

Դու պիտի դիմանաս ու կանգում մնաս,
Հակառակ թշնամուն պիտի շէնանաս,
Մայր Հայաստանին պիտի միանաս,
Արցախի դարպասն ես ամրոց Գետաշէն։

Կրկ.