Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Հայ­կա­կան այ­սօ­րը տխուր պատ­կեր մը կը ներ­կա­յաց­նէ, ո­րով­հե­տեւ կը պա­տա­հի ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լին:
­Կը պա­տա­հի այն, որ Ար­ցա­խի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըստ ե­րե­ւոյ­թին ա­մէ­նէն ճա­կա­տագ­րա­կան հանգ­րո­ւա­նին, ո­մանք ի­րենց ըն­թաց­ քով կը յա­ջո­ղին հայ­կա­կան ներ­քին կեան­քը ան­նա­խըն­թաց կեր­պով պա­ռակ­տե­լու: ­Յան­ցա­ւոր­ներ մատ­նան­շե­լու հա­մար չէ, որ ցա­ւով կը գրենք այս քա­նի մը տո­ղե­րը: Ա­տի­կա ա­ւե­լի ուշ ը­նե­լը թէ՛ ա­ւե­լի խե­լա­ցի է, թէ՛ ա­ւե­լի օգ­տա­կար:

­Հի­մա այս վի­ճա­կէն դուրս գա­լը ա­ւե­լի՛ հրա­մա­յա­կան է: ­Հա­յու­թեան առ­ջեւ վեր­ջերս յա­ճախ լա­րո­ւող ծու­ղակ­նե­րէն ճար­պի­կօ­րէն խու­սա­փի­լը շատ ա­ւե­լի կեն­սա­կան է:
Ա­մէ­նէն մեծ ու վտան­գա­ւոր ծու­ղա­կը այս տա­րո­ւան Ապ­րի­լին ա­զե­րիա­կան լայ­նա­ծա­ւալ յար­ձա­կումն էր: ­Կոյրն ալ պի­տի տես­նէր, որ ա­տի­կա պա­տա­հե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նը բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին վրայ ծուն­կի բե­րե­լու նպա­տա­կով:

Այդ փոր­ձը չյա­ջո­ղե­ցաւ՝ շնոր­հիւ հա­մա­հայ­կա­կան բուռն դի­մադ­րու­թեան, մա­նա­ւանդ` հայ զի­նո­ւո­րի եւ քա­ղա­քա­ցիի ան­սա­կարկ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան, եւ հա­կա­ռակ հայ­կա­կան կող­մին մօտ ե­րե­ւան ե­կած բո­լոր տկա­րու­թիւն­նե­րուն:
­Փաս­տո­ւե­ցաւ ճիշ­դը. այ­սինքն` թէ ներ­քին հար­ցերն ու հա­շիւ­նե­րը մէկ կողմ կը ծա­լո­ւին, երբ վտան­գո­ւած են հայ­րե­նիքն ու հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւ­նը: ­Մինչ­դեռ ա­մէ­նէն լա­ւա­տես­նե­րը նոյ­նիսկ կ’ակն­կա­լէին, որ հայ­րե­նա­սի­րա­կան կայ­ծը մա­րած պէտք է ըլ­լայ՝ ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան մար­զին մէջ հայ­կա­կան պե­տու­թեան ակն­բախ ան­կա­տա­րու­թեան պատ­ճա­ռով:

­Հա­յու­թեան վրայ բա­նե­ցո­ւած զի­նուո­րա­կան ճնշու­մի ձա­խո­ղու­թե­նէն ետք ա­կա­նա­տես ե­ղանք դի­ւա­նա­գի­տա­կան բա­ցա­յայտ ճնշում­նե­րուն, ո­րոնք գոր­ծա­ծե­ցին ա­ւե­լի քան քսա­նա­մեայ ձանձ­րաց­նող յան­կեր­գը. փու­լա­յին ու փա­թե­թա­յին, տա­րածք­նե­րու յանձ­նում, ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ (փո­խո­ւող) ու Ա­լիեւ (մնա­յուն) եւ հա­ման­ման եզ­րե­րու գոր­ծա­ծու­թիւն` ա­ռա­ւել կամ նո­ւազ չա­փով նոյն տե­սա­կի նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րու մէջ շա­րո­ւած: ­Հա­կա­ռակ քա­ղա­քա­կան ճնշում­նե­րուն, դժո­ւար է մտա­ծել, թէ Ար­ցա­խի հար­ցի դիւ­րին եւ հիմ­նո­վին ոչ-հա­յան­պաստ լու­ծու­մի մը հո­րի­զո­նի վրայ ե­րե­ւու­մը մօ­տա­լուտ է:

­Հա­յու­թիւ­նը տա­կա­ւին ա­մուր է:
­Հա­յու­թեան կո­րո­վը տկա­րաց­նե­լու հա­մար կը մնայ ի գործ դնել ա­մէ­նէն զզո­ւե­լի տար­բե­րա­կը, որ կրնայ շա­հագր­գիռ կող­մե­րը յա­ջո­ղու­թեան ա­ռաջ­նոր­դել կա­րե­ւոր հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ. ա­տի­կա ալ ներ­քին պա­ռակտման սեր­մա­նումն է:
Այս մար­զին մէջ յա­ջո­ղե­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը մեծ են, ո­րով­հե­տեւ հայ­կա­կան հա­սա­րա­կու­թեան մէջ ա­տոր հա­մար կայ անհ­րա­ժեշտ մթնո­լոր­տը` պատ­րո­ւակ­ներն ու իս­կա­կան պատ­ճառ­նե­րը: Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու պար­տա­կա­նու­թիւնն է, ի հար­կէ, ի գործ դնել ա­մէն մի­ջոց՝ վերց­նե­լու հա­մար բո­լոր պատ­րո­ւակ­նե­րը եւ, մա­նա­ւանդ, հա­սա­րա­կա­կան լայ­նա­ծիր դժգո­հու­թեան պատ­ճառ­նե­րը:

Ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թիւ­նը կ’ամ­րապն­դէ հայ­րե­նի­քի եւ ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թեան հետ կա­պը եւ ա­նոնց հան­դէպ սէ­րը: Ա­սի­կա ա­ռաջ­նա­հերթ պայ­ման է ո­րե­ւէ պե­տու­թեան գո­յու­թեան ա­պա­հով­ման հա­մար. մա­նա­ւանդ` հայ­կա­կա­նին նման պե­տու­թեան հա­մար, որ այ­լա­պէս շատ խո­ցե­լի է ար­դէն: ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը թա­փան­ցիկ ու տե­սա­նե­լի կեր­պով, կա­րե­լի է ը­սել նոյ­նիսկ` ցու­ցա­կան մի­ջոց­նե­րով պէտք է ան­յա­պաղ լծո­ւին այդ աշ­խա­տան­քին:

­Ներ­կայ հանգ­րո­ւա­նը սա­կայն ա­ւե­լի քան եր­բեք կը պա­հան­ջէ ողջմ­տու­թիւն` հա­յու­թեան բո­լոր ա­ռար­կա­յա­կան ու են­թա­կա­յա­կան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը կեդ­րո­նաց­նե­լով Ար­ցա­խի հար­ցին վրայ:
Ա­տի­կա ը­նե­լու հա­մար ներ­քին ան­դոր­րի վե­րա­հաս­տա­տու­մը պայ­ման է:
Աս­կէ ա­ռաջ ալ ո­մանք փոր­ձած են հա­յու­թիւ­նը պա­ռակ­տել. չա­րա­չար ձա­խո­ղած են: ­Պէտք չէ մտա­հան ը­նել, որ Ար­ցա­խը ա­զա­տագ­րո­ւե­ցաւ, երբ հա­յոց ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րը ա­ռիւ­ծի նման մէկ մար­դու պէս կը կռո­ւէին եւ միա­ժա­մա­նակ ա­զե­րի­նե­րը ներ­քին խնդիր­նե­րով զի­րար կը բզկտէին:

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ