Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­altՎեր­ջերս հայ­կա­կան մա­մու­լին եւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն վրայ կրկին սկսան շրջա­նա­ռու­թեան դրո­ւե­լու Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի տան (Ե­րե­ւան, Ա­րա­մի, թիւ 9) ճա­կա­տա­գի­րին մա­սին ո­րոշ-ա­նո­րոշ լու­րեր, որ իբ­րեւ թէ այդ շէն­քին տեղ ինք­նա­շարժ­նե­րու կա­յա­նա­տե­ղի պի­տի

կա­ռու­ցո­ւի: Այն­պի­սի շեշ­տադ­րու­մով, որ կար­ծէք ե­թէ կա­յա­նա­տե­ղիի փո­խա­րէն ը­սենք՝ աշ­խա­տա­տե­ղի կամ տնտե­սա­պէս այլ շա­հա­բեր հաս­տա­տու­թիւն մը ըլ­լար կա­ռու­ցո­ւե­լի­քը՝ հար­ցը կը փա­կո­ւէր. կամ ­Քա­լի­ֆոր­նիոյ հա­յե­րէ­նով՝ ՕՔԷՅ կ­՛ըլ­լար…

Իմ գա­ղա­փա­րա­կից ըն­կեր­նե­րէս ի­րա­ւա­բան ­Սե­դօ ­Պո­յա­ճեա­նի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի ­Տու­նը Եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Կա­ռա­վա­րու­թեան ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը» խո­րա­գի­րով յօ­դո­ւա­ծը (լոյս տե­սած ­Պոս­թը­նի «­Հայ­րե­նիք» շա­բա­թա­թեր­թի վեր­ջին հա­մա­րին եւ Yerkir.am կայ­քին վրայ) հար­ցին կը մօ­տե­նայ թէ՛ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու տի­րու­թիւն ը­նե­լու եւ թէ օ­րի­նա­կան-օ­րէնսդ­րա­կան տե­սան­կիւն­նե­րէն, բա­ցատ­րե­լով, թէ Հ.Հ. օ­րէնք­նե­րու ո՞ր տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կրնայ (եւ պար­տա­ւոր է) վե­րա­տի­րա­նալ Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի տան:

Ան­կա­խու­թեան յա­ջոր­դած տա­րի­նե­րուն, «զար­մա­նահ­րաշ» բա­ներ պա­տա­հե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի մէջ:
­Պե­տա­կան ինչ­քե­րը սե­փա­կա­նաշ­նոր­հե­լու (եր­բեմն ալ՝ ազ­գա­յին հարս­տու­թիւ­նը կո­ղոպ­տե­լու) խօլ ար­շա­ւին մէջ, Հ.Հ. իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը վա­ճառ­քի հա­նե­ցին նաեւ ազ­գա­յին ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող կա­ռոյց­ներ:

Ա­սոնց շար­քին՝ Ա­րա­մի տու­նը եւ… Ա­ռա­ջին ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան շէն­քը, որ կը գտնո­ւի ­Տիգ­րան ­Մեծ եւ ­Հան­րա­պե­տու­թիւն փո­ղոց­նե­րուն ան­կիւ­նը, Հ.Յ.Դ. ­Հա­յաս­տա­նի ­Գե­րա­գոյն ­Մար­մի­նի շէն­քին դի­մա­ցը: ­Կար­ծէք Ա­ռա­ջին կա­ռա­վա­րու­թեան շէն­քին վա­ճառ­քին ստեղ­ծած վի­րա­ւո­րան­քը չէր բա­ւեր, հոն տե­ղա­ւո­րո­ւե­ցաւ… փի­ցա­յի ճա­շա­րան մը, իր հսկայ ցու­ցա­նա­կով, այս ան­գամ… իբ­րեւ ա­նար­գանք:

­Հիմ­նա­կան յան­ցա­ւո­րը ան­շուշտ նշեալ շէն­քը գնո­ղը չէ, հոն ճա­շա­րան հաս­տա­տած գոր­ծա­րա­րը չէ: Այլ՝ Հ.Հ. օ­րո­ւան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք պատ­մա­կան ար­ժէք ու­նե­ցող այդ կա­ռոյ­ցին հետ ոչ միայն ար­ժեզր­կե­ցին ի­րենց ազ­գա­յին-բա­րո­յա­կան դի­մա­գի­ծը, այլ նաեւ՝ խո­ցե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը:
Այս օ­րե­րուն, Ար­ցա­խի հար­ցով ճնշում­նե­րը սկսած են ու­ժե­ղա­նա­լու ­Հա­յաս­տա­նի վրայ: Ընդ­հա­նուր դրո­ւած­քը՝ հո­ղա­յին զի­ջում­ներ կոր­զել մեզ­մէ, Ար­ցա­խի կար­գա­վի­ճա­կին մա­սին ա­նո­րոշ ու մշու­շա­պատ «խոս­տում­նե­րու» փո­խա­րէն:

­Նոյն այս ծի­րէն ներս, ման­րա­մաս­նու­թիւն պէտք չէ հա­մա­րո­ւի ­Լաւ­րո­վի ­Պա­քու այ­ցե­լու­թիւ­նը եւ այդ ալ՝ ա­ռանց Ե­րե­ւա­նը նկա­տի ու­նե­նա­լու իր ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցին վրայ: Ոչ ալ ման­րա­մաս­նու­թիւն է Ատր­պէյ­ճա­նին զէն­քեր վա­ճա­ռե­լու ռու­սա­կան նոր խոս­տու­մը, ­Պա­քո­ւի մէջ ­Ռու­սիոյ դես­պան Վ­լա­տի­միր ­Տո­րո­խի­նի կող­մէ:
­Հայ­կա­կան կող­մին հա­մար հա­շո­ւի առ­նո­ւե­լիք են նաեւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան օ­դու­ժի ռազ­մա­փոր­ձե­րը՝ սահ­մա­նա­գի­ծէն միայն 30 քի­լո­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ:

Ան­կախ ան­կէ, որ հայ­կա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը ինչ­պէս կը նա­ւար­կէ այս խու­թե­րուն մէ­ջէն (եւ ա­սի­կա ամ­բող­ջու­թեամբ տար­բեր վեր­լու­ծու­մի կը կա­րօ­տի), մէկ բան կայ նաեւ, որ Հ.Հ. իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պար­տա­ւոր են ը­նե­լու: Այդ ալ հա­յու­թեան ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կան կամ­քը ու­ժե­ղաց­նելն է, որ ուղ­ղա­կի կ­՛առն­չո­ւի մեր այ­սօ­րո­ւան նիւ­թին:
Այս մէ­կը ա­նո­րոշ ու վե­րա­ցա­կան միտք չէ եւ անհ­րա­ժեշտ է այս ուղ­ղու­թեամբ ան­յա­պաղ քայ­լեր առ­նել, ո­րով­հե­տեւ ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կան կամ­քի ու­ժե­ղա­ցու­մը նաեւ կ­՛ամ­րապն­դէ ­Հա­յաս­տա­նի գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը եւ յար­գանք կը պար­տադ­րէ ա­նոր նկատ­մամբ:

Այս պա­հուս մեզ բնաւ չի հե­տաքրքրեր, թէ Ա­րա­մի տան հո­ղա­մա­սին վրայ ի՞նչ պի­տի կա­ռու­ցո­ւի, ինք­նա­շարժ­նե­րու կա­յա­նա­տե­ղի՞, թէ փի­ցա­յի ճա­շա­րան: ­Հիմ­նա­կա­նը այն է, որ
ԱՌԱՋԻ՛Ն, այս տու­նը՝
Ա.) Օ­րի­նա­կան ձե­ւով իր սե­փա­կա­նա­տէ­րէն պէտք է ետ առ­նո­ւի եւ
Բ.) ­Վե­րա­ծո­ւի ­Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին ­Հան­րա­պե­տու­թեան կեր­տիչ Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի տուն-թան­գա­րա­նի:
ԵՐԿՐՈ՛ՐԴ, նոյն տրա­մա­բա­նու­թեամբ եւ դար­ձեալ օ­րէն­քի ճամ­բով՝ ազ­գայ­նաց­նել Ա­ռա­ջին ­Հան­րա­պե­տու­թեան շէն­քը եւ զայն վե­րա­ծել նոյն այդ ­Հան­րա­պե­տու­թեան թան­գա­րա­նի:

Եւ վեր­ջա­պէս ԵՐՐՈ՛ՐԴ,
­Կա­ռա­վա­րու­թեան մա­կար­դա­կով ո­րո­շել՝ Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի մե­ծա­դիր ար­ձա­նը տե­ղադ­րել ­Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ, կա­ռա­վա­րու­թեան, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան եւ ­Պատ­մու­թեան ­Թան­գա­րա­նի շէն­քե­րուն ե­ռան­կիւ­նէն ներս (թէ ճիշդ ուր՝ այդ մէ­կը այ­լեւս գե­ղա­գի­տա­կան-ճար­տա­րա­պե­տա­կան խնդիր է):
­Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման հա­րիւ­րա­մեա­կին մնա­ցած է նո­ւազ քան եր­կու տա­րի, ինչ որ տրա­մա­բա­նա­կան ժամ­կէտ է այս ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն հա­մար: ­Սա­կայն էա­կա­նը այժ­մէն իսկ այս ո­րո­շում­նե­րը կա­յաց­նելն է, ի­րա­գործ­ման թի­րախ ու­նե­նա­լով 28 ­Մա­յիս 2018 թո­ւա­կա­նը:

Ան­կէ ետք, թէ ­Ռու­սիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր տի­կին ­Մա­րիա ­Զա­խա­րո­վա (կամ Ա­րեւ­մուտ­քի իր պաշ­տօ­նա­կից­նե­րը) կը հաւ­նի՞, չի՞ հաւ­նիր, կ­՛ըն­դու­նի՞ թէ կ­՛ընդվ­զի՝ իր կամ իր գե­րա­դա­սին խնդիրն է. Նժ­դե­հի ար­ձա­նին օ­րի­նա­կով:

Այս ո­րո­շում­նե­րու գոր­ծադ­րու­թե­նէն ետք, հայ­րե­նաբ­նակ ժո­ղո­վուր­դը, Ս­փիւռ­քէն ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լող­նե­րը, մեր դպրո­ցա­կան ե­րե­խա­ներն ու պա­տա­նի­նե­րը՝ Ս­փիւռ­քէն թէ ­Հա­յաս­տա­նէն, եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ պի­տի մտնեն այս թան­գա­րան­նե­րէն ներս եւ ազ­գա­յին հպար­տու­թեան զգա­ցում­նե­րով դուրս պի­տի ել­լեն. իսկ օ­տար­նե­րը՝ ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան նկատ­մամբ յա­ւե­լեալ յար­գան­քով:

Այս զոյգ թան­գա­րան­նե­րը եւ ար­ձա­նը ա­ւե­լի դի­պուկ պի­տի դարձ­նեն նաեւ հայ­կա­կան բա­նա­կին «թոփ-թֆանք»ը: Եւ այս ա­մող­ջու­թեան մէջն է, որ մեր շրջա­պա­տին հա­մար­ձա­կօ­րէն եւ ի­րա­ւամբ կրնանք ը­սել՝ «­Մեր դէմ խաղ չկա՛յ»:

Այն­պէս որ, ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան հա­մար լուրջ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն դէմ դնե­լու հա­մար, կա­րե­ւոր է մեր ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կան կամ­քին եւ հե­տե­ւա­բար նաեւ՝ հայ­կա­կան գե­րիշ­խա­նու­թեան ու­ժե­ղա­ցու­մը:
­Կը սպա­սենք ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ար­ձա­գան­գին:
Գն­դա­կը ի­րենց դաշտն է:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ