Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Հա­յաս­տա­նէն տե­ղի ու­նե­ցած եւ շա­րու­նա­կո­ւող ար­տա­գաղ­թը կա­րե­լի է դի­տել դուր­սէն՝ ­Փա­րի­զէն եւ շրջա­կայ­քէն, ­Մար­սէյ­լէն, ­Նիւ Եոր­քէն, ­Լոս Ան­ճե­լը­սէն, Աւստ­րա­լիա­յէն, ­Նոր ­Զե­լան­տա­յէն, լսո­ւած եւ չլսո­ւած ա­նուն­նե­րով քա­ղաք­նե­րէ:
­Տաս­նեակ­նե­րով եւ հա­րիւ­րեակ­նե­րով չեն համ­րո­ւիր ար­տա­գաղ­թող­նե­րը: Ոչ ոք կրնայ թո­ւա­կան գնա­հա­տում ը­նել: Ա­նոնք բիւ­րա­ւոր են:

­Մեկ­նող­նե­րը կը վա­ճա­ռեն ինչ որ ու­նին: «­Նոր հայ­րե­նիք»ի մէջ հին տան պէտք չու­նին: ­Տու­ներ ալ կան, երկ­րի ան­տե­սո­ւած ան­կիւն­նե­րը, ո­րոնք գնող չեն գտներ, ա­նոնց դռնե­րը եւ պա­տու­հան­նե­րը դուր­սէն տախ­տակ­նե­րով կը գա­մո­ւին եւ պի­տի սպա­սեն հրաշ­քով վե­րա­դար­ձո­ղի կամ բնա­կի­չի:

Երբ տուն մը տէր ե­ղող ժա­ռան­գորդ չու­նի, կը վա­ճա­ռո­ւի:
Երբ տուն մը տի­րու­թիւն ը­նող չու­նի, նոր տէր կը գտնէ:
Օր պի­տի գայ, երբ շա­րու­նա­կո­ւող ար­տա­գաղ­թի պատ­ճա­ռով տու­նե­րուն տի­րու­թիւն ը­նող­ներ պի­տի չգտնո­ւին: ­Հա­յու տու­նե­րուն, ար­տե­րուն, գիւ­ղին, քա­ղա­քին:
Եւ ինչ­պէս գի­տու­թիւ­նը կ’ը­սէ, որ բնու­թիւ­նը կը սար­սա­փի դա­տար­կու­թե­նէն, պի­տի գան նո­րեր:

­Հե­ռա­ւոր ե­րազ է, որ լքո­ւած տու­նե­րուն, ար­տե­րուն, քա­ղաք­նե­րուն տի­րու­թիւն ը­նե­լու հա­մար հայ­րե­նա­դար­ձող­նե­րու բա­նակ­ներ պի­տի գան: ­Վա­ղուց դադ­րած է հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը: Եւ ար­դար պի­տի ըլ­լայ հար­ցու­մը, թէ տի­րու­թիւն ը­նե­լու հա­մար ուր­կէ՞ պի­տի պի­տի գան փո­խա­րի­նող­նե­րը:

Ե­թէ հա­յե­րով տի­րու­թիւն պի­տի չըլ­լայ հա­յու տան, ար­տին, գիւ­ղին, քա­ղա­քին, ­Հա­յաս­տան պի­տի շա­րու­նա­կէ՞ ըլ­լալ հա­յու հայ­րե­նիք: ­Հա­յաս­տան սոսկ աշ­խար­հագ­րա­կան ա­նուն մը չէր, նոյ­նիսկ երբ ու­րիշ­ներ կը տի­րէին, ան հա­յու հայ­րե­նիք էր: ­Հոն էին պա­պե­րու եւ նա­խա­պա­պե­րու գե­րեզ­ման­նե­րը, ա­ճիւն­նե­րը, ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թիւ­նը:

Իւ­րա­քան­չիւր մեկ­նող եւ իւ­րա­քան­չիւր հայ­րե­նա­դար­ձու­թե­նէ խու­սա­փող, ա­ռանց իր­մէ ան­դին պա­տաս­խա­նա­տու­ներ փնտռե­լու, հա­յե­լիին մէջ պէտք է նա­յի եւ կրկնէ հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րը եւ ճա­ռե­րը` չա­փե­լու հա­մար ա­նոնց եւ իր մի­ջեւ ե­ղած հա­րա­զա­տու­թիւ­նը: ­Մո­լո­րա­կի միւս ծայ­րը նստե­լով՝ ա­րե­ւա­դար­ձա­յին եր­կիր­նե­րու ար­շա­լոյս­նե­րը եւ վեր­ջա­լոյս­նե­րը դի­տե­լով՝ ազգ չի պա­հո­ւիր:

Ե­թէ ար­տա­գաղ­թը շա­րու­նա­կո­ւի, ե­թէ փո­խան հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան` սփիւռք­նե­րու եր­գով ու պա­րով տի­րու­թեան բե­մադ­րու­թիւն-ինք­նա­խա­բէու­թիւ­նը շա­րու­նա­կո­ւի, ո՞ւր պի­տի հաս­նինք:
­Դեռ ժա­մա­նակ մըն ալ պի­տի յու­զո­ւինք սահ­ման­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան դիր­քե­րուն վրայ մեռ­նող հայ ե­րի­տա­սար­դին մա­հո­ւան հա­մար, զայն փո­խա­րի­նող­նե­րը պի­տի նուա­զին, ա­նոնք մեկ­նած պի­տի ըլ­լան «նոր հայ­րե­նիք»ի մը նուաճ­ման` միա­նա­լով հայ­րե­նա­հա­նո­ւած տե­սա­կան «զան­գո­ւած»նե­րուն, դառ­նա­լու հա­մար «ծա­գու­մով հա­յեր», բազ­մա­լե­զու հա­մայնք­ներ:

Ան­տէր տան եւ հո­ղին տէր ե­ղող­ներ պի­տի գտնո­ւին:
Ֆ­րան­սա­կան դպրոց­նե­րու նա­խակր­թա­րան­նե­րու ա­ռա­ջին դա­սա­րան­նե­րուն մէջ, հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս­ներ կու գան ի­մաս­տա­սի­րու­թեան (փի­լի­սո­փա­յու­թեան) դա­սեր ը­նե­լու հա­մար: Ե­թէ մենք ալ այդ դա­սե­րը ը­նէինք մեր դպրոց­նե­րուն մէջ, ­Հա­յաս­տան եւ սփիւռք­ներ, ե­թէ այդ դա­սե­րը ը­նէինք ե­կե­ղե­ցիի խո­րա­նէն, բե­մե­րէն, այ­լա­զան մա­մու­լի է­ջե­րէն, ձայ­նաս­փիւ­ռա­յին ժա­մե­րէն, պատ­կե­րաս­փիւռ­նե­րէն, թե­րեւս կանգ կ’առ­նէին մեր նա­հանջ­նե­րը եւ տե­ղա­տո­ւու­թիւն­նե­րը:

Ե­թէ յի­շէինք եւ կրկնէինք ի­մաս­տուն­նե­րուն խօս­քե­րը, ոչ թէ ճառ զար­դա­րե­լու հա­մար, այլ զա­նոնք դարձ­նէինք մեր կեան­քը եւ ըն­կե­րու­թիւ­նը ա­ռաջ­նոր­դող ու­ժը, մեր ան­հա­տա­կան եւ հա­ւա­քա­կան վա­ղը տար­բեր կ’ըլ­լար, կ’ա­զա­տագ­րո­ւէր սպա­ռո­ղա­կան ըն­կե­րու­թեան այ­լա­սե­րող գե­րու­թե­նէն: Ի­մաս­տա­սէր Էմ­մա­նո­ւէլ ­Քան­թի (1724-1804) պարզ եւ միա­ժա­մա­նակ խոր, հա­մա­մարդ­կա­յին խօս­քը ե­թէ լսէին, ե­թէ սոր­վե­ցու­ցած ըլ­լա­յին, ե­թէ սոր­վեց­նէինք, մեր ազ­գի ճա­կա­տա­գի­րը նոր հուն կը մտնէր, կը մտնէ:

Ի­մաս­տա­սէ­րը կ’ը­սէ, թէ պէտք է մտա­ծել եւ ը­նել այն­պէս, որ մեր ա­րար­քը ըլ­լայ տիե­զե­րա­կան օ­րէնք, ընդ­հան­րա­նայ:
Այս­պէ՛ս պէտք է մտա­ծեն` ար­տա­գաղ­թո­ղը, հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւ­նը մէկ­դի դնե­լով Ֆ­լո­րի­տա եւ ­Հո­նո­լու­լու մտա­ծո­ղը, հայ­րե­նի­քը կո­ղոպ­տո­ղը:
Ե­թէ ­Հա­յաս­տա­նի բո­լոր բնա­կիչ­նե­րը «նոր հայ­րե­նիք» գտնե­լու տեն­դով բռնկին, ե­թէ բո­լոր սփիւռք­նե­րը ­Հա­յաս­տան վե­րա­դար­ձը անհ­նար հա­մա­րեն… ­Մեծ մար­գա­րէ կամ տօ­նա­կան օ­րե­րու հռե­տոր ըլ­լա­լու կա­րիք չկայ... «պայ­ծառ ա­պա­գայ» պատ­կե­րաց­նե­լու հա­մար:

­Յի­շե­ցի ­Քան­թը, քա­նի որ ա­ւե­լի հա­կա­մէտ ենք լսե­լու օ­տար­նե­րու ի­մաս­տու­թիւ­նը: ­Քա­նի որ հայ մտա­ծո­ղի ի­մաս­տու­թեան ան­հա­ղորդ ենք, հա­յե­րէ­նը աղ­քատ ազ­գա­կա­նի լե­զու դար­ձած է, հայ գրո­ղը եւ հա­յե­րէն գիր­քը մեր տու­նե­րուն հիւ­րը չեն: ­Մեր հրա­տա­րա­կիչ­նե­րը ի­մաս­տուն գիրք չեն հրա­տա­րա­կեր, կը նա­խընտ­րեն քա­րոզ­չա­կան եւ ցու­ցադ­րա­կան գիր­քե­րը, խո­հա­նո­ցի պատ­կե­րա­զարդ գիր­քե­րը, այ­լա­պէս ­Վի­գէն ­Խե­չու­մեա­նի գիր­քե­րը` «­Գիրք լի­նե­լու­թեան»ը, «­Գիրք մա­քառ­ման»ը, «­Մո­միկ»ը եւ միւս­նե­րը, ­Հա­յաս­տան եւ սփիւռք­ներ, ի հար­կին մես­րո­պեան ուղ­ղագ­րու­թեամբ, զա­նոնք կը բե­րէին դպրոց­նե­րը, կ’ար­ձա­գան­գէին մա­մու­լով:

­Վի­գէն ­Խե­չու­մեան ու­նի հո­ղին վրայ ազ­գի ի­րա­ւու­թեամբ ապ­րո­ղի ի­մաս­տու­թիւն, երբ կ’ը­սէ իր այն­քան այժ­մէա­կան խօս­քե­րը, թէ` «օ­տա­րի դրա­նը քեզ կը կո­չեն հիւր, որ­պէս­զի չա­սեն ծա­ռայ», կամ` «մի քա­ղա­քով ի՛նչ եր­կիր, դու միա­ւո­րիր ամ­բող­ջը»:
Ի­մաս­տու­թիւն այ­սօ­րո­ւան եւ վա­ղո­ւան հա­մար:

­Տան ժա­ռան­գորդ պէտք է ըլ­լալ` ու­րի­շի դրան ծա­ռայ չըլ­լա­լու հա­մար: ­Նոյ­նիսկ` կուշտ ծա­ռայ: ­Տու­նե­րուն տէր պէտք է ըլ­լալ միա­ւո­րե­լու հա­մար: Իսկ միա­ւո­րե­լու հա­մար պէտք է միա­ւո­րո­ւիլ՝ ընդ­դէմ ար­տա­գաղ­թի, միա­ւո­րո­ւիլ` հայ­րե­նա­դար­ձու­թեամբ:
Ա­ռաջ­նոր­դող գա­ղա­փար­նե­րը եւ ա­ռաջ­նորդ­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցում­նե­րը հարկ է դա­տել ­Քան­թի եւ ­Վի­գէն ­Խե­չու­մեա­նի մտա­ծում­նե­րու չա­փա­նի­շով` ա­ռանց ծան­ծա­ղե­լու բա­րե­սի­րու­թեան եւ զբօ­սաշր­ջա­յին ար­դա­րա­ցում­նե­րու մէջ - ֆլո­րի­տա­յա­կան, քոթ-տ­՚ա­զիւ­րեան, պա­յա­տա­յա­կան, պե­ւեր­լի-հիլ­զա­կան ինք­նա­պար­տադ­րո­ւած հրա­ժա­րում­ներ:

­Միա­ւո­րել եւ միա­ւո­րում՝ մի­ջին ճամ­բա­նե­րու վրայ չեն գտնո­ւիր:

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ