Տոմարը քանի մը օր Պօղոս փաշայի տունը մնալէ վերջ, պատուիրակութեան դիմումներուն վրայ կը ղրկուի առաջնորդարան, ուր տասը ոսկիի արձանագրութիւն մը
կար։ Փերտրուար 22ին նոյնք հանգանակութեան կը ձեռնարկեն, բայց զանազաններէ իրենց դիտել կը տրուի, թէ նախ Տիգրան փաշային պէտք է դիմել եւ անոր նուէրը արձանագրել եւ յետոյ կրնան իրենց դիմել։ Յանձնախումբը փաշային գործակատար Դաւիթեանի կը տեղեկացնէ եղելութիւնը, որ կը խոստանայ բան մը ընել։
Պատուիրակութիւնը սակայն իր գործելու առաջին քայլին կը հանդիպի խոչընդոտներու, որոնց գլխաւոր պատճառը կը հանդիսանայ Արծրունի Քահանայի անձնական մէկ պարագան եւ որ հակառակորդներու կողմէ անարգօրէն կը շահագործուի ի վնաս սոյն գործին։ Այս պատճառով հանգանակիչ մարմինը կը մտադրէ գործը կիսատ թողուլ եւ դառնայ Աթէնք, Զատկի տօներէն առաջ։
Ատենադպիր Ալեքօ Եազըճեանի սա տողերը յատկանշական են. «պուրտաքի իշլէրի էյիճէ անլատըմ, նէ՛ եօլտա չալշմալը իշ պիթիրմէք իջուն։ Էվէլա ալթը այ գատար օթուրմալը քի, հիչ իշիմէ կէլմէզ... հանգանակութիւն տէտիյին (տիլէնճի) սրֆաթընա կէչմիշ. գաբուլարտան քօվուեօրլար, քի պէնիմ իշիմէ կէլմէզ։ Պագալ չըրաղը տէյիլիզ վէ օգատարտա քէնտիմի քիւչիւք տիւշիւրմէմ պիր շէյ եափաճաղըզ տէյի։ Օլմաեը վէրսին էֆէնտիմ, էկէր սէն օլաեըտըն պու հաֆտա կէրի տէօնէր տին...»։
Այս յուսահատական գրութեան մէջ, սակայն, Պ. Խերեան Համպուրկէ 20 Մարտ 1901 թուակիր նամակով մը 260 մարքի գումար մը կը ղրկէ (100ը իր կողմէ) խոստովանելով եկեղեցւոյ պակասներուն համար 500 տրախմի եւս նուիրել երբ շէնքը աւարտի։
1901 Յունիս 24 եւ Յուլիս 30 թուակիր զոյգ պաշտօնագրերով հոգեւոր հովիւ Արծրունի կը հրաժարի ամսաթոշակի անբաւականութեան պատճառով եւ կը խնդրէ մատրան պահապան մը գտնել եւ անօթներն ու գոյքերը ստանձնել, ապագայ պատասխանատուութենէ զերծ մնալու համար։ Սակայն հոգաբարձութիւնը, նկատի չառնելով այս հրաժարականները, կը հարկադրէ Տէր Գարեգին Քահանային առանց լուր տալու մեկնիլ դէպի Պուրկազ (Պուլկարիա)։
Հոգաբարձութիւնը 18 Օգոստոս եւ 14-27 Սեպտեմբեր 1901 եւ 144 եւ 150 թուահամար գրութիւններով կը բողոքէ Արծրունի Քահանային դէմ, ժողովուրդը լքելով հեռանալուն համար, եւ կը դիմէ Եգիպտոս եւ Իզմիր՝ քահանայ մը ուղարկելու, որուն կը յատկացուէր ամսական 120 տրախմի եւ զանազան հասոյթներէ 60 տրախմի, գումար 180 (նոյն ժամանակի դրամով վեց Նաբոլէոն)։ Քահանան պիտի բնակէր մատրան մօտ գտնուող երկու սենեակներուն մէջ։
1901 Հոկտ. 30ին, Իզմիրի առաջնորդ Մելքիսիդէկ Արք. 562 թիւ պաշտօնագրով մը կը հաղորդէ, թէ «գաւառացի Տէր Խորէն Քհնյ. Մուրատեանի անցագրի եւ ճանապարհորդութեան ծախքերը հոգալով ճամբայ պիտի ելլէ դէպի Աթէնք ի քահանայագործութեան։ Ի ժամանելն քահանային պէտք է ընդունիք զինքը սիրով եւ յարգութեամբ եւ շահասիրէք»։
Քղեցի Տէր Խորէն նոյն տարուոյ Նոյեմբերի սկիզբը գործի կը ձեռնարկէ։ Թաղ. Խորհուրդը Եգիպտոսի հանգանակութիւնը առաջիկային վերապահելով, կ’որոշէ Զմիռնիոյ մէջ հանգանակութիւն մը կատարել եւ առ այս կը ստացուի անհրաժեշտ արտօնութիւնը Էջմիածնէն։ Սակայն Պոլսոյ Պատրիարքարանը Քաղ. Ժողովի որոշմամբ կը տեղեկացնէ, թէ ինքն ալ կը փափաքի, որ այս նպատակին համար կարելի դիւրութիւններն ընծայուին ձեզ, բայց կը դիտէ միանգամայն, թէ շինութեան գործին չձեռնարկուած, այսպիսի հանգանակութիւն մը կատարել Թուրքիոյ վիճակաց մէջ, կրնայ տեղի տալ թիւր մեկնութեանց ու դժուարութեանց։ Ուստի Քաղ. Ժողովի որոշմամբ կը յանձնարարուի ձեզ, ի բաց թողուլ առ այժմ Թուրքիոյ վիճակաց մէջ հանգանակութիւն կատարելու խորհուրդն։ (1902 Մայիս 29 համար 697)։
Եւ սակայն հոգաբարձութիւնը հայրապետական կոնդակ ի ձեռին, Թուրքիոյ դեսպանին անհրաժեշտ բացատրութիւնները տալէ վերջ, դէպի Զմիռնիա ճամբայ կը հանէ Տէր Խորէն Քհնյ. Մուրատեանը, 1902 Յուլիս 18ին, որ ցամաք ելածին պէս կը ձերբակալուի եւ կը բանտարկուի։
«Անցեալ Ուրբաթ օր Իզմիր հասայ եւ անմիջապէս առաջնորդուեցայ բանտ, ուր մինչեւ այսօր կը մնամ, առանց առաջնորդարանի կողմէ ոեւէ պաշտպանութիւն գտնելու։ Եւ ցաւալի է ըսել, որ նոյնիսկ առաջնորդին հրամանաւ բանտարկուած եմ անօթի ու ծարաւ»։
Իզմիրի առաջնորդ Մելքիսեդէք Արք. Մուրատեանի նման անձի մը - որ կաթողիկոս իսկ ընտրուած էր եւ չէր վաւրացուած Ձարին կողմէ - դէմ եղած այս ամբաստանութիւնը կարելի էր զանց ընել, երբ ուրիշ երկու ծանօթ ազգայիններ եւս չգային հաստատել սոյն պարագան։
Վաճառական տիար Մ. Մսերեան 15-28 Յունիս 1902 թուով կը գրէ.-
Սրբազան Առաջնորդը հետեւեալ պատասխանը տուաւ իմ դիմումիս. «տեղական կառավարութիւնը ձեր քահանան բանտարկած է եւ պիտի ղրկէ Երուսաղէմ։ Հետեւաբար ես չեմ կրնար բան մը ընել։ Կառավարութեան գիտնալիք բանն է, թէ ժամանակները փափուկ են եւ ճիշդն ըսելով ես ալ ժամանակ չունիմ այդպիսի տէրտէրի խնդրով զբաղելու։ Դուք ձեր գլխուն ճարը նայեցէք, արդէն այն քահանան, որ հոս անպիտան ճանչցուած էր, մատուռի շինութեան համար չի կրնար օգտակար ըլլալ։
Տիար Լեւոն Չիլինկիրեան 30 Յունիս 1902 թուով կը գրէ.- «... Առաջնորդը առանց քննելու եւ հասկնալու անոր գալստեան պատճառը, կը փութայ քէհեային միջոցաւ անմիջապէս լուր տալ ոստիկանական տեսչութեան, որպէսզի զայն դուրս չհանելով, իր յարմար դատած տեղը ղրկէ։ Այս գովելի յանձնարարութեան վրայ Տէր հայրը վար կը դրուի եւ կ’առաջնորդուի բանտ, քանի մը սրիկաներու մօտ։ 19 օր զուր տեղը բանտ մնալէ ետք, կարգ մը ազդեցիկ անձերու միջամտութեամբ, տէր հայրը ազատ արձակուեցաւ, պայմանաւ եւ երաշխիքով, որ Աթէնք պիտի չվերադառնայ, այլ «Մախսուսիէ» շոգենաւով մը Եաֆա եւ անկից ալ Երուսաղէմ»։
Ինչպէս կ’երեւի, Մուրատեանց Սրբազան, կանխակալ կարծիք ունենալով յիշեալ քահանայի մասին, ոչ միայն չէ աշխատած զայն փրկել, քանի որ իր պարտքն էր, այլ եւ գլխաւոր դերակատար հանդիսանալ սոյն գործին։ Պատրիարքարանի դիմումներով Տ. Խորէն Քհնյ. կարելի կ’ըլլայ փրկել։
Հոգաբարձութիւնը կ’որոշէ հանգանակութիւն կատարել Ռումանիոյ մէջ, եւ նոյն տարուոյ Սեպտեմբերի սկիզբը Տ. Խորէն Քհնյ. կ’ուղեւորուի Ռումանիա, շրջելով Սուլինա, Թուլչա, Պապատաղ, Կալաց, Թէքուիճ, Եաշ, Պօթուշան, Սուզավա, Ռոման, Պագով, Ֆոքշան, Մաքացին, Պուքրէշ, Չէրնովոտա, հաւաքելով 2028 տրախմիի գումար մը։
Հոգաբարձութիւնը երբ մէկ կողմէ կը զբաղէր վարժարանի եւ եկեղեցւոյ մը կառուցմամբ, միւս կողմէ ունէր բաւական ծանր աշխատութիւններ։
1901 Մարտ 2 եւ 8853 թուահամար շրջաբերականով մը Պատրիարքարանը Աթանա Քհն. Էմիրզէեանը կարգալոյծ հռչակած ըլլալով, հոգաբարձութիւնը կը հրաւիրէ յիշեալը, որ ինքնաբերաբար աշխարհականանայ, առանց բռնի միջոցներու դիմելու։ Յիշեալը ոչ միայն չէ ուզած ճանչնալ Պատրիարքարանի հեղինակութիւնը, «այլ եւ կարգ մը սլինքորներու հետ կուսակցութիւն մը կամզելով, ուզած է անոնց միջոցով բռնութեամբ եկեղեցի մտնել եւ պաշտօնավարել իբր արտօնեալ քահանայ»։ Հոգաբարձութիւնը այց կ’ընէ ոստիկանութեան եւ թուրք դեսպանին, բայց կարելի չըլլար բան մը ընել ազատ երկիր ըլլալուն պատճառաւ։ Որով հոգաբարձութիւնը Պատրիարքարան կը դիմէ 27-5 1901 թիւ 128ով. որպէսզի արտաքին նախարարութեան միջոցաւ վճիռ ձեռք բերուի եւ իբր Պատրիարքարանի փոխանորդ իրենց իրաւունք տրուի Աթանա Քհնյ.ի մօրուքը ածիլել տալու։
Աթանաս Քհնյ. անուանարկութեան դատ կը բանայ հոգաբարձութեան դէմ, յայտնելով որ Պատրիարքարանի պաշտօնագիրը կեղծ է եւ թէ ինք բնաւ կարգալոյծ չէ եղած։ Ան միամիտներ որսալով կուսակցութիւն մը կազմելու կը հետամտի, ինքզինքը զոհ ցոյց տալով Պոլսոյ Պատրիարքին եւ Կրօն. Ժողովին քինախնդրութեան։ Կիրքերը տակաւ կը լարուին եւ հոգաբարձութիւնը 19-5 1901 եւ թիւ 131ով կարգադրութիւն մը կ’ուզէ, հաւանական արիւնահեղութիւն մը արգիլելու համար։
Պատրիարքարանը դժբախտաբար կտրուկ ձեռնարկ մը չ’ըներ, որով 28-6 1901 եւ թիւ 133 համարով հոգաբարձութիւնը հետեւեալը կը գրէ.- «... Տ. Աթանաս Քհնյ. մեր ազգութիւնն ու կրօնը անպատուելէ զատ, գաղութի միամիտ եւ անփորձ գաւառացի անդամները այլեւայլ գռեհիկ եւ հակակրօն, բանիւք խաբելով, պատճառ դարձած է մատրանս յատկացեալ ամսական նուէրներն դադրեցնել տալ եւ իւրացնել։ Արդէն յայտնի է, թէ մատուռը կը պահուի ժողովրդեան յատուկ նուէրներէ եւ եթէ այսպէս շարունակէ հասոյթի աղբիւրները նուազելով, մատուռի փակման պատճառ պիտի ըլլայ»։
Սակայն ի վերջոյ հոգաբարձութիւնը կը յաջողի այդ քահանային եկեղեցական զգեստները հանել տալ ոստիկանութեան միջոցով եւ խաղաղութիւնը կը տիրէ։ Հայաբնակ նահանգներու կոտորածէն ետք, վերապրող կիներու եւ անոնց զաւակներուն դիմումը Պատրիարքարանը ծանր դրութեան մատնած էր։ Գաւառներու առաջնորդարաններէ զանազան դիմումներ կ’ըլլային Պատրիարքարան, որով արտասահման գտնուող պանդուխտ ազգայնոց իրենց վերապրող ընտանիքներու օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը կը շեշտէին։ Հոգաբարձութիւնը նկատի առնելով Աթէնք, Բիրէա եւ զանազան քաղաքներ գտնուող պանդուխտ ազգայիններու հայրենիք դրամ հասցնելու մասին կատարած դիմումները, 1900 Հոկ. 19 եւ թիւ 18 գրութեամբ հետեւեալը կը գրէ Պատրիարքարան.-
«Աթէնք բնակող եւ առեւտուրով զբաղող գաւառացի ազգայիններէն շատեր իրենց ընտանեաց կանոնաւորապէս անկորուստ դրամ ղրկելու համար մեծամեծ դժուարութեանց կը հանդիպին, Աթէնքի եւ Անատօլուի մէջ հաղորդակցութեանց պակասութեան պատճառով եւ կը դիմեն հոգաբարձութեանս, որ յանձն առնէ պատրիարքարանի միջոցաւ հասցնել իրենց ղրկելիք դրամները։
«Սակայն նկատելով ժամանակին փափուկ վիճակը եւ չունենալով որեւէ ուղղակի յարաբերութիւն գաւառներու հետ, հոգաբարձութիւնս կը դիմէ Ձերդ Ամենապատուութեան լուրջ նկատողութեան եւ կը խնդրէ, որ բարեհաճիք դարման եւ միջոց ընձեռել սոյն պանդուխտ եւ խեղճ ազգայիններու բարի եւ ընտանասէր բաղձանքներուն»։
Պատրիարքարանը գոհացում կուտայ այս փափաքին, փոքր ծախքով մը դրամները ղրկելու հասցէներուն եւ ստացուած ընկալագիրները ուղարկելու դրամառաքներուն։
Այս հետաքրքրութիւնը պիտի ծնցնէր նաեւ ուրիշ փափաքներ ալ։ 1901էն ասդին գաւառներէ Պատրիարքարանի միջոցաւ հասած բազմաթիւ գրութիւններ կ’ուզեն, որ իրենց ղարիպը վերադառնայ երկիր իր կնոջ եւ զաւակներուն մօտ, որոնք արցունքոտ աչքերով եւ կարօտով կը սպասեն անոր գալուստին։
Կան եւ անանկներ՝ որոնք մոռցած ամէն ինչ, կը կենակցին օտար կիներու հետ, Հոգաբարձութեան յորդորները անլսելի կը մնան։ Կան որ թշուառութեան մէջ հազիւ ինքզինքնին կը քաշկռտեն եւ ամէն կապ մոռցած են հայրենիքին հետ։
Մայրեր իրենց զաւակներէն բառ մը, ամուսիններ չոր երկտող մը, եւ զաւակներ համբոյրի մը կը սպասեն, բայց քաղաքը կլանած է այդ բաները եւ գաւառի տղան եւ մարդը դարձած են անզգայ կամ օտար հոգի։ Այս բարի եւ չար զգացողութիւններու մէջ տարուբեր, հոգաբարձութիւնը կը շարունակէ իր առաջադրած նպատակը։
Կ’որոշուի շարունակել Եգիպտոսի հանգանակութիւնը՝ որ Արծրունի Քհնյ.ի տկարութեան պատճառով ընդհատուած էր։ 1902 Փետր. 22 եւ թիւ 223 պաշտօնագրով դիմում կ’ըլլայ Պատրիարքարան, ուրկէ յանձնարարական գրեր կ’ուղարկուին Եգիպտոսի առաջնորդին եւ Պօղոս փաշա Նուպարի։
Արմենակ Տէր-Յակոբեան - Դ. մաս