2016 Յունիս 2ին, Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ, Կանաչներու Կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Օզտեմիր հանդէս եկաւ կրքոտ ելոյթով` ի պաշտպանութիւն Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին` միաժամանակ ընդունելով Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը այս
զանգուածային ոճրագործութեան մէջ:
Օզտեմիր ծնած է Գերմանիա, թուրք եւ չերքէզ գաղթականներու ընտանիքի մէջ: Թրքական ծագումով առաջին անձն էր, որ ընտրուեցաւ Պունտեսթակի մէջ (1994-2002): 2013 թուականին ան վերադարձաւ Գերմանիոյ խորհրդարան` Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ 2004-2009ին պատգամաւոր ըլլալէ ետք:
Շնորհիւ Պունտեսթակի բոլոր կուսակցութիւններու աջակցութեան` Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը, որուն համար Օզտեմիր շատոնց կը պայքարէր, ընդունուեցաւ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ (միայն 1 դէմ եւ 1 ձեռնպահ):
Ստորեւ՝ թարգմանաբար ներկայացուած են հատուածներ Օզտեմիրի ուշագրաւ ելոյթէն, որմով ան հանդէս եկաւ Պունտեսթակի մէջ Յունիս 2ին` կրծքին կրելով Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի խորհրդանիշ «Անմոռուկ» նշանը.
«Ժամանակի նպատակայարմարութեան մասին ոչ մէկ հարց կրնայ ըլլալ, երբ խօսքը կը վերաբերի ցեղասպանութեան նման աներեւակայելի դաժանութեան: Մենք գիտենք, որ երկար եւ յոգնեցուցիչ ձգձգումներէ ետք, Գերմանիան, իբրեւ ոճրագործութեան մեղսակիցի, այդ իրադարձութիւնը բացայայտօրէն կ՝անուանէ իր իսկական անունով... Ասիկա Գերմանիոյ պատմութեան մէկ մասն է»:
Օզտեմիր յիշեցուց Կայսերական Գերմանիոյ վարչապետ Պեթման Հոլվեկի սառնասիրտ ու դաժան խօսքերը. «Մեր միակ նպատակը Թուրքիան՝ պատերազմի ընթացքին՝ մեր կողքին պահելն էր եւ նշանակութիւն չունէր` հայերը կը բնաջնջուէին, թէ՝ ոչ»:
Օզտեմիր ազդեցիկ յայտարարութեամբ ուղղակիօրէն դիմեց Պունտեսթակի նիստին մասնակցող հայ հիւրերուն.- «Միայն այն պատճառով, որ մենք անցեալին մեղսակից եղած ենք այս սոսկալի ոճրագործութեան, չի նշանակեր, որ այսօր ալ պիտի կանգնինք ժխտողներու կողքին»:
Օզտեմիր յորդորեց Գերմանիոյ միլիոնաւոր թուրք բնակիչները` հպարտանալու ցեղասպանութեան ժամանակ հայերը փրկած «հերոս թուրքերով», եւ ոչ թէ «Թալէաթի ու Էնվերի նման ոճրագործներով»:
Այնուհետեւ՝ թրքական ծագումով գերմանացի խորհրդարանականը յայտարարեց, որ իրեն ցաւ պատճառող ամենատգեղ արտայայտութիւնը Թուրքիոյ մէջ «հայ» բառին օգտագործումն է իբրեւ «հայհոյանք»: «Անոնք կը հարցնեն ինծի, թէ արդեօք ես հա՞յ եմ: Ես հայ ըլլալը իբրեւ անարգանք չեմ ընդունիր: Սերելով սիւննի մահմետական ընտանիքէ, Արեւելեան քրիստոնէութիւնը ինծի անհանգստութիւն չի պատճառեր»:
Օզտեմիր մէջբերեց իր պոլսահայ բարեկամ Հրանդ Տինքի խօսքերը, որ սպաննուած էր Պոլսոյ մէջ թուրք ծայրայեղականի կողմէ.- «Եթէ այսօր հայերը ապրէին Վանի մէջ, այդ քաղաքը կը դառնար Արեւելքի Փարիզը»: 2015 Մարտին, Հայաստան կատարած այցելութեան ժամանակ, Օզտեմիր Սիվիլնեթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ Տինքի յայտարարութեան.- «Ես գացի Ցեղասպանութեան թանգարան եւ կարդացի այն մարդոց անուններն ու մասնագիտութիւնները, որոնց մենք կորսնցուցած էինք: Անոնք Պոլսոյ ամենահեռատես եւ վառ մտաւորականներն էին եւ անոնք սպաննուեցան` սկսեալ ճարտարապետներէ, մտաւորականներէ, լրագրողներէ, գրողներէ... Օսմանեան Կայսրութիւնը ոչնչացուց իր պատմութեան մէջ ամենայառաջադէմ քաղաքացիները:
Օսմանեան Կայսրութիւնը ահռելի մեծ կորուստ կրած է: Ես կը կարծեմ, որ այսօր Թուրքիա առաւել զարգացած երկիրներու մէջ չըլլալու պատճառներէն մէկը այն է, որ երիտթուրքերը հերոսներ չէին, այլ՝ դաւաճաններ: Անոնք մեծ վնաս հասցուցին հայերուն, ասորիներուն, յոյներուն, ինչպէս նաեւ՝ թուրքերուն»:
Իր ինը վայրկեան տեւող ելոյթը, որ բազմիցս ընդհատուեցաւ բուռն ծափահարութիւններով,Գերմանիոյ խորհըրդարանի թուրք պատգամաւորը աւարտեց՝ յայտարարելով, որ «Պունտեսթակի պատգամաւորներուն վտանգ չի սպառնար իրենց կարծիքը արտայայտելու համար: Ես վստահ եմ, որ ինծի չեն ձերբակալեր խորհրդարանէն տուն վերադառնալու ճանապարհին կամ իմ պատգամաւորական անձեռնմխելիութիւնը չի վերցուիր: Ինծի չեն ծեծեր կամ սպաններ: Նոյն բանը չեմ կրնար ըսել Թուրքիոյ իմ պաշտօնակիցներուս մասին»:
Այնուամենայնիւ, Օզտեմիր չէր սպասեր, որ Պունտեսթակի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի հաստատումէն ետք, ան եւ Գերմանիոյ խորհրդարանի իր տասը թուրք պաշտօնակիցները պիտի յայտնուէին ոստիկանութեան հսկողութեան տակ` թուրք ծայրայեղականներու կողմէ մահուան բազմաթիւ սպառնալիքներ ստանալէ ետք:
Նախագահ Էրտողան, հիթլէրեան ժամանակաշրջանի ռասայական ստուգումներ յիշեցնող իր յայտարարութեան մէջ, առաջարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին աջակցած Գերմանիոյ խորհրդարանի 11 թուրք պատգամաւորներուն արեան քննութիւն կատարել` անոնց «թուրք» ըլլալը ապացուցելու համար: Մինչ այդ, Օզտեմիրի հօր հայրենի Թոքատ (Թուրքիա) քաղաքի պաշտօնեաները անոր անունը ջնջեցին քաղաքի պատուոյ մարդոց ցանկէն:
Սակայն, Գերմանիոյ դէմ ամպագոռգոռ սպառնալիքներ ընելէ ետք, Էրտողան ստիպուած եղաւ զսպելու ինքզինք՝ հասկնալով, որ նման անպատասխանատու քայլերը կրնան կործանարար ազդեցութիւն ունենալ նոյնինքն Թուրքիոյ արդէն փլուզուող տնտեսութեան վրայ…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր»