Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altՍեպ­տեմ­բեր 24ի ­Կի­րա­կի օր կա­տա­րո­ւած այս ընտ­րու­թեան մա­սին կը գտնենք հե­տե­ւեալ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը.-

1900 ­Սեպ­տեմ­բեր 24ի ­Կի­րա­կի օ­րը, ըստ ­Սահմ. օ­րի­նաց քո­ւէար­կու­թիւն կա­տա­րո­ւե­լով, քո­ւէից ա­ռա­ւե­լու­թեամբ ընտ­րո­ւե­ցան հինգ ան­ձինք մատ­րան հո­գա­բար­ձու­թեան հա­մար, ո­րոնք են՝
­Տիարք՝ ­Տոք. ­Կա­րա­պետ Ա­ղա­բե­կեան, ­Լե­ւոն ­Պէօ­րէք­ճեան, Ա­լեք­սան Եա­զը­ճեան, ­Կա­րա­պետ ­Մա­տո­յեան, ­Սար­գիս ­Պաղ­տա­սա­րեան։
Ընտ­րո­ւած­նե­րէն ա­ռա­ջի­նը ար­քա­յա­կան ա­տամ­նա­բոյժ եւ երկ­րոր­դը ար­քա­յա­կան հնա­գէտ է։
Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վէն ետք, հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը իր անդ­րա­նիկ նիս­տը գու­մա­րե­լով, ա­տե­նա­պետ կ­’ընտ­րէ տոքթ. Ա­ղա­բե­կեան, ա­տե­նադ­պիր՝ Ա. Եա­զը­ճեան եւ գան­ձա­պետ Լ. ­Պէօ­րէք­ճեան։
Այս նիս­տին մէջ կ­’ո­րո­շո­ւի մա­տու­ռի բաց­ման պա­րա­գան տե­ղե­կաց­նել Էջ­միած­նի կա­թո­ղի­կո­սին, ­Պոլ­սոյ պատ­րիար­քա­րա­նը, Ե­գիպ­տո­սի, Զ­միւռ­նիոյ եւ Եւ­րո­պա­յի ա­ռաջ­նոր­դու­թեանց, յա­ռա­ջի­կա­յին ըլ­լա­լիք ձեռ­նարկ­նե­րու առ ի գի­տու­թիւն։

Ա­հա­ւա­սիկ Էջ­միա­ծին ղրկո­ւած նա­մա­կին պա­րու­նա­կու­թիւ­նը, 1900, ­Հոկ. 7 թո­ւա­կա­նով.-
«­Վե­հա­փառ հայ­րիկ,
«Ն­կա­տե­լով որ՝ գաղ­թա­կա­նու­թեան սկզբնա­ւո­րու­թե­նէն մին­չեւ այ­սօր ցարդ (1896-1900) Ա­թէն­քի եւ ­Բի­րէա­յի մէջ բա­ւա­կան թի­ւով տա­րա­գիր հա­յեր (պոլ­սե­ցի թէ հա­յաս­տան­ցի) բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած են ի­րենց ըն­տա­նեաց եւ զա­ւա­կաց ապ­րուս­տը հայ­թայ­թե­լու հա­մար։
«Ն­կա­տե­լով դար­ձեալ թէ ի սկզբա­նէ ան­դի յի­շեալ եր­կու կա­րե­ւոր քա­ղա­քաց մէջ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի եւ մա­տուռ հաս­տա­տո­ւած չլի­նե­լուն՝ վա­ճա­ռա­կան եւ կամ այլ ար­հես­տա­ւոր եր­թե­ւե­կող եւ կամ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տող հա­յեր տե­ղա­կան օ­տար ե­կե­ղե­ցի­ներ յա­ճա­խե­լով ա­նոնց մէջ խառ­նո­ւած կամ բո­լո­րո­վին ձու­լո­ւած են, ի­րենց մայ­րե­նի լե­զուն եւ Ս. կրօ­նը մոռ­նա­լով եւ մին­չեւ իսկ ու­ծա­ցած են ի­րենց հնա­դա­րեան ազ­գէն եւ նո­րա սո­վո­րու­թիւն­նե­րէն։

Ն­կա­տե­լով վեր­ջա­պէս թէ չորս տա­րի­նե­րէ ի վեր եր­կու քա­ղա­քաց մէջ հաս­տա­տո­ւող 3-400 հա­յեր վա­ղուց ե­կող գա­ցող հա­յոց նման տա­կաւ առ տա­կաւ տե­ղա­կան ազ­գին հետ խնա­մութեան առ­թիւ ձուլ­ման տրա­մա­դիր կ­’ե­րե­ւին, հայ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ քա­հա­նա­յի չգո­յու­թեան պատ­ճա­ռով։
«Ուս­տի զայս ա­մե­նանցն յի­շա­տա­կեալ կորս­տա­կան պատ­ճառ­ներն խո­րազննին նկա­տի առ­նե­լով, վեր­ջերս գաղ­թա­կան հա­յոց բա­նի­բուն եւ գի­տուն դա­սա­կար­գին պատ­կա­նող մի քա­նի ազ­նիւ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ ընդ­հա­նուր ժո­ղով գու­մա­րե­լով, վերջ­նա­կա­նա­պէս ո­րո­շե­ցին եւ վճռե­ցին Ա­թէն­քի մէջ հայկ. մա­տուռ մը ու­նե­նալ իր քա­հա­նա­յով, եւ յե­տոյ հան­գա­նա­կու­թեան ձեռ­նար­կե­լով կա­ռու­ցա­նել փոք­րիկ ե­կե­ղե­ցի մը իր պաշ­տօ­նէից ծա­խուց բա­ւա­կա­նա­չափ կա­լո­ւած­նե­րով եւ փոք­րիկ նա­խակր­թա­րա­նով մը...»։
­Նա­մա­կը յե­տոյ, անդ­րա­նիկ պա­տա­րա­գը եւ հո­գա­բար­ձու­թեան կազ­մու­թիւ­նը տե­ղե­կաց­նե­լէ վերջ, կը խնդրէ հայ­րա­պե­տէն օրհ­նել ու գնա­հա­տել այս ձեռ­նար­կը եւ հան­գա­նա­կու­թեան իբր դրա­մագ­լուխ՝ ու­ղար­կել փոքր գու­մար մը, առ ի քա­ջա­լե­րու­թիւն ­Յու­նաս­տա­նի հայ գա­ղու­թին։

Թր­քահ­պա­տակ ե­ղող այս գաղ­թա­կան­նե­րուն մա­տու­ռին բա­ցու­մը նոյն ա­տեն տե­ղե­կա­ցու­ցո­ւած է օսմ. դես­պան ­Րի­ֆաթ պէ­յին, թուրք ար­տա­քին նա­խա­րա­րու­թեան հա­ղոր­դագ­րո­ւե­լու հա­մար։
1900 ­Նո­յեմ­բեր 8ին ­Վա­ղար­շա­պա­տէն 1181 թո­ւա­կիր հե­տե­ւեալ անդ­րա­նիկ կոն­դա­կը ստա­ցո­ւած է հայ­րի­կէն:
Այս կոն­դա­կը ­Դեկտ. 10ին ­Կի­րա­կի օ­րը պա­տա­րա­գի ժա­մուն կար­դա­ցո­ւած է հայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն, եւ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը բա­ցատ­րած է կոն­դա­կի մէջ յիշուած շատ մը կէ­տե­րը։

1900 ­Հոկտ. 26 թո­ւա­կիր եւ 520 հա­մար Կ. ­Պոլ­սոյ ­Պատ­րիար­քա­րա­նէն ղրկուած պաշ­տօ­նա­գիր մը կը զե­կու­ցա­նէր, թէ ­Յու­նաս­տա­նի հայ գա­ղու­թը եւս Եւ­րո­պա­յի միւս գա­ղութ­նե­րու նման ­Վեհ. ­Հայ­րա­պե­տի ի­րա­ւա­սու­թեան են­թա­կայ ըլ­լա­լով, պէտք է գա­ղու­թին եւ ե­կե­ղե­ցեաց վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րու հա­մար ի­րեն կամ Եւ­րո­պա­յի ա­ռաջ­նոր­դին դի­մեն, իբր Ն. Ս. Օ­ծու­թեան փո­խա­նոր­դը։
­Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը ա­ռա­ջին առ­թիւ մա­տու­ռի կա­ռուց­ման հա­մար գե­տին մը գնել ո­րո­շո­ւած եւ առ այս բա­ւա­կան գու­մար մը տեղ­ւոյն վրայ հան­գա­նա­կո­ւած ըլ­լա­լով, նոր նա­մա­կով մը կը խնդրէ Էջ­միած­նէն լրաց­նել պակ­սած գու­մա­րը, ի գլուխ հա­նե­լու հա­մար սկսո­ւած աշ­խա­տան­քը։

Այս առ­թիւ ­Պոլ­սոյ ­Պատ­րիար­քա­րա­նը առ ի նա­խա­տե­սու­թիւն թե­լադ­րած է գե­տի­նը եւ մա­տու­ռը Էջ­միած­նի ա­նո­ւան ար­ձա­նագ­րել տալ, ա­պա­գայ գրա­ւում­նե­րէ զերծ կա­ցու­ցա­նե­լու հա­մար, ինչ­պէս ե­ղած էր ­Գան­տիոյ ե­կե­ղեց­ւոյ մա­սին, որ հա­զիւ կա­րե­լի ե­ղած էր փրկել, ­Պո­լսոյ մէջ կա­տա­րո­ւած զա­նա­զան դի­մում­նե­րով։
1901 ­Յու­նո­ւար 18 թո­ւա­կիր եւ 36 հա­մար գրու­թեամբ հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը բա­ցատ­րե­լով վե­րո­յի­շեալ պա­րա­գա­նե­րը, կը յայտ­նէ թէ՝ մատ­րան գետ­նին ըլ­լա­լիք կան­խավ­ճա­րը ձեռք բե­րե­լու հա­մար հար­կադ­րո­ւած է Ե­գիպ­տոս ու­ղար­կել Արծ­րու­նի քա­հա­նան եւ ա­տե­նադ­պիր Պ. Եա­զը­ճեա­նը, ո­րով­հե­տեւ գա­ղու­թին մէջ կա­րե­լի չէ սպա­սո­ւած գու­մա­րը ձեռք բե­րել, ան­դամ­նե­րուն տնտե­սա­պէս փճա­ցած ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռաւ։ ­Հե­տե­ւա­բար կը խնդրէ կա­թո­ղի­կո­սէն այս անհ­րա­ժեշտ յանձ­նա­րա­րա­գի­րը ու­ղար­կել Ե­գիպ­տո­սի ա­ռաջ­նորդ ­Յով­սէփ Եպս. Այ­վա­զեա­նի։
1901 ­Յու­նո­ւար 25 թո­ւա­կիր եւ 42 հա­մար ու­րիշ գրու­թեամբ մը հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը կը տե­ղե­կաց­նէ Էջ­միած­նին թէ՝ «շի­նե­լի մա­տու­ռը եւ նա­խակր­թա­րա­նը որե­ւէ ոտնձ­գու­թե­նէ զերծ մնա­լու հա­մար, մայր ա­թո­ռը իր կող­մէ ռու­սա­կան լե­զուով գրուած փո­խա­նոր­դա­գիր մը պէտք է յղէ կա՛մ հո­գա­բար­ձու­թեան եւ կամ ուղ­ղա­կի տեղ­ւոյս ռու­սա­կան վսեմ. դես­պան Պ. Օ­նո­ւի, որ­պէս­զի կա­լո­ւա­ծը պաշ­տօ­նա­պէս Ս. Ա­թո­ռի ա­նո­ւան արձա­նագրուի, փո­խա­նոր­դագ­րին մէջ կա­րե­լի է ա­ւելցնել թէ սոյն կա­լո­ւա­ծա­կան գնու­մը եւ կան­խիկ վճա­րու­մը տե­ղա­կան հո­գա­բար­ձու­թեան կող­մէ պի­տի հայ­թայ­թո­ւի եւ թէ այս մա­սին մայր ա­թո­ռը ներ­կայ եւ ա­պա­գայ որե­ւէ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թե­նէ ա­զատ է»։
­Սոյն գրոյն վրայ Էջ­միած­նէն ստա­ցո­ւած է հե­տե­ւեալ պաշ­տօ­նա­գի­րը.

ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳԻՐ

­Մեք ­Ծայ­րա­գոյն ­Պատ­րիարք ­Նա­խա­մե­ծար Ա­թո­ռոյ Ա­րա­րա­տեան Ա­ռա­քե­լա­կան ­Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ Սր­բոյ ­Կա­թո­ղի­կէ Էջ­միած­նի եւ կա­թո­ղի­կոս ա­մե­նայն հա­յոց Մկր­տիչ Ա. սո­վիս հա­ւա­տար­մագ­րովս. տամք զի­րա­ւունքս բնակ­չի Ա­թէնք քա­ղա­քի ­Լե­ւո­նի ­Պէօ­րէք­ճեան, գնել եւ հաս­տա­տել յա­նուն նա­խա­թոռ Ս. Էջ­միած­նի վա­նուց զգե­տին ինչ յար­մա­րա­ւոր ի քա­ղաքն Ա­թէնք յա­ղագս շի­նու­թեան լու­սա­ւոր­չա­կան հա­յոց ե­կե­ղեց­ւոյ, ընդ նմին տամք Պ. ­Պէօ­րէք­ճեա­նի զա­մե­նայն ի­րա­ւունս, զորս պա­հան­ջեն տե­ղա­կան օ­րէնք, վասն գնե­լոյ զհողն եւ հաս­տա­տե­լոյ զկա­լո­ւա­ծա­գիրն յա­նուն նա­խա­թոռ ­Վա­նուց Ս. Էջ­միած­նի։ Որ եւ հաս­տա­տենք զայս հա­ւա­տար­մա­գիր հայ­րա­պե­տա­կան կնքոյ մե­րոյ։
Ի 27 ­Փետ­րո­ւա­րի 1901 ա­մի՛ իք, տփխիս։
ՄԿՐՏԻՉ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՀԱՅՈՑ

­Նոյն հե­տայն Էջ­միած­նի կող­մէ ­Սեր­պիոյ Ա­թէն­քի դես­պան Մր. ­Մի­քա­յէլ ­Կոնս­դան­դի­նո­վի­չի ուղ­ղո­ւած է հե­տե­ւեալ պաշ­տօ­նա­գի­րը.

ՈՂՈՐՄԱԾ ՏԷՐ ՄԻՔԱՅԷԼ ԿՈՆՍԴԱՆԴԻՆՈՎԻՉ
­
Հո­վո­ւա­կան պարտս ան­ձին հա­մա­րե­լով ցու­ցա­նել ա­ջակ­ցու­թիւն հօ­տին մե­րոյ ուր ու­րեք ե­ւի­ցին, յայս նո­ւազ հարկ հա­մա­րեմք դի­մել ­Ձե­րում ­Գե­րա­զան­ցու­թեան եւ խնդրել զհետ­նեալս ­Հայք բնա­կեա­լը յԱ­թէնս եւ ի ­Պե­րա պէտս ու­նին հո­գե­ւոր մխի­թա­րու­թեան եւ այդ վախ­ճան ցան­կան կա­ռու­ցա­նել զե­կե­ղե­ցի մի յԱ­թէնս, զոր­մէ դի­մեալ առ մեզ մե­րագ­նէից, բնա­կե­լոյ անդ խնդրեն զտօ­նէու­թիւն ­Մեր։ ­Զի­ջեալ ի խնդիր սի­րե­լի հօ­տին ­Մե­րոյ ­Մեք յանձն ա­րա­րաք հա­յազ­նի ­Լե­ւո­նի ­Պէօ­րէք­ճեա­նի յար­գո­յա­բար խնդրենք զտնօ­րի­նու­թիւն ­Գե­րա­զան­ցու­թեան ­Ձե­րոյ, յա­ղագս յանց­նե­լոյ զայն նմա ­Պէօ­րէք­ճեա­նի լիա­յոյս գո­լով զի ­Գե­րա­զան­ցու­թիւն ­Ձեր ու­նիք ցու­ցա­նել զ­Ձերս լու­սա­միտ ա­ջակ­ցու­թիւն հա­յոց, բնա­կե­լոյ յԱ­թէն քա­ղա­քի։
­Վեր ա­ռա­քե­լով առ բար­ձրեալն մեծ ա­ղօթս ջեր­մա­գինս վասն ա­ռող­ջու­թեան եր­կա­րա­կե­ցու­թեան ­Ձե­րոյ։
­Յար­գա­նօք մնամք
­Գե­րա­զան­ցու­թեան ­Ձե­րում
ջեր­մե­ռանդ ա­ղօ­թա­րար
ՄԿՐՏԻՉ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

­Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը մէկ կող­մէ մայր ա­թո­ռէն խոս­տա­ցո­ւած գու­մա­րը խնդրե­լով մէկ­տեղ, միւս կող­մէ եօ­թա­նա­սու­նի մօտ եւ­րո­պաբ­նակ եւ ե­գիպ­տաբ­նակ ա­ռաջ­նորդ­նե­րու եւ ծա­նօթ ազ­գա­յին­նե­րու կը դի­մէ, իր ձեռ­նար­կած գոր­ծին հա­մար օ­ժան­դա­կու­թիւն խնդրե­լով։

Եւ­րո­պա­յի ա­ռաջ­նորդ ­Գէորգ Եպս. Իւ­թիւ­ճեան, 27 ­Նո­յեմ­բեր եւ 18 ­Դեկ­տեմ­բեր 1900 եւ 367 ու 387 հա­մար գրու­թիւն­նե­րով նոր մա­տու­ռի մա­սին կ­’ը­սէ թէ՝
«... ­Նոր մա­տուռ մը կա­ռու­ցա­նե­լու մա­սին հան­գա­նա­կու­թեան հա­մար մեզ ը­րած ձեր դի­մու­մին՝ մեր խոր­հուրդն է առ այժմ նոր շի­նու­թեան խնդիր չհա­նել եւ շա­տա­նալ ներ­կայ մա­տու­ռով, զի նոյ­նիսկ ­Փա­րի­զի եւ ­Մար­սէյ­լի մէջ առ­ժա­մեայ մա­տուռ­նե­րով կը կա­տա­րո­ւին կրօ­նա­կան պաշ­տա­մունք։ ­Նոր ե­կե­ղե­ցի ու­նե­նա­լու փա­փաքն տա­րի­նե­րէ ի վեր կայ ժո­ղո­վուրդ­ւոյ մէջ, սա­կայն անհրա­ժեշտ ե­ղած մի­ջոց­նե­րը կը պակ­սին։ Ուս­տի առ այժմ գոհ ե­ղէք ձեր մա­տու­ռով սէր եւ խա­ղա­ղու­թիւն ու­նե­նա­լով ընդ մի­միանս»։

«... Էր եր­բեմն, զի ի ­Յու­նաս­տան տա­րագ­րեալ մեր սա­կա­ւա­թիւ ազ­գակ­ցաց նկատ­մամբ կը լսո­ւէին ան­միա­բա­նու­թեան եւ ա­տե­լու­թեան եւ այլ ա­նա­խորժ հծծիւն­ներ՝ որք հե­ռի էին պա­տո­ւա­բեր լի­նե­լէ ­Հա­յաս­տա­նեաց Ս. ե­կե­ղեց­ւոյ որդ­ւոց հա­մար։ Այժմ քաղցր է մեզ յու­սալ թէ շնոր­հիւ նո­րա­հաս­տատ մատ­րան, որ օ­թե­ւան է ա­մէն խա­ղա­ղու­թեան, չար խոր­հուրդ եւ բանք եւ գործք, իբ­րեւ մի ե­կե­ղեց­ւոյ հա­րա­զատ զա­ւա­կունք ապ­րին խա­ղա­ղու­թեամբ...»։
­Բայց հա­կա­ռակ ա­սոր, հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը 1901 ­Փետ­րո­ւար 2ին դէ­պի Ե­գիպ­տոս ճամ­բայ կը հա­նէ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Գա­րե­գին Քա­հա­նայ Արծ­րու­նին եւ ա­տե­նադպիր Պ. Ա­լեք­սան Եա­զը­ճեա­նը, ո­րոնք ­Փետ­րո­ւար 8ին կը հաս­նին Ա­ղեք­սանդ­րիա։ ­Յի­շեալ­նե­րը ամ­սոյս 7ին կը դի­մեն ա­ռաջ­նորդ Այ­վա­զեան Եպս.ի, կը խօ­սին ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թեան մա­սին, ցոյց կու­տան պաշ­տօ­նա­գիր­նե­րը, եւ լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ գա­ղու­թի մա­սին։

Սր­բա­զա­նը խոս­տում կու­տայ այս մա­սին խօ­սիլ ­Տիգ­րան փա­շա­յի հետ, քա­նի որ տեղ­ւոյն վար­չու­թիւ­նը կազ­մա­լու­ծո­ւած էր խոր­հուրդ տա­լով որ պա­տո­ւի­րակ­ներն ալ ի­րենց կող­մէ տես­նեն բա­շա­յին գոր­ծա­կա­տար ­Սեդ­րակ ­Դա­ւի­թեան, եւ ա­նոր միջ­նոր­դու­թիւ­նը ա­պա­հո­վեն։ ­Բա­նակ­ցու­թեանց ըն­թաց­քին փա­շան դի­տո­ղու­թիւն կ­’ը­նէ թէ պատ­րիար­քա­րա­նէն այս մա­սին ո­րե­ւէ պաշ­տօ­նա­գիր ստա­ցած չէ, բայց ա­ռաջ­նորդ­րին բա­րե­խօ­սու­թեամբ կա­րե­լի կ­’ըլ­լայ ժա­պա­ւի­նեալ տո­մա­րին վա­ւե­րա­ցու­մը ստա­նալ, մա­նա­ւանդ որ տո­մա­րը յու­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թե­նէն եւս կնքո­ւած էր։ Այս առ­թիւ պայ­ման կը դրո­ւի որ հա­ւա­քո­ւած գու­մար­նե­րը օ­րը օ­րին պի­տի յանձ­նուէին ­Գա­հի­րէի ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին, մեկ­նու­մի պա­հեր­նուն ստա­նա­լու հա­մար փո­խան ըն­կա­լագ­րի։
Ա­ռաջ­նոր­դը ինք եւս ժա­պա­ւի­նեալ տո­մա­րի 4րդ­ է­ջին մէջ կոչ մը կը հրա­տա­րա­կէ, հրա­ւի­րե­լով «Ե­գիպ­տո­սի բա­րե­պաշտ ժո­ղո­վուր­դը՝ կա­մա­ւո­րա­պէս եւ ա­ռա­տա­ձեռ­նօ­րէն մաս­նակ­ցիլ սոյն էա­պէս կա­րե­ւոր հան­գա­նա­կու­թեան»։

(1901 ­Փե­տ­րո­ւար 14, 27 ­Գա­հի­րէ)։

Ար­մե­նակ ­Տէր-­Յա­կո­բեան - Գ. մաս