Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altՖ­րան­սա­յի ծո­վե­զե­րեայ ­Քոթ Տ՚Ա­զիւ­րի շրջա­նի եւ ­Նիս քա­ղա­քի հայ­կա­կան հա­մայն­քը ա­ւե­լի քան մէկ դա­րու կեանք ու­նի։ Ս­տո­րեւ՝ կը ներ­կա­յաց­նենք ամ­փոփ նկա­րագ­րա­կան մը ­Քոթ Տ՚Ա­զիւ­րի զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րու մէջ ապ­րող եւ գոր­ծող հայ հա­մայնք­նե­րուն մա­սին։

­Նի­սի հին կոմ­սու­թեան մէջ հայ­կա­կան հա­մայն­քի գո­յու­թիւ­նը սկիզբ ա­ռած է ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ա­ռաջ, 19րդ ­դա­րու վեը­ջե­րը եւ 20րդ ­դա­րու սիզ­բը, երբ քա­նի մը հա­րուստ ըն­տա­նիք­ներ սե­փա­կա­նա­տէր կը դառ­նան շքեղ ա­ռանձ­նա­տու­նե­րու Cimiez թա­ղա­մա­սին մէջ։ Ա­նոնց­մէ են՝ ­Սի­մոն ­Քայ­սէ­րեան, որ կը զբա­ղէր ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ա­պա­հո­վագ­րու­թեան գոր­ծով, ­Վա­հան ­Խո­րա­սան­ճեան, որ պի­տի ըլ­լար մար­սէ­յի Փ­րա­տօ փո­ղո­ցի հա­յոց ­Մայր Ե­կե­ղեց­ւոյ գլխա­ւոր բա­րե­րար­նե­րէն մէ­կը, եւ մաս­նա­ւո­րա­բար ­Նա­հա­պե­տեան ա­նու­նով պարս­կա­հայ մը, Ս­պա­հա­նէն, որ կը զբա­ղէր ան­շարժ գոյ­քի ա­ռեւ­տու­րով։

Այս վեր­ջի­նը 1920ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն ­Մար­սէյ­լէն կը բե­րէ բազ­մա­թիւ գաղ­թա­կան հա­յեր, ո­րոնք մա­զա­պուրծ ա­զա­տած էին ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն, ­Նի­սի շրջա­նի իր գոր­ծա­դաշ­տե­րուն մէջ աշ­խատց­նե­լու հա­մար։ Այս աշ­խա­տա­ւոր­ներն են, ո­րոնք հե­տա­գա­յին հաս­տա­տո­ւե­ցան ­Նի­սի ­Մատ­լէ­նի կա­նա­չա­գեղ շրջա­նին մէջ, որ տա­կա­ւին քա­ղա­քա­շի­նու­թեան քար­տէ­սի մէջ չէր մտած, ի­րենց ձեռ­քե­րով իսկ շի­նե­լով ի­րենց գե­ղե­ցիկ տու­նե­րը, ո­րոնք կան­գուն կը մնան մին­չեւ այ­սօր։

­Հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սը կը գտնո­ւի ­Մատ­լէ­նի պո­ղո­տա­յի բար­ձուն­քին, գծե­լով եր­կար ձո­րակ մը շրջա­պա­տո­ւած բլուր­նե­րով, ծո­վե­զեր­քէն սկսեալ։ ­Նի­սի բնա­կիչ­նե­րը այս շրջա­նը կը կո­չեն ­Հա­յոց ­Թա­ղա­մաս։ ­Նոյն­պէս կը կո­չո­ւի նաեւ հան­րա­կառ­քի կա­յա­նը։

­Մատ­լէ­նի այս թա­ղա­մա­սը 1920ա­կան թո­ւա­կան­նե­րէն սկսեալ ե­ղաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէ ա­զա­տած հա­յե­րու վե­րըն­ձիւղ­ման վայ­րը, ուր ա­նոնք աշ­խատ­ցան կեն­դա­նի պա­հել ի­րենց ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը։ 1928ին ­Մար­սէյ­լէն Գ­րի­գո­րիս Եպս. ­Պա­լա­քեան կա­պի մէջ կը մտնէ Պ­րիւք­սէ­լի հա­րուստ բա­րե­րար ­Տիգ­րան ­Չամ­քեր­թե­նի հետ, որ­պէս­զի նի­սի մէջ ա­պա­հո­վէ Ս. ­Մա­րիամ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­ռու­ցու­մը։

Ե­կե­ղե­ցին ­Չամ­քեր­թե­նի սե­փա­կա­նու­թիւ­նը կը մնայ մին­չեւ 1951, երբ բա­րե­րա­րը զայն կը նուի­րէ նո­րաս­տեղծ ­Նի­սի եւ Շր­ջա­կայ­քի ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ Կ­րօ­նա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թեան, որ­պէս­զի շա­րու­նա­կէ իր գոր­ծէ­նու­թիւ­նը ­Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ծո­ցին մէջ, Ս. Էջ­միած­նի հո­վա­նիին տակ։ Ե­կե­ղեց­ւոյ շի­նա­րա­րու­թեան մէջ իր ներդրու­մը կ­՛ու­նե­նայ եւ ե­րի­ցա­տու­նը կը կա­ռու­ցէ մե­ծա­հա­րուստ բա­րե­րար ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան, ո­րու տիկ­նոջ յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը տե­ղի կ­՛ու­նե­նայ նոյն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։

Բ. ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՐՏԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Երկ­րորդ ­Հա­մաշ­խա­րա­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մին, հա­յե­րը տե­ղա­ցի­նե­րուն հետ կողք-կող­քի պայ­քա­րե­ցան նա­ցի գեր­մա­նա­ցի­նե­րուն դէմ։ Ո­մանք ի­րենց կեան­քը զո­հե­ցին, ինչ­պէս Ն­շան ­Տէր-­Մար­տի­րո­սեա­նը, որ զո­հո­ւե­ցաւ Rue de France փո­ղո­ցին վրայ, ուր իր ա­նու­նով յի­շա­տա­կի տախ­տակ մը կայ մին­չեւ այ­սօր։ Ան ծնած էր 1922ին Կ. ­Պո­լիս եւ 1923ին ըն­տա­նի­քով ներ­գաղ­թած էր ­Մար­սէյլ։

1970-1980ա­կան­նե­րու գաղ­թա­կան­նե­րու երկ­րորդ ա­լի­քը

­Գաղ­թա­կան­նե­րու ա­ռա­ջին ա­լի­քի մե­ծա­մաս­նու­թեամբ ­Նի­սի մէջ հաս­տա­տո­ւե­լէն ետք, հա­յե­րը հետզ­հե­տէ տա­րա­ծո­ւե­ցան ­Քոթ Տ՚Ա­զիւ­րի միւս քա­ղաք­նե­րուն մէջ, ինչ­պէս՝ ­Քան կամ ­Մո­նա­քօ։ 1970-1980 տա­րի­նե­րուն գաղ­թա­կան­նե­րու երկ­րորդ ա­լիք մը ժա­մա­նեց գլխա­ւո­րա­բար ­Թուր­քիա­յէն, բայց նաեւ Ի­րա­նէն, ­Լի­բա­նա­նէն, ­Սու­րիա­յէն եւ Ե­գիպ­տո­սէն, հաս­տա­տո­ւե­լով շրջա­նին մէջ։

­Բա­րե­կե­ցիկ ըլ­լա­լով, այս նոր հաս­տա­տո­ւող­նե­րը կը նո­ւի­րո­ւին հա­մայն­քա­յին կեան­քի վե­րա­ծաղ­կու­մին, ո­րով­հե­տեւ ա­ռա­ջին եւ երկ­րորդ սե­րուն­դի ձու­լու­մը ֆրան­սա­կան մի­ջա­վայ­րին մէջ այն­քան խո­րա­ցած էր, որ զի­րենք հե­ռա­ցու­ցած էր ի­րենց հայ­կա­կան ինք­նու­թե­նէն։ ­Նի­սի, ­Քա­նի կամ այլ քա­ղաք­նե­րու մէջ միու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծո­ւին որ­պէս­զի հա­յե­րէն լե­զու եւ հա­յոց պատ­մու­թիւն սոր­վեց­նեն նոր սե­րուն­դին:

1988ին ե­կե­ղեց­ւոյ կող­քին կա­ռու­ցո­ւե­ցաւ մշա­կու­թա­յին եւ կրթա­կան հա­մա­լիր մը, որ կո­չո­ւե­ցաւ «­Պար­սա­մեան», ­Լոն­տոն բնա­կող ա­ռա­տա­ձեռն բա­րե­րա­րին՝ ­Թո­րոս ­Պար­սա­մեա­նի ա­նու­նով, որ նո­ւի­րեց ընդ­հա­նուր 6,7 մի­լիոն ֆրանք ար­ժող հա­մա­լի­րին 5,5 մի­լիոն ֆրան­քը։ Մ­նա­ցեալ գու­մա­րը հայ­թայ­թե­ցին՝ 600.000 Ալփ-­Մա­րի­թի­մի նա­հան­գա­պե­տա­կան խոր­հուր­դը, ո­րու նա­խա­գահն էր ­Ժագ ­Մե­տը­սէն, եւ 600.000 ֆրանք՝ ­Նի­սի եւ շրջա­կայ­քի հայ­կա­կան հա­մայն­քը։

­Գաղ­թա­կա­նու­թեան վեր­ջին ա­լի­քը հա­սաւ 1990ա­կան թո­ւա­կան­նե­րէն սկսեալ, երբ ­Հա­յաս­տա­նէն սկսան ժա­մա­նել տնտե­սա­կան պատ­ճառ­նե­րով զան­գո­ւա­ծա­յին կեր­պով ար­տա­գաղ­թող հա­յե­րը, ո­րոնք կը կազ­մէին ­Հա­յաս­տա­նի աշ­խա­տու­ժը։ ­Նի­սի մէջ կը գոր­ծէ ­Նի­սի ­Հայ ­Տիկ­նանց ­Միու­թեան միօ­րեայ վար­ժա­րա­նը։
Այ­սօր ­Քոթ Տ՚Ա­զիւ­րի մէջ կ­՛ապ­րին շուրջ 10 հա­զար հա­յեր, ո­րոնց­մէ 5000ը ­Նի­սի մէջ։ Ա­նոնք ցրո­ւած են ընդ­հան­րա­պէս ծո­վե­զե­րեայ, բայց նաեւ լեռ­նա­յին շրջան­նե­րու մէջ։

ՆՈՐՊԷՐ ՍԱՐԱՃԵԱՆ