Ստորեւ կը հրատարակենք, քանի մը բաժիններով, 1929ի «Նոր Օր» հրատարակութեան «Յունահայ Տարեգիրք»էն հետաքրքրական պատմական յօդուած մը, որ կ’անդրադառնայ Աթէնահայ գաղութի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան
Արմենակ Տէր-Յակոբեան - Ա. մաս
Նախաբան
Աթէնքի եւ Բիրէայի հայ գաղութին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պատմութիւնը պատրաստելը բաւական դժուարին աշխատութիւն մըն է, նկատի ունենալով պահանջուած տուեալներու չգոյութիւնը, կանոնաւոր արձանագրութեանց պակասը եւ զանազան մարմիններու անհոգ ու թոյլ վերաբերումը՝ կատարուած աշխատութեանց յիշատակութեան մասին։
Ահա այս պատճառներով ներկայ աշխատութիւնը կ’ըլլայ աւելի ամփոփ ուսումնասիրութիւն մը, ապագայ պատմագրին հայթայթելով բաւականաչափ ատաղձ, կատարեալ կերպով պատրաստելու համար հելլէնահայ գաղութին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պատմութիւնը, մինչեւ մեր օրերը։
Ներկայ աշխատասիրութեանս ընթացքին աչքի առջեւ ունեցայ զանազան շրջաններու Թաղ. Խորհուրդներու գործունէութիւնը՝ հիմնուելով գոյութիւն ունեցող արձանագրութեանց վրայ, որոնք կը սկսին 1900 թուականէն։
1922ին Իզմիրի գաղթականութեան ժամանումով Թաղ. Խորհուրդին գործունէութիւնը կը սահմանափակուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մատակարարութեան մէջ եւ վերջ կը գտնէ անոր համագաղութային եւ քաղաքական գործունէութիւնը։ Իզմիրի առաջնորդ Դուրեան Եպս.ի եւ տեղւոյն Քաղաք. եւ Գաւառ. ժողովներու Աթէնք ժամանումով, ազգ. կեանքը նոր կազմակերպութիւն կը ստանայ, որով յարմար նկատեցինք պատմութեանս վերջը նկատել 1922 թուականը, անկից ասդին կատարուած գործառնութիւնները նկատելով նոր շրջան մը, առանձին ուսումնասիրութեան արժանի։
Սոյն ուսումնասիրութեանս ընթացքին ինծի աջակից եղան Գանտիոյ ներկայ հոգեւոր հովիւ եւ հելլէնահայ գաղութի առաջին հիմնադիր Տ. Գարեգին Ծ.Վրդ. Արծրունի, Տեարք Ա. Եազըճեան, Գըլըճեան եղբայրներ՝ իբր հին գաղութի անդամ, որ գլխաւորաբար Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թղթածրարները անվերապահօրէն տրամադրեց եւ գլխաւոր օժանդակը հանդիսացաւ այս աշխատութեան։
Հետեւաբար պարտականութիւն կը զգամ հրապարակաւ յայտնելու խոր շնորհակալութիւններս բոլորին, որով կրցայ սոյն ուսումնասիրութիւնը ըստ բաւականին խորացնել եւ հանրութեան ներկայացնելու արժանի դարձնել։
Ա. Տ. Յ.
Հին Կեանքը
Ի ձեռին ունեցած դոյզն տեղեկութիւններ կատարեալ կերպով թոյլ չեն տար պատկերացնելու հելլէնահայ գաղութին կազմութեան նախնական շրջանը։
Դարերու պատմութենէն գիտենք թէ բազմաթիւ առեւտրականներ, ուսանողներ եւ նոյնիսկ գերիներ, թէ՛ կռապաշտութեան եւ թէ քրիոստոնէական շրջաններուն այցելած են Աթէնք, տարիներով հոն մնացած, ուսած, ճարտասանած, առանց որեւէ շեշտուած հետք մը ձգելու։ Եկեղեցական ուրոյն կազմակերպութեան մը յիշատակութիւնը կ’անգիտանանք նոյնիսկ թուրքերու տիրապետութեան շրջանին։ Հաւանաբար այդ ատենները եղած են գաղթի հոսանքներ Կրէտէի եւն.ի նման, կազմուած են գիւղեր Քորֆուի Արմէնիտէսի պէս, որոնք դարերու ընթացքին ձուլուած են տեղական տարրին մէջ, կորսնցնելով նոյնիսկ իրենց ծագումին պարզ յիշատակութիւնը։
Խղճամիտ ուսումնասիրութեամբ մը կարելի պիտի ըլլայ երեւան բերել հին հայ գաղութի մը մնացորդները, օտարացած սերունդներու պատմութիւնը դասաւորել եւ երեւան հանել հայ գաղթականութեան բուն թուականն ու շրջանը։
Ներկայ աշխատութեանս պահուն հարկադրուած եմ ամփոփուելու Աթէնքի հայ գաղութին պատմութեան սահմաններուն մէջ՝ օգտուելով Տ. Գարեգին Ծ.Վրդ. Արծրունիի ծանօթութիւններէն, որոնցմէ յայտնի կ’ըլլայ, թէ աթէնահայ գաղութը սկսած է կազմուիլ Սուլթան Ապտիւլ Ազիզի սպանութեան վերջին շրջանին։
«Հին հայ գաղութը՝ Աթէնք եւ Բիրէա, հազիւ երկվեցեակ մը հայերէ կը բաղկանար։ Ասոնք մեծ մասամբ Սուլթան Ապտիւլ Ազիզի ծառայութեան մէջ գտնուողներէն էին, որոնք իրենց վեհապետին սպանութեամբ եւ զզուելով երկրին յուզումնալից վիճակէն ու վախնալով անձնական հետապնդումներէ, իբր ապահով վայր ապաստանած են Աթէնք, ըստ իրենց յայտարարութեանց։
Այդ անձերն էին՝
Տոքթ. Կարապետ Աղաբեկեան, եղբայր՝ նշանաւոր Մարկոս Աղաբեկեանի, պոլսեցի, Սուլթանին անձնական ատամնաբոյժ, վկայեալ բարձր տիբլոմով, սաատէթլու աստիճանով եւ շքանշանով պատուեալ։ Աթէնքի մէջ եւս պալատան ատամնաբոյժ։
Կարապետ աղա Սէֆէրեան, պոլսեցի, Պալաթէն, տէյիրմէնճի, հանդերձ ընտանեօք։
Միքայէլ աղա եւ ընտանիքը, պոլսեցի, Պալաթէն, հաշաճի կայս, պալատան եւ ձուլիչ։
Մինչեւ 1882 Աթէնքի մէջ գոյութիւն ունեցած են վերոյիշեալ քանի մը ընտանիքները, տասնըմէկ անդամներով։ Նոյն ատեն Կորնթոսի ջրանցքի շինութեան առթիւ մէկ քանի հազար մշեցի հայ գործաւորներ կը փոխադրուին Կորնթոս, որոնք ծանրածանր աշխատանքի տակ մեծ մասամբ կը փճանան։ Շատեր կը մեռնին, ոմանք կ’ամուսնանան օտար կիներու հետ եւ մաս մըն ալ կը վերադառնայ իր ծննդավայրը։ Ասոնք իրենց հետ ունեցած են երեք հոգեւոր պաշտօնեայ, մշեցի (մին Մուսայ պէյի հարցին առթիւ ծանօթ Տ. Դեմետր քհնյ.), որոնք մէկ քանի տարուան մէջ կլորիկ հարստութիւն մը դիզելէ յետոյ, լքած են իրենց հօտը եւ հայրենիք վերադարձած։
Լսած եմ, թէ Կորնթոսի մէջ հայերը ունեցած են իրենց աղօթարանը, որ փակուած է քահանաներու հեռացումով եւ այդ բազմութիւնը կորսուած է աստանդական։ 1893ին անոնցմէ մաս մը ես տեսայ Աթէնքի փողոցներուն մէջ, որոնք կը մուրային կէս հայերէն եւ կէս յունարէն անհասկնալի լեզուով մը։
Մինչ 1893ին Կորնթոսի ջրանցքին աւարտմամբ մաս մը հայեր կը ցրուէին Յունաստանի զանազան քաղաքները առանց հետք մը թողելու, Պոլսոյ Պապը Ալիի ցոյցերը եւ իննիսունական թուականի դէպքերը նոր գաղթականներ կը նետէին Հելլադայի ափունքը։
Ասոնց մէջ կը գտնուէին՝
Ալէքօ Եազըճեան, պոլսեցի, ճարտար ոսկերիչ։
Սերովբէ Կիւրճեան, կեսարացի, լուսանկարիչ, անգլ. հիւպատոսարանին եւ նաւատորմին, քաջ անգլիագէտ։
Լեւոն Պէրէքճեան, պոլսեցի, Ռոպերթ Քոլէճէ շրջանաւարտ, լեզուագէտ գորգավաճառ, հնագէտ յունական արքայական ընտանիքին։
Ռէթէոս Պէրպէրեան, արաբկիրցի, տպարանատէր եւ «Միութիւն» թերթի խմբագիր։ Հրատարակիչ Շէվքէթ փաշայի Աթէնք հրատարակած «Լաթան» թուրքերէն թերթին։
Սիմոն Մանիկեան, արմտանցի, սրճավաճառ Բիրէա։
Ռուբէն եւ Գրիգոր Չէօմլէկճեան, դերձակ եւ ծխափող շինող։
Թորոս Սարայտարեան, Պորլսէն, դերձակ։
Սամաթիացի Գազանճը Անդրէաս, երզնկացի սրճավաճառ Գէորգ եւ Սամաթիացի նաւավար Լեւոն։ Այս վերջինը արտասահման մեկնելու համար Բիրէա հանդիպող հայերը զանազան չարաշահութիւններով կողոպտած ըլլալուն համար տխուր անուն մը թողած է։
Իննիսունական թուականներուն հոգեւոր պաշտօնեայի մը գոյութեան եւ կամ եկեղեցական պաշտամունքի մը կատարման պարագաները մութ կը մնան։ 1902 Նոյ. 6 թուականով Կալացի հովիւ Տէր Ղեւոնդ քհնյ. Փափազեանէ եկած նամակի մը մէջ հետեւեալ տողերը կը կարդանք. «Անծանօթ չէ ինձ Աթէնք եւ մանաւանդ նոյն ժամանակի (1889) ազգայնոց կողմէ ցոյց տրուած համակրական ասպնջականութիւնը, որ երախտագիտական անփոխարինելի յիշատակներ թողած է, եւ որ երբեք սրտիս խորէն չեղծանիր...»։
Հաւանաբար Տ. Ղեւոնդ քհնյ. Աթէնքի մէջ պաշտամունք կատարած եւ ենթակայ եղած է գուրգուրանքի, սակայն ամէն բան անյայտ կը մնայ, այդ շրջանէն վերապրող գոյութիւն չունենալուն պատճառով։
Տ. Արծրունի Վրդ. կը շարունակէ. «Հետզհետէ ծանրացող թրքական մթնոլորտէն խուճապահար Աթէնք կ’ապաստանին Տիգրան Եալտըզճեան եւ ընտանիքը, ծխավաճառ Ճանիկ աղա եւ ընտանիքը, ձուլիչ Ալեքսան Գըլըճեան եւ եղբայրները Միրիճան եւ Յարութիւն, ոսկերիչ ձուլիչ Մկրտիչ եւ Արշակ Մանուկեան, բերացի գլխարկագործ Արտաշէս Պատուէրեան, լուսանկարիչ պոլսեցի Պօղոս եւ Գրիգոր Գալֆայեան, Թեսաղոնիկէի Իտատիէի ուսուցիչ Արամ Բագրատ կամ Մագսուտ Խանճեան, պոլսեցի փորագրիչ Աշոտ Բալայեան եւ սամաթիացի սէտէֆճի Խաչիկ»։
Իսկ 1896ի ջարդերու պահուն Բիրէա եւ Աթէնք հասնող հազարաւոր գաղթականներու մասին ոչ մէկ որոշ արձանագրութիւն եւ տեղեկութիւն գոյութիւն ունի, բացի ծանօթ երգիծաբան Երուանդ Օտեանի ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ՏԱՐԻ ՊՈԼՍԷՆ ԴՈՒՐՍ Յունաստանի մէջ ունեցած իր կեանքի յիշատակութենէն։ Այդ շրջանի մասին կը քաղենք հետեւեալ տեղեկութիւնները։
«Ժիրոնտ, որ պանքա մտնող դաշնակցականները կը փոխադրէր, խարսխեց Բիրէայի առջեւ։ Օսմ. Պանքան կոխելու լուրը յոյն թերթերու մէջ մեկնաբանութեանց դուռ բացած էր։ Հայ գաղութը եւ զանազան փախստականներ՝ իմանալով օրուան հերոսներուն ժամանումը, նաւակներու մէջ լեցուած կը շրջապատեն Ժիրոնտը։ Դաշնակցականները եւ ես քով քովի շարուած ենք կամրջակին վրայ։ Վարէն ծափերու եւ կեցցէներու տարափը կը սկսի, որոնց մէջ կար նաեւ Արմէն Գարօն, որ քանի մը շաբաթ առաջ եկած էր Աթէնք։
«... Իտալացի թղթակից մը, որուն հետ բարեկամացեր էինք եւ որ ջարդերու օրը Պոլիս հասած ըլլալով, առանց ցամաք ելլելու Աթէնք մեկնած էր, միասին ցամաք ելանք եւ այցելեցինք յունական թերթերու՝ էսթիա, Աքրոփոլիս, Սքրիբ, Քերիի խմբագրատուները, ուր սիրալիր ընդունելութիւն մը ըրին ինծի, եւ մանրամասնօրէն պատմել տուին կատարուած դէպքերը։
Յաջորդ օրը թերթերը նոյնութեամբ կը հրատարակէին յայտարարութիւններս։ Երբ պանդոկ վերադարձայ, հանդիպեցայ հնչակեան Անդրէաս Մինասեանի, Բարեպաշտ անունով հանրածանօթ։ Յաջորդ օրը հանդիպեցայ երզնկացի հարուստ վաճառական Տէր Ստեփանեանի, Զարեհ Գոչեանի, պատուելի Նշան Քէշիշեանի, հնչակեան Սիմոն Մանիկեանի՝ որ «հայոց դեսպան» կը կոչուէր։
«Աթէնք ժամանելէս շաբաթ մը վերջ Պոլսէն բազմաթիւ գաղթականներ կը ժամանէին, որոնց թիւը ամիս մը վերջ հազարի կը հասնէր։ Ասոնք աւուր հացի կարօտ էին։ Զանոնք պատսպարելու համար յանձնաժողով մը կազմեցինք ես, Սերովբէ Կիւրճեան, Կարապետ Կարապետեան, Բարեպաշտ Զ. Դոչեան, Սիմոն Մանիկեան, պատուելի Քէշիշեան, Մագսուտ Խանճեան, Գրիգոր Գալֆայեան, Ռէթէոս Պէրպէրեան՝ Միութիւն ամսաթերթին տէրն ու տնօրէնը։
Առաջին գործերնիս եղաւ անոնց համար պատսպարան գտնելու հոգը եւ որոշուեցաւ դիմում կատարել վարչապետ Պ. Տէլիեանիսի։
«... Սիրալիր ընդունելութենէ մը ետք հրահանգ տուաւ անմիջապէս յիսուն զինուորական վրաններ հաստատել Ֆալիրոյի դաշտին մէջ, խնդրելով որ զանոնք լաւ գործածենք, քանի որ նոր են։
«Պ. Տէլիեանիս մեր հանդէպ իր մարդասիրութիւնը քանիցս ցոյց տուաւ։
«Անկեղծ ըլլալու համար պէտք է ըսեմ, թէ ոչ միայն վարչապետը, այլ նաեւ յոյն ժողովուրդն ու կառավարութիւնը խիստ բարեացակամ գտնուեցան հայ փախստականներու մասին։
Շարունակելի