Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­altԹուրք-իս­րա­յէ­լեան եւ թուրք-ռու­սա­կան (վե­րա)հաշ­տեց­ման եւ երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու (վե­րա)բնա­կա­նո­նաց­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք հաս­տա­տագ­րո­ւե­ցան ա­ռա­ջի­նը ­Յու­նիս 27ին պաշ­տօ­նա­պէս հրա­պա­րա­կո­ւած եւ յա­ջորդ օրն իսկ ստո­րագ­րուած

հա­մա­ձայ­նագ­րով, իսկ երկ­րոր­դը՝ նոյն օ­րե­րուն Էր­տո­ղա­նի կող­մէ ­Փու­թի­նին ու­ղար­կո­ւած անձ­նա­կան նա­մա­կին յա­ջոր­դած եր­կու նա­խա­գահ­նե­րու 42 վայր­կեան­նոց հե­ռա­ձայ­նա­յին խօ­սակ­ցու­թեամբ, ստեղ­ծած են այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, որ Ան­գա­րա­յի ար­տա­քին/տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը վե­րա­դառ­նայ իշ­խող Ար­դա­րու­թիւն եւ ­Բար­գա­ւա­ճում ­Կու­սակ­ցու­թեան (ԱՔՓ) եր­բեմ­նի «զե­րօ խնդիր դրա­ցի­նե­րուն հետ» ա­րե­ւե­լու­մին:

­Պոլ­սոյ Ա­թա­թուր­քի ա­նո­ւան օ­դա­նա­ւա­կա­յա­նին մէջ ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րար­քը ­Յու­նիս 28ին, ո­րուն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը դրաւ ՏԱՀԵ­Շի վրայ եւ բա­ցա­յայ­տեց քա­ռա­սուն հո­գիի մա­հո­ւան պատ­ճառ դար­ձած ե­րեք իս­լա­մա­կան­նե­րուն ինք­նու­թիւ­նը, ո­րոնց­մէ մէ­կը ­Տաղս­տա­նէն ռուս մըն էր, միւ­սը՝ քրքըզ եւ եր­րոր­դը՝ ուզ­պէք, բա­ցա­յայտ դար­ձուց, որ «­Խա­լի­ֆա­յու­թիւ­նը» պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րած է նաեւ ­Թուր­քիոյ դէմ:

­Ճիշդ է, ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, որ Ա­պու ­Պա­քըր ալ-­Պաղ­տա­տիի կազ­մա­ւո­րու­մը ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն կը կա­տա­րէ թրքա­կան հո­ղա­տա­րած­քի վրայ: ­Սա­կայն, ե՛ւ այս վեր­ջին գոր­ծո­ղու­թեան թի­րա­խին խորհր­դան­շա­կան թէ տնտե­սա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը, ե՛ւ Էր­տո­ղա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան նո­րա­գոյն շրջա­դար­ձի հետ ա­նոր շատ հա­ւա­նա­բար ոչ-պա­տա­հա­կան զու­գա­դի­պու­մը կու գան յու­շե­լու ՏԱՀԵ­Շի խոր մտա­հո­գու­թիւ­նը՝ թրքա­կան հո­ղա­տա­րած­քը որ­պէս ռազ­մա­վա­րա­կան յե­նա­րան կորսնց­նե­լու ի­րո­ղու­թեան մա­սին:
Այ­սինքն՝ կը թո­ւի, թէ՛ Իս­րա­յէ­լի եւ թէ՛ ­Ռու­սիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­հաս­տատ­ման թրքա­կան քայ­լը նաեւ ազ­դան­շան է ՏԱՀԵ­Շը որ­պէս դե­րա­կա­տար ջնջե­լու Ան­գա­րա­յի հա­մա­ձայ­նու­թեան:

Ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու զու­գա­դի­պու­թե­նէն եւ ա­նոնց են­թա­խոր­քա­յին տրա­մա­բա­նու­թեան կա­պակ­ցու­թեան մեկ­նա­բա­նա­կան հա­մո­զում­նե­րէն ան­կախ, պարզ է, որ Իս­րա­յէ­լի թէ ­Ռու­սիոյ ուղ­ղու­թեամբ Ան­գա­րա­յի քայ­լե­րը ու­նին ի­րենց իւ­րա­յա­տուկ ո­լորտն ու երկ­կող­մա­նի շա­հագրգ­ռո­ւա­ծու­թիւ­նը, ո­րոնք ե­րե­ւան կը հա­նեն պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան բա­նա­կա­նու­թիւ­նը:

Իս­րա­յէ­լի հետ պատ­մա­կան դա­շին­քը թէ ­Ռու­սիոյ հետ տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, ի մի­ջի այ­լոց, ըստ ե­րե­ւոյ­թին ա­ւե­լի ծանր կշիռ ու­նե­նա­լու սկսած են Ան­գա­րա­յի հա­մար քան Էր­տո­ղա­նի տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին հզօ­րու­թիւն դառ­նա­լու ձգտումն ու կրօ­նա-գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան հա­մո­զում­նե­րու թե­լադ­րած ան­զի­ջող եւ յա­ճախ ակ­րե­սիւ (յար­ձա­կա­պաշտ) քայ­լե­րը:
­Բայց պէտք չէ շատ ա­ճա­պա­րել եւ լա­ւա­տես ըլ­լալ եր­բեմ­նի «զե­րօ խնդիր» դի­ւա­նա­գի­տու­թեան ան­մի­ջա­կան վե­րա­դար­ձի հե­ռան­կա­րով: Ե­թէ եր­բեք նման լուրջ տրա­մադ­րո­ւա­ծու­թիւն ե­ղած է ԱՔ­Փի կող­մէ իր իշ­խա­նու­թեան ա­ռա­ջին թե­րեւս վեց տա­րի­նե­րուն, ա­պա եւ կու­սակ­ցու­թեան Էր­տո­ղա­նա­կան թե­քու­մէն ի վեր այն­քան ամ­րագ­րո­ւած է պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան յստակ ուղ­ղո­ւա­ծու­թիւն մը, որ դժո­ւար թէ այն­քան հեշ­տօ­րէն ետ­դարձ կա­տա­րէ:

­Ճիշդ է, որ թրքա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը փաս­տը տո­ւած է ե՛ւ իր խո­րա­ման­կու­թեան, ե՛ւ ա­ռիթ­նե­րէն լա­ւա­պէս օգ­տո­ւե­լու կա­րո­ղու­թեան, ե՛ւ անհ­րա­ժեշտ ճկու­նու­թեան ցու­ցա­բեր­ման: ­Բայց այդ բո­լո­րը կրնան նաեւ բա­րա­ցու­ցա­կան ըլ­լալ էր­տո­ղա­նա­կա­նու­թեան շա­րու­նակ­ման՝ թէ­կուզ եւ այլ մի­ջոց­նե­րով:
«Էր­տո­ղա­նա­կա­նու­թիւն» յղաց­քով պի­տի հասկ­նանք ներ­քին ո­լոր­տին մէջ իշ­խա­նու­թեան կեդ­րո­նա­ցում՝ ընդ­հուպ մին­չեւ սուլ­թան­նե­րու յա­տուկ մե­նա­տի­րու­թեան սահ­մա­նադ­րա­կան մե­քե­նա­կա­նու­թիւն­նե­րու ամ­րագ­րում, իսկ ար­տա­քին/տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին բե­մա­հարթ­կին վրայ՝ նէօ(նոր)-օս­մա­նա­կա­նու­թիւն:
­Ներ­քին եւ ար­տա­քին ո­լորտ­նե­րը ի­րար­մէ տա­րան­ջատ չեն: Ա­նոնց բա­ցա­յայտ կա­պը ­Սիւն­նի իս­լա­մի կրօ­նա­գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան ինք­նու­թիւնն է:

Ընդ ո­րում՝ ներ­քին ո­լոր­տի մէջ, Էր­տո­ղա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ ԱՔՓն կը ձգտի ոչ միայն քե­մա­լա­կան աշ­խար­հա­կան հա­սա­րա­կար­գին կրօն­քի վրայ դրած կաշ­կան­դում­նե­րը վերց­նե­լու, այ­լեւ՝ հաս­տա­տե­լու կրօ­նա­կան, ի­մա՛՝ Իս­լա­մի, ար­ժե­չա­փե­րու գե­րա­կա­յու­թիւ­նը: Ինչ կը վե­րա­բե­րի տա­րա­ծաշր­ջա­նին, ա­պա հոն ոչ միայն թրքա­կան գոր­ծօ­նը բա­նա­լի դե­րա­կա­տա­րի վե­րա­ծե­լու նպա­տակ դրո­ւած է, այ­լեւ՝ ­Սիւն­նի կար­գի մը հաս­տա­տու­մը, ան­մի­ջա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ ա­ռա­ջին հեր­թին ­Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ եւ, ա­պա, ա­ռա­ւել կամ նո­ւազ տա­րո­ղու­թեամբ, ­Ծո­ցի միւս եր­կիր­նե­րուն եւ ­Յոր­դա­նա­նի:
Որ­քան ալ որ նման հե­ռան­կար սադ­րան­քա­յին թո­ւի եւ, նէօ-օս­մա­նա­կա­նու­թեան նման, տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ­Սիւն­նի կար­գը ընդ­հան­րա­կան հաս­կա­ցու­թիւն մը ըլ­լայ հա­ւա­քա­կան ինք­նու­թեան եւ քա­ղա­քա­կան դա­շինք­նե­րու ի­մաս­տով ա­ւե­լի քան օ­րի­նա­կա­նա­ցած կա­ռոյց, ո՛չ այդ հե­ռան­կա­րին ազ­դան­շան­նե­րը, ո՛չ ալ նշեալ եր­կի­նե­րու շա­հե­րու հա­մընկ­ման փաս­տե­րը կը պակ­սին:

Ար­դա­րեւ, ԱՔ­Փի իշ­խա­նու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն, երբ կու­սակ­ցու­թիւ­նը կը ներ­կա­յա­նար որ­պէս ­Թուր­քիոյ ժո­ղովր­դա­վա­րաց­ման յա­ռա­ջա­պահ՝ ընդ­դէմ ա­մէ­նէն ա­ւե­լի զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րով ինք­զինք ներ­կա­յաց­նող քե­մա­լա­կա­նու­թեան եւ որ­պէս այդ­պի­սին կը յա­ջո­ղէր հիմ­նա­կան ա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րել Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան լիի­րաւ ան­դա­մակ­ցու­թեան հո­լո­վոյ­թին մէջ, Էր­տո­ղան ար­դէն ծա­նօթ եւ ժո­ղովրդա­կան քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն էր:

­Սա­կայն իր աստ­ղը մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թա­կին վրայ փայ­լե­լու սկսաւ 2009 ­Յու­նո­ւա­րին ­Տա­վո­սի մէջ, ուր ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Տն­տե­սա­կան ­Ֆօ­րու­մի ծրագ­րո­ւած մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու շար­քին՝ Էր­տո­ղան եւ Իս­րա­յէ­լի նա­խա­գահ ­Շի­մոն ­Փե­րէս միա­սին պի­տի ըլ­լա­յին հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյ­թի մը ըն­թաց­քին, զոր պի­տի հա­մա­կար­գէր «Ո­ւա­շինկ­թըն ­Փոսթ»ի լրագ­րող ­Տէյ­վիտ Իկ­նա­տիոս: ­Մի­ջո­ցա­ռու­մը տե­ւեց հա­զիւ մէկ վայր­կեան, ո­րով­հե­տեւ ա­նոր սկիզ­բին իսկ Էր­տո­ղան իր խօ­սա­կի­ցը ամ­բաս­տա­նեց ­Կա­զա­յի ժո­ղո­վուր­դի թշո­ւա­ռու­թեան հա­մար եւ, ակ­նար­կե­լով հա­մա­կար­գո­ղի հայ­կա­կան ծա­գու­մին՝ զայն կողմ­նա­կալ նկա­տեց: Ա­պա՝ բար­կա­ցած բե­մէն հե­ռա­ցաւ: ­Կա­րե­լի է ը­սել, որ այդ պա­հը թա­տե­րա­կա­նա­ցած ծնունդն էր, այ­լեւ հրա­պա­րա­կա­յին ներ­կա­յա­ցու­մը Էր­տո­ղա­նա­կա­նու­թեան:

­Յա­ջորդ եր­կու տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, մինչ իր­մէ ա­ռաջ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ ճնշո­ւած ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, ի­մա՛՝ պա­ղես­տին­ցի­ներ եւ իս­լամ­ներ, դա­տի պաշտ­պա­նու­թեան ինք­նա­կոչ պա­հա­պան դար­ձած Ի­րա­նի Ահ­մա­տի­նե­ժա­տի աստ­ղը մա­րե­լու կը սկսէր, Էր­տո­ղան կը վե­րա­ծո­ւէր հե­րո­սի:
­Կա­զա­յի մէջ նո­րա­ծին­նե­րը իր ա­նու­նով կո­չե­լու ի­րո­ղու­թե­նէն մին­չեւ ­Պէյ­րու­թի նոյ­նիսկ հա­րա­ւա­յին ա­րո­ւար­ձան­նե­րուն մէջ թրքա­կան դրօ­շակ­նե­րու պար­զու­մը, ե­թէ մէկ կող­մէ ցոյց կու տա­յին հե­րո­սի եւ փրկա­րա­րի սպա­սող հա­սա­րա­կա­կան ախ­տա­գին բար­դոյթ մը, միւս կող­մէ թրքա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան առ­ջեւ դռնե­րը լայն կը բա­նա­յին:

2010 ­Մա­յի­սին ­Կա­զա­յի ժո­ղո­վուր­դին մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն տա­նող թրքա­կան մէկ նա­ւին անձ­նա­կազ­մի բա­խու­մը իս­րա­յէ­լեան զի­նո­ւոր­նե­րուն հետ ա՛լ ա­ւե­լի ամ­րապն­դեց Էր­տո­ղա­նի տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին հմայ­քը: Շ­նոր­հիւ իր տնտե­սա­կան ան­նա­խըն­թաց ա­ճին, ­Թուր­քիոյ առ­ջեւ բա­ցո­ւե­լու սկսան շու­կա­նե­րը: Սկ­սե­լով ­Սու­րիա­յէն, ո­րուն ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ար­թուն չե­ղաւ տես­նե­լու հա­մար դրա­մա­հոս­քին քա­ղա­քա­կան պայ­մա­նա­ւո­րում­նե­րը եւ «զե­րօ խնդիր» դի­ւա­նա­գի­տու­թեան թա­կար­դը, ո­րուն մէջ ին­կաւ Ա­սա­տի վար­չա­կար­գը՝ հրա­ժա­րե­լով իր պատ­մա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թե­նէն:
Այդ բո­լո­րով հան­դերձ, թե­րեւս ո­չինչ այն­քան խօ­սուն է ­Թուր­քիոյ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ­Սիւն­նի կար­գի մը մա­սին, որ­քան Էր­տո­ղա­նի ե­լոյ­թը Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւն­նե­րու ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան վեր­ջին գա­գա­թա­ժո­ղո­վին, ուր ա­ռա­ջար­կեց Ա­րա­բա­կան ­Լի­կան վե­րա­նո­ւա­նել Իս­լա­մա­կան ­Լի­կա…

Ինչ կը վե­րա­բե­րի ­Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ թէ այլ եր­կիր­նե­րու շա­հագրգ­ռու­թեան՝ նման կար­գի մը հաս­տատ­ման նկատ­մամբ, ա­նոր խոր­քա­յին պատ­ճաոը պարզ եւ մե­կին է. Ի­րա­նի եւ ­Շիա­կա­նու­թեան ըն­կա­լո­ւած տա­րա­ծու­մին առ­նուազն զսպում եւ այն շա­րու­նա­կա­կան ճնշու­մի տակ պա­հե­լու մտա­հա­լա­ծանք:
Այս ի­մաս­տով՝ ա­ռա­ջին հրա­պա­րա­կա­յին զգու­շա­ցու­մը ­Յոր­դա­նա­նի թա­գա­ւո­րէն ե­կաւ ­Դեկ­տեմ­բեր 2005ին, երբ ­Պու­շի վար­չա­կար­գը կը պատ­րաս­տո­ւէր ­Յու­նո­ւա­րին Ի­րա­քի մէջ իր կազ­մա­կեր­պած ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան մեծ խնճոյ­քին:

Ապ­տալ­լահ Բ. ի­րաք­ցի­նե­րու քո­ւէն ճիշդ կեր­պով հասկ­ցաւ, որ­պէս յա­րա­նո­ւա­նա­կան քո­ւէ, ո­րուն զոհ պի­տի եր­թար երկ­րի մէջ պատ­մա­կա­նօ­րէն տի­րա­պե­տած ­Սիւն­նի փոք­րա­մաս­նու­թիւ­նը: ­Թա­գա­ւո­րը իր մտա­հո­գու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տեց զգու­շաց­նե­լով Ի­րա­նէն մին­չեւ ­Լի­բա­նան «­Շիաա­կան կի­սա­լու­սին»ին մա­սին, որ ­Սիւն­նիա­կան աշ­խար­հը եր­կու­քի կը բաժ­նէ:

Ո՛չ ալ-­Քաի’­տա, ո՛չ ՏԱՀԵՇ եւ հա­ւա­նա­բար ո՛չ մէկ ճի­հա­տա­կան խմբա­ւո­րում ֆրան­քըշ­թայն մըն է, զոր պե­տու­թիւն­նե­րը կը ստեղ­ծեն: Ար­դիւնք են անց­նող եր­կու հա­րիւր տա­րի­նե­րուն ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ըն­կե­րա­յին եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րու: Ե­րե­ւոյթ­ներ են, ո­րոնց ծա­գումն ու զար­գա­ցու­մը սխալ է տե­ղադ­րել բա­ցա­ռա­բար միջ-պե­տա­կան մրցակ­ցու­թեան ո­լոր­տին մէջ: ­Բայց աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ի­մաս­տով դժուար չէ տես­նել, թէ Ի­րա­քի եւ ­Սու­րիոյ մէջ ճի­հա­տա­կան յա­ռա­ջըն­թա­ցը ընդ­հուպ մին­չեւ ­Մո­սու­լի մէջ ­Խա­լի­ֆա­յու­թեան ստեղ­ծու­մը նախ եւ ա­ռաջ «­Շիաա­կան կի­սա­լու­սին»ի ամ­րա­կայ­ման ա­մե­նա­մեծ խո­չըն­դոտն է:

­Հե­տե­ւա­բար հասկ­նա­լի է, ի մի­ջի այ­լոց նաեւ, Էր­տո­ղա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան շա­հագրգ­ռու­թիւ­նը՝ դիւ­րաց­նե­լու ա­նոնց գո­յակ­ռի­ւը եւ, ի հար­կին, զէն­քի ու կռո­ւող­նե­րու հոս­քը ա­պա­հո­վե­լու: Այն թա­քուն են­թադ­րու­թեամբ, որ կա­րե­լի է ա­նոնց վրայ ինչ որ չա­փի վե­րահսկո­ղու­թիւն բա­նեց­նել: Այն­պէս՝ ինչ­պէս կար­ծած էր ­Ռե­կը­նի վար­չա­կար­գը, երբ աֆ­ղան մու­ճա­հի­տուն­նե­րուն ար­դիա­կան զէն­քեր կը տրա­մադ­րէր եւ զօ­րա­վիգ կը կանգ­նէր ա­նոնց դի­մադ­րու­թեան խորհր­դա­յին գրա­ւու­մին դէմ…

­Պոլ­սոյ օ­դա­կա­յա­նին ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ե­կաւ ցոյց տա­լու, թէ որ­քա՛ն միա­միտ էր այն են­թադ­րու­թիւ­նը, թէ կա­րե­լի է ճի­հա­տա­կա­նու­թիւ­նը վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ առ­նել: ­Թուր­քիա, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, հա­սած է այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ­Սիւն­նի կար­գի հաս­տա­տագր­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ է ՏԱՀԵ­Շէն ձեր­բա­զա­տո­ւիլ: Ե­թէ նման հե­ռան­կար ի­րա­կա­նու­թիւն դառ­նայ, կը մնան ան­շուշտ ճի­հա­տա­կան մնա­ցեալ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը: ­Բայց ե­րե­ւի ա­նոնց հա­սո­ղու­թիւ­նը այս­պէս կո­չո­ւած «իս­լա­մա­կան փո­ղոց­նե­րուն» յա­րա­բե­րա­բար նո­ւազ է, բաղ­դա­տած ­Խա­լի­ֆա­յու­թեան վա­յե­լած հմայ­քին:

Ա­ռանց ՏԱՀԵ­Շի՝ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ­Սիւն­նի կարգ մը, ե­թէ հա­մո­զէ մի­ջազ­գա­յին դե­րա­կա­տար­նե­րը, կրնայ նոյ­նիսկ ող­ջու­նե­լի ըլ­լալ ու­ժա­յին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան մը, եւ հե­տե­ւա­բար՝ ո­րոշ կա­յու­նու­թիւն հաս­տա­տե­լու հա­մար հա­կա­մարտ կող­մին՝ Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ իր դաշ­նա­կից­նե­րուն հետ:
­Քա­ղա­քա­կան «կոր­րեկ­տու­թիւն» (նա­խան­ձախնդ­րու­թիւն) չէ ան­շուշտ խօ­սիլ ներ-իս­լա­մա­կան քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մին մա­սին, սա­կայն ի­րո­ղու­թիւն է, որ տա­րա­ծաշր­ջա­նին աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան տե­ղա­շար­ժին են­թա­խոր­քին հաս­տա­տագ­րո­ւած է ­Սիւն­նի-­Շիա պատ­մա­կան պա­ռակ­տու­մը: ­Տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ­Սիւն­նի կար­գը նէօ-խա­լի­ֆա­յու­թիւն չէ, ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ կը բա­ցա­ռէ ճի­հա­տա­կան շար­ժու­մի այդ ու­թո­փիան (ցնոր­քը) եւ կը հաս­տա­տագ­րէ հո­ղա­տա­րա­ծա­յին պե­տու­թիւն­նե­րու ա­ռաջ­նա­հեր­թա­յին դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը:
­Սա­կայն ու­ժե­րու նմա­նա­տիպ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան հե­ռան­կարն իսկ կրօ­նա­կան գոր­ծօ­նը լռե­լեայն կը վե­րա­ծէ քա­ղա­քա­կան ազ­դա­կի:

Ա­ռանց դե­ռեւս անդ­րա­դառ­նա­լու, թէ ­Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի մէջ ու­ժե­րու նման հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան մը աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան բա­ժա­նու­մի սահ­ման­նե­րը ինչ­պէ՛ս պի­տի գծո­ւին, կա­րե­լի է ար­դէն կան­խա­տե­սել, թէ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեա­նե­րը, ո­րոնք տա­րա­ծաշրջա­նի ա­մե­նա­խո­ցե­լի տարրն են եւ որ­պէս այդ­պի­սին՝ ցարդ բո­լոր տագ­նապ­նե­րուն ա­ռաջ­նա­յին զո­հե­րը, ա՛լ ա­ւե­լի անն­պաստ դիր­քե­րու վրայ պի­տի գտնո­ւին:
Ե­թէ չյա­ջո­ղին ի­րենց ձայ­նը միաս­նա­կա­նօ­րէն աշ­խար­հին լսե­լի դարձ­նե­լու նպա­տա­կով անց­նող եր­կու տա­րի­նե­րուն սկսած տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին զօ­րա­շար­ժին նոր թափ եւ ըն­թացք տալ:

Խ. ՏԷՐ-ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ