Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­altՀա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեան ա­ռի­թով Ֆ­րան­չիս­կոս ­Պա­պի կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով, թէ՛ հայ­կա­կան եւ թէ՛ մի­ջազ­գա­յին պե­տա­կան, հա­սա­րա­կա­կան եւ լրա­տո­ւա­կան լու­սար­ձակ­նե­րը կեդ­րո­նա­ցու­ցին ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բնո­րո­շու­մին վրայ:

Այս­տեղ ան­շուշտ կար հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թիւն պա­հե­լու սկզբուն­քայ­նու­թիւն, ­Վա­տի­կա­նի մէջ կա­տա­րո­ւած յայ­տա­րա­րու­թեան շա­րու­նա­կու­թեան տրա­մա­բա­նու­թիւն, բա­րո­յա­կան չա­փա­նիշ­նե­րու յար­գում, ար­դա­րու­թիւն եւ խա­ղա­ղու­թեան ուղ­ղու­թեամբ հո­գե­ւոր պե­տէ մը ակն­կա­լո­ւած հա­մա­պա­տաս­խան հռե­տո­րա­բա­նու­թիւն:

­Բա­րո­յա­կան այս չա­փա­նիշ­նե­րուն կ­՚ըն­կե­րակ­ցէին, ան­շուշտ, ­Պա­պի պա­հո­ւած­քը, զսպո­ւա­ծու­թիւ­նը, ժուժ­կա­լու­թիւ­նը, հա­մես­տու­թեան օ­րի­նակ հան­դի­սա­նա­լու դրսե­ւո­րում­նե­րը, եւ այս բո­լո­րով ու­շագ­րաւ եւ ժո­ղովր­դա­յին խա­ւե­րու կող­մէ ըն­կա­լե­լի դառ­նա­լու փաս­տե­րը:

Այս բո­լո­րը ան­շուշտ յատ­կան­շե­ցին Ֆ­րան­չիս­կոս ­Պա­պի այ­ցե­լու­թիւ­նը մեր եր­կիր: ­Պէտք չէ մոռ­նանք սա­կայն, որ ­Պա­պի յատ­կա­պէս գրա­ւոր ե­լոյթ­նե­րը, ինչ­պէս ո­րե­ւէ պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի կող­մէ ար­տա­սա­նե­լի յայ­տա­րա­րու­թիւն կամ ճառ, կ­՚ար­տա­ցո­լաց­նեն ո­րոշ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն, կը քննար­կո­ւին, կը նա­խա­պատ­րաս­տո­ւին եւ կը մշա­կո­ւին սկզբուն­քով ար­հես­տա­վարժ խում­բի մը կող­մէ, որ նկա­տի կ­՚ու­նե­նայ աշ­խար­հագ­րա­կան մի­ջա­վայ­րը, լսա­րա­նը եւ տեղ­ւոյն ժո­ղո­վուր­դի իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րը:

­Պա­պի գրա­ւոր ե­լոյթ­նե­րը այդ նա­խադ­րեալ­նե­րը նե­րա­ռած կը թո­ւէին ըլ­լալ: Եւ ո­րով­հե­տեւ ­Վա­տի­կա­նը եւս պե­տու­թիւն է եւ պե­տու­թիւ­նը ու­նի իր քա­ղա­քա­կան վար­քա­գիծն ու ա­նոր հա­մա­պա­տաս­խան հնչե­ղու­թիւն պար­փա­կող յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, փոր­ձենք ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թե­մա­յէն ան­կախ կեդ­րո­նա­նալ այլ քա­ղա­քա­կան վար­քա­գի­ծի մը վրայ, որ ինք­զինք դրսե­ւո­րեց նախ­քան այս պատ­մա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը:

Ընտ­րո­ւած թե­ման` «Այց ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեայ եր­կիր», ինք­նին շատ ու­ղեն­շա­յին խորք ու բո­վան­դա­կու­թիւն ու­նի ան­շուշտ: ­Բայց մինչ այդ չմոռ­նանք, որ ­Պա­պը դար­ձեալ գրա­ւոր դի­մած էր իր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին` խնդրե­լով ա­ղօ­թել ի­րեն հա­մար, որ կը պատ­րաս­տո­ւի մեկ­նե­լու Ա­րե­ւելք: Այս ամ­փոփ հաս­տա­տու­մը նախ են­թադ­րել կու տայ, որ Ա­րե­ւել­քը ճգնա­ժա­մա­յին աշ­խար­հագ­րա­կան մի­ջա­վայր է, ուր մեկ­նե­լու հա­մար ­Պա­պը կը խնդրէ իր ժո­ղո­վուր­դէն յա­տուկ ա­ղօ­թել դժո­ւար ա­ռա­քե­լու­թիւն մը յա­ջողց­նե­լու հա­մար:

Ա­րե­ւել­քի ճգնա­ժա­մը լու­սար­ձա­կի տակ բե­րե­լը ­Պա­պին կող­մէ ան­մի­ջա­պէս յի­շեց­նել կու տայ մե­զի ­Վա­տի­կա­նի մէջ ան­ցեալ տա­րի ար­տա­սա­նո­ւած պատ­մա­կան ճա­ռի ըն­թաց­քին 21րդ ­դա­րուն ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեայ ազ­գաբնակ­չու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ կա­տա­րո­ւող ցե­ղա­յին զտում­նե­րուն եւ 20րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջեւ հա­մե­մա­տու­թիւ­նը: Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեա­նե­րու վտան­գո­ւած ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քի շեշ­տու­մը ­Պա­պին կող­մէ տրա­մա­բա­նա­կան շա­րու­նա­կու­թիւնն է ­Վա­տի­կա­նի մէջ ընդգ­ծո­ւած հա­մե­մա­տու­թեան:

Ֆ­րան­չիս­կոս ­Պա­պը իր այս ու­ղե­ւո­րու­թեան տո­ւած էր ուխ­տագ­նա­ցու­թեան բնոյթ` «Այց ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեայ եր­կիր», ո­րուն հա­մար ան տո­ւաւ նաեւ կա­րե­ւոր այլ բնո­րո­շում. «Ք­րիս­տո­նեայ միջ­նա­բերդ». միջ­նա­բեր­դը պաշտ­պա­նո­ւա­ծու­թիւն կ­՚են­թադ­րէ. ­Հա­յաս­տա­նը ու­րեմն ոչ-քրիս­տո­նեայ եր­կիր­նե­րու մէջ միջ­նա­բեր­դի բնոյթ ու­նի, որ կը պաշտ­պա­նէ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը տա­րա­ծաշրջա­նին մէջ: Ոչ-քրիս­տո­նեայ հա­րե­ւան­նե­րով շրջա­պա­տո­ւած ըլ­լա­լու փաս­տը կամ միջ­նա­բեր­դի բնու­թագ­րու­մը կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ պե­տին կող­մէ տիե­զե­րա­կան քրիս­տո­նէու­թեան ու­շադ­րու­թեան յանձ­նե­լու մի­տում ու­նի ան­պայ­ման: Եւ խոր­քին մէջ անձ­նա­կան ուխ­տա­ւո­րու­թեամբ եւ անձ­նա­կան զօ­րակ­ցու­թեամբ քրիս­տո­նեայ աշ­խար­հին բարձ­րա­գոյն դիր­քե­րէ կա­տա­րո­ւած կոչ է՝ մեր երկ­րին վե­րա­բե­րե­լու հա­մար հա­մար­ժէք պա­հո­ւած­քով:

Ա­րե­ւել­քի միջ­նա­բերդ ըլ­լա­լու այս տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կո­ւի. եւ պա­տա­հա­կան չէ, որ շատ խորհրդան­շա­կա­նօ­րէն ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի իւ­րա­քան­չիւր երկ­րի հա­մար յա­տուկ ա­ղօ­թեց Ֆ­րան­չիս­կոս ­Պա­պը եր­կիր առ եր­կիր` օրհ­նե­լով նաեւ մի­ջին-ա­րե­ւե­լեան իւ­րա­քան­չիւր երկ­րէ ի­րենց ներ­կա­յա­ցած հո­ղը: ­Պա­պը հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն շեշ­տեց նաեւ մէկ հան­գա­մանք եւս, որ նախ­կին ժա­մա­նակ­նե­րու փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րէն մեկ­նե­լով կա­թո­ղի­կէ հո­վո­ւա­պե­տը ցան­կա­ցաւ կան­խել հնա­րա­ւոր մտա­վա­խու­թիւն­նե­րը` ­Յու­նի­սի 26ի էջ­միած­նա­կան ­Պա­տա­րա­գին ժա­մա­նակ ան մաղ­թեց, որ «հայ ե­կե­ղե­ցին խա­ղա­ղու­թեամբ ըն­թա­նայ եւ մեր մի­ջեւ խա­ղա­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեալ ըլ­լայ: ­Բո­լո­րին մէջ ծնի միու­թեան հզօր ցան­կու­թիւն, այն­պի­սի միու­թեան, որ պէտք չէ ըլ­լայ ո՛չ են­թար­կու­թիւն մէ­կը միւ­սին, ո՛չ կլա­նում, այլ ա­ռա­ւել ըն­կա­լում բո­լոր շնորհ­նե­րուն, որ Աս­տո­ւած տո­ւած է իւ­րա­քան­չիւ­րին»:

­Տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղե­ցիի նման վե­րա­բեր­մուն­քի պատ­ճառ­նե­րուն շար­քին է այն հան­գա­ման­քը, որ ա­պաք­րիս­տո­նէա­ցող ա­րե­ւել­քին մէջ ­Հա­յաս­տա­նը հա­ւատ­քի միակ ան­կեղծ ու յու­սա­լի պա­տո­ւարն է, հա­յոց ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցին կը ձգտի քրիս­տո­նեայ յա­րա­նո­ւա­նու­թիւն­նե­րուն հետ միաս­նա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան եւ այս միաս­նու­թեան մէջ եւս կը դրսե­ւո­րո­ւի ա­նոր ան­կեղծ ջան­քը. հայ ժո­ղո­վուրդն ու ե­կե­ղե­ցին նաեւ կու­տա­կած են տաս­նա­մեակ­նե­րու ու դա­րե­րու փոր­ձա­ռու­թիւն՝ այլ կրօն­նե­րու այ­լա­դա­ւան ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հետ բա­րի հա­մա­կե­ցու­թեան եւ գոր­ծակ­ցու­թեան, եւ այդ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը այ­սօր շատ օգ­տա­կար է քրիս­տո­նեա­նե­րուն հա­մար:

­Հա­մա­տեղ Հռ­չա­կա­գի­րին մէջ ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցին ան­գամ մը եւս շեշ­տու­մը կը վկա­յէ, որ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցին չի խոր­շիր հնա­րա­ւոր քա­ղա­քա­կան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րէն, հայ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ պատ­րաստ է ար­տա­յայ­տե­լու վճռա­կան սա­տա­րում եւ, ի վեր­ջոյ, բազ­միցս ար­տա­յայ­տո­ւած մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ճա­կա­տա­գի­րով հայ ա­ռա­քե­լա­կան եւ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը կը դարձ­նէ բնա­կան դաշ­նա­կից­ներ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ու հա­մաշ­խար­հա­յին քա­ղա­քա­կան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն յան­դի­ման:

­Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցին նոր չէ, որ կ­՚անդ­րա­դառ­նայ, թէ ­Հա­յաս­տա­նը ա­ռա­ջին եր­կիրն է, որ պե­տա­կա­նօ­րէն ըն­դու­նած է քրիս­տո­նէու­թիւ­նը: ­Հի­մա պահն է, որ միջ-դա­ւա­նա­կան վէ­ճե­րը երկ­րոր­դա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­նան. քրիս­տո­նէու­թեան վտան­գո­ւած ըլ­լա­լը, յատ­կա­պէս ա­րե­ւե­լեան տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ քա­ղա­քա­կան ա­ռու­մով շար­ժիչ գոր­ծօ­նի հան­գա­մանք կը ստա­նայ: ­Հի­մա պահն է միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան մա­կար­դա­կի վրայ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թեան սլաք­նե­րը հա­մադ­րե­լու:

­Յայտ­նա­պէս այս ա­ռաջ­նա­յին օ­րա­կար­գին հա­մար ­Վա­տի­կա­նը ­Հա­յաս­տա­նին կը վե­րագ­րէ շատ կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն: Եւ կը յի­շէ ու կը յի­շեց­նէ, որ մեր եր­կի­րը ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեայ եր­կիրն է եւ քրիս­տո­նէու­թեան միջ­նա­բեր­դը: ­Նաեւ դէ­պի Եւ­րո­պա բա­ցո­ւող պա­տու­հանն է, աս­տո­ւա­ծաշն­չա­կան Ա­րա­րա­տի եւ ­Նո­յեան ­Տա­պա­նի հանգ­րո­ւա­նած եր­կի­րը: ­Մեր երկ­րի ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կար­գա­վի­ճակ­նե­րը դա­րա­ւոր ի­րա­կա­նու­թիւն­ներ են: Այ­սօր ­Վա­տի­կա­նը կ­՚ընդգ­ծէ այս ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը: Ե­րե­ւա­նը ի­րեն տրո­ւող այս կար­գա­վի­ճա­կի օ­րի­նա­կա­նա­ցու­մը ­Վա­տի­կա­նի կող­մէ լիար­ժէք օգ­տա­գոր­ծե­լու հրա­մա­յա­կա­նին առ­ջեւ է:

«ԱԶԴԱԿ»