Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­altԹուր­քիոյ սուլ­թա­նա­մէտ նա­խա­գա­հը չափ ու սահ­մանն իսկ կորսն­ցու­ցած է այն­քան, որ այ­լեւս Ա­րեւմ­տեան Աշ­խար­հի իր ա­մե­նա­մօ­տիկ դաշ­նա­կից­ներն ան­գամ զզո­ւած են իր ե­սա­կեդ­րոն ըն­թաց­քէն եւ կի­րար­կած ծա­ւա­լո­ղա­պաշտ քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն:

Ինք­զինք ոչ թէ միայն ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ, այ­լեւ ամ­բողջ իս­լա­մա­կան աշ­խար­հի մար­գա­րէ նկա­տե­լով՝ ան ո­րո­շած է մի­ջա­մուխ ըլ­լալ եւ ներ­կայ գտնո­ւիլ ա­մէն տե­սա­կի հա­ւաք­նե­րու, ժո­ղով­նե­րու եւ ձեռ­նարկ­նե­րու:

Այս ծի­րէն ներս, ան ժա­մա­նած էր ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ եւ պատ­ճա­ռը՝ Մ.Ա.Կ.ի հետ առն­չո­ւող գի­տա­ժո­ղով մը չէր, ո՛չ ալ Ո­ւա­շընկ­թը­նի մէջ քա­ղա­քա­կան բնոյթ ու­նե­ցող հան­դի­պում մը:
­Յու­նիս 10ին, ­Ռե­ճէպ ­Թա­յիպ Էր­տո­ղան ժա­մա­նած էր ­Քեն­թա­քի նա­հան­գը, որ հռչա­կա­ւոր է նժոյգ ձիե­րով եւ... ձիար­շաւ­նե­րով: Այս բնա­գա­ւա­ռէն բո­լո­րո­վին հե­ռու եւ տար­բեր պատ­ճառ­նե­րով՝ «­Սուլ­թան» Էր­տո­ղա­նի ժա­մադ­րա­վայրն էր տեղ­ւոյն ­Լո­ւի­վիլ քա­ղա­քը:

Ան ո­րո­շած էր մաս­նակ­ցիլ հան­րա­ծա­նօթ կռփա­մար­տիկ՝ ­Մո­հա­մէտ Ա­լի Ք­լէ­յի թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան, սա­կայն ո՛չ իբ­րեւ պարզ սգա­կիր մը, ո՛չ ալ իբ­րեւ ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ, այլ իբ­րեւ իս­լա­մա­կան աշ­խար­հի մար­գա­րէա­կան պա­տո­ւի­րակ: Ա­նոր մար­մաջն էր, թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան առ­թիւ, խօսք առ­նող պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն մէ­կը ըլ­լալ: ­Մե­ծա­միտ Էր­տո­ղան նոյ­նիսկ իր հետ բե­րած էր ­Մեք­քէի սրբա­վայ­րէն բուռ մը հող եւ ­Քո­րա­նի պար­բե­րու­թիւն­ներ կրող կեր­պա­սի կտոր մը:

Ան ե­րազ­ներ ու­նէր եւ կը կար­ծէր, թէ իր կրօ­նա­կան ա­ղա­ւա­ղո­ւած հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը նոյն ձե­ւով կը կի­րար­կո­ւէր …հե­ռա­ւոր ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու կեդ­րո­նա­կան շրջա­նէն ներս:
­Ցա­ւօք սրտի՝ «­Սուլ­թան» Էր­տո­ղան քա­ջա­տե­ղեակ չէր, թէ հոն՝ ­Լո­ւի­վի­լի մէջ կրօն­քի հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին տար­բեր է եւ յատ­կա­պէս Ք­լէ­յի նման հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հա­մար կրօ­նը բո­լո­րո­վին այլ ի­մաստ ու բնոյթ ու­նի:

Ա­ւե­լի՛ն, ան կը կար­ծէր, թէ իր ներ­կա­յու­թեամբ ա­մէ­նու­րեք «կար­միր գորգ» պի­տի բա­ցո­ւէր եւ այս­պէս, մե­ծա­մո­լու­թեամբ, իր վրայ պի­տի կեդ­րո­նաց­նէր բո­լո­րին ու­շադ­րու­թիւ­նը:
Այդ­պէս չե­ղաւ…:
Ար­դա­րեւ, աշ­խար­հի թիւ մէկ կռփա­մար­տի­կի թաղ­ման կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բը լա­ւա­պէս տե­ղեակ էր, թէ Էր­տո­ղան այլ հա­շիւ­ներ ու­նէր եւ կրօն­քը պի­տի գոր­ծա­ծէր իբ­րեւ քա­ղա­քա­կան զէն­քի: ­Նոյ­նիսկ Ք­լէ­յի ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­ներն ալ գի­տէին, թէ Ան­գա­րա­յէն ժա­մա­նած այդ պե­խա­ւոր մար­դու միտ­քին ե­տին կա­յին մութ եւ նեն­գա­միտ գա­ղա­փար­ներ:

­Դեռ ա­ւե­լի՛ն. քիչ մնաց, որ Էր­տո­ղա­նի թիկ­նա­պահ­ներն ալ կռփա­մար­տի եւ ըմբ­շա­մար­տի մրցում­նե­րու դի­մէին, սպա­սո­ւա­ծին նման յար­գո­ւած չըլ­լալ­նուն պատ­ճա­ռով:
Եւ այս­պէս, ­Սուլ­թա­նը՝ տես­նե­լով, թէ ան­ծա­նօթ ­Լո­ւի­վի­լի մէջ նոյն­քան ան­ծա­նօթ մըն ալ ինքն է, ո­րո­շեց գլխի­կոր հե­ռա­նալ եւ վե­րա­դառ­նալ Ան­գա­րա:

­Լո­ւի­վի­լի մէջ, Էր­տո­ղան միայն ան­ծա­նօթ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը չէր, այ­լեւ ա­նըն­դու­նե­լի, ան­բաղ­ձա­լի տի­պար մը՝ «փեր­սո­նա նոն կրա­թա» մը:
­Յար­գե­լով հան­դերձ ա­մէն ար­հեստ եւ ար­հես­տա­ւոր՝ ա­րե­ւե­լեան հին ա­սա­ցո­ւած­քը կ­՛ը­սէ.- «­Կօշ­կա­կար՝ կօ­շի­կէդ վեր մի՛ ել­լեր»:
…Ան­գամ մը եւս Էր­տո­ղան յանդգ­նած էր այդ մէ­կը կա­տա­րե­լու եւ ռին­կե­րէն հե­ռու, են­թար­կո­ւած էր բո­լո­րո­վին տար­բեր տե­սա­կի «նաք աութ»ի մը:

Խմ­բագ­րա­կան «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»ի