Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altԶրոյցի մը ընթացքին խօսքը կեդրոնացած էր սփիւռքի տեւելիութեան խնդրին վրայ եւ իբրեւ փաստ բերուեցաւ պարսկահայ գաղթօճախը, որ հարիւրաւոր տարիներ տոկացած է եւ ինքզինք ամրացուցած՝ կազմակերպական կառոյցներով: Պարսկահայ զրուցակից մը շեշտը դրաւ

հայ եւ պարսիկ ժողովուրդներու կրօնական տարբերութեան վրայ եւ այդ իրողութիւնը բացատրեց՝ մէկը միւսէն տարբերուած ըլլալու փաստարկներով: Կը նշանակէ, որ պարսկահայութիւնը կառչած է այդ տարբերութեան ու տոկացած:
Ահաւասիկ հայկական սփիւռքին տեւելու բանալին. տարբերուիլ շրջապատէն:
Թրքական տիրապետութեան երկար ժամանակաշրջանին դիմացանք-տոկացինք, շնորհիւ երկու ժողովուրդներու տարբերութեանց, որոնց վրայ կ’աւելնար նաեւ այն, որ տիրապետողը (թուրքը) կը պարտադրէր հայուն տարբերուիլ իրմէ նոյնիսկ հագուստ-կապուստով, ինչը օգնեց մեզի որ չձուլուինք (կամ քիչ ձուլուինք) թրքութեան մէջ:
Իրականին մէջ, «սփիւռքեան մտորումներ»ու նախորդ երկու յօդուածներն ալ շեշտը այլապէս կը դնէին շրջապատէն տարբերուելու պայմանին վրայ՝ սփիւռքի մէջ կարենալ տոկալու եւ իբրեւ հայու ազգային մեր պարտաւորութիւններուն ընդառաջելու համար:
Տարբերուիլ՝ լեզուով, որքան որ հնարաւոր է.
Տարբերուիլ՝ ցեղասպանուած ըլլալու ողբերգութեամբ, միաժամանակ՝ հերոսական մեր պատմութեան հպարտութեամբ.
Տարբերուիլ՝ հայրենահանուած ըլլալու իրողութեամբ եւ կորուսեալ հայրենիքին տէր դառնալու իրաւունքի գիտակցութեամբ.
Տարբերուիլ՝ ներկայ Հայաստանին ու անոր ամբողջացման նպատակին կառչածութեամբ.
Եւ վերջապէս տարբերուիլ՝ եկեղեցիով, ծէսերով ու աւանդութիւններով եւ հնարաւոր այլ միջոցներով:
Կասկած չկայ, որ տարբերուելու ազդակները որքան շատ են, այնքան աւելի ամուր է սերունդին տոկունութիւնը:
Սակայն ուշադրութիւն. տարբերուիլ չի նշանակեր գերակայութեան բարդոյթ փայփայել, ոչ ալ... կեթթոյանալ կը նշանակէ, ինչ որ սեփական պատեանին մէջ կծկուիլ է ու մնալ անհաղորդ՝ շրջապատին:
Թո՛ղ որ պայմաններուն յարմարուելու մարդ-արարածի բնազդային յատկութեան, ինչպէս նաեւ սփիւռքեան մեր ունեցած փորձառութեան շնորհիւ՝ յարաբերաբար կարճ ժամանակի մէջ, գաղթօճախները կրցան թօթափել կեթթոյական կենսաձեւն ու մտայնութիւնը, համարկուեցան նոր միջավայրերու ընկերային, քաղաքական, քաղաքակրթական ու տնտեսական կեանքին, շուկայական յարաբերութեանց մէջ ձեռներէց ոստումներով արդէն իսկ յետ Եղեռնի երկրորդ սերունդէն սկսեալ յաջողեցան պատուաբեր դիրքեր գրաւել, միաժամանակ ազգային կազմակերպուածութեամբ ոչ միայն պահեցին իրենց իւրայատկութիւնը, այլ նաեւ վառ պահեցին ջահը Հայ Դատի պայքարին՝ հոն եւս արձանագրելով նշանակալի ձեռքբերումներ:
Նաեւ ի՜նչ խօսք, որ հիմա արդէն համաշխարհայնացումի յորձանուտին դիմաց ո՛չ թապու կը դիմանայ, ո՛չ տոտեմ, ոչ ալ կեթթոյական կենսաձեւ ու մտայնութիւն:
Դիտելի է, որ «համաշխարհայնացում»ի յորձանուտը, այսինքն արհեստագիտութեան (թեքնոլոժիի) նախընթացը չունեցող զարգացման թափն ու տարածումը սպառումի եզրին հասցուցած են այն կռուանները (դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, օրաթերթ, միութիւններ), որոնք տարբեր ժամանակներու համար ու մէջ պաշտպանութեան մեր զէնքերն էին, ներազդող միջոցները՝ սփիւռքահայու ազգային ինքնութինը մշակելու-պահելու համար:
Խոստովանինք, որ մինչեւ հիմա մեր ունեցած այդ հին ու հինցած, չազդեցիկ կամ անբաւարար զէնքերով կը փորձենք (կը փորձե՞նք արդեօք) դիմադրել համաշխարհայնացումի յորձանուտին եւ հազուադէպօրէն ու պատահական ձեւով միայն կ’օգտուինք անոր ընձեռած առաւելութիւններէն: Ներկայ ընթացքով մեծ է վտանգը, որ սերունդին համարկուածութիւնը հետզհետէ յանգի շրջապատին հետ ամբողջական նոյնացումին:
Համարկում չի նշանակեր նոյնացում, այլ կը նշանակէ՝ այո’, մշակուիլ այնպէս, որ կարելի դառնայ շրջապատի կեանքին մէջ ներգրաւուիլ, բայց նոյն ատեն պահել իւրայատկութիւնը, ինքնուրոյնութիւնը, տարբերուելու գիտակցութիւնն ու զգացողութիւնը: Մինչդեռ նոյնացում կը նշանակէ վերջնական խզում հայութենէն:
Թերեւս աւելորդ ու անտեղի նկատուէին «տարբերուելու» կարեւորութեան անդրադարձող այս տողերը, եթէ շատերու համար ատիկա չհամարուէր կեթթոյական մտայնութեան մը յամեցումը, արդի յառաջադէմ ըմբռնումներուն հաղորդակից չըլլալու յետամնացութեան ցուցանիշ մը՝ սկսած մեր եկեղեցականներէն, որոնք Սուրիա-Լիբանանէն ոտքերնին հազիւ դուրս նետած՝ իրենց վրայէն կը նետեն նաեւ եկեղեցականի սքեմը եւ կը մտնեն աշխարհականի զգեստներու մէջ՝ չզատորոշուելու համար սովորական քաղաքացիներէն: Նոյնիսկ այնպիսի երկիրներու մէջ, որոնց կրօնաւորներու զգեստաւորումը մերինէն չի տարբերիր: Այս մատնանշումը կը մէջբերուի՝ ըսուածը հաստատելու իբրեւ փաստարկ եւ բնաւ թող չկարծուի ստորագնահատումը անոնց ծառայութեան:
Երբե’ք:
Այս տողերը ստորագրողը կը հաւատայ, որ մեր եկեղեցականները մեծաւ մասամբ, կրօնքի ու ծէսի սպասարկուները ըլլալով մէկտեղ, ցկեանս զինուորագրեալներ են իրենց համայնքին իւրայատկութիններու պահպանութեան կոչուած:
Յամենայնդէպս, տարբերուելու առաջարկը կը դրուի իբրեւ պարզ ու հասկնալի եւ ընդհանրական եզր՝ սփիւռքի հայկական գաղթօճախներուն համար, որոնց դիմագրաւած տագնապները հասարակ յայտարար չունին, բացի՝ հայ եւ ֆրանսացի, հայ եւ ամերիկացի, հայ եւ այլ երկրի մը քաղաքացիութեան պատկանելու իրենց երկուութիւնը յաղթահարելու կամ ներդաշնակելու դժուարութենէն:
Աթէնք, 22 Մարտ 2016
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ