Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­altՀե­ռա­տե­սի­լի Հ1 կա­յա­նի Ար­մէն Ա­շո­տեա­նի «Ե­ռան­կիւն» հա­ղոր­դա­շա­րի 25 ­Մարտ 2016ի նիւթն էր` «Զ­բօ­սաշր­ջու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ»: Օ­րո­ւան զրու­ցա­կից­ներն էին` Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր ­Մի­քա­յէլ ­Մել­քու­մեան, զբօ­սաշր­ջու­թեան

հար­ցե­րու վար­չա­պե­տի օգ­նա­կան ­Տիգ­րան ­Կա­րա­պե­տեան եւ տնտե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման գոր­ծա­կա­լու­թեան պետ ­Մե­խակ Ապ­րե­սեան: ­Հե­տաքրք­րա­կան ու շա­հե­կան այս զրոյ­ցի ըն­թաց­քին կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կո­ւե­ցան եւ վի­ճա­կագ­րա­կան տո­ւեալ­ներ տրո­ւե­ցան, զորս ամ­փո­փե­լով կը ներ­կա­յաց­նեմ:

1.­Խորհր­դա­յին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի շրջապ­տոյ­տի ծրա­րի (package tour) մշա­կոյ­թը կը շա­րու­նա­կո­ւի, ո­րուն պատ­ճա­ռով զբօ­սաշր­ջի­կը յա­րա­բե­րու­թիւն չ­՛ու­նե­նար ժո­ղո­վուր­դին հետ: ­Փո­խադ­րա­կառ­քով օ­դա­կա­յա­նէն պան­դոկ, պան­դո­կէն տե­սար­ժան վայր… եւ այս­պէս:

2. Զ­բօ­սաշր­ջու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած է Ե­րե­ւա­նի մէջ, սա­կայն տե­սար­ժան վայ­րե­րը տա­րա­ծո­ւած են մար­զե­րուն մէջ, վեր­ջերս նոր պան­դոկ­ներ կը կա­ռու­ցո­ւին նաեւ մար­զե­րուն մէջ:

3. Զ­բօ­սաշր­ջու­թիւ­նը 2000 թո­ւա­կա­նէն ետք ա­ճած է 26 ան­գամ: Այն ժա­մա­նակ Ե­րե­ւա­նի մէջ կը գոր­ծէր միայն չորս պան­դոկ, ներ­կա­յիս` 340:

4. Մ.Ա.Կ.ի բնո­րո­շու­մով՝ զբօ­սաշր­ջիկ կը հա­մա­րո­ւի այն ան­ձը, ո­րուն մշտա­կան բնա­կա­վայ­րը ար­տա­սահ­մա­նի մէջ է, եւ ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս կ­՛այ­ցե­լէ ­Հա­յաս­տան` մէկ գի­շեր կե­ցու­թե­նէն մին­չեւ մէկ տա­րի, ո­րուն ըն­թաց­քին ո­րե­ւէ ձե­ւով վճա­րո­վի աշ­խա­տանք չի կա­տա­րեր եւ աշ­խա­տա­վարձ չի ստա­նար:

5. Այժ­մու մէկ մի­լիոն եր­կու հա­րիւր հա­զա­րէ ա­ւե­լի զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն 65 տո­կո­սը սփիւռ­քա­հա­յեր են:

6. Զ­բօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն շուրջ 90 տո­կո­սը ան­հա­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կը ժա­մա­նեն, մինչ 10 տո­կո­սը` կազ­մա­կեր­պո­ւած զբօ­սաշր­ջա­յին գոր­ծա­կա­լու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով: ­Ճիշդ չէ, որ խորհր­դա­յին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի հե­տե­ւո­ղու­թեամբ կ­՛ըն­թա­նայ այս մար­զը:

7. ­Պան­դոկ­նե­րու կե­ցու­թեան գի­նը շատ բարձր է, ո­րուն պատ­ճա­ռով զբօ­սաշր­ջիկ­ներ կը մեկ­նին այլ եր­կիր­ներ: Ե­րեք աստ­ղա­նի պան­դոկ­նե­րու պա­րա­գա­յին ­Հա­յաս­տա­նը տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ գի­նի յար­մա­րու­թեամբ երկ­րորդ դիր­քը կը գրա­ւէ, մին­չեւ իսկ օ­րա­կան 1200 դրա­մէն սկսեալ ($2,5) սե­նեակ­ներ կան: ­Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ 18 հա­զար դրա­մով ($37), օ­րա­կան ե­րեք ժու­մը նե­րա­ռեալ, պան­դոկ­ներ կը գոր­ծեն:

8. ­Հա­յաս­տա­նի շուրջ կէս մի­լիոն քա­ղա­քա­ցի­ներ զբօ­սաշր­ջու­թեան հա­մար կը մեկ­նին Վ­րաս­տան, յատ­կա­պէս` ծո­վե­զեր­քին հա­մար, քա­նի որ մենք ծով չու­նինք: Իսկ հա­մե­մա­տա­բար, եւ հա­կա­ռակ տի­րող թիւր կար­ծի­քին, Վ­րաս­տա­նի զբօ­սաշր­ջա­յին վի­ճա­կագ­րու­թիւ­նը չի գե­րա­զան­ցեր ­Հա­յաս­տա­նի­նը:

9. Զ­բօ­սաշր­ջու­թեան մար­զի աշ­խա­տող­նե­րուն թի­ւը կը հաս­նի 21.500ի:

10. 2014 թո­ւա­կա­նին 2.734.597 օ­տա­րերկ­րա­ցի մուտք գոր­ծած է ­Հա­յաս­տան: ­Մենք կ­՛ո­րո­շենք, թէ ա­նոնք զբօ­սաշր­ջի՞կ են, թէ՞ այլ տե­սա­կի այ­ցե­լու:

11 .Ի­րան­ցի զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն հա­մար յա­տուկ յար­մա­րու­թիւն­ներ պի­տի ստեղ­ծո­ւին:

12. Զ­բօ­սաշր­ջու­թեան հա­մար շուրջ մէկ մի­լիոն հա­յեր կը մեկ­նին ար­տա­սահ­ման:

13. Ին­չո՞ւ հա­մար պատ­մա­կան յա­տուկ ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող վայ­րեր չենք բա­ցա­յայ­տեր: Օ­րի­նա­կի հա­մար, Ար­տա­շատ քա­ղա­քը իւ­րա­յա­տուկ հե­տաքրք­րու­թիւն պէտք է ստեղ­ծէ, քա­նի որ պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղաք­նե­րէն մէ­կը ըլ­լա­լու կող­քին, նաեւ մի­ջազ­գա­յին պատ­մա­կան ե­րեք նշա­նա­կու­թիւն ու­նի. ան կա­ռու­ցո­ւած է ­Հա­նի­պա­լի ծրա­գի­րով, վե­րա­կա­ռու­ցո­ւած է ­Նե­րո­նի նիւ­թա­կան ներդ­րու­մով եւ հռո­մա­յե­ցի ­Մար­կոս Կ­րա­սոս զօ­րա­վա­րը (Marcus Licinius Crassus) գլխա­տո­ւած է այն­տեղ, Ար­տա­շէս եւ ­Պար­թեւ ար­քա­նե­րուն առ­ջեւ թատ­րո­նի մը ըն­թաց­քին: Ար­տա­շա­տը սահ­մա­նա­մերձ ըլ­լա­լով` հոն այ­ցե­լու­թիւ­նը յա­տուկ ար­տօ­նու­թեան կը կա­րօ­տի:

14. ­Ներ­կա­յիս Ե­րե­ւա­նի պան­դոկ­նե­րը կրնան ըն­դու­նիլ 7000 անձ (ան­կո­ղին), իսկ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն մի­ջին կե­ցու­թիւ­նը 17 օր է:
15. ­Մի­ջին հա­շո­ւով, տա­րո­ւան ըն­թաց­քին պան­դոկ­նե­րուն 70 տո­կո­սը ա­պա­հո­վո­ւած է (լե­ցուն):

16. ­Ներ­քին զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը ին­չո՞ւ չէ զար­գա­ցած: Օ­րի­նա­կի հա­մար, ե­թէ քա­ղա­քա­ցին ­Սե­ւա­նի շուրջ պտոյ­տի եր­թայ, ա­մէն ին­չի հա­մար պէտք է վճա­րէ` սկսեալ ինք­նա­շար­ժի կան­գա­ռէն եւ խո­րո­վա­ծի սար­քե­րէն, ուր աղ­բա­ման եւ այլ յար­մա­րանք գո­յու­թիւն չու­նին: 2015 թո­ւա­կա­նին ներ­քին զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը հա­սած է շուրջ 871.000ի:

17. ­Պէտք է փոքր պան­դոկ­ներ կա­ռու­ցել ա­ւե­լի մատ­չե­լի գի­նե­րով, եւ աշ­խա­տանք տա­նիլ, որ քա­նի մը տա­րի ետք կա­րե­լի ըլ­լայ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն թի­ւը բարձ­րաց­նել 5-6 մի­լիո­նի:

18. Եզ­րա­փա­կիչ խօսք. «Զ­բօ­սաշր­ջու­թիւ­նը երկ­րի շնչա­ռու­թիւնն է, որ կը սա­տա­րէ տնտե­սա­կան ա­ճին, զբօ­սաշր­ջի­կը կը ծա­նօ­թա­նայ մեր մշա­կոյ­թին եւ պատ­մու­թեան, քա­ղա­քա­կան եւ մշա­կոյթ­նե­րու երկ­խօ­սու­թեան մի­ջոց է, մենք հիւ­րա­սէր ազգ ենք, սի­րենք մեր եր­կի­րը, որ օ­տար­ներն ալ սի­րեն զայն»:

Տ­րո­ւած ըլ­լա­լով, որ ­Հա­յաս­տան ժա­մա­նող զբօ­սաշրջիկ­նե­րուն 65 տո­կո­սը սփիւռ­քա­հա­յեր են (780.000), ո­րոնք ա­ռանց գո­վազ­դի ու ծա­նու­ցո­ղա­կան ճի­գի է, որ կ­՛այ­ցե­լեն հայ­րե­նիք, շա­տեր` մէ­կէ ա­ւե­լի ան­գամ, կ­՛ար­ժէ ա­սոր կրկին անդ­րա­դառ­նալ: ­Նա­խա­պէս եր­կու յօ­դո­ւած­նե­րով՝ սփիւռ­քա­հա­յու դի­տան­կիւ­նէն անդ­րա­դար­ձած էի այս նիւ­թին (տես­նել «Ազ­դակ»՝ 10 ­Սեպ­տեմ­բեր 2015, «­Հա­յաս­տան Եւ սփիւռ­քա­հայ զբօ­սաշր­ջի­կը այ­սօր», եւ «Ազ­դակ»՝ 4 ­Յու­նո­ւար 2016, «Ս­փիւռ­քա­հայ զբօ­սաշր­ջի­կը, ­Գիւմ­րին եւ ­Հա­յաս­տա­նի գնաց­քը»։

Ա. Ե­րե­ւա­նի «­Զո­ւարթ­նոց» օ­դա­կա­յան հաս­նող զբօ­սաշր­ջի­կին ա­ռա­ջին եւ ո­րո­շիչ տպա­ւո­րու­թիւ­նը կը կազ­մո­ւի օ­դա­կա­յա­նի ըն­դու­նե­լու­թեան մա­կար­դա­կէն: ­Հիա­նա­լի է օ­դա­նա­ւէն դէ­պի ան­ցագ­րե­րու ստուգ­ման վայր ուղ­ղո­ւող ա­ռա­ջին այ­ցե­լո­ւին դի­մա­ւո­րող ե­րի­տա­սարդ հա­յաս­տան­ցիին` վա­յե­լուչ եւ գե­ղա­կազմ տա­րա­զա­ւոր հիւ­րըն­կա­լո­ղին «­Բա­րի ե­կաք ­Հա­յաս­տան» ժպի­տով ող­ջոյ­նը, որ եր­ջա­նիկ յու­զում կը յա­ռա­ջաց­նէ սփիւռ­քա­հա­յուն մօտ: Ինչ­պէս նաեւ` ան­ցագ­րեր ստու­գող պաշ­տօ­նեա­յին ող­ջոյ­նը, ար­դիա­կան օ­դա­կա­յա­նին մաք­րու­թիւ­նը եւ հան­դարտ մթնո­լոր­տը, բաղ­դա­տած այլ օ­դա­կա­յան­նե­րու, դրա­կան զօ­րա­ւոր տպա­ւո­րու­թիւն կը ստեղ­ծէ: ­Պէտք է պահ­պա­նել այս օ­րի­նա­կե­լի «մշա­կոյ­թը» եւ վա­րա­կիչ դարձ­նել բո­լոր զբօ­սաշր­ջա­յին ծա­ռա­յող­նե­րու մօտ:
­Նոյն­պէս օ­րի­նա­կե­լի էր նաեւ օ­դա­կա­յա­նի ել­քին վա­յե­լուչ եւ գե­ղա­կազմ տա­րա­զա­ւոր հիւ­րըն­կա­լո­ղին կող­մէ զբօ­սաշր­ջա­յին զա­նա­զան բա­ցիկ­նե­րու բաշ­խու­մը, որ մեր վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան կը բա­ցա­կա­յէր: Ու­շադ­րու­թե­նէս վրի­պե­ցաւ, թէ այս նպա­տա­կով զբօ­սաշր­ջա­յին յա­տուկ տա­ղա­ւար մը կա՞ր, թէ՞ ոչ:

Բ. Զ­բօ­սաշր­ջի­կին երկ­րորդ եւ շատ կա­րե­ւոր հանգ­րո­ւա­նը ա­ռանց ար­կա­ծախնդ­րու­թեան` հա­ճե­լի կեր­պով իր կե­ցու­թեան վայ­րը փո­խադ­րու­թիւնն է: ­Կա­րե­լի է հա­մա­ցան­ցի մի­ջո­ցով վար­ձա­կառք ա­պա­հո­վել, որ 6000 դրա­մով ($12,5) կը հասց­նէ Ե­րե­ւան: Այ­լա­պէս 14 քի­լո­մեթր այս ճա­նա­պար­հը պաշ­տօ­նա­կան սա­կով պէտք է ար­ժէ 3200 դրամ ($6,7), ձե­ռա­ձի­րով` 4000 դրամ ($8,4), մինչ թե­լադ­րե­լի է օգ­տա­գոր­ծել միայն օ­դա­կա­յա­նի յա­տուկ մակ­նի­շով վար­ձա­կառ­քե­րը: ­Կան նաեւ հան­րա­յին փո­խադ­րա­կառ­քեր, ո­րոնք 500 դրա­մով ($1). թիւ 201ը կը հասց­նէ ­Մաշ­տոց-­Սա­յաթ ­Նո­վա խաչ­մե­րուկ` Օ­փե­րա, իսկ թիւ 108ը` Ե­րե­ւա­նի կեդ­րոն:
Գ. ­Թե­լադ­րե­լի է, որ օ­դա­կա­յա­նէն Ե­րե­ւան տա­նող ճամ­բուն վրայ գտնո­ւող գո­վազ­դի ա­ռա­ջին ե­րեք հսկայ նշա­նակ­նե­րը հա­յե­րէ­նով եւ կարգ մը լե­զու­նե­րով պե­տու­թեան հսկո­ղու­թեամբ յատ­կա­ցո­ւին ­Հա­յաս­տա­նի զբօ­սաշր­ջա­յին տե­սար­ժան վայ­րե­րու` 1. Բ­նու­թեան, 2. ­Հո­գե­ւոր ժա­ռան­գու­թեան, եւ 3. Մ­շա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան: Եր­բեմն կը հան­դի­պինք միայն օ­տար լե­զո­ւով եւ վե­րեւ յի­շո­ւած ե­րեք բնա­գա­ւառ­նե­րու ան­յա­րիր եւ զբօ­սաշր­ջի­կը յու­սա­խաբ ը­նող ան­պատ­շաճ ծա­նու­ցում­նե­րու, զորս կա­րե­լի է տե­ղադ­րել եր­րոր­դէն ետք միայն:

Դ. ­Պան­դոկ­նե­րու պա­րա­գա­յին, այն հինգ պան­դոկ­նե­րը, ուր ցարդ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ու­նե­ցած ենք մնա­լու, նա­խա­ճա­շը բա­ցա­ռիկ ե­ղած է, իսկ ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը, մաք­րու­թիւ­նը եւ սպա­սար­կու­թիւ­նը` գո­հա­ցու­ցի­չէն բա­ցա­ռիկ: ­Սե­նեակ­նե­րու եւ ան­կո­ղին­նե­րու պա­րա­գա­յին նա­խընտ­րե­լի է պարզ ու հանգս­տա­ւէտ ար­դիա­կա­նը, քան թէ հա­ւա­նա­բար` ա­ւե­լի թանկ «փար­թամ»ը:
Ըն­դու­նե­լու­թեան պաշ­տօ­նեան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու տե­սա­կէ­տէն ճիգ պէտք չէ խնա­յէ գո­հա­ցում տա­լու զբօ­սաշր­ջի­կին: Օ­րի­նա­կի հա­մար, փո­խա­նակ «չեմ գի­տեր» ը­սե­լու, ինք պէտք է հե­ռա­ձայ­նե­լով առ որ անկ է, ստա­նայ տե­ղե­կու­թիւ­նը եւ բա­ցատ­րէ, ոչ թէ հե­ռա­ձայ­նի թի­ւը տայ են­թա­կա­յին, որ ան «լե­զո­ւա­կան եւ հաս­ցէ­նե­րու դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րով» պրպտում կա­տա­րէ: Երկ­րորդ այս­պի­սի դէպք` թե­րի տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան, պա­տա­հե­ցաւ Ա­մա­նո­րի օ­րե­րուն, երբ ընդ­հան­րա­պէս կարգ մը ճա­շա­րան­ներ փակ կ­՛ըլ­լան, եւ վեր­ջա­պէս Ուր­բաթ օր մը մեր հե­ռա­ձայ­նին պա­տաս­խա­նեց յա­տուկ ե­րաժշ­տու­թեան յայտ­նի ճա­շա­րա­նի պաշ­տօ­նեան, թէ այդ գի­շեր պի­տի բա­նան, եւ թէ` նո­ւա­գա­խումբ ալ կայ, մինչ ի­րեն հա­մար յստակ էր, թէ մենք սփիւռ­քա­հայ ենք, «օ­տար»: Այդ գի­շեր յա­տուկ ակն­կա­լու­թիւն­նե­րով հա­սանք ճա­շա­րան եւ դրան մօտ հիւ­րըն­կա­լո­ղը հար­ցուց, թէ ի՞նչ ա­նու­նով տեղ ա­պա­հո­ված էինք… ի զուր բա­ցատ­րե­ցինք, թէ ժա­մեր ա­ռաջ մեր հե­ռա­ձայ­նին պա­տաս­խա­նո­ղը տեղ ա­պա­հո­վե­լու մա­սին ո­չինչ ը­սած էր, բայց ա­ռանց նե­րո­ղամ­տու­թիւն յայտ­նե­լու` դու­ռը ե­րես­նիս դէմ փա­կեց:

Ե. ­Ներ­քին զբօ­սաշր­ջա­յին գոր­ծա­կա­լու­թիւն­նե­րը ան­փո­խա­րի­նե­լի ծա­ռա­յու­թիւն կը մա­տու­ցա­նեն, ­Հա­յաս­տա­նի տե­սար­ժան գլխա­ւոր վայ­րե­րը միօ­րեայ շրջապ­տոյտ­ներ կազ­մա­կեր­պե­լով` եւ ըն­թաց­քին պատ­մա­կան, աշ­խար­հագ­րա­կան ու մշա­կու­թա­յին տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լով` ե­րեք լե­զու­նե­րով, հմուտ եւ փոր­ձա­ռու հիւ­րըն­կալ­նե­րու կող­մէ: ­Նոյն եւ այլ տե­սար­ժան վայ­րեր, ո­րոնք չեն ընդգր­կո­ւած այս ծրա­գիր­նե­րուն մէջ, կա­րե­լի է անձ­նա­կան պտոյտ­ներ կազ­մա­կեր­պել այս գոր­ծա­կա­լու­թիւն­նե­րուն մի­ջո­ցով, ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ կամ ոչ:

Զ. Ս­փիւռ­քա­հայ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը մե­ծա­հա­րուստ չէ: Ա­նոնք ի­րենց տա­րի­նե­րու խնա­յո­ղու­թիւ­նը կը յատ­կաց­նեն դէ­պի հայ­րե­նիք ու­ղե­ւո­րու­թեան հա­մար, հայ­րե­նի­քի կա­րօ­տով տո­գո­րո­ւած: ­Հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը կը մղէ սփիւռ­քա­հա­յը անտրտունջ ան­տե­սե­լու թե­րու­թիւն­ներ եւ կարգ մը ան­հա­ճոյ ե­րե­ւոյթ­ներ, սա­կայն դրա­կա­նը շատ մեծ հա­մե­մա­տու­թեամբ կը գե­րա­զան­ցէ ման­րու­քը: Օ­րի­նա­կի հա­մար, մէկ ա­միս կե­ցու­թեան ըն­թաց­քին հա­զո­ւա­դէպ էր եւ յու­զիչ, լսել թեր­թա­վա­ճառ կնոջ «­Բա­րի ե­կած էք ձեր եր­կի­րը» սրտա­գին ող­ջոյ­նը, որ ու­րիշ­նե­րէ չլսե­ցինք: Ո­մանք ան­դա­դար կը գան­գա­տէին` ա­ռանց գի­տակ­ցե­լու այն բա­րիք­նե­րուն, ո­րոնց մէջ ի­րենք կ­՛ապ­րին, ինչ­պէս` ա­պա­հո­վու­թիւն, 24 ժամ ջուր եւ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւն, մաք­րու­թիւն, կարգ ու կա­նոն, մա­քուր օդ եւ հրա­շա­լի բնու­թիւն եւ այլն… շար­քը շատ եր­կար է:

Ա­ւար­տին, զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը զար­գաց­նե­լու հա­մար «­Սի­րենք մեր եր­կի­րը» սփիւռ­քա­հա­յե­րու նման, սրտանց ող­ջու­նե­լով սփիւռ­քա­հա­յը «­Բա­րի ե­կած էք ձեր եր­կի­րը» հո­գե­հա­րա­զատ նա­խա­դա­սու­թեամբ:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՉԷՔԻՃԵԱՆ