Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­altԳեր­մա­նա­կան ­Պուն­տես­թա­կի բա­նա­ձե­ւի քո­ւէար­կու­թեան շար­ժա­ռի­թա­յին գոր­ծօն­նե­րը լոյ­սին բե­րե­լու փոր­ձը կը կեդ­րո­նա­նայ տար­բեր հան­գա­մանք­նե­րու վրայ:

 

 

­Նախ՝ ան­շուշտ ա՛յն, որ ­Գեր­մա­նիա պէտք էր հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թիւն ցոյց տար սկսո­ւած գոր­ծըն­թա­ցի մը եւ ան­պայ­ման նկա­տի ու­նե­նար ­Պուն­տես­թա­կի նախ­կին քննար­կում­նե­րը, երկ­րի նա­խա­գա­հին, խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք քա­ղա­քա­կան են­թա­հո­ղը պատ­րաս­տած էին նման քո­ւէար­կու­թիւն կա­յաց­նե­լու:

Երկ­րորդ` ու­շադ­րու­թիւն կը գրա­ւէ ա՛յն, որ բա­նա­ձե­ւի խո­րագ­րա­յին բա­ժի­նը կը խօ­սի հա­յոց եւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան տա­րած­քին ապ­րած քրիս­տո­նեայ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն մա­սին: ­Շո­ւէ­տէն, ­Յու­նաս­տա­նէն եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թե­նէն ետք, ­Գեր­մա­նիա կը դառ­նար չոր­րորդ եր­կի­րը, որ կը ճանչ­նար քրիս­տո­նեայ միւս ազ­գաբ­նակ­չու­թիւն­նե­րու բնաջնջ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը իբ­րեւ ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­րարք:

Այս­տեղ տար­բեր տե­ղեր ե­րեւ­ցան նաեւ ­Պուն­տես­թա­կի կրած հզօր ազ­դե­ցու­թիւ­նը տա­րի մը ա­ռաջ ­Վա­տի­կա­նի մէջ Ֆ­րան­չիս­կոս ­Պա­պի կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն: ­Պուն­տես­թա­կի մէջ կա­թո­ղի­կէ ե­րես­փո­խան­նե­րու թի­ւը նկա­տա­ռե­լի է, եւ ա­նոնց դիր­քո­րո­շու­մը կը մեկ­նա­բա­նո­ւի նաեւ այս հան­գա­ման­քով:

­Լու­սար­ձա­կը կը կեդ­րո­նա­ցո­ւի նաեւ ծա­գու­մով թուրք (կամ ­Թուր­քիա­յէն ե­կած եւ գու­ցէ այլ ծա­գում ու­նե­ցող) ­Գեր­մա­նիոյ քա­ղա­քա­ցի օ­րէնս­դիր­նե­րու աշ­խոյժ դիր­քո­րո­շու­մին վրայ` այս բա­նա­ձե­ւին քննարկ­ման եւ քո­ւէար­կու­թեան ըն­թաց­քին:

­Մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը ի­րա­ւամբ նկա­տի ու­նե­ցան նաեւ սե­փա­կան պատ­մու­թեան հետ ա­ռե­րե­սո­ւե­լու գեր­մա­նա­կան ա­ւան­դա­կան փոր­ձա­ռու­թիւ­նը եւ ­Գեր­մա­նիոյ պա­րա­գա­յին հա­մազ­գա­յին բար­դոյ­թը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն գոր­ծադ­րած ըլ­լա­լու, նե­րո­ղու­թիւն խնդրե­լու եւ հա­տու­ցե­լու:

­Փաս­տօ­րէն ­Պուն­տես­թա­կի նախ­կին բա­նա­ձե­ւը, ա­ռանց ուղ­ղա­կի ճանչ­նա­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, կը խօ­սէր ջար­դե­րուն եւ տե­ղա­հա­նու­թիւն­նե­րուն գեր­մա­նա­կան մաս­նակ­ցու­թեան եւ մեղ­սակ­ցու­թեան ի­րա­կա­նու­թեան մա­սին:
Այս բո­լո­րը ա­րագ նշում­ներ են պար­զա­պէս, եւ բա­նա­ձե­ւի ազ­դե­ցու­թեան հզօ­րու­թիւ­նը եւ Ան­գա­րա­յի ցու­ցադ­րած ջղաձ­գու­թիւն­նե­րը կ­՛ընդգ­ծեն ­Պուն­տես­թա­կի ա­ռած քայ­լին ի­րադ­րա­յին նշա­նա­կու­թիւ­նը:

Ն­շո­ւած հան­գա­մանք­նե­րը, սա­կայն, ա­ռա­ւե­լա­բար հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեան, հա­մա­գեր­մա­նա­կան բար­դոյ­թի, ­Վա­տի­կա­նի ազ­դե­ցու­թեան տակ` կրօ­նա­կան ներշն­չան­քի կը վե­րա­բե­րին:
Այդ բո­լո­րը կան. զուտ քա­ղա­քա­կան տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը սա­կայն կը յու­շէ հար­ցը նաեւ փոր­ձել դի­տար­կել ­Պեր­լին-Ան­գա­րա լա­րո­ւած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն դի­տան­կիւ­նէն.- ­Գեր­մա­նիան` իբ­րեւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ղե­կա­վա­րող ու­ժի եւ Ան­գա­րան` իբ­րեւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հետ շան­թա­ժի (սպառ­նա­լի­քի) լե­զո­ւով խօ­սող պե­տու­թեան:

Ա­հա այս­տե՛ղ ա­ւե­լի կ­՛ի­մաս­տա­ւո­րո­ւի թայ­մին­կի (ժամ­կէ­տի) ընտ­րու­թիւ­նը. ան­ցեալ տա­րո­ւան ­Պուն­տես­թա­կի քննար­կում­ներն ու նա­խա­գա­հին եւ խորհրդա­րա­նի նա­խա­գա­հին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ­Թուր­քիոյ ուղ­ղո­ւած դե­ղին քարտն էին: ­Նա­խազ­գու­շա­ցում էին Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քը փո­խե­լու, յատ­կա­պէս գաղ­թա­կան­նե­րու հոս­քը Եւ­րո­պա ու­ղար­կե­լով պիւտ­ճէա­կան աստ­ղա­բաշ­խա­կան հա­շիւ­ներ ներ­կա­յաց­նե­լու շան­թա­ժա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռու­մով:

Այ­լա­պէս, ան­ցեալ տա­րի 100ա­մեա­կի ա­ռի­թով բո­լոր բա­րո­յա­կան նշո­ւած պատ­ճառ­նե­րը կա­յին ­Պուն­տես­թա­կի ո­րո­շու­մին, մեղ­սակ­ցու­թիւն ըն­դու­նե­լուն եւ ­Վա­տի­կա­նի կո­չին ըն­դա­ռաջ շար­ժե­լուն:
­Կը թո­ւի, որ քա­ղա­քա­կան ա՛յս շար­ժա­ռի­թին լա­ւա­պէս գի­տակ­ցած է Ան­գա­րան: Եւ ան­շուշտ պա­տա­հա­կան չէ, որ ­Գեր­մա­նիոյ ո­րո­շու­մին ա­ռի­թով ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը հա­ւա­սա­րա­պէս մե­ղադ­րանք­ներ կը տե­ղաց­նէ թէ՛ ­Պեր­լի­նին եւ թէ՛ ­Փա­րի­զին: Այլ խօս­քով` Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն-Ան­գա­րա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ե­ղա­նակ ճշդող հիմ­նա­կան ու­ժե­րուն:

­Գեր­մա­նիան ու Ֆ­րան­սան ցե­ղաս­պա­նու­թիւն գոր­ծած ըլ­լա­լու յան­ցան­քով ամ­բաս­տա­նե­լու գծով ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հին կա­տա­րած հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը բո­վան­դա­կա­յին ա­ռու­մով կրնայ լուրջ չըն­կա­լո­ւիլ:

«Ո՞վ կանգ­նած է ­Ռո­ւան­տա­յի կո­տո­րած­նե­րուն ե­տին: ­Սա­կայն այդ մա­սին ըն­դու­նո­ւած չէ խօ­սիլ»,- ը­սած է Էր­տո­ղան:
­Մեկ­նա­բա­նե­լով ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ ­Գեր­մա­նիոյ ­Պուն­տես­թա­կի կող­մէ ըն­դու­նո­ւած բա­նա­ձե­ւը` Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րած է, որ ­Գեր­մա­նիան, բա­ցի Ող­ջա­կի­զու­մէն, մե­ղա­ւոր է նաեւ ­Նա­մի­պիոյ 100 հա­զար բնա­կի­չի սպա­նու­թեան մէջ:

­Գեր­մա­նիոյ վար­չա­պե­տը` մեկ­նա­բա­նե­լով ­Պուն­տես­թա­կի ո­րո­շումն ու Էր­տո­ղա­նի սպառ­նա­լիք­նե­րը, ընդգ­ծած էր, որ Ան­գա­րան պէտք է ըն­դու­նի եւ կի­րար­կէ եւ­րո­պա­կան չա­փա­նիշ­նե­րը: Այս­տեղ ար­դէն հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի պարզ կը դառ­նայ, որ եւ­րո­պա­կան չա­փա­նիշ­նե­րուն մէջ կը նե­րա­ռո­ւի նաեւ պատ­մու­թեան հետ ա­ռե­րե­սո­ւի­լը, այլ խօս­քով` ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ըն­դու­նի­լը:

­Դէ­պի վի­զա­յի (այ­ցի ար­տօ­նա­գիր) դրու­թեան վեր­ցո­ւիլն ու հա­մարկ­ման ուղ­ղու­թեամբ նկա­տի առ­նո­ւած այլ դիւ­րա­ցում­ներ՝ Ան­գա­րա­յի առ­ջեւ կը դրո­ւին ար­գելք­ներ այս ձե­ւով: Ար­գե­լա­կող­նե­րը ­Պեր­լինն ու ­Փա­րիզն են հիմ­նա­կա­նին մէջ եւ չի բա­ցա­ռո­ւիր, որ ­Փա­րիզ յար­մար թայ­մին­կին օ­րա­կար­գի կէ­տի վե­րա­ծէ ժխտո­ղա­կա­նու­թեան քրէա­կա­նաց­ման հար­ցը:

­Քա­ղա­քա­կան տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը կը յու­շէ, որ որ­քան լա­րո­ւին Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն-Ան­գա­րա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, այն­քան ա­ռա­ւել­ներ կ­՛ա­պա­հո­վէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մաեւ­րո­պա­կան ճա­նա­չու­մը: Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ուղ­ղո­ւած թրքա­կան հեր­թա­կան շան­թա­ժին դի­մաց հայ­կա­կան կող­մը պէտք է աշ­խա­տանք տա­նի, որ Ե.Ա.Հ.Կ.ի նա­խա­գա­հու­թիւ­նը ստանձ­նած ­Պեր­լի­նը ա՛յս հար­թու­թեան վրայ եւս կա­րե­ւոր քայլ առ­նէ ­Պա­քու-Ան­գա­րա դա­շին­քին ուղ­ղու­թեամբ, այս ան­գամ ա­ռե­րե­սո­ւե­լով ոչ թէ սե­փա­կան պատ­մու­թեան հետ, այլ ժա­մա­նա­կա­կից ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րու, ո­րոնց կար­գա­ւոր­ման հա­մար ընդ­հա­նուր միջ­նոր­դա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն ստանձ­նած է:

«ԱԶԴԱԿ»