Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­altՅա­ճախ, մեր հին ա­նո­ւա­նի գրող­նե­րուն քննա­դա­տա­կան յօ­դուած­նե­րը կար­դա­ցած ժա­մա­նակ, միշտ ալ կը մտա­ծեմ, որ ե­թէ ա­նոնք ա­ւե­լի քան 50-100 տա­րի­ներ ա­ռաջ նման ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ կ­՚ու­նե­նա­յին, ե­թէ ա­նոնք ներ­կայ դա­րուս ապ­րէին՝ ա­ւե­լիով այ­լա­

կերպուած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն դի­մաց ինչ­պի­սի՞ հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցոյց կու տա­յին...:

­Ներ­կա­յի հետ բաղ­դա­տե­լով այն ժա­մա­նա­կո­ւան փոքր ու պարզ բա­նե­րուն հա­մար բո­ցա­վա­ռո­ւող մեր գրող­ներն ու գրա­կա­նու­թեան հայ­րե­րը, կար­ծեմ, փառք պի­տի տան եր­կու ի­րո­ղու­թեան հա­մար՝ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րուն ապ­րե­լու եւ ներ­կա­յիս մե­ռած ըլ­լա­լու անժխ­տե­լի ի­րո­ղու­թեան հա­մար:

­Նոյն գա­ղա­փա­րէն մեկ­նե­լով՝ այ­սօ­րո­ւան յօ­դո­ւա­ծիս նիւ­թը պի­տի ընտ­րեմ մեր թո­ւա­կա­նէն 71 տա­րի­ներ ա­ռաջ մա­հա­ցած (1941) ­Վազ­գէն ­Շու­շա­նեա­նի հե­տե­ւեալ խօս­քը.-
«Ոչ ոք ո­չինչ կրնայ ստա­նալ ու­րի­շէն՝ փո­խան ո­չին­չի...»:

Ա­ւե­լի քան եօ­թը տաս­նա­մեակ ա­ռաջ ապ­րող մար­դու մը նման մտա­ծու­մը ի՞նչ կրնար ըլ­լալ, ե­թէ ապ­րէր ներ­կա­յիս...:
­Գու­ցէ փա՞ռք տար այդ ժա­մա­նակուան իր վի­ճա­կին, ինչ որ հա­ւա­նա­բար նման պա­րա­գա­յի մենք պի­տի ը­նենք՝ մենք զմեզ բաղ­դա­տե­լով յա­ռա­ջի­կա­յի 50-60 տա­րի­նե­րու հետ:

­Կու տանք այս եզ­րա­կա­ցու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ ի­րո­ղու­թիւն է, որ ժա­մա­նա­կի եւ գի­տու­թեան յա­ռաջ­դի­մու­թեան կող­քին մենք ենք, որ դէ­պի յետ կ­՚եր­թանք: ­Կար­ծես այս ի­րո­ղու­թիւ­նը միայն մեր հա­յե­րուս մօտ չէ, ո­րով­հե­տեւ ամ­բողջ աշ­խարհն է, որ կը դի­մագ­րա­ւէ Համաշ­խար­հայ­նա­ցու­մի վտանգն ու սպառ­նա­լի­քը, ուղ­ղա­կի կամ ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն:

­Սա­կայն մենք հա­յերս այն ազ­գե­րէն ենք, ո­րոնք ա­նոր ի­րա­կա­նաց­ման քա­ջա­տե­ղեակ ենք. այլ խօս­քով՝ գիտ­նա­լով մեր դէ­պի մահ ա­ռաջ­նոր­դո­ւի­լը, կը շա­րո­ւնա­կենք նոյն ըն­թաց­քը, հի­ւան­դու­թեան բու­ժու­մը չու­նե­ցող տա­ռա­պո­ղի մը նման:
Վ. ­Շու­շա­նեան իր խօս­քին մէջ չ­՚ակ­նար­կեր նիւ­թա­կան կամ պիւտ­ճէա­կան պա­րա­գա­նե­րու, այլ այդ մէ­կը ամ­բող­ջու­թեամբ առն­չած է մարդ­կա­յին բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րու հետ:

­Մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րու նո­ւա­զու­մը հա­սած է այն մա­կար­դա­կին, որ այ­սօր մարդ իր մօ­րը, հօրն ու հա­րա­զատ եղ­բօ­րը ան­գամ կը դնէ նշո­ւած «ու­րիշ»նե­րուն տեղ: Ա­յո, ­Շու­շա­նեա­նի ժա­մա­նակ «ու­րի­շը ու­րի­շէն» բան չէր կրնար վերց­նել, ա­ռանց յե­տին նպա­տակ­նե­րու, սա­կայն նո­ւա­զա­գոյ­նը կ­՚են­թադ­րենք, որ այդ «ու­րիշ»նե­րուն մէջ նե­րա­ռո­ւած չէին ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­ներն ու հա­րա­զատ­նե­րը, ո­րոնց հա­մար կա­րե­լի չէ բա­րիք կա­տա­րել լոկ ակն­կա­լիք­ներ ու­նե­նա­լու հա­մար, ինչ որ ներ­կա­յիս ա­մե­նանշա­նա­ւոր հի­ւան­դու­թիւն­նե­րէն մէկն է, գրե­թէ դար­ձած մարդ­կա­յին օ­րէնք:

Աշ­խար­հի վրայ ա­ռար­կա­յի մը կամ ո­րե­ւէ բա­նի մը ակ­նար­կե­լով՝ եղ­բայ­րը եղ­բօր մա­սին կ­՚ար­տա­յայ­տո­ւի ու­րի­շին մօտ՝ ը­սե­լով.- «­Դուն ը­սէ... այ­սօր անձ մը ու­րի­շին հա­մար այս մէ­կը կ­՚ը­նէ ո­չին­չի հա­մար»:
Այս խօս­քէն իսկ կրնանք հասկ­նալ, որ ար­դէն այդ մէ­կը դար­ձած է ան­գիր օ­րէնք, ո­րով­հե­տեւ ժա­մա­նակ­նե­րը փո­խո­ւած են ու մար­դոց հա­մար «ու­րիշ» չե­ղո­ղը միայն ի­րենց շուքն է: Ան­շուշտ լքեալ շու­քեր ալ գո­յու­թիւն ու­նին այս օ­րե­րուս:
Ա.- «Ու­րիշ»ա­ցու­մը ըն­տա­նե­կան կեան­քին մէջ

Կ­՚ու­զենք մեր թո­ւա­կան­նե­րէն շատ հե­ռու­նե­րը չեր­թալ, այլ միայն մտա­բե­րենք մեր պա­տա­նե­կու­թիւ­նը. երբ փոքր էինք՝ ըն­տա­նի­քի ու հա­րա­զատ­նե­րու կա­պե­րը ալ ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր էին, քան ներ­կա­յիս. ա­մէն շա­բա­թա­վերջ ի­րա­րու այ­ցե­լու­թիւն­ներ, միա­սին ­Կի­րա­կի օ­րո­ւան ճա­շեր, պտոյտ­ներ ու քէ­ֆեր, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք «մեր»ին­ներն էին, իսկ ի՞նչ է պա­րա­գան ներ­կա­յիս... ­Մի զար­մա­նաք, որ մար­դիկ թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն լռու­թիւ­նը խզե­լով սկսին խօ­սիլ ի­րենց քո­վի «սգա­կիր»ին հետ, ո­րով­հե­տեւ այդ մէ­կը կրնայ ըլ­լալ իր հա­րա­զատ քոյ­րը կամ եղ­բայ­րը, ո­րուն տե­սած չէ ա­ւե­լի քան 7-8 ա­միս:

Ազ­գա­կա­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն ու կա­պե­րուն ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը այդ է.- Ծ­նունդ, պսակ ու թա­ղում. ի­րար տես­նե­լու ան­փո­խա­րի­նե­լի մի­ջոց­ներ, ան­շուշտ ե­թէ հա­րա­զա­տը հա­րա­զա­տի պսա­կին կամ թա­ղու­մին ներ­կայ գտնո­ւի:
Եր­բեք մե­ղադ­րե­լի չէ, որ ան­ցեա­լին, երբ տան տղա­քը պսա­կո­ւէին՝ կը շա­րու­նա­կէին ապ­րիլ պա­պե­նա­կան տան մէջ, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք հա­մո­զո­ւած էին, որ կեան­քի ըն­թաց­քը այդ­պէ՛ս է եւ ա­նոնց մէջ մէկ ամ­բող­ջու­թիւն կազ­մե­լու գա­ղա­փա­րը գո­յու­թիւն ու­նէր, սա­կայն այ­սօր պատ­կե­րը փո­խո­ւած է ամ­բող­ջու­թեամբ։

­Միաս­նու­թեամբ ու ի­րար հետ ապ­րող ըն­տա­նիք­նե­րը կ­՚այ­պա­նո­ւին հան­րու­թեան կող­մէ, այդ մէ­կը սխալ մեկ­նա­բա­նո­ւե­լով, ո­րով­հե­տեւ ալ մէկ ըլ­լա­լու գա­ղա­փար գրե­թէ ոչ մէկ տեղ գո­յու­թիւն ու­նի: ­Հա­րա­զատ հայրն ու մայ­րը ան­գամ «ու­րիշ» են ար­դէն հի­մա:
­Շա­տեր հա­մա­ձայն չեն ան­ցեա­լի ու ներ­կա­յի բաղ­դա­տու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու, սա­կայն ի­րո­ղու­թիւն մըն է, որ ներ­կան հիմ­նո­ւած է ան­ցեա­լի հի­ման վրայ եւ մեր ներ­կա­յի հի­ման վրայ պի­տի հիմ­նո­ւի ա­պա­գան: Առ այդ՝ ե­թէ ի­րո­ղու­թիւ­նը ա՛յդ է, ար­դեօ՞ք լաւ է հի­մը ա­պա­գա­յին...:

­Հա­ւա­նա­բար պատ­ճա­ռը հո­գե­ւոր դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ ըն­կե­րա­յին մի­ջա­վայ­րի կրթու­թեան պա­կասն է, ո­րով­հե­տեւ ան­ցեա­լին կրնա­յիր տես­նել գիւ­ղի մը մէջ հա­զար հո­գի, ո­րոնց մե­ծա­մաս­նու­թեան մտա­ծու­մը, գա­ղա­փա­րը, կրթու­թիւնն ու աշ­խար­հա­հա­յաց­քը նոյնն էին, իսկ այ­սօր ար­դէն իսկ կա­րե­լի է մէկ տու­նի մէջ հան­դի­պիլ 4-5 տար­բեր մտայ­նու­թիւն­նե­րու, որ ինք­նա­բե­րա­բար «ու­րիշ»ու­թիւն կը ստեղ­ծէ:

Ն­ման նիւ­թե­րու պա­րա­գա­յին միտքս կու գայ ­Մու­շեղ Իշ­խա­նի «­Տա­ռա­պանք» գիր­քին մէջ հրա­տա­րա­կած մէկ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան բա­ռե­րը.- «Ա­ռաջ գի­տէի, հի­մա՝ չգի­տեմ...», ո­րով­հե­տեւ սե­րունդ­նե­րու մէջ մտայ­նու­թեան եւ կեան­քը ըն­կա­լե­լու հա­յե­ցո­ղու­թեան տար­բե­րու­թիւն­ներ բնա­կա­նէն շատ-շատ ա­ւե­լի ա­րագ սկսան յա­ռաջ եր­թալ:

Ե­թէ ան­ցեա­լին սե­րունդ­նե­րու մտա­յին փո­փո­խու­թիւ­նը կը կա­տա­րո­ւէր 15-20 տա­րո­ւան մէջ, այ­սօր այդ մէ­կը կը կա­տա­րո­ւի գրե­թէ ա­մէն տա­րի: Ան­ցեա­լին մօր մը ու զա­ւա­կին մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ար­ժա­նիք­նե­րու հաս­կա­ցո­ղու­թեան տար­բե­րու­թիւն­նե­րը ո­րոշ փոքր մաս կը կազ­մէին, իսկ այ­սօր մեծ մօր, մօր ու զաւ­կին մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նին այն­քան շա՜տ տար­բե­րու­թիւն­ներ, որ ինք­նա­բե­րա­բար հա­րա­զա­տը հա­րա­զա­տին օ­տար կը դար­ձ­նէ:

Բ.- «Ու­րիշ»ա­ցու­մը
պե­տա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին մէջ

Ան­ցեա­լին թէ՛ պե­տու­թիւն­նե­րու, թէ՛ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ թէ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մօտ կա­յին հե­տե­ւեալ եզ­րե­րը. «մե­րի­ներ»ն­ ու «միւս­ներ»ը. ա­մէն մարդ կ­՚ու­զէր «ի­րեն»ին­նե­րուն լաւ ըլ­լա­լը, սա­կայն այդ մէ­կը եւս այ­լա­փո­խո­ւած ի­րա­վի­ճակ մը ու­նի. այ­սօր նոյն կազ­մա­կեր­պու­թեան կամ հաս­տա­տու­թեան մէջ գոր­ծող եր­կու բա­րե­կամ­նե­րու հա­մար, այդ հաս­տա­տու­թեան ի­րա­վի­ճա­կի պահ­պա­նու­մէն ա­ւե­լի, ի­րենց անձ­նա­կան շա­հե­րու եւ ա­թոռ­նե­րու պաշտ­պա­նումն է, որ կը գոր­ծէ, ին­չը ինք­նա­բե­րա­բար «ու­րիշ» ըլ­լա­լու գա­ղա­փար մը կը ստեղ­ծէ:

­Մեր հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին մէջ գրե­թէ յոգ­նա­կի դէմ­քը գո­յու­թիւն չու­նի ներ­կա­յիս, այլ կայ միայն «ես», «դուն» եւ «ան»ը, ո­րով­հե­տեւ նոյ­նը ըլ­լա­լու, «ես եւ դուն»ը «ՄԵՆՔ»ի վե­րա­ծե­լու գա­ղա­փա­րը շատ օ­տար է մե­զի հա­մար:

Ըլ­լայ կու­սակ­ցու­թեան, ըլ­լայ հաս­տա­տու­թեան կամ կազ­մա­կեր­պու­թեան նպա­տակն ու ի­մաս­տը կը յստակացուին անոնց ­Ռազ­մա­վա­րա­կան Ծ­րագ­րու­մով եւ հիմ­նա­դիր­նե­րուն քա­րո­զած նպա­տակ­նե­րով, սա­կայն «ու­րիշ»ա­ցու­մը հե­տը նաեւ կը ստեղ­ծէ «ու­րիշ» նպա­տակ­ներ եւ հո­րի­զոն­ներ: Եւ այդ է պատ­ճա­ռը, որ ներ­կա­յիս գրե­թէ բո­լոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ­Ռազ­մա­վա­րա­կան Ծ­րագ­իրները անյստակ են նոյ­նիսկ հա­մա­կիր­նե­րուն կամ ա­նոր ան­դամ­նե­րուն համար, ո­րով­հե­տեւ այդ մէ­կը ար­դէն վերջ­նա­կա­նա­ցած ու հաս­տատ ի­րո­ղու­թիւն մը ըլ­լա­լէ դուրս ե­կած է: ­Մար­դիկ կը վա­րո­ւին այն­պէս՝ ինչ­պէս ի­րենց անձ­նա­կան շա­հե­րը կը պա­հան­ջէ, խնդիր չէ ե­թէ այդ մէ­կը ճշմար­տու­թե­նէ հե­ռու ըլ­լայ:

Ա­ւե­լի՛ն. նոյ­նիսկ այս գրու­թեան լաւ ըլ­լալն ու չըլ­լա­լը «ու­րիշ» ըլ­լա­լու կամ «մեր»ը ըլ­լա­լու հետ կա­պո­ւած ի­րո­ղու­թիւն մըն է. «ու­րի­շը» գրէ ա­նո­րակ ու ոչ կա­րե­ւոր, «մեր»ի­նը գրէ՝ կա­րե­ւոր եւ գնա­հա­տե­լի:
­Պե­տու­թեան պա­րա­գա­յին եւս ա­մէ­նէն անհ­րա­ժեշտ պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցա­նելն է ժո­ղո­վուր­դին.- ­Պաշտ­պա­նել ա­նոր շա­հե­րը, լու­ծել ա­նոր խնդիր­նե­րը։ ­Սա­կայն ներ­կա­յիս պե­տու­թիւ­նը եւս «ու­րիշ»նե­րուն խնդիր­նե­րով զբա­ղե­լու ո՛չ ժա­մա­նա­կը եւ ո՛չ ալ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը ու­նի, ո­րով­հե­տեւ շատ ան­գամ երկ­րի քա­ղա­քա­ցին ան­գամ կը դի­տո­ւի որ­պէս ու­րի­շի ու հո՛ն է, որ ա­նոնք կը սկսին մտա­ծե­լու միայն ի­րենց շա­հե­րուն եւ ի­րենց գրպա­նին մա­սին:
Ու­րի­շէն բան մը սպա­սե­լու հի­ւան­դու­թիւ­նը նոր չէ. այդ մէ­կը գո­յու­թիւն ու­նե­ցած է նոյ­նիսկ Ք.Ա. ու զար­գա­նա­լով հա­սած է մին­չեւ մեր օ­րե­րը. պատ­մու­թիւ­նը շա՜տ դա­ւա­ճան­նե­րու ա­նուն­ներ կը յի­շէ, ո­րոնք փո­խան ի­րենց շա­հե­րուն՝ դա­ւա­ճա­նած են ի­րենց ­Հայ­րե­նի­քին ու ­Հա­ւատ­քին:

Գ.- Ա­ռանց ակն­կա­լի­քի
տո­ւող­նե­րը

­Սա­կայն հա­կա­ռակ վե­րը նշո­ւած­նե­րուն՝ միշտ պէտք է գիտ­նանք, որ աշ­խար­հի վրայ միշտ ալ գո­յու­թիւն ու­նին բա­ցա­ռու­թիւն­ներ եւ աշ­խար­հի վրայ մին­չեւ օրս կան մար­դիկ, ո­րոնք կու տան՝ ա­ռանց ակն­կա­լիք ու­նե­նա­լու:
Ն­ման մար­դոց ա­մէ­նէն յստակ օ­րի­նակ­նե­րէն մէ­կը կրնանք վերց­նել վեր­ջերս կա­մա­ւո­րա­բար ­Ղա­րա­բաղ մեկ­նած մեր հա­րիւ­րա­ւոր հա­յոր­դի­նե­րէն, ո­րոնք գիտ­նա­լով այդ­տե­ղի վտանգն ու մա­հո­ւան գիր­կը նե­տո­ւե­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը՝ ա­ռանց մտա­ծե­լու անձ­նո­ւի­րա­բար մեկ­նե­ցան ­Ղա­րա­բաղ:

­Կա­մա­ւոր մեր զի­նո­ւոր­նե­րը կա­ռա­վա­րու­թե­նէն դրամ կամ օգ­նու­թիւն ստա­նա­լու մտադ­րու­թեամբ չմեկ­նե­ցան սահ­մա­նա­յին գօ­տի­ներ. այդ­տեղ պա­տե­րազմ է, ուր նոյ­նիսկ փառ­քի կամ ցու­ցադ­րու­թեան հա­մար կա­րե­լի չէ եր­թալ: Այդ­պի­սի­ներ ի­րենց ան­ձէն ա­ւե­լի վեր՝ ­Հայ­րե­նի­քի շա­հերն ու փրկու­թիւ­նը մտա­ծե­լով մեկ­նե­ցան այդ­տեղ ու այդ մէ­կը «ու­րիշ»ին բան մը տա­լէն վեր ի­րո­ղու­թիւն մըն է, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք «բան» մը չտո­ւին, այլ տո­ւին ի­րենց ան­ձե­րը, փո­խա­րէ­նը՝ ստա­նա­լով ո­չինչ:

­Վեր­ջերս կա­տա­րո­ւած ­Ղա­րա­բա­ղի նո­ւի­րո­ւած ֆո­նե­թո­նին մէջ եւս գո­յու­թիւն ու­նէին այդ­պի­սի­ներ, ո­րոնք հա­կա­ռակ մեծ գու­մար­ներ նո­ւի­րե­լու՝ ի­րենց ա­նուն­նե­րը ծած­կե­ցին հան­րու­թե­նէն, ո­րով­հե­տեւ դժբախ­տա­բար այդ մէ­կը եւս յե­տին նպա­տակ­նե­րու ա­ռար­կայ դար­ձած է: ­Շա­տեր կը նուի­րեն, կա­րե­լի է ի­րա­պէս ալ մեծ գու­մար­ներ, սա­կայն այդ մէ­կը նո­ւի­րա­բե­րե­լու կամ ­Հայ­րե­նի­քի հան­դէպ սէ­րէն կրնայ մղո­ւած չըլ­լալ:

­Շա­տեր ա­նու­նի ցու­ցադ­րու­թեան, իսկ շա­տեր ալ հան­րու­թեան լե­զո­ւէն վախ­նա­լով է, որ կը կա­տա­րեն, որ­պէս­զի մար­դիկ չը­սեն «այ­սինչ»եա­նը ոչ մէկ բան նո­ւի­րեց կամ միայն այս­քան նո­ւի­րեց:

Հ­պարտ ենք, որ տա­կա­ւին աշ­խար­հի ե­րե­սին գո­յու­թիւն ու­նին հա­յեր, ո­րոնք տա­կա­ւին կրնան տալ՝ ա­ռանց ակն­կա­լիք ու­նե­նա­լու եւ նման շատ մը նո­ւի­րեալ­ներ ին­կած են ու նոյ­նիսկ ա­նոնց­մէ շա՜տ շա­տեր մնա­ցած են ա­նա­նուն եւ կամ նոյ­նիսկ ան­շի­րիմ:

­Մարդ­կա­յին ար­ժա­նիք է գոր­ծել, ծա­ռա­յել ու չակն­կա­լել. ­Գոր­ծել ու խօս­քե­րուն չհա­ւա­տալ, ո­րով­հե­տեւ ինչ­պէս ­Նար-­Դոս կ­՚ը­սէ.- «­Խօս­քով ի՜նչ հեշտ է շին­ւում ա­մէն բան»:

ԿԱՅԾԱԿ ԽԱՉԵՐ