Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­altՀա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան 98րդ ­տա­րե­դար­ձի նա­խօ­րեա­կին՝ 27 ­Մա­յիս 2016ին, կեան­քէն հրա­ժեշտ տո­ւաւ ­Գո­քի­նիա­հայ ծա­նօթ եւ սի­րո­ւած հայ­րե­նա­կից, եր­կար տա­րի­նե­րու նո­ւի­րո­ւեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան ­Թո­րոս ­Մա­վու­շեան, 58 տա­րե­կան հա­սա­կին մէջ, ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թեան պատ­ճա­ռով

կար­ճա­տեւ տա­ռա­պան­քէ յե­տոյ։

­Թո­րոս ­Մա­վու­շեան ծնաւ, հա­սակ նե­տեց եւ ապ­րե­ցաւ ­Գո­քի­նիոյ մէջ, հա­յա­բոյր ըն­տա­նի­քի մը մի­ջա­վայ­րէն ներս։ ­Մա­նուկ տա­րի­քէն յա­ճա­խեց «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րան եւ ա­կում­բին մէջ դար­ձաւ սկաուտ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շար­քե­րէն ներս, ուր եւ թրծո­ւե­ցաւ միու­թեան ազ­նիւ նպա­տակ­նե­րու եւ սկզբունք­նե­րու ո­գիով, ա­պա­գա­յին ծա­ռա­յե­լու հա­մար ա­նոր շար­քե­րէն ներս։ ­Փոքր տա­րի­քէն եղբ. ­Թո­րոս աչ­քի զար­կաւ որ­պէս բա­րի եւ հա­մեստ պա­տա­նի մը, որ «­Զա­ւա­րեան»ի մի­ջա­վայ­րին մէջ զար­գա­ցուց հայ­կա­կա­նու­թեան ազ­նիւ զգա­ցում­նե­րը, մաս­նա­կից ըլ­լա­լով միու­թե­նա­կան բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րուն, անտր­տունջ եւ լուռ կե­ցո­ւած­քով մը տա­լով իր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն լա­ւա­գոյ­նը։

Հ.Մ.Ը.­Մի մէջ իր աշ­խու­ժու­թիւ­նը, ե­րի­տա­սար­դա­կան վաղ օ­րե­րէն, ի­րեն մղեց դառ­նա­լու շրջա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան ան­դամ եւ գան­ձա­պահ։ Ա­նոր ան­ձին վստա­հո­ւե­ցան նիւ­թա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը, զորս բծախն­դիր կեր­պով եղ­բայր ­Թո­րոս լրա­ցուց իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեանց ըն­թաց­քին։ Եր­կար տա­րի­նե­րու իր ծա­ռա­յու­թեան ճամ­բուն վրայ, ի­րեն վստա­հո­ւե­ցաւ նաեւ վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տի հան­գա­ման­քը, զոր տա­րաւ նոյն ո­գե­ւո­րու­թեամբ, գոր­ծակ­ցա­կան շուն­չով իր վար­չա­կան եղ­բայր­նե­րուն հետ, մաս­նա­ճիւ­ղի լա­ւա­գոյ­նին ձգտե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ։

­Մօ­տէն հե­տե­ւե­ցաւ մաս­նա­ճիւ­ղի բո­լոր մար­զե­րու գոր­ծու­նէու­թեան եւ սա­տա­րեց խում­բե­րու նո­ւա­ճում­նե­րուն եւ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Իր սերն­դա­կից Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան եղ­բայր­նե­րը ի­րեն կը յի­շեն իր հան­դարտ նկա­րագ­րով, որ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը հար­թե­լու նա­խա­պայ­մա­նը կը հան­դի­սա­նար միու­թե­նա­կան բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­թաց­քին։
«­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի կա­ռու­ցու­մէն ետք, ­Թո­րոս ­Մա­վու­շեան մաս կազ­մեց եւ իր կա­րե­լին տո­ւաւ շէն­քի մա­տա­կա­րար­ման խոր­հուր­դին մէջ՝ մաս­նա­կից ըլ­լա­լով ակմ­բա­յին կեան­քի կազ­մա­կերպ­ման։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը մնաց իր մնա­յուն հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կան, ան­պա­կաս ըլ­լա­լով մաս­նա­ճիւ­ղի ժո­ղով­նե­րէն եւ ե­լոյթ­նե­րէն։

­Հան­գու­ցեա­լը կազ­մած էր հայ­կա­կան ըն­տա­նե­կան բոյն մը եւ բախ­տա­ւո­րո­ւած էր մանչ զա­ւա­կով մը։ Իր աշ­խա­տան­քի աս­պա­րէ­զին մէջ կլա­նո­ւած ըլ­լա­լով հան­դերձ, յա­ճախ ըն­տա­նեօք ներ­կայ ե­ղաւ ակմ­բա­յին կեան­քին։
Ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թիւ­նը սկսած էր ներք­նա­պէս կրծել իր մար­մի­նը, ա­ռանց նա­խան­շան մը տա­լու, մինչ ան կը շա­րու­նա­կէր իր ա­ռօ­րեան եւ աշ­խա­տան­քը, փոր­ձե­լով իր բո­լոր ու­ժե­րով ոտ­քի պա­հե­լու ան­հա­տա­կան իր ձեռ­նար­կու­թիւ­նը։ Եր­կու շա­բաթ ա­ռաջ, ա­նակն­կա­լօ­րէն են­թար­կո­ւե­ցաւ գոր­ծո­ղու­թեան, սա­կայն իր մար­մի­նը չկա­րո­ղա­ցաւ տո­կալ եւ շի­ջե­ցաւ՝ խոր սու­գի մատ­նե­լով իր հա­րա­զատ­նե­րը, բա­րե­կամ­նե­րը եւ Հ.Մ.Ը.­Մա­կան եղ­բայր­նե­րը։

­Թաղ­ման տխուր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Շա­բաթ՝ 28 ­Մա­յիս 2016ին, մե­ծա­թիւ ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թեան, ո­րոնք փու­թա­ցին ի­րենց վեր­ջին տուր­քը տա­լու հան­գու­ցեա­լին։ Ա­րա­րո­ղու­թեան նա­խա­գա­հեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը, որ վեր ա­ռաւ հան­գու­ցեա­լի ար­ժա­նիք­նե­րը թէ՛ իր ըն­տա­նե­կան, թէ՛ նաեւ միու­թե­նա­կան կեան­քէն ներս։
Իր թո­ղած յի­շա­տա­կը եւ ազ­նիւ նկա­րագ­րի պատ­կե­րը յար­գան­քի ար­ժա­նի ե­ղան բո­լոր այն բազ­մա­թիւ հայ­րե­նա­կից­նե­րուն եւ յոյն բա­րե­կամ­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք մաս­նակ­ցե­ցան թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։

­Հան­գի՜ստ իր բա­րի եւ ազ­նիւ հոգ­ւոյն։
Ք.Է.