Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altԵրբ պա­տե­րազ­մի մէջ ես, ա­ւե­լի ճիշդ՝ երբ թշնա­մին յար­ձա­կած է վրադ եւ կը սպառ­նայ հայ­րե­նի հո­ղիդ, սե­րունդ­նե­րու քրտին­քով ձեռք­բե­րած տանդ ու ինչ­քիդ, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ՝ ըն­տա­նի­քիդ եւ ուղ­ղա­կի կեան­քիդ, ա­ւե­լի քան հասկ­նա­լի է, որ ներ­քին տա­րա­

կար­ծու­թիւն­ներն ու վէ­ճե­րը մէկ կողմ դնես եւ միաս­նա­կա­նօ­րէն, մէկ բռունցք դար­ձած՝ դի­մագ­րա­ւես թշնա­մին։
Բ­նու­թեան օ­րէնքն է, եւ ա­մէ­նուր մար­դիկ կը մտա­ծեն ու կը գոր­ծեն միեւ­նոյն հրա­մա­յա­կա­նին ան­սա­լով՝ նախ թշնա­մին ետ շպրտե­լու, ար­տա­քին վտան­գը յաղ­թա­հա­րե­լու եւ, յե­տոյ միայն, ներ­քին ցե­ցե­րու հետ հա­շո­ւե­յար­դա­րի նստե­լու օ­րէն­քին հե­տե­ւե­լով…

Այդ­պէս ալ ե­ղաւ մեր ազ­գա­յին ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, երբ Ապ­րի­լի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն յան­կարծ ատր­պէյ­ճա­նա­կան թուրք թշնա­մին, իր հա­կա­հայ ամ­բողջ մո­լուց­քով, ա­նակն­կալ ու լայ­նա­ծա­ւալ պա­տե­րազ­մի ձեռ­նար­կեց հա­յոց ար­ծո­ւե­բոյն Ար­ցա­խի դէմ՝ ա­ւե­լի քան քսա­նա­մեայ զի­նա­դու­լը միա­կող­մա­նիօ­րէն խզող յար­ձա­կու­մով։

Այս­պէս կո­չո­ւած քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի այդ դժնդակ օ­րե­րուն, հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը ամ­բող­ջա­կան կրակ­մար հաս­տա­տեց ինք­նա­բուխ կեր­պով։ ­Մա­մուլն ու զան­գո­ւա­ծա­յին լրա­տո­ւու­թեան մի­ջոց­նե­րը, ա­ռանց խտրու­թեան, կա­մո­վին ինք­նագ­րաքն­նու­թեան կար­գով գոր­ծե­ցին.- լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռին նա­խա­յար­ձակ թշնա­միին հա­կա­հայ յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը եւ աշ­խար­հով մէկ բո­ղո­քի ձայն բարձ­րա­ցու­ցին ա­նոր բար­բա­րո­սա­կան ո­ճիր­նե­րուն դէմ. առ­ժա­մա­բար լռու­թիւն պա­հե­ցին օ­րո­ւան մեր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ա­պի­կա­րու­թեանց մա­սին եւ, փո­խա­րէ­նը, փու­թա­ցին լծո­ւե­լու ան­փո­խա­րի­նե­լի հայ­րե­նին պաշտ­պա­նող հայ զի­նո­ւո­րին զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու զօ­րա­շար­ժին։

­Ծա­նօթ ու ցա­ւա­լի պատ­մու­թիւն է այ­սօր գայ­թակ­ղե­ցու­ցիչ այն թղթած­րա­րը, որ օ­րին՝ մեր պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեանց եւ նոյ­նինքն բա­նա­կի ղե­կա­վա­րու­թեան մա­կար­դա­կին վրայ, պար­զո­ւե­ցաւ քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին ա­ռի­թով՝ թէ՛ ռազ­մա­կա­նօ­րէն յան­կար­ծա­կիի գա­լու, թէ՛ զի­նո­ւո­րա­պէս ան­պատ­րաստ գտնո­ւե­լու եւ թէ դի­ւա­նա­գի­տա­կա­նօ­րէն ամ­լու­թեան մատ­նո­ւե­լու ա­ռում­նե­րով։

­Բայց, ինչ­պէս ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կ­՛ը­սեն՝ մեր «զի­նո­ւոր տղեր­քը» ե­րես ճերմկ­ցու­ցին ի­րենց ա­ռաս­պե­լա­տիպ հե­րո­սա­կա­նու­թեամբ. ոչ միայն կա­սե­ցու­ցին թշնա­մին, այ­լեւ ետ շպրտե­ցին ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քը՝ վե­րա­տի­րա­նա­լով մեզ­մէ խլո­ւած հո­ղե­րուն մեծ մա­սին։

Այդ­պէ՛ս, օ­րին գրե­թէ բո­լորս լուռ մնա­ցինք մեր ներ­քին ցե­ցե­րուն գոր­ծած ա­ւե­րին մա­սին։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ խան­դա­վա­ռու­թեամբ դրո­ւա­տե­ցինք Ար­ցա­խի զօ­րակ­ցու­թեան փու­թա­ցող կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րը, ազ­գի հո­գե­ւոր պե­տե­րը, հայ­րե­նի­քի պե­տա­կան այ­րե­րը՝ մեր ակ­ռա­նե­րուն տակ սեղ­մե­լով մեր լե­զու­նե­րը, որ­պէս­զի օր­հա­սա­կան կռի­ւի պա­հուն հա­ւա­քա­կան մեր ուժն ու կամ­քը ջլա­տող ձայ­ներ լսե­լի չդառ­նան ու չխան­գա­րեն ճա­կա­տի վրայ կեան­քի գնով ազ­գի ու հայ­րե­նի­քի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ծանր կռի­ւը մղող մեր հե­րոս­նե­րուն վճռա­կա­նու­թիւ­նը։

­Ճի՞շդ ը­րինք օ­րին ինք­նա­կամ լռե­լով։
Ան­շո՛ւշտ ճիշդ ը­րինք եւ դար­ձեալ նոյ­նը պի­տի ը­նենք, ե­թէ հայ­րե­նա­կա­նին վերս­տին սպառ­նայ ար­տա­քին օր­հա­սը…
­Բայց հի­մա՝ ի՞նչ։

­Հի­մի է՞լ լռենք…
­Քա­նի մը օր ա­ռաջ հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը հրա­պա­րա­կաւ կոչ ուղ­ղե­ցին Ար­ցախ փու­թա­ցած մեր կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րուն, որ այ­լեւս քա­ղա­քա­կա­նա­պէս վե­րահս­կե­լի է ռազ­մա­ճա­կա­տը եւ յանձ­նա­րա­րե­լի է, որ կա­մա­ւոր­նե­րը վե­րա­դառ­նան ի­րենց գոր­ծե­րուն, որ­պէս­զի իշ­խա­նու­թիւն­ներն ալ ի­րենց գոր­ծը ը­նեն։ ­Յար ու նման 24 տա­րի ա­ռաջ մեր անդ­րա­նիկ նա­խա­գա­հին կող­մէ ար­ձա­կո­ւած նոյ­նի­մաստ յոր­դո­րին, որ ուղ­ղո­ւած էր Ար­ցա­խեան Ա­զաա­տա­մար­տին պաշտ­պան կանգ­նե­լու պա­հան­ջով օ­րո­ւան իշ­խա­նու­թեանց դէմ բո­ղո­քի հա­մար հրա­պա­րակ ի­ջած ցու­ցա­րար մեր ժո­ղո­վուր­դին։

­Պէտք չէ զար­մա­նալ. չէ՞ որ իշ­խա­նու­թիւ­նը կը փճաց­նէ, իսկ բա­ցար­ձակ իշ­խա­նու­թիւ­նը ուղ­ղա­կի կը ջլա­տէ…
­Ժա­մա­նա­կը միշտ ալ յղի ե­ղած է քա­ղա­քա­կան ա­նակնկալ­նե­րով եւ Աս­տո­ւած ե­թէ կեանք տայ՝ կ­՛ապ­րինք ու կը տես­նենք վեր­ջին եր­գը քա­ղա­քա­կան խա­թա­րո­ւա­ծու­թեան այ­սօ­րեայ հա­մա­նո­ւա­գին։
­Մինչ այդ՝ այ­լեւս ոչ ոք ի­րա­ւունք ու­նի լռե­լու։

­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նա­ւոր ու­ժե­րը կամ այս­պէս կոչուած ներ-քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան «մայր հո­սան­քը» կազ­մող ու­ժե­րը թե­րեւս կրնան ըստ կամս տնօ­րի­նել գլխա­ւոր մա­մուլն ու զան­գո­ւա­ծա­յին լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը։

­Բայց հա­մա­ցան­ցի ա­զա­տու­թեան այս դա­րուն, ոչ մէկ ուժ այ­լեւս կրնայ լռու­թեան մատ­նել ընդ­դի­մա­դիր ձայ­նե­րը, ե­թէ իշ­խա­նու­թեանց ա­ռանձ­նաշ­նոր­հու­մին դէմ պայ­քա­րող­նե­րը ինք­նազս­պու­մի կամ ինք­նագ­րաքն­նու­թեան պատ­ճառ չու­նին։

­Մեր ժո­ղո­վուր­դը, ընդ­հա­կա­ռա՛կն, ա­մէն պատ­ճառ եւ ի­րա­ւունք ու­նի պա­հան­ջե­լու իր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն, որ հա­շիւ տան հայ­րե­նի հո­ղին, սահ­մա­նա­պահ հա­յուն եւ մա­նա­ւանդ քա­ջա­րի հայ զի­նո­ւո­րին այս­պէս ա­նակն­կա­լի մատ­նե­լու հա­մար՝ թշնա­միի բար­բա­րո­սու­թեան կեր դարձ­նե­լով մեր թան­կա­գինն ու ան­փո­խա­րի­նե­լին…

­Պարզ ու մե­կին. ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը ի­րա­րու ե­տե­ւէ պաշ­տօ­նէ կ­՛ար­ձա­կէ հա­յոց բա­նա­կի ա­ռա­ջին կար­գի պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, ո­րոնց ո՛չ յան­ցան­քին հա­մար հա­շիւ կու տայ մեր ժո­ղո­վուր­դին, ոչ ալ ա­նոնց յան­ցանք­նե­րուն հա­մար դատ ու դա­տաս­տան կը տես­նէ օ­րի­նա­կան կար­գով։ ­Չէ՞ որ ­Հա­յաս­տա­նի ­Զի­նո­ւած Ու­ժե­րուն գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տարն է նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան եւ այս­քան ժա­մա­նակ ինք է կա­տա­րած, սահ­մա­նադ­րա­կա­նօ­րէն եւ ի­րո­ղա­պէս, վե­րահս­կո­ղու­թիւ­նը ա­նոնց գոր­ծու­նէու­թեան ու վար­քու­բար­քին…
­Հա­շիւ տալ չկա՞յ ի­րա­ւա­կան եւ սո­ցիա­լա­կան մեր պե­տու­թեան մէջ։

­Հի­մի է՞լ լռենք։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ