Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Կա­ռա­վա­րու­թեան գլուխ կանգ­նող­նե­րը յայտ­նա­պէս ան­հան­գիստ են: ­Ժո­ղովր­դա­յին ճնշու­մը զգա­լու նշան­ներ ցոյց կու տան ա­նոնք եւ, գո­նէ ե­րե­ւու­թա­պէս, քայ­լեր կ­՛առ­նեն բա­րե­փո­խու­թեանց պատ­րանք ստեղ­ծե­լու եւ լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը մեղ­մե­լու նպա­տա­կով:

­Ծա­ռա­յո­ղա­կան մե­քե­նա­նե­րու թի­ւի կրճա­տու­մը, պե­տա­կան գնում­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցը ա­ւե­լի՛ թա­փան­ցիկ դարձ­նե­լու խոս­տում­նե­րը, նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու պիւտ­ճէ­նե­րը

խնա­յո­ղա­բար ու ա­ռա­ւել ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեամբ օգ­տա­գոր­ծե­լու յոր­դոր­նե­րը, մե­նաշ­նոր­հեալ­նե­րու ար­տօ­նու­թիւն­նե­րուն դէմ նպա­տա­կադ­րո­ւած մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը (այս պա­րա­գա­յին՝ ­Դաշ­նակ­ցա­կան նա­խա­րա­րին նա­խա­ձեռ­նող դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը պէտք է ա­ռանձ­նաց­նել՝ յետ քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին պատ­ճա­ռաւ հա­սա­րա­կա­կան ճնշու­մի գոր­ծօ­նէն), պաշ­տօ­նան­կու­թիւն­նե­րը (ո­րոնք տա­կա­ւին պէտք է դա­տա­կան հե­տապնդ­ման շա­րու­նա­կու­թիւն ու­նե­նան), մա­կա­նու­նա­ւոր նա­խա­րա­րի թիկ­նա­պահ­նե­րու յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը չան­տե­սե­լու ու զա­նոնք քրէա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան կան­չե­լու զար­մա­նահ­րաշ քայ­լը… այս բո­լո­րը կրնան իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու «ժա­մա­նակ շա­հե­լու» զի­նա­նո­ցին մաս կազ­մել, ե­թէ հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դը վե­րա­դառ­նայ իր նախ­կին յու­սա­հատ ան­տար­բե­րու­թեան հո­գե­վի­ճա­կին:

Յս­տակ է, որ ­Հա­յոց բա­նա­կի հե­րոս զինո­ւոր­նե­րուն զո­հա­բե­րու­թիւ­նը միայն սահ­մա­նի ա­պա­հո­վու­թեան ե­րաշ­խի­քը պէտք չէ դառ­նայ, այ­լեւ պէտք է ամ­րագ­րէ նոյն այդ հե­րոս­նե­րուն ու ի­րենց զի­նա­կից­նե­րուն ծնունդ տո­ւող ըն­տա­նիք­նե­րուն, այ­սինքն՝ ­Հա­յաս­տա­նի բո­լո՛ր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն ար­ժա­նա­պա­տիւ կեան­քի պայ­ման­ներ ստեղ­ծե­լու պե­տա­կան յանձ­նա­ռու­թիւ­նը։

Ու­րեմն, լայն հա­սա­րա­կու­թիւ­նը պէտք է ար­թուն հսկէ պե­տա­կան բո­լոր օ­ղակ­նե­րուն վրայ եւ ա­նոնց­մէ պա­հան­ջէ ամ­բող­ջա­կան թա­փան­ցի­կու­թիւն, բո­լո՛ր չա­րա­շա­հում­նե­րու վե­րա­ցում:
­Մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն ար­դար քրտին­քի ար­դիւն­քը պէտք է ծա­ռա­յէ միայն ու միայն ­Հա­յոց ­Բա­նա­կի հզօ­րաց­ման ու ար­դար հա­սա­րա­կարգ ստեղ­ծե­լու ծրա­գիր­նե­րուն, այլ ոչ թէ սա­կա­ւա­թիւ մե­նաշ­նոր­հեալ­նե­րու յղփան­քը մա­տա­կա­րա­րե­լու:
Ար­թուն հսկել ու պա­հան­ջա­տէր ըլ­լալ՝ ան­տե­ղի­տա­լի վճռա­կա­նու­թեամբ:

Ա­բօ ­Պո­ղի­կեան