Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ, թուրք իս­լա­միստ եր­կու պա­րագ­լուխ­ներ` ­Թուր­քիոյ ներ­կայ նա­խա­գահ ­Ռե­ճեփ Էր­տո­ղան եւ նշա­նա­ւոր սիւն­նի հո­գե­ւո­րա­կան ­Ֆե­թուլ­լահ ­Կիւ­լէն հա­մա­խոհ­ներ էին: Ա­նոնց ընդ­հա­նուր թշնա­մին թրքա­կան զի­նո­ւո­րա­կա­նու­թիւնն էր:

 

­Բայց երբ Էր­տո­ղան իր բռնա­տի­րա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը ամ­րապն­դեց՝ ու­ժա­թափ ը­նե­լով թուրք զօ­րա­վար­նե­րը, ան դէմ ե­լաւ իր հին դաշ­նա­կի­ցին` ­Կիւ­լէ­նին։ Էր­տո­ղան մաք­րա­գոր­ծեց եւ բան­տար­կեց ­Կիւ­լէ­նի հե­տե­ւորդ­նե­րը` հա­րիւ­րա­ւոր լրագ­րող­ներ, դա­տա­ւոր­ներ, ոս­տի­կան­ներ եւ պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­ներ:

­Կիւ­լէ­նի գլխա­ւո­րած կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին իր հա­մաշ­խար­հա­յին հե­տաքն­նու­թիւ­նը ընդ­լայ­նե­լու նպա­տա­կով՝ ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը վար­ձեց ­Լոն­տոն գտնո­ւող «Ամս­թեր­տամ եւ գոր­ծըն­կեր­ներ» փաս­տա­բա­նա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը՝ ամ­սա­կան վճա­րե­լով 50 հա­զար տո­լար: ­Փաս­տա­բա­նա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը նաեւ կը տրա­մադ­րէ ի­րա­ւա­բա­նա­կան խորհր­դա­տո­ւու­թիւն՝ ­Փեն­սիլ­վա­նիոյ մէջ կա­մա­ւոր աք­սո­րեալ ­Կիւ­լէ­նի ար­տա­յանձն­ման հա­մար Էր­տո­ղա­նի վար­չա­կար­գի պա­հան­ջին վե­րա­բե­րեալ:

«­Մեզ վար­ձած է ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը` բա­ցա­յայ­տե­լու ­Կիւ­լէ­նի ցան­ցի են­թադ­րեալ ա­պօ­րի­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ»,- յայ­տա­րա­րած է «Ամս­թեր­տամ եւ գոր­ծըն­կեր­ներ» ըն­կե­րու­թեան հիմ­նա­դիր-գոր­ծըն­կեր ­Ռո­պերթ Ամս­թեր­տամ, վեր­ջերս Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ կա­յա­ցած մա­մու­լի ա­սու­լի­սի մը ժա­մա­նակ:

«­Կիւ­լէ­նի ցան­ցի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, նե­րա­ռեալ ա­նոր ներ­թա­փան­ցու­մը ­Թուր­քիոյ դա­տա­կան հա­մա­կարգ եւ ոս­տի­կա­նու­թիւն, ինչ­պէս նաեւ ա­նոր քա­ղա­քա­կան լոպ­պին­կը, պէտք է մտա­հո­գէ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք կը մտա­ծեն ­Թուր­քիոյ մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ա­պա­գա­յին մա­սին»:
Ազ­դե­ցիկ փաս­տա­բա­նին կեղ­ծա­ւոր ող­բը առ «­Թուր­քիոյ մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ա­պա­գայ»՝ ան­հե­թե­թու­թիւն է, քա­նի որ Էր­տո­ղան ան­ձամբ ջնջած է ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան բո­լոր հետ­քե­րը ­Թուր­քիոյ մէջ...

­Վեր­ջերս մա­մու­լի հա­ղոր­դագ­րու­թեան մը մէջ Ամս­թեր­տա­մը յայ­տա­րա­րած է, որ «Ա.Մ.Ն.ի ա­ւե­լի քան 100 պայ­մա­նագ­րա­յին դպրոց­նե­րու մէջ գոր­ծող ­Կիւ­լէ­նի ցան­ցը դար­ձած է դաշ­նա­յին եւ տե­ղա­կան ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րու հե­տաքն­նու­թեան ա­ռար­կայ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ:

Ըստ ա­ռան­ձին հայ­ցե­րու, ո­րոնք ներ­կա­յա­ցո­ւած են ­Կիւ­լէ­նի հետ կա­պո­ւած դպրոց­նե­րուն դէմ` խում­բը իբ­րեւ թէ պար­բե­րա­բար զբա­ղած է ա­մե­րի­կեան մուտ­քի ար­տօ­նա­գիր­նե­րու հա­մա­կար­գի չա­րա­շա­հում­նե­րով»: ­Թուր­քիան ներ­կա­յաց­նող փաս­տա­բա­նը նաեւ յայ­տա­րա­րած է` «Ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ ­Կիւ­լէ­նի ցան­ցը կ­՝աշ­խատց­նէ հա­զա­րա­ւոր դպրոց­ներ եւ հա­մա­ձայ­նա­գիր ու­նի Ափ­րի­կեան ­Միու­թեան հետ` տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ 1000 նոր դպրոց բա­նա­լու վե­րա­բե­րեալ»:

Այժմ Էր­տո­ղա­նի եր­կար ձեռ­քը հա­սած է մին­չեւ ­Թեք­սաս` հե­տե­ւե­լով «­Հար­մո­նի» հան­րակր­թա­կան դպրոց­նե­րու, ­Հիւս­թը­նի մէջ գտնո­ւող ա­մե­նա­մեծ պայ­մա­նագ­րա­յին դպրո­ցա­կան հա­մա­կար­գին, որ ու­նի 30 հա­զար ա­շա­կերտ եւ կ­՝աշ­խա­տի ­Կիւ­լէ­նի հետ կա­պո­ւած ոչ-ա­ռեւտ­րա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ:

Ան­ցեալ տա­րո­ւան ­Նո­յեմ­բե­րին «Ամս­թեր­տամ եւ գոր­ծըն­կեր­ներ» ըն­կե­րու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած է 90 կէ­տա­նոց հան­րա­յին տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան հար­ցում, ո­րուն ամ­բող­ջաց­ման հա­մար «­Հար­մո­նի»ն ս­տի­պո­ւած պի­տի ըլ­լայ ծախ­սե­լու 4,5 մի­լիոն տո­լար: ­Նոյ­նիսկ եր­կար ցու­ցա­կի կրճա­տու­մէն յե­տոյ՝ «­Հար­մո­նի»էն պի­տի պա­հան­ջո­ւի 690 հա­զար տո­լար, զայն լրաց­նե­լու եւ այդ տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւ­նը տրա­մադ­րե­լու հա­մար: Այժմ ­Թեք­սա­սի գլխա­ւոր դա­տա­խա­զը պէտք է ո­րո­շէ թրքա­կան պա­հան­ջին նպա­տա­կա­յար­մա­րու­թիւ­նը:

Այս շա­բաթ կ­՝ակն­կա­լո­ւի, որ «Ամս­թեր­տամ եւ գոր­ծըն­կեր­ներ» ըն­կե­րու­թիւ­նը 30 է­ջա­նոց բո­ղոք ներ­կա­յաց­նէ ­Թեք­սա­սի Կր­թու­թեան ­Գոր­ծա­կա­լու­թեան (Թ.Կ.Գ.)՝ «­Հար­մո­նի»ի դպրոց­նե­րուն դէմ:

­Լոպ­պիստ ­Ճիմ Առ­նոլ­տը՝ ­Թեք­սա­սի Օս­թին քա­ղա­քէն, ո­րուն ­Թուր­քիան նոյն­պէս վար­ձած է, ե­լեկտ­րո­նա­յին նա­մակ ու­ղար­կած է ­Թեք­սա­սի նա­հան­գա­պե­տին՝ նշե­լով, որ այդ բո­ղո­քը «պի­տի ներ­կա­յաց­նէ շարք մը մե­ղադ­րանք­ներ «­Հար­մո­նի»ի ե­լեւմ­տա­կան գոր­ծառ­նու­թեանց, ա­նոնց են­թադ­րեալ ա­պօ­րի­նի գոր­ծո­ղու­թեանց, նաեւ՝ Թ.Կ.Գ.ի կող­մէ հա­մա­պար­փակ նա­խաքն­նու­թիւն սկսե­լու պա­հան­ջին վե­րա­բե­րեալ»:

«­Հար­մո­նի» հան­րակր­թա­կան դպրոց­նե­րու գլխա­ւոր գոր­ծա­դիր տնօ­րէն եւ հա­մա­հիմ­նա­դիր ­Սո­ներ ­Թա­րի­նը, իբ­րեւ պա­տաս­խան, ը­սած է «­Հիւս­թըն Ք­րո­նիքլ»ին, որ ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ իր դպրոց­նե­րու թի­րա­խա­ւո­րու­մը «ապ­շե­ցու­ցիչ է եւ քա­ղա­քա­կան շար­ժա­ռիթ­ներ ու­նի»:

Իսկ մինչ այդ, «Ամս­թեր­տամ եւ գոր­ծըն­կեր­ներ» ըն­կե­րու­թիւ­նը հա­ման­ման բո­ղոք­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցած է ­Քա­լի­ֆոր­նիոյ մէջ ­Կիւ­լէ­նի հետ կա­պո­ւած «­Մակ­նո­լիա» պայ­մա­նագ­րա­յին դպրոց­նե­րուն դէմ` «կոչ ը­նե­լով ­Քա­լի­ֆոր­նիոյ կրթու­թեան բա­ժան­մուն­քին` պայ­մա­նագ­րա­յին ցան­ցի ե­լեւմ­տա­կան գոր­ծու­նէու­թեան լիար­ժէք հե­տաքն­նու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նե­լու»,- կը հա­ղոր­դէ «­Հիւս­թըն Ք­րո­նիքլ»:

­Քոնկ­րէ­սա­կան Պ­րետ ­Շեր­մա­նը իր խիստ նա­մա­կին մէջ դժգո­հած է «­Մակ­նո­լիա» պայ­մա­նագ­րա­յին դպրոց­նե­րուն դէմ ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան յար­ձա­կում­նե­րէն.- «­Նա­խա­գահ Էր­տո­ղան կը ժխտէ այն բո­լոր լաւ բա­նե­րը, զորս կը ներ­կա­յաց­նեն ա­մե­րի­կեան դպրոց­նե­րը: Ան ան­ձամբ հսկա­յա­կան վնաս հաս­ցու­ցած է ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ»:

­Քոնկ­րէ­սա­կան ­Շեր­ման, նաեւ Ապ­րիլ 26ի իր նա­մա­կին մէջ, գրած է, որ ««Ամս­թեր­տամ եւ գոր­ծըն­կեր­ներ» ըն­կե­րու­թեան վճա­րած են տա­րե­կան 600 հա­զար տո­լար «­Մակ­նո­լիա» հան­րակր­թա­կան դպրոց­նե­րը վար­կա­բե­կե­լու հա­մար» եւ որ «տար­բեր ժա­մա­նակ­ներ նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ա­ջակ­ցած է Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւն ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման: ­Հե­տե­ւա­բար, չեմ կար­ծեր, որ ա­մե­րի­կեան կրթու­թեան վե­րա­բե­րեալ ա­ւե­լի վատ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան աղ­բիւր ըլ­լայ, քան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նը եւ ա­նոր վճա­րո­վի գոր­ծա­կալ­նե­րը»,- կը հա­ղոր­դէ «­Հիւս­թըն քրո­նիքլ»:

­Թա­րիմ յայտ­նած է հիւս­թը­նեան թեր­թին, որ, ցա­ւօք, «­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր տո­լար­ներ կը ծախ­սէ եւ ան­թիւ յար­ձա­կում­ներ կը գոր­ծէ այդ ա­մե­րի­կեան դպրոց­նե­րուն վրայ՝ ստի­պե­լով «­Հար­մո­նի»ին հա­մար­ժէք պա­տաս­խան տա­լու: Ա­ւե­լի լաւ պի­տի ըլ­լար այդ գու­մարն ու ու­ժը ծախ­սո­ւէին ու­սա­նող­նե­րու վրայ»:

Ա­մե­րի­կա­հա­յե­րը կրնան հան­գիստ շունչ քա­շել եւ մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ հե­տե­ւիլ ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան ու ­Կիւ­լէ­նի կազ­մա­կեր­պու­թեան մի­ջեւ ծա­ւա­լած այս ծախ­սա­տար եւ խայ­տա­ռակ դա­տա­կան պայ­քա­րին: ­Թող ա­նոնք ի­րենց գու­մար­ներն ու ու­ժը վատ­նեն՝ պայ­քա­րե­լով ի­րա­րու դէմ, քան ծախ­սեն դէ­պի ­Թուր­քիա ա­մե­րի­կեան պաշ­տօ­նեա­նե­րու ամ­բող­ջո­վին վճա­րո­ւած շռայլ զբօ­սախն­ճոյք­նե­րու եւ ­Քոնկ­րէ­սի ան­դամ­նե­րու լոպ­պին­կին վրայ՝ ընդ­դէմ հայ­կա­կան հար­ցե­րու…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ - «­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր»