Print
Category: Յօդուածագրութիւն

alt

Արարատը խորհրդանիշն է մեր կեանքին:
Մեր սրբատեղին: Մեր ապագան:

Մեր սրտերուն խօսողը,
մեզի տուն կանչողը,
մեզի ազգութեամբ հզօրացնողը:
Աշխարհի ոչ մէկ լեռ,
այսքան կարօտով չի խօսիր մեզի,
որքան Արարատը:
Կանչ մըն է ան, լեռ ըլլալէ աւելի:
Ոգի է ան, քար ըլլալէ աւելի:
Կուրծք հպարտացնող գոյութիւն:
Կեանք իմաստաւորող էութիւն,
որ իր հուժկու կեցուածքով
ու թափանցիկ նայուածքով
արթուն պահել կը ցանկայ մեզ:
Կը խօսի ան իր հրակէզ լեզուով.-
«Եկէք, կ՛ըսէ, եկէք դէմս կանգնեցէք,
մշակեցէք Արարատեան ձեր դաշտը,
ձերն է ան ու ձեր նախնեաց ժառանգը:
Ամէն օր, դէմ դիմաց կանգնած,
սիրտ սրտի տանք ու խօսինք,
ցաւեր ունինք ըսելիք մենք իրարու,
պայքար ունինք տանելիք,
արդարութիւն պարտադրելիք:
Ականջ դրէք իմ կանչին,
եկէք դէմս ուռճացէք,
տոկուն կեցէք, հզօրացէք:
Օտար հողեր թափառելով յոյս չկայ,
հեռու ինծմէ հայ մնալու ելք չկայ,
ես եմ կեանքը, յոյսն ու փառքը,
ես եմ նաեւ ձեր գոյութեան նպատակը:
Իմ Արագած եղբօր դիմաց ես կանգնած,
ինչ երազներ մենք կը հիւսենք ձեզ համար:
Միայն եկէք,
մեր մէջտեղը գտնուող
փոքրածաւալ հողը բերրի
վերածեցէք բերկրալի:
Հեռու ինծմէ դուք տենչակէզ կը մնաք
ու ձեզ տեսնել ես չեմ կրնար,
իսկ ամէնէն սարսափելին,
դուք չէք կրնար տեսնել զիս,
ուժ ամբարել, դիմանալ,
սերունդներուն նոր շունչ տալ:
Օտար հողեր խուլ ու մունջ են մեր ազգին,
ուր որ երթաք, ուր որ մնաք,
իմ կարօտով պիտ՛ այրիք,
իմ Մեծ Վէրքով պիտի կոտտաք:
Օրն է հասել, որ ցաւն իմ ամոքէք,
ձեր հողերուն վերադարձէք,
ես պէտք ունիմ ձեր գոյութեան, որպէսզի զիս տուն բերէք:
Յոյսեր ունիմ ես ձեր վրան:
Տուն եկէք»:
Ականջ մենք տանք Արարատի կանչերուն,
պատգամն է ան մեր բիւրաւոր հերոսներուն, աստուածներուն, զոհերուն...:

Մարգար Շարապխանեան, Ուշի