Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altՀայաստանի անկախութեան 98րդ տարեդարձ

­­Հա­յերս մեր նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին առ­նո­ւազն չորս ան­գամ ազ­գո­վին միա­ցած, հա­մա­կամ ո­գիով ի­րար քով ու ի­րար հետ գտնո­ւած

ենք, մեր հա­ւա­քա­կան ճա­կա­տագ­րի թո­հու­բո­հին մէջ.- 1918ին՝ մեր պատ­մու­թեան եր­կար ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի տի­րա­ցած ազ­գա­յին յե­նա­կէ­տին՝ Ա­ռա­ջին Ան­կա­խու­թեան, 1921ին՝ երբ «հայ­րե­նա­սէր­ներ» կը կռո­ւէին «հա­կա­հայ­րե­նա­սէր­նե­րու» դէմ, ­Փետ­րո­ւա­րեան ժո­ղովրդա­յին ապս­տամ­բու­թեան. 1989ին՝ Ար­ցա­խեան վճռա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան եւ 1991ին՝ յետ-խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խաց­ման ու ­Սեպ­տեմ­բեր 21ի հան­րա­քո­ւէ-հռչա­կագ­րի պատ­մա­կան ե­ղե­լու­թիւն­նե­րու եւ ո­գե­ւո­րու­թեան հրա­շա­լի տա­րի­նե­րու օ­րի­նակ­նե­րով։

­Վե­րո­յի­շեալ չորս պա­րա­գա­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ւան­դա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու թէ ժո­ղովրդա­յին շար­ժում­նե­րու ա­զա­տա­սէր կամ­քի դրդու­մով ու ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, որ պսա­կո­ւե­ցաւ պատ­մու­թեան մէջ հետք ու դրոշմ ար­ձա­նագ­րած գա­ղա­փա­րա­կան դի­մա­գի­ծի մը նո­ւա­ճում­նե­րով։

­Չոր­սէն ե­րեք պա­րա­գա­նե­րուն՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը գտնո­ւե­ցաւ սուլ­թա­նա-օսմա­նա­կան, սո­վե­տա-պոլ­շե­ւի­կեան ու Ատր­պէյ­ճա­նա-թրքա­կան բռնա­տի­րա­կան լու­ծին են­թա­կայ։ Ա­ռա­ջին ե­րեք պա­րա­գա­նե­րուն՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը պա­տե­րազ­մե­ցաւ ու յաղ­թա­նա­կեց։ Այդ յաղ­թա­նակ­նե­րը մին­չեւ այ­սօր մար­դու միս կը հո­տին։

­Չոր­րոր­դի պա­րա­գա­յին՝ հայ­րե­նի մեր հպարտ ժո­ղո­վուր­դը քա­ղա­քա­կա­նա­պէս ըմ­բոս­տա­ցաւ, ազ­գո­վին ապս­տամ­բե­ցաւ, ու օ­րո­ւայ ե­ղե­լու­թիւն­նե­րու բա­րե­պա­տեհ վե­րի­վայ­րում­նե­րու հե­տե­ւան­քով եւ ա­նա­րիւն պա­տե­րազ­մի ճամ­բով՝ եր­կա­թէ վա­րա­գոյ­րի 70 տա­րո­ւան «սպի­տակ եր­կար գի­շեր­նե­րու» ու­րո­ւա­կան­նե­րու մղձա­ւան­ջէն ետք, տի­րա­ցաւ իր այն­քան ե­րա­զո­ւած ա­զա­տու­թեան ու ան­կա­խու­թեան, ծա­ծա­նեց­նե­լով մեր ազ­գա­յին Ե­ռա­գոյն դրօ­շը, մեր ազ­գա­յին խրոխտ քայ­լեր­գը հնչեց­նե­լով եւ մեր պատ­մու­թեան ա­րիւ­նոտ ու հե­րո­սա­կան է­ջե­րը խորհր­դանշող ­Զի­նան­շա­նը հան­դի­սադ­րե­լով։
Այս­պէս, մեր պատ­մու­թիւ­նը ե­ղաւ ե­ղե­լու­թիւն­նե­րու ա­նու­րա­նա­լի վկայ եւ ժա­մա­նա­կի հոս­քին հետ ա­պա­գա­յի զար­թօն­քի ու վե­րած­նուն­դի ե­րաշ­խիք։

­Մեր ազ­գը միշտ գտնո­ւե­ցաւ ռազ­մա­կան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու առ­ջեւ եւ տի­րա­ցաւ իր ան­կա­խու­թեան, ո­րով­հե­տեւ՝ անձ­նա­զոհ հե­րոս­ներ ու­նե­ցաւ եւ ո­րով­հե­տեւ՝ նո­ւի­րեալ այդ հե­րոս­նե­րուն կա­րե­ւո­րու­թիւն ու ար­ժէք տալ գիտ­ցաւ, ա­նոնց­մով դաս­տիա­րա­կե­լով նաեւ հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րը հայ­րե­նի­քի ո­գիով ու յե­ղա­փո­խա­շունչ պատ­գամ­նե­րով։
Այ­սօր, հարց կու­տանք, ե­թէ մեր ան­կա­խու­թեանց ամ­բող­ջա­կան ար­ժե­ւո­րու­մը կա­տա­րած ենք։ Ար­ժե­ւո­րում ը­սե­լով, ը­սել չեմ ու­զեր՝ ե­թէ ա­րիւն թա­փած հե­րոս­նե­րուն ա­նուն­նե­րը հրա­տա­րակուած, կամ՝ ե­թէ ա­նոնք հրա­պա­րա­կա­յին հան­դի­սու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին պար­գե­ւատ­րո­ւած կամ յու­շա­մե­տալ­նե­րու ար­ժա­նա­ցած են։

Ես ա­նոնց ա­նուն­նե­րը պի­տի չտամ։ Ա­նոնք պէտք չու­նին հապ­ճեպ ու ան­ցո­ղա­կի ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րու թէ հրա­պա­րա­կում­նե­րու։ Այդ գոր­ծըն­թա­ցը փա­փա­քող­նե­րուն ձգենք։
Ու­ժին դի­մաց ո­րե­ւէ թշնա­մի կը հպա­տա­կի։ Թշ­նա­մին միայն դա­ւա­ճան­նե­րուն դի­մաց չի հպա­տա­կիր։ Ո­րե­ւէ թշնա­մի հե­րո­սու­թեան զա­նա­զա­նու­թիւ­նը կրնայ ը­նել, երբ ու­ժի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը հռե­տո­րա­կան խօս­քե­րով չ­’ըլ­լար։
­Հի­մա ե­կեր եմ, ի՜նչ բա­նե­րու մա­սին կը խօ­սիմ, ին­չե՜ր կը յի­շեմ, ին­չե՜ր կը յի­շեց­նեմ ձե­զի։ ­Տե­սա­բա­նա­կան մեր­ձե­ցում­ներ, որ լու­ծում չեն տար, տեղ չեն հասց­ներ, քա­նի գա­ղա­փար­նե­րը կը պատ­շա­ճե­ցո­ւին ու կը վե­րա­պատ­շա­ճե­ցո­ւին ժա­մա­նա­կին, ժա­մա­նակ­նե­րուն մէջ։

­Գի­տակ­ցա­բար կ­’անդ­րա­դառ­նամ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան նպաս­տա­ւոր թէ անն­պաստ պայ­ման­նե­րու ար­դիւնք ե­ղող օ­րի­նակ­նե­րու, լա­ւա­տես յոյ­սի այն ակն­կա­լու­թեամբ, որ այ­սօր եւս մեր ժո­ղո­վուր­դը հա­մա­կա­մօ­րէն միա­ցած է հայ­րե­նի­քի գա­ղա­փա­րին շուրջ։ ­Միա­ցած է յատ­կա­պէս ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րին դի­մաց։ ­Մէկ խօս­քով՝ ան­կա­խու­թիւ­նը միա­ցու­ցած է հա­յե­րու մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող կու­սակ­ցա­կան թէ գա­ղա­փա­րա­կան տար­բեր հո­սանք­ներն ու մտայ­նու­թիւն­նե­րը։ ­Կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը հայ կեան­քի ե­րաշ­խիքն ու ի­րա­ւա­րարն են, ազ­գա­յին ո­րե­ւէ շե­ղու­մի թէ այ­լա­սե­րու­մի դէմ։

Ազ­գա­յին ա­ռողջ հա­սա­րա­կու­թեան մը հա­մար գո­յա­տե­ւող միաց­ման գա­ղա­փա­րը գործ­նա­պէս ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւոր պի­տի ըլ­լար ան­շուշտ, ե­թէ մեր ազ­գը նո­ւազ, կամ նո­ւա­զա­գոյն չա­փով յա­ջո­ղէր դի­մագ­րա­ւել մեր ժա­մա­նակ­նե­րու ա­մէ­նէն ա­հա­ւոր մղձա­ւան­ջը հան­դի­սա­ցող ար­տա­գաղ­թի լլկող ա­լի­քը։ ­Մա­նա­ւանդ մեր ժա­մա­նակ­նե­րուն։
Այ­սօր, աշ­խար­հի բո­լոր ան­կիւն­նե­րուն մէջ ապ­րող հա­յե­րը, լրիւ հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ կը գտնո­ւին մեր ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ու հո­ղա­յին վե­րա­տի­րաց­ման գե­րա­գոյն գա­ղա­փա­րին առ­ջեւ։ ­Յու­շը չի դա­ւա­ճա­ներ, ազ­գա­յին ո՛ր հար­թա­կին վրայ ալ գտնո­ւի ան։

Երբ ազ­գա­յին հար­ցե­րու հա­յե­լիին մէջ կը նա­յինք, հոն կը տես­նենք պատ­մու­թեան փշուր­ներ, հո­ղի բարձ­րա­ցու­ցած փո­շին, ա­ւան­դա­կան հե­րո­սու­թիւն դար­ձած ան­վե­հեր զի­նո­ւոր­նե­րու լեր­դա­ցած ա­րեան գուն­դեր։ ­Կը տես­նենք տա­կա­ւին մեր պատ­մու­թիւ­նը, ա­ւան­դու­թիւ­նը, աշ­խար­հագ­րու­թիւ­նը, նա­հա­տակ­նե­րու գե­րեզ­ման­նե­րը, յու­շար­ձան­նե­րը, ­Մես­րո­պեան գի­րը, հաս­նող սե­րունդ­նե­րուն ստանձ­նե­լիք դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը եւ դեռ ո­ւիշ շատ բա­ներ։

­Բա­րի լոյս ըն­կեր­ներ. միայն հա­ճե­լի բա­ներ ը­սե­լով չգո­հա­նանք։
­Գի­տէ՞ք, ո­րոշ լաւ եւ գէշ բա­ռեր ան­հե­տա­ցած են մեր բա­ռամ­թեր­քէն։ ­Բո­լորս կը փոր­ձենք պա­հել ու պահ­պա­նել հա­յու­թիւ­նը ի­րար զօ­դող ա­մուր օ­ղա­կը, շղթան, մեր գո­յու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւ­նը այս աշ­խար­հին մէջ, ուր որ­քան ալ փնտռենք, պի­տի հաս­տա­տենք, թէ մար­դիկ ու ազ­գեր բա­ցար­ձա­կա­պէս ի­րա­րու չեն նմա­նիր, ներք­նա­պէս թէ ար­տաք­նա­պէս չեն նմա­նած եր­բեք։
Անց­նող ա­մէն օ­րը, մեր առ­ջեւ քիչ մը ա­ւե­լի յստակ կը պար­զէ մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թեան զու­գա­հեռ՝ հա­յու դի­մա­գի­ծի էու­թե­նէն բխող հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու տագ­նա­պը։ Այս բնա­գա­ւա­ռին մէջ կար­ծես, թէ բա­ւա­կան մար­զո­ւած ենք, ան­ցեա­լին հետ բա­խում չու­նե­նա­լու հա­մար։

­Մեր լա­ւա­գոյն տղա­քը ո՞ւր են։ ­Մեր լա­ւա­գոյն մար­տիկ­նե­րը հոս են եւ հոս չեն, ո­մանք ա­ռեղ­ծո­ւա­ծա­յին հիաս­թա­փու­թեամբ մը կը դի­տեն մեզ ու­րի՜շ, հե­ռա­ւո՜ր, շատ հե­ռա­ւոր տե­ղե­րէ։ Ա­նոնց մտքե­րէն հետզ­հե­տէ հիւ­ծող՝ ո­մանց յու­շը մար­մա­րա­պատ գե­րեզ­ման­նե­րու տակ է, երբ տա­րին օր մը, ճշդո­ւած կամ պա­տա­հա­կան ա­ռի­թով մը կ­’այ­ցե­լենք ի­րենց, յե­ղա­փո­խա­շունչ ո­գե­ւո­րու­թեամբ ե­րի­տա­սար­դա­կան խում­բեր ալ «­Միա­ցէք հա­յեր» կ­’եր­գեն Ե­ռաբ­լու­րի հո­ղին տակ հանգ­չող­նե­րուն, լռակեաց ու խեղ­դող մղձա­ւան­ջով։

Ա­մէնքս գի­տենք, որ հե­րո­սու­թիւ­նը ան­մահ կը դարձ­նէ պարզ զի­նո­ւորն ալ։ Ե­ռաբ­լու­րի բար­ձուն­քին թա­ղուած մար­տիկ­նե­րը, մեր բո­լո­րիս վրայ դի­ցա­բա­նա­կան անդ­րա­դարձ ու­նին, քա­նի ի­րենց հե­րո­սու­թիւ­նը ա­ռաս­պե­լա­կա­նա­ցաւ ու ա­ռաս­պե­լա­կա­նա­ցուց մեր պան­ծա­լի պատ­մագ­րու­թիւ­նը։

Չ­մոռ­նանք. մեր լա­ւա­գոյն դաշ­նա­կից­նե­րը մեր նա­հա­տակ­ներն են։ Ա­նոնք պի­տի չդա­ւա­ճա­նեն մեզ եր­բեք։
­Բայց ե­թէ ա­նոնց յու­շը պակ­սի, ուր­կէ՞ պի­տի կառ­չինք, ին­չի՞ վրայ պի­տի ա­պա­ւի­նինք։ ­Կար­ծես, քիչ մը ա­ւե­լի, ա­մէն օր կը մոռ­նանք մեր գո­յու­թեան հիմ­նա­ւոր բաղ­դա­տա­կան­նե­րը ազ­գա­յին առ­ճա­կատ­ման մեր նո­րօ­րեայ թա­տե­րա­բեմ­նե­րուն վրայ։
­Սե­րունդ­նե­րը կը կոր­սո­ւին. հա­յու­թիւ­նը կը կոր­սո­ւի. ազ­գե­րու մար­դաշ­խար­հագ­րու­թիւ­նը կը փո­խո­ւի, ա­նոր հետ ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան ըմբռնումն ալ։ ­Մա­նա­ւանդ հայ­րե­նա­զուրկ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հա­մար։

­Ժա­մա­նա­կը կը սա­հի. ան­ներ­դաշ­նակ սա­հան­քին հետ կը փո­խո­ւի ան­կա­խու­թիւ­նը, եւ ան­կա­խու­թեան հետ մեծ­ցող ժո­ղո­վուրդն ալ։ ­Մեր փոք­րիկ հո­ղա­տա­րած­քին մէջ դեռ քա­նի-քա­նի­ներ «­Մենք»ը «ես» կ­’ա­նո­ւա­նեն։ Ի՞նչ կը պա­տա­հի, երբ ազգ մը կը բաժնուի «­Մենք»ի եւ «ա­նոնց»ի։ ­Մեր ազ­գի ազ­նո­ւա­գոյն ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը երբ թե­րու­թեան վե­րա­ծո­ւին, շփո­թե­լով ազ­գա­յին ար­ժէ­քին հան­գա­ման­քը եւ հան­գա­ման­քին ար­ժէ­քը, ո­րակն ու ա­նո­րա­կը ի­րար խառ­նե­լով, մնա­յունն ու գնա­յու­նը չհա­ւա­սա­րակշ­ռե­լով, սուտ հռե­տո­րա­կա­նու­թիւնն ու ցու­ցա­մո­լու­թիւ­նը թիւր կեր­պով զա­նա­զա­նե­լով, կամ ալ չկա­րե­նալ զա­նա­զա­նե­լով։ Ի՞նչ կա­ցու­թիւն կը ստեղ­ծո­ւի... ։

Ինչ որ մա­կե­րե­սի վրայ կրնայ ծփալ իր ար­ժէ­քի ծան­րու­թեամբ, չ­’ընկղ­միր։ ­Զար­գա­ցում­նե­րը ի­րենց ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը ու­նին, որ եր­բեմն կը դրսե­ւո­րեն, եր­բեմն ալ լա­ւա­պէս քո­ղար­կո­ւած կը պա­հեն ի­րենց հան­ճա­րը։
­Դի­մա­գիծ ու ան­հա­տա­կա­նու­թիւն ու­նե­ցող խոր­քա­յին ար­ժէ­քը ա­նայ­լայլ կը պահ­պա­նո­ւի կեան­քին մէջ, ան­պայ­ման այդ ար­ժէ­քին գի­նը վճա­րե­լով, ուշ թէ կա­նուխ։

Կր­նանք դար­ձեալ համ­րել, թէ քա­նի՞ հո­գի մնա­ցած ենք։ Ս­կիզ­բը քիչ մը պի­տի դժո­ւա­րա­նանք. շա՜տ տա­րա­ծո­ւե­ցանք, վեր­ջա­ւո­րու­թեան սա­կայն մտա­ւոր թի­ւի մը շուրջ պի­տի յան­գինք՝ հա­մա­ձայ­նե­լու հա­մար ճշդո­ւած մե­ծա­մաս­նու­թեան, կամ՝ չճշդո­ւած փոք­րա­մաս­նու­թեան տո­կո­սա­յին հա­մե­մա­տու­թեան շուրջ։ ­Հա­ւա­տա­ցէք, մեր դիր­քե­րը ան­հա­սա­նե­լի չեն։ Այդ­պէս ե­ղած է միշտ... ։

­Թե­րեւս ժամն է սոր­վե­լու, թէ ի՞նչ կ­’ար­ժէ մին­չեւ վերջ տա­նիլ ան­կա­խու­թեան հետ կա­պո­ւած՝ ո՛չ միայն խոս­տում­նե­րը, այ­լեւ յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րը, մեր դա­ւա­նած գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն­նե­րը։
­Հա­յը ի­րեն ըն­ձե­ռո­ւած ան­կա­խու­թեան ի՞նչ չա­փով վար­ժո­ւած է. ի՞նչ չա­փով չի կրնար վար­ժո­ւիլ, ըն­տե­լա­նալ, իւ­րաց­նել, կի­րար­կել։

Այս հար­ցա­կան­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս կը ծա­գին, երբ փոք­րիկ, ու ձե­ւով մը ան­պաշտ­պան եր­կիր­նե­րու հա­սուն թէ ան­հա­սուն քա­ղա­քա­գէտ­ներ կը շփո­թեն՝ մեծ կայս­րու­թեան մը իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը ըլ­լա­լու խա­խուտ հան­գա­ման­քը, ի­րենց մե­ծահռ­չակ յա­ւակ­նու­թիւն­նե­րուն հետ։
Ին­չե՜ր տե­սած է մեր ժո­ղո­վուր­դը. եւ դեռ ին­չե՜ր տե­սած չէ։ ­Հի՞­մա պի­տի վախ­նայ. ո՞վ պի­տի վախց­նէ։ ­Մեր ժո­ղո­վուր­դը «այ­սօր»էն չի վախ­նար. հաշ­տո­ւած է, ինչ որ այդ գա­ղա­փա­րին հետ, բայց գու­ցէ պէտք է վախ­նայ «վա­ղո­ւան» գա­լի­քէն։ Ա­նո­րո­շու­թիւ­նը վա­խի համ ու հոտ կու­տայ...։

Երբ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցին Ա­մե­րի­կա կ­’եր­թայ, Ե­րե­ւա­նի բնա­կիչն ալ կ­’որ­բա­նայ։ Երբ Ք­րայս­նո­տա­րի եւ Իր­քուց­քի մեր հայ­րե­նա­կից հայ բա­նո­ւո­րը լաւ չ­’ապ­րիր, ­Ջա­ւախ­քի, Ար­ցա­խի, ­Զան­գե­զու­րի հայն ալ լաւ չ­’ապ­րիր։ ­Լաւ կամ գէշ ապ­րե­լու մտա­հո­գու­թիւ­նը քիչ թէ շատ ա­մէն տեղ կայ, եւ ա­մէն տեղ նոյնն է։
Ո՞վ կը պաշտ­պա­նէ հա­յը, հա­յու­թիւ­նը...։ Ո՞վ կը բարձ­րաց­նէ իր մօտ ան­կա­խու­թեան ճա­շա­կը, յաղ­թա­նա­կի խորհր­դա­նիշ­նե­րը, սրբա­զան տի­տան­նե­րու նմա­նե­լու դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը, հա­ւա­քա­կան ինք­նու­թեան ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թեան վստա­հու­թիւ­նը։

1918ին ­Թուր­քիոյ ներ­խու­ժու­մին դի­մադ­րող եւ խո­շոր «ո՛չ» մը ը­սող ժո­ղո­վուր­դը դաս­տիա­րա­կեց 1991ի հռչա­կա­գիր­նե­րուն ու սահ­մա­նադ­րու­թեան «ա­յո» ը­սող­նե­րուն։ Ար­դէն, տար­բե­րու­թիւ­նը շատ մեծ չէ. եր­կու պա­րա­գա­յին ալ մա­հու-կե­նաց կո­րուս­տը հե­րո­սա­կա­նօ­րէն ճա­կա­տագ­րա­կան, հե­րո­սա­կա­նօ­րէն ճա­կա­տագ­րա­պաշ­տա­կան էր։

­Մեր ազ­գի ո­րոշ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ շատ քիչ բան կը ներ­կա­յաց­նեն մեր ազ­գին հա­մար։ Ա­նոնց ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան ինք­նա­կոչ կամ զար­տու­ղի ծա­ռա­յու­թե­նէն բան պի­տի չմնայ այս ազ­գի պատ­մու­թեան մէջ, քա­նի ա­նոնք մաս չեն կազ­մեր մեր ժո­ղո­վուր­դի մնա­յուն ար­ժէք­նե­րու մա­կե­րե­սին, որ­պէս­զի կա­րե­նան կա­րե­ւոր կամ իւ­րա­յա­տուկ բան մը յի­շեց­նել։ Ե­րէկ՝ այ­սօ­րո­ւան, եւ այ­սօր՝ վա­ղո­ւան հա­մար։ Ա­նոնք ե՛ն ու պի­տի մնան քա­ղա­քա­կան քու­լիս­նե­րու ան­գոյն ու տժգոյն մար­դիկ։ Ա­ռանց ազ­գա­յին կեն­սագ­րու­թեան մար­դիկ։

Ա­ւե­լի վեր կը գրէի՝ մեր ժո­ղո­վուր­դի ար­տա­սա­նած ճգնա­ժա­մա­յին գլխա­գիր «Ո՛Չ»ե­րու մա­սին։ Ա­նոնք՝ ազ­գի մը դի­մադ­րու­թիւն պատ­գա­մող ցու­ցա­նիշ են, եւ ազ­գի մը պատ­մու­թեան մէջ այն­քան կ­’ազ­դեն, որ­քան ա­նոնց հե­տե­ւող ան­կա­խու­թիւնն ու ա­նոր ար­ժէ­քը ի­րենց ժո­ղո­վուր­դի ա­պա­գա­յի հաշ­ւոյն։
Ե­կէ՛ք, օգ­նենք, որ ան­կա­խու­թեան տե­սա­դաշ­տը միան­գա­մընդ­միշտ մաք­րազ­տո­ւի։

Ան­կա­խու­թիւ­նը պէտք չէ ա­նո­րոշ ու տխուր խաբ­կանք­ներ սնու­ցա­նէ։ Ա­նոր դերն է տե­ւա­բար յու­շել, լաւ ու կա­տա­րեալ յու­շել, թէ պատ­մու­թեան մէջ ինք­նա­ճա­նա­չօ­րէն մի­նակ էինք, ինք­նեկ վստա­հե­լիու­թեամբ, մի­նակ ենք նաեւ այ­սօ՛ր։ Այդ մի­նա­կու­թեան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը լրիւ մեր ու­սե­րուն ու միա­ւո­րո­ւած ող­նա­յա­րին վրայ բար­դուած է քա­ղա­քա­ռազ­մա­կան բնաշ­խար­հիկ ընտ­րանք­նե­րով։

Ան­կա­խու­թիւ­նը մեր պայ­քար­նե­րու հա­տուց­ման յոյ­սի կնիքն է, որ մե­զի հրամ­ցո­ւած է այն չա­փով, որ ներք­նա­պէս թէ ար­տաք­նա­պէս վտա­րան­դի մեր զա­ւակ­նե­րու թա­փա­ռա­կան վի­ճա­կը կը հաս­տա­տէ։ Այս ան­կա­խու­թիւ­նը ակն­թար­թի մը մէջ կրնայ կոր­սո­ւիլ, ե­թէ դիւ­րին չհասկ­նանք, թէ ամ­բող­ջա­պէս կը պատ­կա­նի իր իսկ ի­րա­կան տի­րոջ ու օ­տա­րի ծա­ռա­յին, ո­րով­հե­տեւ իւ­րա­յատ­կօ­րէն այդ կը թե­լադ­րէ հմուտ մար­տա­վա­րու­թիւ­նը։

Ան­կա­խու­թեան տի­րա­նա­լու, ա­նոր ընդ­հան­րա­կան էու­թեան նո­ւա­ճե­լու լուրջ հարց կը դի­մագ­րա­ւենք։ ­Մեր ժո­ղո­վուր­դը միշտ ու­նէր այդ խնդի­րը, քա­նի դա­րե­րով ապ­րած է տի­րու­թեան ու նո­ւա­ճու­մի դրա­կան թէ ժխտա­կան երկմ­տող ինք­նավս­տա­հու­թեան պա­կա­սով։

Աս­կէ ան­կախ սա­կայն, մեր ան­կա­խու­թեան հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը քա­ղա­քակր­թու­թեան հիմ­նա­ւո­րեալ տո­ւեալ ու չա­փա­նիշ կը պա­րու­նա­կէ իր մէջ։ ­Քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը միայն գիր ու գրա­կա­նու­թիւն, մշա­կոյթ ու ա­րո­ւեստ չէ։ ­Քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը բա­ցա­ռա­պէս նաեւ ան­կա­խու­թեան չա­փա­նիշ ու դա­տա­նիշ է։ Ա­ւե­լին՝ միայն ­Հայ­կա­կան ­Բարձ­րա­ւան­դա­կի լեռ­նաշ­խարհ, գաղ­թող ու թա­փա­ռա­կան ազգ եւ ըն­կե­րա­յին վե­րի­վայ­րում­նե­րու են­թար­կո­ւող ժո­ղո­վուրդ չէ։ ­Կը հա­ւա­տամ, որ ու­րիշ բա­ներ ալ պէտք է ըլ­լայ։ ­Հա­յաս­տանն ու հա­յը բազ­մա­թիւ ե­րես­ներ ու­նին։

­Հի­նի ու նո­րի կամրջ­ման փոր­ձը խրա­խու­սա­կա­նօ­րէն կրնայ վե­րա­նո­րո­գիչ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նալ մեր հա­ւա­քա­կան հա­սու­նաց­ման հա­մար, քա­նի ան օ­ղա­կո­ւած է մեր ան­հա­տա­կան թէ հա­ւա­կա­կան, ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­կան ինք­նու­թեան շաղ­կա­պու­մին հետ։ Այդ շաղ­կա­պու­մը ստու­գա­բա­նե­լու հա­սու­նու­թեան հա­սա՞ծ ենք. ա­նոր բո­վան­դա­կա­յին ո­րա­կը վեր­լու­ծե­լու ժա­մա­նակ մաս­նա­գի­տու­թիւն տրա­մադ­րա՞ծ ենք։ ­Չենք կրնար տե­ւա­բար պա­րապ օ­դին մէջ տո­ւայ­տիլ։ ­Մեր հար­ցե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու ձե­ւե­րը կրնանք փո­խել։

Ան­կա­խու­թիւն եւ մշա­կոյթ՝ հա­ւա­քա­կան ի­մաս­տու­թեամբ եւ հո­գեմ­տա­ւոր ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րով հայ­րե­նա­կան նոյն ճա­նա­պար­հէն պի­տի ըն­թա­նան ձեռք-ձեռ­քի սեղ­մած։ ­Հա­ւա­նա­կան է, որ այս գիր­կընդ­խառ­նու­մէն ան­կա­խու­թիւ­նը կա­րե­նայ օգ­տա­կար ու շի­նիչ դրոշմ ու նկա­րա­գիր տալ 21րդ ­դա­րու հայ կեան­քին, ա­մէ­նու­րե՛ք։
­Հա­յաս­տա­նը ա­մա­յի եր­կիր չի կրնար ըլ­լալ։ Ա­մա­յու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կան-ըն­կե­րա­յին ան­հա­ւա­սար ազ­դակ­ներ կը ստեղ­ծէ։ ­Շո­գե­կառ­քը կը սու­րայ եւ մեր ժո­ղո­վուր­դը այս կա­ռար­շա­ւէն դուրս չի կրնար մնալ, գան­գա­տե­լով որ ա­նոր սու­լո­ցը իր ա­կանջ­նե­րը կը խլաց­նէ...։

­Մեր ազ­գա­յին տագ­նապ­նե­րուն ճշմար­տու­թիւն­նե­րը ա­մէն օր, ա­մէն ժամ ան­վա­խօ­րէն ու շեշ­տա­կիօ­րէն պէտք է հրա­պա­րա­կո­ւին, լսո­ւին, մին­չեւ որ մեր ազ­գա­յին ճա­նա­պար­հի ու­ղե­ւոր­նե­րու ընտ­րանք­նե­րը բա­ցա­յայ­տո­ւին մեր ազ­գի ան­վի­ճե­լի ճշմար­տու­թիւն­նե­րու տե­սա­դաշ­տին վրայ։
­Ժա­մա­նակ­նե­րը մար­տահ­րա­ւէր­ներ կը յղեն մե­զի, մեր ար­ժէք­նե­րուն հետ չա­փո­ւե­լու հա­մար։

­Հա­մո­զո­ւի՛նք բո­լորս. հայ մար­դու պա­կաս չկայ. նո­ւի­րա­կան յատ­կա­նիշ­ներ հե­տապն­դող ի­մա­ցա­կան գա­ղա­փար­ներ ալ չեն պակ­սիր։ Ե­թէ ան­կա­խու­թիւ­նը չճնշէր, թե­րեւս ո­մանք մտա­ծած ալ չըլ­լա­յին այդ մա­սին։ ­Բայց հի­մա որ կայ, ի՞նչ կ­’ը­նենք։ ­Քա­ղա­քա­կա­նա­պէս կը մտա­ծե՞նք։ ­Կը գո­հա­նանք քա­րոզ­չա­կան յաղ­թա­նակ­նե­րո՞վ...։
­Հե­տե­ւա­բար, ան­կա­խու­թիւ­նը լաւ շար­ժա­ռիթ է խղճմտօ­րէն յե­ղաշր­ջե­լու հա­մար պա­տա­հա­կա­նու­թեան ձգո­ւած բա­ներ։ ­Յե­ղաշր­ջու­մի գա­ղա­փարն ու զգա­ցու­մը պէտք է ուռ­ճա­նան մեր մէջ։
­Մեր ան­կա­խու­թիւ­նը մեր հայ­րե­նի­քը կը պաշտ­պա­նէ, կ­’ե­րաշ­խա­ւո­րէ։ Ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւա­ծը՝ շրջա­հա­յեաց թի­րա­խով կ­’ըլ­լայ։ ­Կա՞յ մէ­կը, որ ան­կա­խու­թե­նէն կը վախ­նայ...։

­Հա­յաս­տանն ու հա­յը պէտք ե­ղած ձե­ւով հասկ­ցա՞ծ են, թէ որ­քան կ­’ար­ժէ ան ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան հա­մար։ ­Հասկ­ցա՞ծ են ա­նոր ի­րա­կան ուժն ու ար­ժէ­քը, երբ խրա­մատ­նե­րու պա­տե­րազ­մը կը շա­րու­նա­կո­ւի հե­րո­սա­կան Ար­ցա­խի մէջ։
­Հա­յե­րը միշտ գի­տէին, թէ ի՜նչ են, պար­զա­պէս չէին գի­տեր, թէ ո՞ւր պի­տի եր­թան։ Այդ­քան ալ պա­տո­ւա­բեր եր­կընտ­րանք մը չէ։ ­Յայտ­նա­բե­րենք ա­նո­րո­շու­թեան դի­մա­գի­ծը։
­Հասկ­նա՛նք. ոե­ւէ մէ­կը իր ազ­գա­յին ի­րա­կա­նու­թե­նէն չի կրնար փախ­չիլ։ ­Վեր­ջին յոյ­սը դիւ­րին չի կոր­սո­ւիր, քա­նի յոյ­սը ա­ւար­տի թո­ւա­կան չու­նի, որ­քան ալ ան ինք­զինք կը պար­տադ­րէ իր մա­շեց­նող ան­դո­հան­քով։

Ան­կա­խու­թեան ե­րա­զին ու տես­լա­կա­նին լիար­ժէ­քօ­րէն վե­րա­դառ­նա­լու կա­րօտ ու­նի՞նք։ ­Պար­զա­պէս սո­վո­րա­կան հար­ցում մը, ե­թէ ան­կա­խու­թիւ­նը ի­րա­պաշ­տու­թե­նէն եւ ի­րա­պաշ­տու­թիւ­նը ան­կա­խու­թե­նէն փո­խա­դար­ձա­բար չեն վնա­սո­ւիր...։
Ի­րա­կա­նու­թե­նէն պէտք չէ վախ­նանք...։

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ