Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­altԲազ­մա­թիւ տա­րի­նե­րու ձգձգում­նե­րէն ետք, վեր­ջերս վերս­տին բա­ցի ­Զօհ­րա­պի մա­տեա­նը եւ գիւ­տը ը­րի իր հմա­յիչ ար­ձա­կին: ­Պէյ­րու­թի «Կ. ­Տօ­նի­կեան եւ որ­դիք» ա­նու­նը կրող հրա­տա­րակ­չա­տան կող­մէ խնամ­քով ի մի բե­րո­ւած այս սի­րուն հա­տո­րը, որ կ­՛ամ­փո­փէ գրա­կան

ողջ ժա­ռան­գու­թիւ­նը ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան նո­րա­վէ­պի իշ­խա­նին, միշտ գտնո­ւած է իմ աշ­խա­տա­սե­նեա­կի գրքե­րուս ա­ռա­ջին շար­քին վրայ: Ես ­Զօհ­րա­պի գոր­ծե­րը կար­դա­ցած եմ շատ վա­ղուց եւ յա­ճախ վե­րա­դար­ձած` իր տո­ղե­րուն, փնտռե­լով յա­տուկ է­ջեր, եր­բեմն նոյ­նիսկ յա­տուկ բառ մը` իր ճոխ բա­ռա­պա­շա­րէն:

Իր կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հայրս ան­յագ մո­լու­թեամբ կը մխրճո­ւէր մեր գրա­դա­րա­նի գրքե­րուն մէջ եւ օ­րեր շա­րու­նակ կը կար­դար: Ես խնդրեր էի իր­մէ, որ գրքի մը ըն­թեր­ցու­մը ա­ւար­տե­լէ ետք իր ձե­ռագ­րով յի­շա­տա­կու­թիւն թո­ղու գիր­քին վեր­ջին է­ջին վրայ: Եւ ա­հա­ւա­սիկ քա­նի մը օր ա­ռաջ դէմս ե­լաւ իր չար­չա­րո­ւած ձե­ռա­գի­րը, երբ նո­րէն վեր­ցու­ցի ­Զօհ­րա­պին հա­տո­րը` «Գ­րի­գոր ­Զօհ­րա­պի նո­րա­վէ­պե­րու այս հա­տո­րը կրկին ան­գամ կար­դա­ցի. 20 նո­յեմ­բեր 1993: Գ­րի­գոր Ար­մե­նեան»: Ան­խօս պահ մըն էր իր եւ իմ մի­ջեւ ու նաեւ` ­Զօհ­րա­պի՛ն:

Եւ ա­հա գրա­դա­րա­նին կռթնած, յոտն­կայս` ես վերսկ­սայ ըն­թեր­ցու­մը «Անդր­շիր­մի սէր» խորհրդաւոր նո­րա­վէ­պին… որ «­Լուռ ցա­ւեր»ու ա­ռա­ջինն է:
Այ­նու­հե­տեւ, յա­ջոր­դող քա­նի մը օ­րե­րու ըն­թաց­քին, մէ­կը միւ­սին ե­տե­ւէն աչ­քե­րուս առ­ջե­ւէն տո­ղան­ցե­ցին ­Զօհ­րա­պի հե­րոս­նե­րը` այժմ ար­դէն ի­րենց ճա­կա­տագ­րի տրտմու­թեան մէջ պա­րուրուած: Այ­սինքն նմա­նը այն տե­սի­լին, որ ­Չա­րենց տո­ւած էր իր «­Մա­հո­ւան տե­սիլ»ի սարս­ռա­լի տո­ղե­րով «­Գիրք ճա­նա­պար­հի»ի է­ջե­րուն մէջ: Ա­մէն քայ­լա­փո­խի, կը զգա­յի այս հան­գի­տու­թիւ­նը եւ ան նոր լոյ­սի տակ կը դնէր ­Զօհ­րա­պի գոր­ծէն բխող այս ապ­շե­ցու­ցիչ կրկնե­րե­ւոյ­թը:

­Զօհ­րա­պի է­ջե­րուն մէջ ամ­բողջ բնակ­չու­թիւն մը կ­՛ապ­րի իր փխրուն կեան­քով: ­Պոլ­սոյ եւ ­Նի­կո­մե­դիոյ գա­ւա­ռի մար­դերն են, ա­մէ­նազ­գի մար­դոց այս հան­րո՛յ­թը, ո­րոնց ճա­կա­տա­գիրն է, որ կը բա­ցա­յայ­տո­ւի տող առ տող ­Զօհ­րապ-տե­սա­նո­ղի ներ­քին տե­սո­ղու­թե­նէն անց­նե­լէ ետք: ­Մարդ­կու­թիւ՛ն մը, որ շա­րու­նակ կը վե­րապ­րի, մեր իւ­րա­քան­չիւր ըն­թերց­ման հետ, իր խուլ սէ­րե­րով, տեն­չե­րով, յու­սա­խա­բու­թիւն­նե­րով, խոս­տո­վա­նու­թիւն­նե­րով:
­Զօհ­րա­պեան այս քա­ղա­քը այ­սօր կրկնա­պէս տխուր է նաեւ ա­նով, որ ան գի­տակ­ցու­թիւ­նը չու­նի իր պատ­մա­կան ճա­կա­տագ­րին:

­Կեն­սաշ­խարհ մըն է, որ ե­ղած է ար­մա­տա­խիլ ու բնա­ջինջ, եւ որ սա­կայն ողջ է դեռ Գ­րի­գոր ­Զօհ­րա­պի ան­մեռ կտա­կա­րա­նով: ­Նոյ­նիսկ այ­սօր ա­նոնք կ­՛ապ­րին բո­լո­րո­վին ան­գի­տակ մօ­տա­կայ Ա­ղէ­տին: Ա­նոնք կ­՛ապ­րին պատ­մու­թե­նէն վեր, կ­՛ապ­րին պատ­մու­թե­նէն ան­դին` որ­պէս տա­րե­րա­յին մէկ հա­կա­պատ­մու­թի՛ւն: ­Նոյ­նիսկ ե­թէ ա­մէ­նէն դա­ժան, ա­մէ­նէն խուժ­դուժ պայ­ման­նե­րու մէջ, ա­պա­ռա­ժի կտոր­նե­րու մի­ջեւ, տրո­րո­ւած է այն հրա­շա­գործ ու­ղե­ղը, որ ան­մա­հա­ցուց զի­րենք ի­րենց կեան­քե­րու յե­տին ման­րա­մաս­նու­թեամբ:

­Զօհ­րապ վերս­տեղ­ծեց այս մար­դե­րը` փնտռե­լով զա­նոնք կեան­քին հե­ռա­ւոր գռիհ­նե­րէն եւ ա­նոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րին հետ ապ­րե­ցաւ ա­նոնց ճա­կա­տա­գի­րը:

Ա­նոնք ի­րեն հետ էին, երբ ինք եւ ­Վարդ­գէս ճամ­բայ կը հա­նո­ւէին ա­նո­րոշ ուղ­ղու­թեամբ: Ի­րեն հետ էին, երբ ինք դէմ յան­դի­ման կը գտնո­ւէր իր դա­հի­ճին հետ: Այս մար­դե­րը անդ­րաշ­խար­հա­յին վկա­ներն են իր գող­գո­թա­յին եւ վկա­նե­րը` իր վսեմ յա­րու­թեա՛ն:
­Ժա­մա­նակն է, որ նոր օ­րե­րու գրա­կա­նա­գի­տու­թիւ­նը սկսի բա­նալ ծած­կա­գի­րը ­Զօհ­րա­պի հո­գե­ցունց վկա­յու­թեան:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ