Print
Category: Յօդուածագրութիւն

alt(Արցախի զօրակցութեան դրամահաւաքի ֆոնեթոնին առիթով)

Մայիս 22ին, Յունաստանի ամբողջ տարածքին, իր բոլոր հատուածներով եւ շերտերով՝ հայութիւնը ժամադրութիւն ունի ազգային-քաղաքական իր

իրաւատիրութեան ու արժանաւորութեան հետ։
Ժամադրութիւն՝ սեփական տան տէր կանգնելու հայու իր իրաւունքը արժանաւորապէս ամրագրելու համար։

Ժամադրութիւն՝ իւրաքանչիւր յունահայ իր դրամական աջակցութիւնն ու օժանդակութիւնը բերելու համար ատրպէյճանական թշնամիի բարբարոսութենէն հարուածուած արցախահայութեան։

Մեզմէ շատեր կրնան նոյնիսկ այցելած եւ տեսած չըլլալ հայրենի մեր հողն ու զայն պահպանող մեր ժողովուրդը։
Բայց բոլորիս համար ալ ազգային մեր ինքնութեան եւ հայօրէն գոյատեւման անփոխարինելի գրաւականն են հայրենի հողն ու հայրենաբնակ հայը, որոնք դարձեալ վտանգուած են՝ Ատրպէյճանի եւ անոր հովանաւոր Թուրքիոյ կողմէ գործադրուող ռազմապաշտ քաղաքականութեան հետեւանքով։
Թշնամին կ՚ուզէ հայրենի մեր հողը բռնագրաւել եւ խաղաղ ու շինարար հայու մեր արիւնը... խմել՝ հայատեաց ու ցեղասպան մոլեգնութեամբ։
Հայրենի իր հողին ամրօրէն կառչած հայը վճռակամ ու ինքնավստահ իր Ո՛Չը շատոնց յայտարարած է եւ ամէն գնով՝ գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու հաստատակամութեամբ, ան կը դիմադրէ ատրպէյճանական հարուածներուն եւ ետ կը շպրտէ թշնամական ամէն գրոհ։
Հայրենի հողի նոյնիսկ մէկ թիզին կորուստը ծանր հարուած է աշխարհի չորս ծագերուն յայտնուած իւրաքանչիւր հայու համար, որ իր ոգեղէն հայրենիքէն կը ստանայ ազգային իր գոյատեւման կենսայորդ աւիշը։
Հայրենի հայու կեանքին ու ինչքին հասցուած ատրպէյճանական ամէն հարուած, ի վերջոյ, կը խոցէ տարագիր իւրաքանչիւր հայու ազգային ինքնավստահութիւնն ու կենսունակութիւնը։
Հայրենի հողի վրայ հայու արեան ամէն հեղում թէ հայու արդար քրտինքով վաստակի ամէն կորուստ, վերջին հաշուով, կորուստ է իւրաքանչիւրիս եւ բոլորիս համար, որովհետեւ կը սպառնայ ազգային մեր դիմադրականութեան եւ ինքնահաստատման ներուժին՝ կամքին ու կարողականութեան։
Արցախի եւ ընդհանուր ընդգրկումով Հայաստանի զօրակցութեան Մայիս 22ի դրամահաւաքի ֆոնեթոնը, այս առումո՛վ, ազգային կարեւորագոյն նշանակութեամբ ժամադրութիւն է յունահայութեան համար։
Իւրաքանչիւրս իր կարողութեան համաձայն մասնակցութիւն բերելով դրամահաւաքին՝ աւելիով կ՚ամրապնդէ հայու սեփական տան տէր կանգնելու ազգային իր իրաւունքը։
Արցախը աւելի քան քառորդ դարէ ի վեր դարձած է յառաջապահ գիծը Հայ Դատի պահանջատիրութեան սրբազան պայքարին։
Արցախի իրողական ազատագրումն ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական կառուցումն ու հզօրացումը, այլեւ միջազգային իրաւական հաստատագրումը մեզմէ խլելու նորովի փորձ կը կատարէ Ատրպէյճան՝ թիկունքին ունենալով Թուրքիան։
Իրաւատէր հայութեան համար դարձեալ կը հնչէ ձայնը... հայոց լեռներէն։
Մայիս 22ին Յունաստանի հայութիւնը իր արձագանգը պիտի տայ Արցախի զօրակցութեան կոչին՝ քաղաքական աջակցութեան զօրաշարժին կողքին նաեւ նիւթապէս իր օժանդակութիւնը բերելով։
Արժանաւորապէս հաստատե՛նք հայրենի մեր տան տիրութիւն ընելու հայու ազգային անբռնաբարելի՛ իրաւունքը։