Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ կից զար­նե­լը ու բռունցք­նե­րով հա­րուա­ծե­լը կը դառ­նան սո­վո­րա­կան ե­րե­ւոյթ: Ա­մէն ան­գամ, երբ հայ կամ քիւրտ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը կը քննա­դա­տեն կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, ա­նոնք դա­ժան յար­ձակ­ման կ­՚են­թար­կո­ւին Էր­տո­ղա­նի իշ­խա­նա­ւոր Ար­դա­րու­թիւն եւ ­Բար­գա­ւա­ճում ­Կու­սակ­ցու­թեան (Ա.Բ.Կ.) խու­լի­գան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն կող­մէ:

­Վեր­ջին օ­րե­րուն Ա.Բ.Կ.ի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը վի­րա­ւո­րանք­ներ հաս­ցու­ցած են եւ ֆի­զի­կա­կան բռնու­թեան են­թար­կած պոլ­սա­հայ ­Կա­րօ ­Փայ­լա­նը եւ քիւրտ ­Ֆեր­հաթ Էն­չուն, ո­րոնք խորհր­դա­րա­նին մէջ կը ներ­կա­յաց­նեն ընդ­դի­մա­դիր ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թիւ­նը (Ժ.Ժ.Կ.):

2016 թո­ւա­կա­նի Ապ­րիլ 21ին ­Փայ­լան ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ հան­դէս ե­կաւ ան­նա­խա­դէպ ե­լոյ­թով: ­Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն հա­յե­րէն «­Բա­րեւ ձեզ» ը­սե­լով ող­ջու­նե­լէ ետք՝ ան հա­մար­ձա­կօ­րէն շա­րու­նա­կեց.- «Ա­ռա­ջին ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մը սկսե­լէն ետք, 1915 թո­ւա­կա­նի Ապ­րիլ 24ին, ցա­ւօք, ա­ռա­ջի­նը ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցան հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը, հա­մայն­քի ղե­կա­վար­նե­րը եւ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը...

­Հա­կա­ռակ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ան­ձեռնմ­խե­լիու­թեան` ա­նոնք ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցան եւ աք­սո­րո­ւե­ցան Ան­գա­րա, Ա­յաշ, Ուր­ֆա եւ ­Տիար­պե­քիր (­Տիգ­րա­նա­կերտ), իսկ աք­սո­րի ճա­նա­պար­հին սպան­նո­ւե­ցան հրո­սա­կա­խում­բե­րու կող­մէ: Ի հար­կէ, հա­մայն­քի ղե­կա­վար­ներն ու պատ­գա­մա­ւոր­ներն վերց­նե­լէ ետք, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ճա­նա­պար­հով հար­ցեր լու­ծե­լու ա­նոնց պա­հան­ջը դար­ձաւ ա­ւե­լորդ, իսկ հրա­մա­նով հայ եւ ա­սո­րի ժո­ղո­վուրդ­նե­րը կո­տո­րո­ւե­ցան ու աք­սո­րո­ւե­ցան ի­րենց հնա­գոյն հո­ղե­րէն, ուր ապ­րած էին հա­զա­րա­մեակ­ներ»:

­Փայ­լան հա­մար­ձա­կե­ցաւ բարձրացնել ­Թուր­քիոյ մէջ մինչ օրս շա­րու­նա­կո­ւող ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­մօ­թա­լի ժա­ռան­գու­թիւ­նը. «­Տե­սէ՛ք ­Թա­լէաթ փա­շա­յի, ­Ճե­մալ փա­շա­յի եւ Էն­վեր փա­շա­յի ա­նուն­նե­րը: Ա­նոնց ա­նուն­նե­րով երկ­րի 2500 վայ­րե­րու մէջ փո­ղոց­ներ կո­չո­ւած են: ­Ցա­ւօք, այ­սօր կը քա­լենք ­Թա­լէաթ փա­շա­յի ա­նու­նը կրող փո­ղոց­նե­րով: Կր­նա՞ք այ­սօր պատ­կե­րաց­նել, որ եր­թաք ­Գեր­մա­նիա եւ ­Պեր­լի­նի մէջ քա­լէք ­Հիթ­լե­րի ու ­Կե­պել­սի ա­նու­նը կրող փո­ղոց­նե­րով: Ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է սա ըն­դու­նիլ: ­Սա­կայն այ­սօր մեր երկ­րի 2500 վայ­րե­րու մէջ կը քա­լենք ­Թա­լէաթ փա­շա­յի ա­նու­նը կրող փո­ղոց­նե­րով եւ պո­ղո­տա­նե­րով»:

­Փայ­լան իր ե­լոյ­թի ըն­թաց­քին թուար­կեց ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի նա­հա­տա­կո­ւած հայ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն ա­նուն­նե­րը եւ ցու­ցադ­րեց ա­նոնց մե­ծա­դիր լու­սան­կար­նե­րը, նե­րա­ռեալ Գ­րի­գոր ­Զոհ­րա­պի, ո­րոնց ձեր­բա­կա­լած էին 1915ի Ապ­րիլ 24ին եւ դա­ժա­նա­բար սպան­նած:

­Հայ պատ­գա­մա­ւո­րը ա­ներ­կիւղ ա­ռա­ջար­կեց ձե­ւա­ւո­րել խորհր­դա­րա­նա­կան յանձ­նա­ժո­ղով մը, որ հե­տաքն­նէ ա­նոնց մա­հո­ւան հան­գա­մանք­նե­րը, բա­ցա­յայ­տէ ա­նոնց մա­հո­ւան մէջ պա­տաս­խա­նա­տու ան­ձե­րը, ո­րոնք պա­տո­ւի­րած եւ ի կա­տար ա­ծած են հայ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու սպա­նու­թիւն­նե­րը, նաեւ՝ պար­զէ, թէ ո՞ւր թա­ղո­ւած են ա­նոնց ա­ճիւն­նե­րը, վե­րա­թա­ղե­լու հա­մար զա­նոնք ըստ պատ­շաճ ծի­սա­կար­գի, եւ վե­րա­կանգ­նե­լու ա­նոնց ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը: ­Զար­մա­նա­լի չէ, որ ­Փայ­լա­նի ա­ռա­ջար­կը մեր­ժո­ւե­ցաւ խորհր­դա­րա­նի մե­ծա­մաս­նու­թեան կող­մէ:

­Փայ­լան ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի 1915 թո­ւա­կա­նին նա­հա­տա­կո­ւած հայ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն յի­շա­տա­կին իր յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցա­նե­լէ ետք, ե­լոյ­թը ա­ւար­տեց` հա­յե­րէ­նով ա­ւան­դա­կան ցա­ւակ­ցա­կան խօս­քեր ը­սե­լով հան­գու­ցեալ­նե­րուն հա­մար.- «Աս­տո­ւած ի­րենց հո­գին լու­սա­ւո­րէ»: Ա.Բ.Կ.ի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը ի­րենց վի­րա­ւո­րանք­նե­րով եւ սպառ­նա­լիք­նե­րով բազ­միցս փոր­ձե­ցին ընդ­հա­տել ­Փայ­լա­նի եր­կա­րա­շունչ եւ խի­զախ ե­լոյ­թը:

­Մա­յիս 2ին, երբ խորհր­դա­րա­նա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը հա­ւա­քո­ւած էր ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը պատ­գա­մա­ւո­րա­կան անձեռնմ­խե­լիու­թե­նէ զրկե­լու հա­մար, Ա.Բ.Կ.ի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը 10 վայր­կեա­նոց ծեծկռ­տու­քի ըն­թաց­քին ոտ­քե­րով եւ բռունցք­նե­րով ա­ւե­լի քան 100 հա­րո­ւած հաս­ցու­ցին ­Փայ­լա­նին: ­Փայ­լան տե­ղի ու­նե­ցած յար­ձա­կու­մը ո­րա­կեց որ­պէս «նա­խա­պէս ծրագ­րո­ւած լին­չի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն` իր հայ­կա­կան ինք­նու­թեան պատ­ճա­ռով»:

­Յար­ձա­կու­մէն ետք, երբ Ժ.Ժ.Կ.ի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը լքե­ցին դահ­լի­ճը, յանձ­նա­ժո­ղո­վը հա­ւա­նու­թիւն տո­ւաւ քրտա­մէտ Ժ.Ժ.Կ. պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը ան­ձեռնմ­խե­լիու­թե­նէ զրկե­լու ա­ռա­ջար­կին: Կ­՚ակն­կա­լո­ւի, որ այս սադ­րիչ ձեռ­նար­կը շու­տով կը հաս­տա­տո­ւի ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ... ­Շատ քիւրտ պատ­գա­մա­ւոր­ներ, ­Փայ­լա­նի հետ միա­սին, կրնան ձեր­բա­կա­լո­ւիլ շին­ծու մե­ղադ­րանք­նե­րով:

Ա­մե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ, Էր­տո­ղան մտա­դիր է նոր խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ յայ­տա­րա­րե­լու՝ յու­սա­լով, որ Ա.Բ.Կ.ն լ­րա­ցու­ցիչ ա­թոռ­ներ պի­տի գրա­ւէ Ժ.Ժ.Կ.ի թա­փուր տե­ղե­րը փո­խա­րի­նե­լով` ի­րեն բա­ւա­կա­նա­չափ ձայ­ներ ա­պա­հո­վե­լով խորհր­դա­րա­նին մէջ` ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը փո­փո­խե­լու եւ հզօր ամ­բող­ջա­տի­րա­կան նա­խա­գա­հա­կան վար­չա­կարգ հաս­տա­տե­լու հա­մար:

Իսկ մինչ այդ, ­Փայ­լա­նի ճա­կա­տա­գի­րը կար­ծես թէ կան­խո­րո­շո­ւած է... ­Կա՛մ ան կը դա­տա­պար­տո­ւի եր­կա­րա­տեւ ա­զա­տազրկ­ման, կա՛մ կ­՚ար­ժա­նա­նայ նոյն ող­բեր­գա­կան ճա­կա­տագ­րին, ին­չին որ ար­ժա­նա­ցաւ հայ լրագ­րող Հ­րանդ ­Տին­քը, զոր թուրք ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րը սառ­նասր­տօ­րէն սպան­նե­ցին ­Պոլ­սոյ մէջ 2007ի ­Յու­նո­ւար 19ին...

­Բա­րի կամ­քի տէր բո­լոր մար­դիկ ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ պէտք է ի­րենց բո­ղո­քի ձայ­նը բարձ­րաց­նեն` դա­տա­պար­տե­լով Էր­տո­ղա­նի օ­րըս­տօ­րէ ա­ւե­լի սաստ­կա­ցող բռնա­պե­տա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը: Դժ­բախ­տա­բար ­Փայ­լան, որ կը բո­ղո­քէ պատ­գա­մա­ւոր Գ­րի­գոր ­Զոհ­րա­պի մէկ դար ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցած սպա­նու­թեան դէմ, այ­սօր ինք կանգ­նած է մա­հո­ւան վտան­գին առ­ջեւ, քա­նի դեռ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը լուրջ նա­խազ­գու­շա­ցում­ներ չէ ը­րած ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան` ա­մե­նա­խիստ մի­ջոց­նե­րը ձեռ­նար­կե­լով ա­պա­հո­վե­լու հայ պատ­գա­մա­ւո­րին անվ­տան­գու­թիւ­նը:
­Ցա­ւօք, կար­ծես ո­չինչ փո­խո­ւած է ­Թուր­քիոյ մէջ վեր­ջին հա­րիւր տա­րո­ւան ըն­թաց­քին...

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ - «­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր»