Մայիս 9ը տօն է ինծի համար, դեռ մանկութենէս: Պապիկս` Աղուան Աբրահամեանը, Հայրենական Պատերազմի հերոս է: Հիմա ան չկայ, ապրող պատմութիւն է ոչ միայն մեր ընտանիքին, այլեւ՝ ամբողջ ժողովուրդի մը:
Մայիս 9ը յաղթանակի, հպարտութեան օր է ինծի համար, իմ ծնած օրէս, սակայն ես երբեք այդ օրը պապիկս ուրախ չեմ յիշեր: Երբ կը հաւաքուէին անոր եօթը զաւակները, թոռները, ծոռները, ան միշտ տխուր էր, կը ժպտէր միայն, երբ կը ցանկար թաքցնել աչքերուն մէջ կուտակուած արցունքները: Կը խօսէր շատ քիչ, ու պարտադիր խօսքը կ՚աւարտէր նախադասութեամբ, որ բոլորս անգիր գիտէինք.- «Ցանկութիւնս է, որ Ձեզ երբեք նման առիթներով չշնորհաւորեն, որ Ձեր յաղթանակներն ու շնորհաւորանքները խաղաղ օրերի ծնունդ լինեն»:
Մենք կը զարմանայինք` հպարտանալու, ուրախանալու փոխարէն՝ ան ի՜նչ կ՚ըսէ: Տարիներ յետոյ միայն հասկցայ, որ այդ ժամանակ պատերազմը մեզի համար միայն մէկ երես ունէր` յաղթանակ, իսկ պապիկիս համար…
Արդէն 24 տարի է` Մայիս 9ը ինծի համար դարձած է եռատօն, երբ մեր նորագոյն պատմութեան հերթական էջը լրացուեցաւ Շուշիի յաղթանակը աւետող հերոսական տողերով: Շուշին դարձաւ մեր անպարտ ոգիի, անկասելի բազուկի նորօրեայ առհաւատչեան ու այն մշտարթուն հերոսը, որ իւրաքանչիւր պահի կրնայ արթննալ իւրաքանչիւրիս հոգիներուն մէջ ու առաջնորդել:
Դարձեալ յաղթանակ, հպարտութիւն ու պատերազմ միայն մէկ երեսով: Միակ տարբերութեամբ, որ այս անգամ միւս երեսը տեսանելի կը դառնար Արցախեան պատերազմի տխուր ու հերոսական պատմութիւններով, լեռներու մէջ կատարուող «հարսանիքներով» ու Եռաբլուրի մէջ հանգչող քաջերու աներեւոյթ գոյութեամբ:
Պատերազմը ինծի համար կը շարունակէր միայն յաղթանակ ըլլալ, քանի դեռ ապրիլեան օրը չէր թակած իւրաքանչիւրիս դուռը հպարտութեան ու ցաւի գոյներով: Այդժամ ես տեսայ պատերազմի երկու երեսը: Յաղթանակ ու պարտութիւն. երկու երես, որոնց կշռաքարերը հաւասարապէս կը կշռեն մեր բանականութեան ու սրտի նժարները:
Ահա՛ յաղթանակը իր ողջ գոյներով. հերոս տղաներ, աներեւակայելի սխրանքներ, արդէն իսկ առասպել դարձած պատմութիւններ, տհոլ ու զուռնայով մարտի մեկնող կամաւորներ ու բոլորիս երկինք հանող հպարտութիւն:
Տեսայ նաեւ պարտութեան գոյնը. չապրած կեանքեր, արդէն միայն լուսանկարով ժպտացող երիտասարդ հերոսներ, սեւազգեստ մայրեր, որբացած մանուկներ, սգացող ու արտասուող ողջ ազգ մը…
Այո՛, յաղթեցինք 2016ի Ապրիլին՝ այնպէ՛ս, ինչպէս 1945ին, 92ին. յաղթեցինք սակայն` տանուլ տալով չապրած կեանքեր ու չիրականացած երազանքներ…
Յիշեցի պապիկս… Ու հիմա ես կ՚ուզեմ ըսել` թող մեր բոլոր յաղթանակները այսուհետ նուաճուած ըլլան խաղաղութեան մէջ, այլ ոչ պատերազմի…
ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ