Որքա՜ն գեղեցիկ է «մեր» երգչախումբը....
Գեղեցիկ եւ իւրայատուկ...
Այո,՛ այո՜, շիտակ հասկցաք, Համազգայինի Յունաստանի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբին մասին է խօսքս...
Հիմա պիտի ըսէք, լա՜ւ, «գեղեցիկը» հասկցանք, սակայն իւրայատո՞ւկ... ուրկէ՞ ո՜ւր...
Ձեզի կը վստահեցնեմ, որ «մեր» երգչախումբը լիովին կը պատճառաբանէ այս իւրայատուկի «պատուատիտղոսը»՝ քանի մը պատճառներով... բացատրեմ...
ա. Երգչախումբին բոլոր անդամները ամբողջութեամբ սիրողներ են...
բ. Գրեթէ բոլորն ալ (բացի որոշ անդամներէ) ձայնանիշներէ որեւէ գաղափար չունին...
գ. Մինչեւ քառաձայնութիւն յաջողցնելը, «մեր» ղեկավարին հոգին կ՚ելլայ...: Չորս ձայնաչափութիւններուն եղանակները զատ-զատ կ՚երգէ ամէն մէկ ձայնին, ու երգչախումբի անդամներն ալ կը ջանան իրենց բաժինը լսողութեամբ սորվիլ... այսպէս ըսուած... ականջով...
դ. Փորձի օրերուն կրնաս հանդիպիլ ամենազարմանալի պատկերներու...
Օրինակ...
- Ծնողքի մը, որ փորձէն չբացակայելու նպատակով՝ ստիպուած իր հետ բերած է նաեւ իր պատանի աղջիկ զաւակը, որ հակառակ ստեղծուած աղմուկին՝ ականջները գոցած ակումբի սեղանիկի մը առջեւ անցած է, ու կը ջանայ պատրաստել իր յաջորդ օրուան դպրոցական դասերը...
- Մօր մը, որ նոյն պատճառով իր հետ բերած է իր մանուկ տղայ զաւակը, ու այս վերջինս փորձը չխանգարելու նպատակով, խե՜ղճ մայրը իր հետ կրած է նաեւ փոքրիկի խաղալիքներուն գրեթէ ամբողջ պաշարը...
- Մեծ մօր մը, որ եկած է իր քրոջորդիին հետ: Չմոռնամ ըսելու, որ այս քրոջորդին ինք եւս մեծ հայր է, ու փորձերուն կու գայ իր կնոջը ու զաւկին ընկերակցութեամբ: Իր կարգին, զաւակն ալ, արդէն ինքն ալ բախտաւորուած է զաւակներով... ուրեմն կրնաք հասկնալ...
- Աշխատաւոր երիտասարդ աղջիկ-տղաներ, որոնք գործէն արձակուելնուն չեն հասած նոյնիսկ տուն երթալու՝ պատառ մը բան ուտելու համար, ու անօթի-ծարաւ ուղղակի փորձի եկած են...
- Մօր մը, որ իր երկու անչափահաս աղջնակները, առանց որեւէ բացակայութեան, ամէն անգամ կանոնաւորապէս ու պարտաճանաչօրէն կ՚առաջնորդէ փորձերուն...
- Երբեք երեւակայե՞ր էք, թէ որքա՜ն է տարիքային տարբերութիւնը երգչախումբի ամենակրտսեր ու ամենաերէց անդամին միջեւ...: Լմա՜ն եօթանասուն տարի...: Այո՛, ճիշդ կարդացիք: Լման եօթանասո՜ւն տարի: Սակայն ձեզի մէկ բան կրնամ վստահեցնել... այն վայրկեանէն սկսեալ, որ իրենք միասնաբար երգել կը սկսին, այս հսկայ տարիքային տարբերութիւնը զարմանալիօրէն կ՚անհետանայ... կարծես, թէ մէկը միւսին փոխադարձօրէն կը փոխանցէ... առաջինը՝ իր փորձառութիւնը ու հմտութիւնը, իսկ երկրորդը՝ իր խանդավառութիւնը ու սորվելու ախորժակը...
- Չմոռնամ յիշատակելու Երգչախումբի Միաւորի պատասխանատու ընկեր-ընկերուհիները, որոնք ամէն առիթով եւ ի գին ամէն զոհողութեան՝ մի՛շտ պատրաստ են իրենց օգտակարութիւնը բերելու «մեր» երգչախումբի բոլոր կարիքներուն...
Օրինակներու շարքը տակաւին կրնայ բաւական երկարիլ, սակայն կը կարծեմ, որ այս մէկ քանին լիովին կը պատճառաբանեն աւելի վերը գրուած «իւրայատուկ» տիտղոսը...
Այժմ պիտի ուզէի քանի մը տող ալ գրել «մեր» քահանայ ղեկավարին մասին: Երգչախումբի հին անդամներէն որոշներ «բախտը» ունեցած են իր հետ գործակցելու մօտ երեք տասնամեակներ առաջ: Անձնական պատճառներով մեկնած էր Յունաստանէն ու հաստատուած Գանատա, ուր հոն եւս մէջտեղ բերած էր բաւական յաջող երգչախումբ մը: Յունաստան վերադարձին՝ ընդառաջելով Համազգայինի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան հրաւէրին, առանց որեւէ տատամսումի, սիրայօժարօրէն ստանձնեց այդ շրջանին անգլուխ-անղեկավար մնացած, «մեր» «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբին ղեկավարութիւնը: Չափազանց համբերատար, սակայն միաժամանակ նաե՛ւ սոսկալի պահանջատէր ու բծախնդիր է: Ականջէն բան չի բախիր: Ամենափոքրիկ բաղաձայնութիւն մը լսելուն, երգը սկիզբէն երգել կու տայ... որոշ անդամներ կը վրդովին, սակայն խօսքին շիտակը, իրենցմէ աւելի ինքը կը յոգնի...
Կը պատմեն, որ իր ղեկավարութեան առաջին շրջանին, ասկէ բաւական տարինէր առաջ, որոշած էր երգչախումբին սորվեցնել Կոմիտասի «Ձիգ տու քաշի»ն, որը իսկապէս բաւական դժուարին երգ մըն էր, նամանաւանդ՝ սիրողներէ կազմուած երգչախումբի մը համար: Ուրեմն այդ շրջանին փորձերը տեղի կ՚ունենային Գոքինիոյ հին «Զաւարեանին» մէջ: Հակառակ որ բոլորն ալ բաւական քրտինք թափած էին, դժբախտաբար չէին յաջողած երգը ճիշդ սորվիլ ու շիտակ երգել: Մթնոլորտը բաւական ելեկտրականացած էր, ու կը տիրէր այսպէս ըսուած ջղագրգիռ կացութիւն մը, կարծես թէ վայրկեանէ-վայրկեան խմբավարը պիտի պայթէր: Ճիշդ այդ ժամուն կատակասէր անդամ մը, ձայն առնելով կը հարցնէ մայեսթրոյին.-
- Կը ներէք եա մայեսթրօ, բայց այս Կոմիտաս կոչեցեալը բնակա՞ն մահով մեռած է...
- Ինչո՞ւ կը հարցնես,- կ՚ըսէ խմբավարը կասկածամտութեամբ...
- Ինչո՞ւ եթէ մեզի պէս իր ատենուան երգչախումբերուն անդամներն ալ այսքան «չարչարուած» են այս երգը սորվելու համար, կը մտածեմ որ վերջաւորութեան անպայման խեղդամահ եղած ըլլալու է...
Բոլորը կը սկսին խնդալ, տրամադրութիւնները անմիջապէս կը փոխուին, դարձեալ գործի կ’անցնին ու մինջեւ փորձին լմննալը՝ երգը սորված-վերջացուցած էին...
Չուզելով վիրաւորել իր համեստութիւնը՝ այսքա՛ն «մեր» ղեկավարին մասին...
Երգչախումբի ամենաուրախ պահերէն մէկը այն է, երբ առաջին անգամ ըլլալով նոր երգ մը, յաջողութեամբ կը ներկայացնեն հանրութեան, ստանալով ունկնդիրներուն քաջալերանքի ու գնահատանքի խօսքերն ու ծափահարութիւնները...
Հաւատացէք սիրելի ընթերցողներ, որ ծափահարելուն չափ կարեւոր է նա՛եւ ծափահարուիլը...
* * *
Աւարտելով՝ պիտի ուզէի հարցում մը հարցնել ձեզի...
Միթէ գիտէ՞ք, թէ ո՛րն է «մեր» երգչախումբին ամենասրտաճմլիկ բանը...
Դժբախտաբար... ինչպէս ամէնուրեք... մարդուժի պակասութիւնը...
Եւ ինչպէս որ կ՚ըսէ ընկերս Փանոսը...
- Վա՜յ եկեր է այդ օրուան, երբ սրահները ծայրէ-ծայր լեցուած պիտի ըլլան ծափահարողներով, բայց դժբախտաբար բեմերուն վրայ... ծափահարուող մը նոյնիսկ պիտի չգտնուի...
* * *
* «Մեր» բառը յօդուածին մէջ գործածուած է գաղութին պատկանողի իմաստով...
ՄԻՆՍԱՐ
14/4/2016