Սիրելի հայրենակիցներ,
Ինչպէս գիտենք, Ապրիլ ամսուան սկիզբը Ատրպէյճանի բանակին ընտրանի կռուող զինուորներէն գումարտակ մը Ղարաբաղի սահմանէն ներս խուժեց, բայց Ղարաբաղի բանակի քաջարի տղոց հերոսական դիմադրութեան եւ ուժեղ հակահարուածին
տակ՝ ծանր կորուստներ տալով՝ փախուստ տուաւ հայրենի մեր սահմաններէն դուրս։
Ատրպէյճանի թշնամական յարձակումը պատճառ դարձաւ, որ մեր կողմը որոշ թիւով կորուստներ ունենայ։
Մենք հայրենիքէն դուրս գտնուող հայերս կ՚ապրինք օտար՝ ազատ երկիրներու մէջ։ Մենք պարտականութիւն ունինք ազգային-հայրենասիրական զգացումներով թիկունք կանգնելու մեր ազգին եւ հայրենիքին եւ մեր ունեցածէն նուիրաբերելու, որպէսզի մեր բանակը աւելիով զօրանայ։
Ալիեւ ըսուած հրէշը կը կարծէ, թէ կրնայ Ղարաբաղը դիւրաւ գրաւել։
Հրէշ անուանեցի Ատրպէյճանի հակահայ բռնատէրը, որովհետեւ անոր մղումով՝ Հունգարիոյ մէջ ազերի ոճրագործ սպան, բազմազգեան ռազմափորձերու ժամանակ, կացինահար ըրաւ պաշտօնակից հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը, անոր քնացած պահուն։
Թէեւ Հունգարիոյ դատարանը յանցաւոր գտաւ եւ բանտարկութեան դատապարտեց Սաֆարով կոչուած շունը՝ Ալիեւ ըսուած հրէշը ինչե՜ր խոստացաւ Հունգարիոյ կառավարութեան, որպէսզի ազերի ոճրագործը Ատրպէյճանի յանձնէ... Իսկ երբ ազերի յանցագործը հասաւ Ատրպէյճան՝ Ալիեւ հերոսի պատիւներով եւ պարգեւներով ընդունեց ու ազատ արձակեց զայն...
Այդ բոլորը տեսնելով՝ մենք ինչպէ՞ս կրնանք անտարբեր մնալ, մանաւա՛նդ այսօր, երբ ատրպէյճանական թշնամին ուղղակի մեր սահմաններէն ներս կը խուժէ եւ հայու արիւն կը թափէ։
Ուրեմն՝ կարիքը ունինք համահայկական զօրաշարժի, որ այսօրուան առաջնահերթ մարտահրաւէրն է, որպէսզի մեր բոլոր ուժերով՝ բարոյապէս եւ մանաւանդ նիւթապէս օգնութեան հասնինք եւ զօրավիգ կանգնինքելու Հայաստանին եւ Ղարաբաղին։
ՊԵՐՃ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ