Խաղաղասէր ժողովուրդի մը զաւակները մէկէ աւելի պատճառներ ունին հաւատալու մշակութային յաղթանակներու գերակայութեան. պատահական չէ, որ նման
ժողովուրդներու պատմութիւնները լի են բարոյական յաղթանակներով ու սխալ է վստահաբար այդ յաղթանակները նկատել ռազմական պատուաւոր պարտութեան մը մխիթարութիւն:
Կարեւորել բարոյական յաղթանակները չի նշանակեր անշուշտ չհպարտանալ ռազմական յաղթանակներով:
«Քաջ Զէյթունը յաղթեց...» կ՚երգէ մեր ժողովուրդը. Արցախը սակայն ոչ միայն յաղթեց, այլ այդ յաղթանակը վերածեց նաեւ անկախութեան, ազատ ու ժողովրդավար պետութեան մը իրականութեան:
Յաղթանակներու արեան գինը շատ սուղ է. սուղ է նաեւ յաղթանակի ապահովման համար անհրաժեշտ ռազմամիջոցներու գինը: Հերոսները իրենց արեան գինը կը սակարկեն մի միայն նուազեցնելու համար անոր արժէքը. անոնք՝ որոնք կ՚ապրին այդ արեան սիրոյն, անոր գինը բարձր պահելու նուազագոյն պարտաւորութիւնն է որ կը ստանձնեն, նուիրաբերելով այն ինչ որ շատ աւելի աժան է հերոսներու արիւնէն: Հայ ժողովուրդը գիտէ անսակարկ ակնածանքով յիշել հերոսներու արիւնը, միշտ սակարկելով անոր բարձրագոյն արժէքը՝ ի հեճուկս հերոսներու համեստութեան:
Այս պարզ մտածումներու թուարկումը հարկ է ծառայեցնել վճռակամութեան:
Մէկ՝ Արցախը յաղթեց:
Երկու՝ Արցախի հողը սրբացած է:
Երեք՝ Հայրենիքի անվտանգութիւնը անսակարկելի է:
Չորս՝ Արցախահայութիւնը կանգուն է ու կը դիմադրէ արեան գնով:
Յայտնի չէ, թէ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը որքանո՞վ իրենց գրաւը դրած էին ու դրած են հայ ժողովուրդի դիմագրաւած դժուարութիւններուն վրայ՝ հայրենիքէն ներս թէ սփիւռքի տարածքին. յստակ է սակայն, որ թրքական բորենին ասպարէզ կը կարդայ կրկին մեր ժողովուրդին, Սուրիոյ մէջ եւ Արցախի սահմաններու երկայնքին. այս անգամ սպառնալով Ցեղասպանութեան արհաւիրքը յարութեամբ յաղթահարած ժողովուրդի զաւակներուն ու թոռներուն:
Պիտի ձախողի սակայն. Հայ ժողովուրդը կծկուած է ջղաձիգ բռունցքի մը նման, ամբողջ հայութիւնը մէկ բռունցքի վերածուած է արդէն, Սուրիայէն մինչեւ Աւարայր, Աւարայրէն մինչեւ Արցախ, Արցախէն մինչեւ անջրպետի աստղակոյտերը, հոն ուր հայութեան աստղը իր արժանի տեղը գրաւած է դարերէ ի վեր, անշէջ ու յաւիտենական:
Այսքա՛ն. որովհետեւ կը լսենք կարծես պարկեշտ վարժապետին ձայնը, որ կը յորդորէր խուսափիլ բառային զեղումներէն, որ կը գովէր զուսպ արտայայտութիւններու արժէքը:
Ինչպէ՞ս չմեղանչել սակայն զսպուածութեան դէմ, երբ բորենին լրբօրէն կը ցուցադրէ իր մահացու ժպիտը:
Հետեւաբար՝ բառերու ժխորէն անդին, պահն է ամրապնդելու մեր ազատատենչ ոգին, հայութեան պատմութեան սիրոյն, պատուոյ սիրոյն:
Հինգ՝ գործնականօրէն մասնակցելով Արցախեան յաղթանակի պահպանման ու յաւերժացման գործին, յանձնուինք անգամ մը եւս ազգային արդար հպարտութեան զգացումին, որուն արժանի ենք բոլորս անխտիր:
ՇԱՀԱՆ ՖԱՐԱՃԵԱՆ