Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altԱն­ցեալ շա­բաթ, ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան ի­րա­րան­ցու­մի ըն­թաց­քին, որ գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սաւ վար­չա­պե­տի հրա­ժա­րա­կա­նին մա­սին յայ­տա­րա­րու­թեամբ, ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ թէժ քննարկ­ման թե­մայ դար­ձած էր Օս­կար Ո­ւայլ­տը,- ըստ

Armenpressի` The Guardian թեր­թին մէջ գրած է թուրք յայտ­նի ար­ձա­կա­գիր Է­լիֆ ­Շա­ֆաք:

Քր­տա­մէտ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան ան­դա­մը ցան­կա­ցած է մէջ­բե­րում կա­տա­րել Ո­ւայլ­տէն, սա­կայն իշ­խող կու­սակ­ցու­թե­նէն պատ­գա­մա­ւոր մը ա­ռար­կած է գա­ղա­փա­րին մէջ­բե­րե­լու մէ­կը, որ ո՛չ մահ­մե­տա­կան է, ո՛չ թուրք: «­Դուն ու­նի՞ս օ­րի­նակ­ներ այս մշա­կոյ­թէն, այս քա­ղա­քակր­թու­թե­նէն»,- ը­սած է ան:

«Երբ ա­նոնք Ո­ւայլ­տի մա­սին չեն վի­ճիր, հա­րո­ւած­նե­րով կը փո­խա­նա­կո­ւին,- կը գրէ ­Շա­ֆաք: Ան կը յի­շեց­նէ, որ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն ան­ձեռնմ­խե­լիու­թե­նէն զրկե­լու մա­սին օ­րի­նա­գի­ծի քննարկ­ման ժա­մա­նակ, որ կան­խամ­տա­ծո­ւած օ­րէն­քի փո­փո­խու­թիւն է եւ կրնայ յան­գեց­նել քիւրտ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու նկատ­մամբ դա­տա­կան գոր­ծե­րու եւ ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րու, իշ­խա­նա­ւոր Ար­դա­րու­թիւն եւ ­Բար­գա­ւա­ճում ­Կու­սակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը հայ պատ­գա­մա­ւոր ­Կա­րօ ­Փայ­լա­նին հա­րո­ւա­ծած են եւ ա­տե­լու­թեան խօս­քեր յղած: ­Փայ­լան ը­սած է.- «Ա­նոնք չեն կրնար մար­սել, որ ինք­նու­թեամբ հայ մար­դը կը բա­ցա­յայ­տէ ա­նոնց սու­տե­րը եւ չ­՚ընկր­կիր»:

«Դ­ժո­ւար է հայ ըլ­լալ ­Թուր­քիոյ մէջ: ­Կամ՝ քիւրտ, կամ՝ ա­լե­ւի, կամ՝ միա­սե­ռա­կան կամ զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թե­նէ կրօ­նա­կան հա­մո­զում­նե­րու հա­մար հրա­ժա­րող, կամ՝ հրեայ, կամ՝ կին, կամ՝ մէ­կը, որ պար­զա­պէս հա­մա­ձայն չէ այն ա­մէ­նուն հետ, ինչ տե­ղի կ­՚ու­նե­նայ երկ­րին մէջ: Ե­թէ ստա­ցո­ւի այն­պէս, որ դուք թո­ւար­կած­նե­րէն մէ­կէն ա­ւե­լիին կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէք, կեանքն ա՛լ ա­ւե­լի կը դժո­ւա­րա­նայ: ­Ցան­կը կա­րե­լի է ան­վերջ շա­րու­նա­կել: ­Բազ­մա­զա­նու­թիւ­նը խեղ­դուած է: ­Խօս­քի ա­զա­տու­թիւ­նը` վեր­ցո­ւած: «­Նոյ­նու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն» կ­՚իշ­խէ երկ­րին մէջ:

«­Գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը կը ձե­ւա­ւո­րո­ւի թրքա­կան ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան, իս­լա­միզ­մի եւ մե­նա­տի­րու­թեան մի­ջո­ցով` խառ­նո­ւած ա­րա­կա­նու­թեան եւ հայ­րիշ­խա­նու­թեան: ­Քա­ղա­քա­կա­նու­թեան լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը կը ներ­խու­ժէ ա­ռօ­րեայ կեան­քի բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րը»,- կը գրէ հե­ղի­նա­կը:

­Շա­ֆաք կը շեշ­տէ, որ ­Թուր­քիա այ­լեւս սոսկ քա­ղա­քա­կա­նա­պէս բե­ւե­ռա­ցո­ւած չէ, այլ բաժ­նո­ւած է եր­կու մո­լո­րա­կի` ա­նոնք, ո­րոնք կը շա­րու­նա­կեն ա­ջակ­ցիլ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նին, եւ ա­նոնք, ո­րոնք ա­նոր դէմ են: Իշ­խա­նա­ւոր կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րէն կը սպա­սո­ւի ան­վե­րա­պահ հնա­զան­դու­թիւն, չկայ ան­գամ ներ-կու­սակ­ցա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան թոյլ նշոյլ:

­Վար­չա­պետ ­Տա­ւու­թօղ­լո­ւի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը զար­մա­ցուց բո­լո­րը, ան ը­սաւ, որ իր հրա­ժա­րա­կա­նը ընտ­րու­թիւն չէր, այլ «անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն»: ­Գաղտ­նիք չէ, որ յա­ջորդ վար­չա­պե­տը պի­տի ըլ­լայ մէ­կը, որ ամ­բող­ջա­պէս կը վե­րահս­կո­ւի Էր­տո­ղա­նի կող­մէ, ով ա՛լ ա­ւե­լի կ­՛ամ­րապն­դէ իր իշ­խա­նու­թիւ­նը: ­Վերջ ի վեր­ջոյ, Էր­տո­ղան կը ցան­կայ ­Թուր­քիան վե­րա­ծել նա­խա­գա­հա­կան վար­չա­կար­գի` իշ­խա­նու­թեան մե­նաշ­նոր­հով:

Ե­րեք տա­րի ա­ռաջ ­Կե­զի պու­րա­կի ցոյ­ցե­րէն ի վեր մար­դոց յա­ճախ եւ հա­մա­կար­գո­ւած կեր­պով վախ­ցու­ցած են: ­Մի­ջի­նը իւ­րա­քան­չիւր չորս օ­րը մէկ ­Թուր­քիոյ մէջ մէ­կը կը դա­տո­ւի Էր­տո­ղա­նը վի­րա­ւո­րե­լուն հա­մար` նա­խա­գահ դառ­նա­լէն ի վեր մօտ 2000 մարդ, ա­նոնց շար­քին են ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ, լրագ­րող­ներ, ծաղ­րան­կա­րիչ­ներ, գիտ­նա­կան­ներ, նոյ­նիսկ` ու­սա­նող­ներ, Facebookի մէջ ի­րենց մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար: Լ­րա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը եւ ըն­կե­րա­յին մե­տիա­նե­րը խիստ վե­րահս­կո­ղու­թեան կ­՚են­թար­կո­ւին:

«Ան­ցեա­լին մէջ մենք սեւ եր­գի­ծան­քի ա­մուր ա­ւան­դոյթ ու­նէինք: ­Քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կոշտ էր, սա­կայն կա­րե­լի էր ծի­ծա­ղիլ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու վրայ: Այժմ՝ ո՛չ: ­Վեր­ջին հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րը ցոյց կու տան, որ ­Թուր­քիոյ ժո­ղո­վուր­դին միայն կէ­սը կը կար­ծէ, որ բնա­կան է հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն քննա­դա­տել իշ­խա­նու­թիւ­նը: Երբ ­Գեր­մա­նիոյ վար­չա­պետ Ան­կե­լա ­Մեր­քել՝ Էր­դո­ղա­նին ըն­դա­ռա­ջե­լով` թոյլ կու տայ գեր­մա­նա­ցի կա­տա­կեր­գու­նե­րու նկատ­մամբ դա­տա­կան հե­տապն­դում սկսե­լու` ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հին «վի­րա­ւո­րե­լու» հա­մար, ա­տի­կա յստակ ու­ղերձ է ­Թուր­քիոյ ժո­ղովր­դա­վար­նե­րուն.
- «­Դուք միայ­նակ էք»:

Ի՞նչ ե­ղաւ թրքա­կան մո­տե­լը (բնոր­դը), ո­րուն հետ մենք այդ­քա՜ն յոյ­սեր կը կա­պէինք: Ա­րեւմ­տեան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, աշ­խար­հի­կու­թեան, մե­ծաւ մա­սամբ մահ­մե­տա­կան մշա­կոյ­թով եւ բազ­մա­զան հա­սա­րա­կու­թեան այդ իւ­րա­յա­տուկ խառ­նուր­դը այ­սօր դա­տարկ հռե­տո­րու­թիւն է: ­Նոյ­նիսկ Եւ­րո­միու­թիւ­նը, ո­րուն մենք` թուր­քերս, ժա­մա­նա­կին կը ձգտէինք, վե­րա­ծո­ւած է քա­ղա­քա­կան խա­ղի:

Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ, ­Թուր­քիան մի­լիո­նա­ւոր գե­ղե­ցիկ մար­դիկ ու­նի, ո­րոնք, թէեւ խո­րա­պէս ընկ­ճո­ւած են, բա­րո­յալ­քո­ւած եւ միայ­նակ, կա­պո­ւած են ի­րա­րու հետ ողջ աշ­խար­հին եւ ա­ռաջ են ի­րենց իշ­խա­նու­թե­նէն: Իսկ խորհր­դա­րա­նին մէջ այդ (Օս­կար Ո­ւայլ­տէն) մէջ­բե­րո՞ւ­մը, որ ար­հա­մար­հո­ւե­ցաւ: Ա­նի­կա իշ­խա­նու­թեան գռեհ­կու­թեան մա­սին էր»,- կ­՚եզ­րա­փա­կէ ­Շա­ֆաք։