Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­altՀա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին ձեռք բե­րած քա­ղա­քա­կան ա­ռա­ւել­նե­րուն մէջ կա­րե­ւոր տեղ գրա­ւեց ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեայ ազ­գաբ­նակ­չու­թիւն­նե­րուն մօտ բարձ­րա­ցած հա­կաթր­քա­կան ա­լի­քի գո­յա­ցու­մը: Այս մա­կըն­թա­ցու­թիւ­նը ան­շուշտ իր պատ­ճառ­նե­րը ու­նէր:

­Հիմ­նա­կա­նը տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ իս­լա­մա­կան ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թեան վայ­րագ մագլ­ցո­ղա­կա­նու­թեամբ քրիս­տո­նեայ տար­րին դէմ

վա­խի, սար­սա­փի մթնո­լոր­տի ստեղ­ծու­մով յա­ռա­ջա­ցած կա­ցու­թեան ե­տին կանգ­նած շար­ժիչ գոր­ծօ­նին եւ, այս պա­րա­գա­յին, Ան­գա­րա­յի ձե­ռա­գիրն էր: Իբ­րեւ այս գոր­ծըն­թաց­նե­րուն ան­մի­ջա­կան հե­տե­ւանք՝ քրիս­տո­նէու­թեան ծննդա­վայր Ա­րե­ւել­քի ա­պաք­րիս­տո­նէաց­ման մի­տում­նե­րու ա­րա­գա­ցումն էր:

­Ժո­ղովր­դագ­րա­կան այս կտրուկ շար­ժը յա­ւե­լեալ թափ կը ստա­նար, երբ քրիս­տո­նէա­կան սրբա­վայ­րե­րու թէ Ք­րիս­տո­սի լե­զո­ւով խօ­սող ե­զա­կի շրջան­նե­րու դէմ յար­ձա­կում­ներ կը գոր­ծո­ւէին միեւ­նոյն տար­րե­րուն կող­մէ, յստակ ցե­ղա­յին զտում­նե­րու հա­մա­պատ­կեր մը հրամց­նե­լով աշ­խար­հին: Ա­րե­ւել­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու կազ­մա­քան­դու­մի նպա­տա­կաուղ­ղո­ւած այս ար­շաւ­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս տա­րա­ծաշր­ջա­նի ազ­գաբ­նակ­չու­թիւն­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րուն հա­մար ան­հե­ռան­կա­րա­յին վի­ճակ­ներ կը պար­զէին: Կ­՚ա­րա­գա­նար ար­տա­հոս­քը:

­Ցե­ղա­յին զտու­մի այս քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րու ձե­ռամբ կը կա­տա­րո­ւէր, ներշն­չու­մովն ու ֆի­նան­սա­կան թէ զի­նա­կան ա­ջակ­ցու­թեամ­բը Ան­գա­րա­յի: 20րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պող­նե­րը կ­՚ի­րա­կա­նաց­նէին 21րդ ­դա­րու ա­մէ­նէն ժա­մա­նա­կա­կից ցե­ղա­յին զտում­նե­րը՝ միջ­նոր­դա­ւո­րո­ւած ձե­ւով:

Այս ի­րա­կա­նու­թիւ­նը ա­ւե­լի քան պարզ էր ի­րա­դար­ձու­թեանց հե­տե­ւող­նե­րուն եւ այս պա­րա­գա­յին ա­րե­ւելք­ցի քրիս­տո­նեա­յին հա­մար: Ան­գա­րա­յի ձե­ռա­գի­րին ինք­նու­թիւ­նը նո­ւի­րա­կա­նա­ցաւ, երբ ան­ցեալ տա­րի, Ապ­րիլ 12ին ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին ­Վա­տի­կա­նի մէջ մա­տու­ցո­ւած ­Սուրբ ­Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին Ֆ­րան­չիս­կոս ­Պա­պը յստակ ակ­նարկ կա­տա­րեց Ան­գա­րա­յի դե­րա­կա­տա­րու­թեան` ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ քրիս­տո­նեա­նե­րուն դէմ կի­րար­կո­ւող ցե­ղա­յին զտում­նե­րուն գծով: ­Պա­պի կող­մէ հա­մե­մա­տու­մը 20րդի ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ 21րդի ցե­ղա­յին զտում­նե­րուն մի­ջեւ՝ նոյն ձե­ռա­գի­րին մա­սին կը խօ­սէր փաս­տօ­րէն:

Այս հան­գա­մանք­նե­րը բարձ­րա­կէ­տին հաս­ցու­ցին Ան­գա­րա­յի նկատ­մամբ տա­րա­ծաշր­ջա­նի քրիս­տո­նեա­նե­րուն հա­մո­զու­մը՝ Ան­գա­րա­յի ցե­ղաս­պան դի­մա­գի­ծը մատ­նա­ցոյց ը­նե­լու:
Խն­դի­րը ան­շուշտ զուտ քրիս­տո­նէա­կան մի­ջա­վայ­րե­րուն չի վե­րա­բե­րիր: Այս­տեղ կրօ­նը պար­զա­պէս շա­հար­կու­մի թե­մա է: Այ­սու­հան­դերձ այս հան­գա­մանք­նե­րը նկա­տի ու­նե­նա­լով մա­կըն­թա­ցու­թիւ­նը ե­րեւ­ցաւ քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րուն մօտ:

­Լի­բա­նա­նի մէջ եւս սուր կեր­պով տե­սա­նե­լի դար­ձաւ այս զգայ­նու­թիւ­նը: ­Լի­բա­նա­նեան տար­բեր շրջա­նակ­ներ ոչ միայն ի­րենց ամ­բող­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ցոյց տո­ւին ­Լի­բա­նա­նի հա­յու­թեան կազ­մա­կեր­պած քա­ղա­քա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն, այ­լեւ ուղ­ղա­կի ի­րենք նա­խա­ձեռ­նե­ցին նման հա­մախմ­բում­նե­րու, ուր յստակ դար­ձու­ցին Ան­գա­րա­յի ե­րէ­կո­ւան եւ այ­սօ­րո­ւան դե­րը՝ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու ա­ռու­մով: ­Բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ ընդգ­ծո­ւե­ցան հա­յե­րու, ա­սո­րի­նե­րու եւ յոյ­նե­րու դէմ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան կի­րար­կած ցե­ղաս­պա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ այ­սօր շա­րու­նա­կո­ւող ցե­ղա­յին զտում­նե­րու եւ ժո­ղովր­դագ­րա­կան մաք­րազ­տում­նե­րու վար­քա­գի­ծե­րը:

­Լի­բա­նա­նեան տար­բեր քա­ղա­քա­կան դէմ­քեր ­Լեռ­նա­լի­բա­նա­նի ժո­ղո­վուր­դին դէմ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան կող­մէ կան­խամ­տա­ծո­ւած սո­վա­մա­հա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ո­ճի­րին ժա­մա­նա­կա­կից հնչե­ղու­թիւն տո­ւին եւ հա­յե­րու հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թե­նէն դա­սեր վերց­նե­լու պատ­գամ­ներ փո­խան­ցե­ցին:

Այդ դա­սե­րը իւ­րա­ցու­ցած ըլ­լա­լու տա­րա­կու­սանքն է այ­սօր, որ հար­ցա­կա­նի տակ կ­՚առ­նէ տա­կա­ւին ե­րէկ սուր զգայ­նու­թիւն­ներ ցոյց տո­ւած լի­բա­նա­նեան շրջա­նակ­նե­րուն այս հար­ցե­րուն քա­ղա­քա­կան գնա­հա­տա­կան­ներ տա­լու չկա­մու­թիւ­նը:

­Հա­րիւր հա­զար­ներ սո­վա­մահ դարձ­նե­լով բնաջն­ջե­լը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ի­րա­ւաեզ­րին տակ կրնայ դա­սա­կար­գո­ւիլ։ Այդ ամ­րագ­րու­մին հա­մար սա­կայն նախ հա­մա­լի­բա­նա­նեան մօ­տե­ցու­մով հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թիւն կա­ռու­ցե­լու գի­տակ­ցա­կան մօ­տե­ցու­մի փո­խանց­ման եւ քա­ղա­քա­կան կամ­քի ան­մի­ջա­կան խնդիր կը դի­մագրա­ւէ լի­բա­նա­նեան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը:

Այս­տեղ հեր­թա­կան ան­գամ գլուխ կը ցցէ հա­մայն­քայ­նու­թիւ­նը հա­մա­լի­բա­նա­նեա­նու­թեան գե­րա­դա­սե­լու տե­ղայ­նա­կան մղու­մը: ­Բո­լոր հա­մայնք­նե­րը չեն, որ Ան­գա­րա­յի նկատ­մամբ ու­նին միեւ­նոյն քա­ղա­քա­կան գնա­հա­տա­կա­նը: ­Մինչ­դեռ ­Նա­հա­տա­կաց հրա­պա­րա­կին վրայ կանգ­նե­ցո­ւած կո­թո­ղը կը խորհր­դան­շէ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան զոհ գա­ցած հա­ւա­սա­րա­պէս թէ՛ քրիս­տո­նեայ, թէ՛ իս­լամ լի­բա­նան­ցին:

­Մա­յիս 6ը ո՛չ միայն միջ-հա­մայն­քա­յին հա­մա­կե­ցու­թեան, այլ նաեւ հա­մա­նա­հա­տակ­ման խորհր­դա­նի­շի օր է. եւ նման խոր­հուրդ­նե­րու ա­ւե­լի քան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը ու­նի ­Լի­բա­նա­նը` իբ­րեւ ազգ կա­յա­նա­լու եւ իր առ­ջեւ ծա­ռա­ցած բարդ ու բազ­մա­թիւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը դի­մա­կա­յե­լու հա­մար:

«ԱԶԴԱԿ» - Խմ­բագ­րա­կան