Զօրաշարժի մէջ է Սփիւռքը:
Այո՛... անգամ մը եւս:
Այս անգամ կիզակէտը «Մենք եւ Մեր Լեռներ»ն են…Պապիկն ու Տատիկը:
Այդ մոգական Արցախեան հողը, որ այնքա՜ն արժէքաւոր եւ սուրբ է:
Վայրկեան մը մէկդի դնելով նախայարձակ թշնամիին ունեցած կորուստը, կատարած այդ չորսօրեայ պատերազմին ժամանակաշրջանն անգամ սխալ մըն էր... ինքնին պարտութիւն մը:
Արցախի վրայ յարձակելով՝ Թուրքիոյ հլու կամակատար Ատրպէյճանը հայութիւնը աշխարհի քարտէսէն բոլորովին բնաջնջելու, նոյնիսկ պատմութեան արխիւներէն դուրս հանելու եւ մէկդի շպրտելու քաղաքականութիւնն է, որ կը շարունակէ:
...Եւ դաւադիր փան-թրքական այս երազանքային սլացքներուն դիմաց, հայորդին նշեց 101ամեակը, այս անգամ կիզակէտ ունենալով Արցախը:
Ամէն մէկ հայորդի իր մորթին վրայ զգաց, թէ ի՞նչ կը պատահի հոն... Կովկասեան բարձրաւանդակի այդ դրախտին մէջ:
Շատ տեղեկութիւններ լսեցինք, իմացանք եւ կրցանք քայլ պահել:
Հայոց բանակը մարտունակ է եւ կը փաստէ, թէ միայն կատարելագործուած ռազմական կազմածներով չէ, որ կարելի է յաղթական դուրս գալ:
Այլ բան է հողին, հայրենիքին կառչած մնալը:
...Եւ այսօր, այդ հերոս քաջերուն դիմաց, եզակի երեւոյթ է աննման Արցախին եւ անոր պաշտպան հայ զինուորին շուրջ ստեղծուած համաժողովրդային ու քաղաքական ամբողջական համախմբումը:
Զոհուեցան շատեր, եւ այդ ալ ի՜նչ զոհողութիւն՝ ՆԱՀԱՏԱԿ: Դեռ ալ պիտի տանք զոհեր, յաչս այդ սուրբ հողին:
Միայն զինուորները չեն հերոսները, այլ նաեւ այդ սահմանամերձ շրջաններուն, իրենց տան հօրենական երդիքին կառչած բնակչութիւնը, պատանիէն մինչեւ ալեհեր ծերունին:
Այս հերոսներուն, չաստուածներուն եւ «անծանօթ զինուորներ»ուն կատարած զոհողութիւններուն դիմաց, մեր ամենադոյզն պարտականութիւնն է լայնօրէն եւ ամենայն շռայլութեամբ մեր լուման տրամադրել:
Այս տղաքը, այս բնակչութիւնը տարբեր գանձ է... Ոսկի է եւ այդ ալ ոսկեզօծ ոսկի:
Զանազան գաղութներէ ներս, կը շարունակուի շուտափոյթ օժանդակութեան աշխատանքը:
Աշխատանք՝ որ ունի նիւթաբարոյական բնոյթ:
Արցախի օժանդակութեան համար կատարուած եւ դեռ ալ կատարուելիք դրամահաւաքներուն նպատակն է վերանորոգել եւ վերակառուցել սահմանամերձ գիւղերու փուլ եկած բնակարաններն ու կառոյցները, բուժել վիրաւոր հերոսներն ու անմեղները, օգնութեան հասնիլ նահատակներու ընտանիքներու կենսական կարիքներուն:
Հետեւաբար, Սփիւռքեան զանազան գաղթօճախներու նման. այս օրերու հրամայականն է անվարան թիկունք կանգնիլ Արցախին եւ անոր հզօրացման ճիգերուն:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» - խմբագրական