Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­altՀա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին «Պ­լում­պըրկ»ին տո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցին հե­տե­ւեալ բա­ժի­նը խո­րի­մաստ բո­վան­դա­կու­թիւն կը բա­նա­ձե­ւէ եւ լոյս կը սփռէ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի վերսկս­ման հայ­կա­կան կող­մի սկզբուն­քա­յին դիր­քո­րո­շում­նե­րուն վրայ:

«Ոչ թէ պէտք է զի­նա­դա­դար հաս­տա­տել, այլ վե­րա­կանգ­նել զի­նա­դա­դա­րը, ո­րուն մա­սին հա­մա­ձայ­նա­գիր կնքած էինք 1994 թո­ւա­կա­նին ու նաեւ այդ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ամ­րապնդած էինք նոր հա­մա­ձայ­նա­գի­րով 1995 թո­ւա­կա­նին: Եւ ինչ­պէս կը տես­նէք, մին­չեւ հի­մա այդ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն­նե­րը կը պահ­պա­նո­ւին, թէեւ խախ­տում­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին»:
­Փոր­ձենք այս­տեղ ար­տա­յայ­տո­ւած միտ­քե­րուն պար­զա­բա­նու­մը ը­նել:

­Հայ­կա­կան կող­մը հա­մոզուած է, որ 1994ին կնքո­ւած պայ­մա­նա­գի­րը չե­ղեալ յայ­տա­րա­րո­ւած չէ: Ա­ւե­լի պարզ ը­սե­լա­ձե­ւով՝ կայ­ծակ­նա­յին քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մը նա­խա­պէս կնքո­ւած հա­մա­ձայ­նա­գի­րը չե­ղեալ նկա­տել չէ, այլ խախ­տում. խախ­տում­նե­րու շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը նկա­տի ու­նե­նա­լով այս պա­րա­գան պէտք է ըն­կա­լել իբ­րեւ լայ­նա­ծա­ւալ խախ­տում: ­Թէեւ այս հաս­տա­տու­մէն քիչ ա­ռաջ նա­խա­գա­հը կ­՚ակ­նար­կէր ոչ թէ հրա­դա­դա­րի խախտ­ման, այլ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը բնու­թագ­րէր իբ­րեւ քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազմ` ըստ էու­թեան:

Ըստ էու­թեան հա­մա­տա­րած հա­մո­զում է, որ կա­տա­րո­ւա­ծը սահ­մա­նա­փակ ժամ­կէ­տով կայ­ծակ­նա­յին յար­ձա­կո­ղա­կան պա­տե­րազմ է, որ սան­ձա­զեր­ծո­ւե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ: Եւ պա­տա­հա­կան չէ, որ հա­մաշ­խար­հա­յին հե­ղի­նա­կու­թիւն նկա­տո­ւող լրա­տո­ւա­մի­ջո­ցին տրո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան կա­տա­րո­ւա­ծը կը նկա­տէ խախ­տում պահ­պա­նո­ւող պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն­նե­րուն:

Ար­ձա­նագ­րո­ւա­ծը ան­շուշտ կա­տա­րո­ւած ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բա­նու­թիւնն է եւ ոչ թէ ռազ­մա­կան բնու­թա­գի­րի ձե­ւա­կեր­պու­մը: Իսկ քա­ղա­քա­կան ի­մաս­տով մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի հայ­կա­կան կող­մին կառ­չած մնա­լը 1994ի հա­մա­ձայ­նա­գի­րին:

Հ­րա­դա­դա­րի հա­մա­ձայ­նա­գի­րին տակ ստո­րագ­րած են Ե­րե­ւա­նը, Ատր­պէյ­ճանն ու Ս­տե­փա­նա­կեր­տը: ­Բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին վե­րա­բե­րող հրա­պա­րա­կո­ւած եր­կու փաս­տա­թուղթ կայ, ո­րոնց տակ կ­՚ե­րե­ւայ ե­ռա­կողմ ստո­րագ­րու­թիւն: Ա­ռա­ջի­նին մէջ, որ հիմ­նա­կան պայ­մա­նա­գիրն է` ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Պիշ­քե­քի խորհր­դա­ժո­ղո­վի ար­ձա­նագ­րու­թեան եւ ուղ­ղո­ւած ­Ռու­սիոյ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Պ. Ս. Կ­րա­չո­վին, ­Ռու­սիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ա. Վ. ­Քո­զի­րե­ւին, Վ. Ն. ­Քա­զի­մի­րո­վին, կող­մե­րը կը հա­մա­ձայ­նին. ա­պա­հո­վել կրա­կի եւ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ամ­բող­ջա­կան դադ­րե­ցու­մը 12 ­Մա­յիս 1994ին 00 ժամ 01 վայր­կեա­նէն: Կ­րա­կի դադ­րեց­ման մա­սին հա­մա­պա­տաս­խան հրա­ման­ներ կը տրո­ւին եւ կը հաս­ցո­ւին զի­նուո­րա­կան ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րու հրա­մա­նա­տար­նե­րուն, ո­րոնք պա­տաս­խա­նա­տու են ա­նոնց կա­տար­ման հա­մար ոչ ուշ, քան 10 ­Մա­յիս 1994ին ժա­մը 15:00ին:

11 ­Մա­յի­սին մին­չեւ ժա­մը 20:00 կող­մե­րը կը փո­խա­նա­կեն կրա­կի դադ­րեց­ման մա­սին ի­րենց հրա­մա­նա­գիր­նե­րը` հա­ւա­նա­կան փո­խա­դարձ լրա­ցում­նե­րու եւ հե­տա­գա­յին հա­ման­ման փաս­տա­թուղ­թե­րու հիմ­նա­կան դրոյթ­նե­րու նոյ­նաց­ման նպա­տա­կով:

Երկ­րոր­դը, իբ­րեւ յա­ւե­լո­ւած թիւ 39 հրա­դա­դա­րը պահ­պա­նե­լու յայ­տա­րա­րու­թիւն 26-27 ­Յու­լիս 1994ին, դար­ձեալ ուղղո­ւած ­Ռու­սիոյ օ­րո­ւան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րին եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին, ուր ի­րենց ա­մուր վճռա­կա­նու­թիւ­նը կ­՚ար­տա­յայ­տեն հե­տա­գա­յին եւս շա­րու­նա­կե­լու կրա­կի դադ­րեց­ման ուղ­ղու­թեամբ ի­րենց պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու կա­տա­րու­մը` մաս­նա­ւո­րա­պէս, նկա­տի ու­նե­նա­լով ա­տով իսկ պահ­պա­նել մեծ քա­ղա­քա­կան հա­մա­ձայ­նա­գի­րի ստո­րագր­ման եւ հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիին մէջ մի­ջազ­գա­յին դէ­տե­րու տե­ղա­բաշխ­ման հա­մար պայ­ման­նե­րը:

­Փաս­տա­թուղ­թե­րը ու­նին նաեւ այլ բա­ժին­ներ. կը կեդ­րո­նա­նանք այս եր­կու հա­տո­ւած­նե­րուն վրայ` կա­րե­ւոր նկա­տե­լով ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­քին պաշ­տօ­նա­կան Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մաս­նակ­ցու­թիւնն ու ստո­րագ­րու­թիւ­նը:

Կ­՚են­թադ­րո­ւի, որ ճիշդ ա՛յս կէտն է, որ լու­սար­ձա­կի տակ կը բե­րէ նա­խա­գա­հը եւ ընդգծե­լով, որ պայ­մա­նա­ւորուա­ծու­թիւ­նը պահ­պանուած է, ը­սել կ­՛ու­զէ նաեւ, որ Ս­տե­փա­նա­կեր­տը իբ­րեւ ան­կախ կողմ ըն­դու­նե­լու մի­ջազ­գա­յին պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւնն է, որ կը պահ­պանուի: Այժմ հրա­դա­դա­րի վե­րա­հաս­տա­տու­մը բա­նա­ւոր է եւ չի կրնար նաեւ փո­խա­րի­նել գրա­ւո­րը, ո­րով­հե­տեւ գրա­ւո­րը ե­ռա­կողմ է, մինչ բա­նա­ւո­րը` երկ­կողմ:

Այ­լեւս ակն­յայտ է, որ կայ­ծակ­նա­յին այս պա­տե­րազ­մին եւ այլ սադ­րանք­նե­րու նպա­տակ­նե­րէն մէ­կը նոյն այս հա­մա­ձայ­նա­գի­րի վի­ժե­ցումն է: Ա­նոր մէկ ա­պա­ցոյցն ալ Մ.Ա.Կ.ի մէջ 27 Ապ­րիլ 2016ին ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցած դի­մումն էր վե­րոնշեալ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը չե­ղեալ յայ­տա­րա­րե­լու վե­րա­բե­րեալ: Ան­շուշտ լու­ծե­լու հա­մար հիմ­նա­կան խնդի­րը` ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու Ս­տե­փա­նա­կեր­տի ստո­րագ­րու­թե­նէն, ինչ որ փաս­տա­ցի կը նշա­նա­կէ ճանչ­նալ վեր­ջի­նը իբ­րեւ հա­կա­մար­տու­թեան կողմ եւ ա­ւե­լին` կար­գա­վի­ճա­կի ճա­նա­չում:

­Բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի վերսկս­ման հա­մար պաշ­տօ­նա­կան Ե­րե­ւա­նը այ­սու­հե­տեւ նա­խա­պայ­մա­նա­յին նա­խադ­րեալ­ներ կը տես­նէ.

Ա.- ­Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը վստա­հու­թեան ո­րո­շա­կի մի­ջո­ցա­ռում­ներ կազ­մա­կեր­պեն:
Բ.- Անհ­րա­ժեշտ է, որ ա­նոնք յանձ­նա­ռու­թիւն ստանձ­նեն, որ­պէս­զի այդ վստա­հու­թեան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը, հե­տաքննու­թեան մե­քե­նա­կա­նու­թիւն­նե­րը տես­նե­լէ ետք՝ ա­նոնք հաս­ցէա­ւոր յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­նեն, թէ ո՛վ խախ­տեց հրա­դա­դա­րի պայ­մա­նա­գի­րը:

Եւ Գ.- ­Հայ­կա­կան կող­մը ե­րաշ­խիք­ներ պէտք է ու­նե­նայ, որ այ­լեւս այս­պի­սի խախ­տում­ներ պի­տի չըլ­լան:

­Բայց մնանք հրա­դա­դա­րի պայ­մա­նա­գի­րը ի զօ­րու նկա­տե­լու պաշ­տօ­նա­կան մօ­տե­ցու­մին փո­խան­ցած ու­ղեր­ձին վրայ եւ վե­րա­հաս­տա­տենք, թէ 1994ի երկ­րորդ ե­ռա­կողմ փաս­տա­թուղ­թը կը խօ­սի հրա­դա­դա­րի պայ­մա­նա­գի­րին հի­ման վրայ ձե­ւա­ւո­րո­ւե­լիք մեծ քա­ղա­քա­կան հա­մա­ձայ­նա­գի­րին կնքման ա­ռա­ջադ­րան­քին մա­սին: Այդ փաս­տա­թուղ­թը եւս կը կրէր Ս­տե­փա­նա­կեր­տի ստո­րագ­րու­թիւ­նը:

­Մեծ քա­ղա­քա­կան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, ե­թէ պի­տի ձե­ւա­ւորուի, ան­պայ­ման պէտք է կրէ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի ստո­րագ­րու­թիւ­նը:

«ԱԶԴԱԿ»ի խմբագ­րա­կան