Պաշտօնավարման ութ տարիներուն ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամա չկատարեց իր նախընտրական խոստումը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը անուանելու «ցեղասպանութիւն»:
Այսուհանդերձ՝ անհասկնալի պատճառով մը, որ կրնայ ներկայացուիլ միայն իբրեւ միամտութիւն, բազմաթիւ հայեր Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ ամբողջ աշխարհի վրայ, Օպամայի պաշտօնավարման առաջին տարուընէ՝ 2009 թուականէն ի վեր, զուր յոյսեր փայփայեցին այն մասին, թէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը ան պիտի օգտագործէ 2010ին, 2011ին կամ 2012ին:
Երբ նախագահ Օպամա իր պաշտօնավարութեան առաջին շրջանի աւարտին չարտասանեց այդ բառերը, այս միամիտ հայերը համոզուած էին, որ ան պիտի արտաբերէ զանոնք իր երկրորդ եւ վերջին պաշտօնավարութեան ընթացքին՝ 2013էն սկսեալ: Անոնք թիւրիմացաբար կը կարծէին, թէ հաւանականութիւնը աւելի մեծ է, որ Օպամա «ցեղասպանութիւն» ըսէ, քանի որ ան այլեւս իբրեւ նախագահ պիտի չառաջադրուի եւ, հետեւաբար, ո՛չ Թուրքիոյ, ո՛չ ալ ներքին քաղաքական ընդդիմախօսներու կողմէ քննադատութեան ենթարկուելու խնդիր պիտի ունենայ:
Երբ նախագահ Օպամա կը շարունակէր մերժել «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրի օգտագործումը, այս նոյն միամիտ հայերը յօրինեցին նոր պատճառ մը՝ շարունակելով ցանկալին ներկայացնելու, իրականութեան փոխարէն: Անոնք կը կարծէին, որ եթէ Օպամա համարձակեր է փոխել Քուպայի նկատմամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու սահմանափակման ու արգիլման երկարատեւ քաղաքականութիւնը, ապա՝ ան կրնայ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով եւս հանդէս գալ միեւնոյն համարձակութեամբ...:
Սակայն ապացուցուեցաւ, որ այդ ենթադրութիւնը անհիմն էր:
Վերջապէս, երբ բոլոր սպասումները ձախողեցան, միամիտ հայեր կ՛ակնկալէին, որ Օպամա պիտի արտասանէ այդ երկու արգիլուած բառերը 2016 թուականի Ապրիլ 24ին՝ օգտագործելով իր վերջին հնարաւորութիւնը:
Այս կանխատեսումը եւս չիրականացաւ:
Նախագահ Օպամա իր վերջին յայտարարութեան մէջ օգտագործեց բառարանի մէջ տեղ գտած գրեթէ բոլոր կարելի մեղմասացութիւնները՝ նկարագրելու համար, թէ ի՜նչ տեղի ունեցած է հայ ժողովուրդին հետ 1915ին՝ բացառութեամբ «ցեղասպանութիւն» բառին…:
Ահա՛ նախագահ Օպամայի վերջին բանաւոր վարժանքին արգասիքը՝ «զանգուածային վայրագութիւն, տեղահանութիւն, կոտորած, աքսոր, տառապանք, դժնդակ օրեր, ողբերգութիւն, բռնութիւն եւ սարսափ»:
Ինչո՞ւ աշխարհի ամէնէն հզօր երկրի ղեկավարը կը չարչարէ ինքզինք եւ իր օգնականները այսքան շատ բառեր գտնելու համար, երբ միայն մէկ բառ՝ «ցեղասպանութիւն»ը, բաւարար պիտի ըլլար:
Անհաւատալիօրէն, կարգ մը հայեր կտրած-անցած են նաեւ միամտութեան բոլոր սահմանները՝ պնդելով, թէ այնքան ատեն որ ոգեկոչման իր ամենամեայ ուղերձին մէջ Օպամա օգտագործեց «Մեծ Եղեռն» եզրոյթը, ապա զայն պէտք է դիտարկել իբրեւ իր նախընտրական խոստման կատարում եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում:
Խնդիրը այն է, որ Օպամա՝ իբրեւ նախագահի թեկնածուի, չէր խոստացած, որ ընտրուելու պարագային «Մեծ Եղեռն» պիտի ըսէ:
Ընդհակառակն, ան խոստացած էր «Հայոց Ցեղասպանութիւն» ըսել եւ նոյնիսկ պնդած, թէ «Ամերիկան արժանի է այնպիսի նախագահի, որ ճշմարտութիւնը պիտի ըսէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Այդ նախագահը ես պիտի ըլլամ»:
Ասկէ բացի, «Մեծ Եղեռն»ը իրաւական եզր մը չէ, մանաւանդ որ անհասկնալի է ոչ-հայերու համար: Եթէ «Մեծ Եղեռն»ը համարժէք է Հայոց Ցեղասպանութեան, ապա ինչո՞ւ ութ տարի շարունակ Օպամա կ՛օգտագործէ միայն առաջին եզրը, այլ ոչ թէ վերջինը: Եթէ հայերը միամիտ են, ապա նոյնը կարելի չէ ըսել Օպամայի եւ անոր օգնականներուն մասին, որոնք գիտեն, թէ ի՞նչ կ՛ըսեն եւ ինչո՛ւ...:
Այս անհեթեթ իրավիճակին մէջ կան երկու մեղաւոր կողմեր:
Առաջինը՝ նախագահ Օպաման է, որ խոստում տուած է եւ չի կատարեր զայն՝ այսպիսով խաբելով իրեն հաւատացած եւ երկու անգամ յօգուտ իրեն քուէարկած մարդիկը...:
Եթէ Օպամայի համար միեւնոյնն է՝ ամերիկեան հասարակութեան կտակել ճշմարտութիւնը չըսելու ժառանգութիւնը, ապա՝ այդ իր խնդիրն է եւ ոչ թէ ամերիկահայ համայնքին...:
Երկրորդ մեղաւոր կողմը անոնք են, որոնք անխոհեմօրէն, տարի առ տարի յոյսեր կը փայփայեն, որ նախագահ Օպամա պիտի օգտագործէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառերը, թէեւ նման յայտարարութիւն ընելու անհրաժեշտութիւն չկար:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը արդէն բազմիցս ճանչցուած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ՝ 1951ին Ամերիկայի կառավարութեան կողմէ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարան ներկայացուած պաշտօնական փաստաթուղթով, 1975 եւ 1984 թուականներուն Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ ընդունուած երկու բանաձեւերով եւ 1981ի Ապրիլ 22ին նախագահ Ռեկընի ընդունած Հռչակագրով:
Ինչո՞ւ պէտք է հայերը ձգտին «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրին, երբ անիկա արդէն օգտագործուած է նախկին նախագահին կողմէ: Արդեօք Ամերիկայի իւրաքանչիւր նախագահ պէ՞տք է օգտագործէ այդ եզրոյթը, որպէսզի հայերը համոզուած ըլլան, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրօք ճանչցուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Ցաւօք, հայերու մեծամասնութիւնը Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կը շփոթէ Թուրքիոյ հանդէպ Ամերիկայի կառավարութեան վարած քաղաքականութեան հետ: Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած համարուող երկիրներէն եւ ոչ մէկը Թուրքիոյ հետ թշնամական յարաբերութիւններ ունի: Նման յարաբերութիւններ չունի նաեւ Ամերիկան...: Բոլոր այդ երկիրները Ցեղասպանութեան ճանաչումը հաւասարակշռեր են Թուրքիոյ հետ բնականոն եւ նոյնիսկ ջերմ յարաբերութիւններու պահպանմամբ:
Միացեալ Նահանգները պէտք չէ դիտարկել իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչցած երկիր միայն այն պատճառով, որ անոր ղեկավարները կը խուսափին օգտագործելէ «ցեղասպանութեան» եզրը՝ իրենց քաղաքական կամ տնտեսական շահերու թիւրըմբռնման պատճառով...: Կարելի է դատապարտել այս երկրի վարած քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ նկատմամբ՝ առանց հարցականի տակ դնելու անոր կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Իրականութեան մէջ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալուն համար Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը մեղադրելը, ինչպէս յաճախ կ՛ընեն բազմաթիւ հայեր, կասկածի տակ կը դնէ Ցեղասպանութեան եղելութեան փաստը եւ մեծ վնաս կը հասցնէ Հայ Դատին...
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր»