Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altԻւ­րա­քան­չիւր մեծ ու յատ­կան­շա­կան ծրագ­րի մը յա­ջո­ղու­թիւ­նը մար­դու մօտ կը ձգէ յաղ­թա­նա­կի տպա­ւո­րու­թիւ­նը։ Օ­րի­նա­կի հա­մար, հա­մալ­սա­րա­նի բարձ­րա­գոյն վկա­յա­կա­նի ար­ժա­նա­ցող ա­շա­կեր­տը իր յա­ջո­ղու­թիւ­նը կը տօ­նէ որ­

պէս յաղ­թա­նա­կի։ ­­Պա­տե­րազ­մի դաշ­տին վրայ յաղ­թա­նակ ար­ձա­նագ­րող բա­նա­կը իր ժո­ղո­վուր­դին հետ կը տօ­նէ յա­ջո­ղու­թիւ­նը։ ­­Գի­տա­կան, բժշկա­կան, ա­րո­ւես­տի ու այլ մար­զե­րէ ներս ո­րե­ւէ նոր յայտ­նա­բե­րում կամ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն յաղ­թա­նա­կի հա­մա­զօր ար­ժէք կը ստա­նայ։

Ազ­գին ու ե­կե­ղեց­ւոյ ծա­ռա­յու­թեան կեան­քէն ներս եւս, կա­րե­ւոր նպա­տա­կի մը յա­ջո­ղու­թիւ­նը մեծ յաղ­թա­նակ կը նկա­տո­ւի ու կ­՚ար­ձա­նագ­րո­ւի։
­­Կեան­քը պայ­քար է։ Իսկ պայ­քա­րը նպա­տակ մը կը հե­տապն­դէ եւ յա­ջո­ղե­լու հա­մար պէտք է ան­պայ­ման յաղ­թել։ ­­Մինչ պար­տու­թիւ­նը ժա­մա­նա­կի ու նպա­տա­կի կո­րուստ է։ Իսկ անն­պա­տակ կեան­քը, ընդ­հան­րա­պէս, մար­դու կո­րուստ է։ Ա­րա­րիչն Աս­տո­ւած օ­րին տե­սաւ, որ մար­դիկ շե­ղած էին իր պա­տո­ւի­րան­նե­րէն ու ճա­նա­պար­հէն։ Աս­տու­ծոյ խօս­քէն հե­ռա­նա­լով՝ մար­դիկ ի­րենց ա­ռօ­րեան կ­­՚ապ­րէին ի­րենց քմա­հա­ճոյ­քին հա­մե­մատ։

­­Մար­դա­սի­րու­թիւ­նը կորսն­ցու­ցած էր իր ի­մաս­տը ու զայն փո­խա­րի­նած էր անձ­նա­սի­րու­թիւ­նը։ Անձ­նա­սի­րու­թիւն՝ ա­մէն բա­նի մէջ, ա­մէ­նօ­րեայ կեան­քին ու աշ­խա­տան­քին։ ­­Մար­դը կ­­՚ու­զէր տէր դառ­նալ ա­մէն բա­նի եւ կամ ա­մէն ինչ ի­րը ըլ­լար։ Ինք իշ­խէր ու տնօ­րի­նէր։ Ու­զա­ծը շի­նէր, իսկ չու­զա­ծը քան­դէր։ ­­Բայց ­­Տէրն Աս­տո­ւած, ո­րով­հե­տեւ մար­դը ստեղ­ծած էր իր պատ­կե­րին նման, իր միա­ծին Որ­դին ա­ռա­քեց աշ­խարհ յա­տուկ նպա­տա­կի մը հա­մար։ Ան պա­տո­ւէր տո­ւաւ Որդ­ւոյն փրկե­լու մար­դի­կը ի­րենց մեղ­քե­րէն։

Աս­տու­ծոյ Որ­դին մարմ­նա­ցաւ ու մար­դա­ցաւ, աշ­խարհ ե­կաւ որ­պէս­զի երկ­նա­յին նպա­տա­կը ի­րա­գոր­ծէ երկ­րի վրայ։ ­­Մար­դի­կը դար­ձեալ Աս­տու­ծոյ մօ­տեց­նէ։ Եւ այդ մէ­կը կա­տա­րե­լու հա­մար ­­Յի­սուս ամ­բող­ջա­կան նո­ւի­րում եւ զո­հո­ղու­թիւն ցու­ցա­բե­րեց։ Իր ժա­մա­նակն ու կեան­քը նո­ւի­րեց մար­դոց։ Իր­մով սկսաւ քրիս­տո­նէա­կան կրօն­քը, որ դար­ձաւ կեան­քի մեծ դպրոց եւ Ան ե­ղաւ մե­ծա­գոյն Ու­սու­ցի­չը։ ­­Մար­դոց ու­սու­ցա­նեց, որ ա­նա­ռակ ու ցան­կա­ցող աչ­քե­րով ի­րար չնա­յին։ Ա­նոնց ա­կանջ­նե­րը ա­խորժ չզգան չար խօս­քեր լսե­լէ, բե­րա­նը սուտ չխօ­սի, սիր­տը չա­րու­թիւն չխոր­հի, ձեռ­քե­րը ա­նի­րա­ւու­թիւն չգոր­ծեն, ոտ­քե­րը ա­նօ­րէ­նու­թեան ճամ­բէն չքա­լեն։ Ան մար­դոց մօտ արթնցուց մարդ­կա­յին ար­ժա­նիք­նե­րը եւ ցոյց տո­ւաւ ճշմար­տու­թեան ճա­նա­պար­հը։

Ար­դա­րեւ, ­­Յի­սուս աշ­խարհ ե­կաւ մար­դի­կը չա­րէն ու չա­րի­քէն փրկե­լու հա­մար։ ­­Չա­րը՝ մար­դոց մօտ շատ ա­ւե­լի հա­ճե­լի եւ ըն­դու­նե­լի թո­ւե­լով, տի­րած էր ա­նոնց մտքե­րուն ու սրտե­րուն վրայ։ ­­Չար մար­դիկ, կը նշա­նա­կէ՝ չա­րա­գործ ու վնա­սա­կար մար­դիկ։ Եւ ­­Յի­սուս պայ­քա­րե­ցաւ՝ յաղ­թե­լու հա­մար այդ չա­րին եւ վերս­տին հիմ­նե­լու ու տա­րա­ծե­լու բա­րին։ Ուս­տի Ան իր քա­րոզ­նե­րով, պա­տո­ւէր­նե­րով ու հրա­շա­գոր­ծու­թեամբ պայ­քա­րե­ցաւ չա­րին ու ա­նոր փոր­ձան­քին դէմ։ Եւ ժա­մա­նակ մը ետք, քրիս­տո­նէա­կան սէ­րը տա­պա­լեց չարն ու չա­րի­քը։ ­­Յի­սուս յաղ­թեց չա­րին։

­­Մար­դա­սէր Աս­տու­ծոյ Որ­դին աշ­խարհ ե­կաւ մար­դոց մօտ ապ­րե­լու հա­մար եւ ոչ թէ ա­նոնց վրայ իշ­խե­լու։ Ա­հա­ւա­սիկ երկ­րորդ նպա­տա­կը Աս­տու­ծոյ։ Ս. Ա­ւե­տա­րա­նը կը վկա­յէ, թէ ­­Յի­սուս իր ամ­բողջ ժա­մա­նա­կը տրա­մադ­րեց մար­դոց։ Ա­նոնց հետ կե­րաւ, ա­նոնց տու­նե­րուն մէջ քնա­ցաւ, ա­նոնց հետ միա­սին շրջա­գա­յե­ցաւ։ ­­Բաժ­նեց մար­դոց ու­րա­խու­թիւնն ու տխրու­թիւ­նը։ ­­Ցա­ւե­ցաւ հի­ւանդ­նե­րուն ու ան­կա­րող­նե­րուն հա­մար։ ­­Հոս է ա­հա­ւա­սիկ հիմ­նա­կան կէ­տը։ Աշ­խար­հի ­­Տէ­րը մար­դոց մօտ գտնո­ւե­ցաւ։

Աս­տու­ծոյ Որ­դին մար­դոց ա­մէ­նօ­րեան ապ­րե­ցաւ։ Աշ­խար­հի ­­Թա­գա­ւո­րը մար­դոց սի­րոյն հա­մար հրաշք­ներ գոր­ծեց։ ­­Մեծ Փր­կի­չը մար­դոց փրկու­թեան հա­մար իր ան­ձը նո­ւի­րո­ւեց ու ա­րիւն թա­փեց։ ­­Յի­սուս՝ տա­պա­լե­լով անձ­նա­սի­րու­թիւ­նը, մար­դա­սի­րու­թեան մեծ յաղ­թա­նակ տա­րաւ։
«Աս­տու­ծոյ Որ­դին այդ­պէս ը­րաւ։ ­­Բայց մար­դու որ­դին ի՞նչ ը­րաւ եւ ի՞նչ կ­­՚ը­նէ»։ ­­Հե­տաքրք­րա­կան հար­ցում մը, որ շատ ան­գամ­ներ կը լսենք կամ մենք կ­՚ուղ­ղենք։ Ե­թէ քննենք մար­դու որ­դիին ը­րա­ծը, պի­տի տես­նենք որ շատ կը տար­բե­րի մեծ Ու­սու­ցի­չի ու­սու­ցու­մէն եւ երկ­րա­ւոր կեան­քի ձե­ւէն։ Եւ այդ մար­դի­կը զա­նա­զան ձե­ւե­րով կը փոր­ձեն ի­րենց սխա­լը պատ­ճա­ռա­բա­նել կամ ար­դա­րաց­նել։

­­Յի­սու­սի խօս­քե­րը չլսող են­թադ­րա­կան խու­լե­րը սա­կայն, ի­րենց աչ­քե­րով կրնան կար­դալ Ա­նոր կեան­քը։ ­­Յի­սու­սի գոր­ծը չտես­նող են­թադ­րա­կան կոյ­րե­րը սա­կայն, ի­րենց ա­կանջ­նե­րով կրնան լսել Ա­նոր խօս­քը։ Աս­տու­ծոյ Որ­դին ապ­րե­ցաւ մար­դոց հետ. բայց Աս­տու­ծոյ ստեղ­ծած մար­դու որ­դին ինչ­պէ՞ս եւ ին­չո՞ւ չկրնար ապ­րիլ մար­դոց հետ։ Ա­մե­նա­զօր ­­Տէ­րը ապ­րե­ցաւ մար­դոց մօտ։ Հ­րաշք­ներ գոր­ծող ­­Յի­սու­սը ապ­րե­ցաւ մար­դոց մէջ։ ­­Մինչ մար­դոց որ­դի­նե­րը չեն կրնար կամ չեն ու­զեր ապ­րիլ ի­րար հետ։

­­Հա­րուս­տը, աղ­քա­տը, զօ­րա­ւո­րը, տկա­րը, ա­ռող­ջը, հի­ւան­դը, տգէ­տը, ի­մաս­տու­նը, խեն­թը, խե­լա­ցին, գիւ­ղա­ցին ու քա­ղա­քա­ցին չեն կրնար հա­մե­րաշխ կեանք մը ապ­րիլ։ ­­Մէ­կը միւ­սին ներ­կա­յու­թիւ­նը չ­՚ու­զեր, միւ­սը միւ­սին յա­ջո­ղու­թիւ­նը չի մար­սեր։ Ազ­գա­կա­նու­թիւն, բա­րե­կա­մու­թիւն, գոր­ծակ­ցու­թիւն, յա­րա­բե­րու­թիւն եւ մնա­ցեալ բո­լո­րը խա­րխուլ հի­մե­րու վրայ կը գտնո­ւին։ Ո­րով­հե­տեւ մար­դա­սի­րու­թեան պայ­քա­րին մէջ մար­դիկ կը պար­տո­ւին ու նա­հանջ կ­՚ար­ձա­նագ­րեն։

Աս­տու­ծոյ Որ­դին, վե­րեւ նշո­ւած յաղ­թա­նակ­նե­րուն կող­քին, երկ­րա­ւոր իր ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ւար­տին պատ­մա­կան ու յա­ւի­տե­նա­կան յաղ­թա­նակ մը եւս ար­ձա­նագ­րեց։ Ան յաղ­թեց մա­հո­ւան։ ­­Յի­սու­սի յա­րու­թիւ­նը հիմ­նա­քա­րը դար­ձաւ մեր հա­ւատ­քին։ Ս. Ա­ւե­տա­րա­նը կը գրէ, թէ ­­Յի­սուս իր խա­չե­լու­թե­նէն ետք թա­ղո­ւե­ցաւ ու ե­րեք օ­րեր ետք յա­րու­թիւն ա­ռաւ։ Աս­տու­ծոյ Որ­դին վե­րա­դար­ձաւ երկ­նա­յին զօ­րու­թեան եւ բազ­մե­ցաւ իր ­­Հօ­րը աջ կող­մը։ Կ­րօն­քի մը հիմ­նա­դի­րը մա­հա­ցաւ, սա­կայն մար­մի­նը փո­խադ­րո­ւե­ցաւ եր­կինք։ ­­Մինչ­դեռ այլ կրօն­նե­րու վար­դա­պետ­նե­րու ա­ճիւն­նե­րը կը մնան թա­ղո­ւած հո­ղին տակ։

Աս­տու­ծոյ Որ­դին յաղ­թե­լով մա­հո­ւան յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան նոր հո­րի­զո­նը բա­ցաւ մար­դոց առ­ջեւ։ ­­Յաղ­թե­լով մա­հո­ւան, ժո­ղո­վուր­դին մօտ երկ­րորդ գալս­տեան յոյ­սը ներշն­չեց։
­­Յի­սուս յա­րու­թեամբ յաղ­թեց մահուան։ Վ­կայ իր փի­լի­սո­բա­յա­կան խօս­քերն ու պա­տո­ւի­րան­նե­րը, ո­րոնք բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու մար­դոց ա­կանջ­նե­րուն կը հնչեն։ Վ­կայ իր պատ­մած ի­մաս­տա­լից ա­ռակ­նե­րը, ո­րոնք բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու մար­դոց ա­ռա­քի­նի կեանք մը ապ­րե­լու ձե­ւը ցոյց կու տան։ Վ­կայ Ս. Ա­ւե­տա­րա­նը, որ յա­ւի­տեանս յա­ւի­տե­նից մարդ­կա­յին կեան­քի լա­ւա­գոյն դա­սա­գիր­քը կը հան­դի­սա­նայ։

­­Յի­սուս յա­րու­թեամբ յաղ­թեց մահուան։ Վ­կայ ե­կե­ղե­ցի­ներն ու վան­քե­րը։ Վ­կայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու գմբէթ­նե­րուն վրայ հաս­տա­տո­ւած յաղ­թա­կան խա­չը։ Վ­կայ տու­նե­րէ ու աշ­խա­տա­նոց­նե­րէ ներս զե­տե­ղո­ւած խա­չա­փայ­տը։ Վ­կայ ե­կե­ղե­ցա­կան մե­ծա­նուն հայ­րե­րու գրած ա­ղօթք­նե­րը, շա­րա­կան­նե­րը, ­­Սուրբ ­Պա­տա­րա­գը։ Վ­կայ աշ­խար­հով մէկ տա­րա­ծո­ւած մար­դա­սի­րա­կան կա­ռոյց­նե­րը եւ ա­նոնց ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։

Ե­թէ ու­զենք յաղ­թել, պէտք է յաղ­թենք միայն չա­րին եւ ոչ թէ տկա­րին կամ թշուա­ռին։ ­­Պէտք է յաղ­թենք նախ մեր մէջ ապ­րող ու գոր­ծող չար մտքին ու հո­գիին։ Աս­տու­ծոյ պա­տո­ւի­րան­նե­րուն օգ­նու­թեամբ, նախ մեր նե­րաշ­խար­հը մաք­րենք, մարդ­կա­յին ար­ժա­նիք­նե­րը կեան­քի կո­չենք, բա­րին վերս­տին հիմ­նենք, ա­պա մեր նմա­նին՝ մար­դու որ­դիին հետ միա­սին տօ­նենք ­­Տի­րոջ փա­ռա­ւոր յաղ­թա­նա­կը։

­­Գո­մո­թի­նի, 2016

ՊԱՐԷՏ ՔՀՆՅ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ