Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­altՆախ՝ քա­նի մը ա­րագ նշում­ներ:
Անց­նող շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին, նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգսեան յայ­տա­րա­րեց, թէ պա­տե­րազ­մի ճա­կա­տին վրայ մենք կը կռո­ւէինք 1980ա­

կան թո­ւա­կան­նե­րու զէն­քե­րով: Այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը աղ­մուկ բարձ­րա­ցուց կարգ մը հայ մեկ­նա­բան­նե­րու մօտ, ո­րոնք փու­թա­ցին յայ­տա­րա­րե­լու, որ սա պե­տա­կան գաղտ­նիք է, ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է նման բան ը­սել, եւ ե­թէ այդ­պէս է, հա­պա ին­չո՞ւ հայ­կա­կան բա­նա­կը չէինք զի­նած ար­դիա­կան զէն­քե­րով եւ այլն:

Ս­կիզ­բէն իսկ յստա­կաց­նենք, թէ այս յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը եր­բեք պաշտ­պան փաս­տա­բա­նը (կամ սի­րա­հա­րը) չէ ե­ղած Հ.Հ. նա­խա­գա­հին վա­րած ար­տա­քին կամ ներ­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան: ­Սա­կայն նա­խա­գա­հը չը­սաւ, թէ մենք ար­դիա­կան զէն­քեր չու­նինք: Ան պար­զա­պէս ը­սաւ, թէ մենք 80ա­կան թո­ւա­կան­նե­րու զէն­քե­րով զսպե­ցինք 2016ի զէն­քե­րով մին­չեւ ակ­ռա­նե­րը զի­նո­ւած ատր­պէ­յճա­նա­կան բա­նա­կը:

Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, սա հա­րո­ւած մըն էր Ատր­պէյ­ճա­նի ներ­քին բա­րո­յա­կան կո­րո­վին: ­Հի­մա այ­լեւս ­Պա­քո­ւի ղե­կա­վա­րու­թի՛ւ­նը թող բա­ցատ­րէ իր ժո­ղո­վուր­դին, թէ ինչ­պէ՛ս իր ար­դիա­կան ու հսկա­յա­կան զի­նա­նո­ցով չկրցաւ կա­ցու­թիւ­նը շրջել սահ­մա­նի ամ­բողջ եր­կայն­քին ու այդ ալ՝ երբ հա­յե­րը կը կռո­ւէին 80ա­կան­նե­րու զէն­քե­րով:

Իսկ մեր գի­տու­նիկ մեկ­նա­բան­նե­րէն ո­մանք, փո­խա­նակ այս կէ­տը շեշ­տե­լու, փո­խա­նակ այս քա­րոզ­չա­կան զէն­քը գոր­ծա­ծե­լու թշնա­միի՛ն դէմ, զայն կեղծ փաս­տարկ­նե­րով ուղ­ղե­ցին ներ-հայ­կա­կան ճա­կա­տին: ­Նոյն այս բնա­գա­ւա­ռէն ներս կան ան­շուշտ քննե­լի այլ հար­ցեր, սա­կայն հի­մա յա­ւե­լեալ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լորդ հա­մա­րե­լով՝ անց­նինք մեր այ­սօ­րո­ւան նիւ­թին:

­Մեր նա­խորդ յօ­դո­ւա­ծը եզ­րա­փա­կած էինք շեշ­տե­լով, որ «Ս­փիւռքն ու ­Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը պար­տա­ւոր են ար­ժա­նի ըլ­լա­լու մեր հայ­րե­նաբ­նակ ժո­ղո­վուր­դին ու վե­րած­նած բո՛ւն ­Հա­յաս­տա­նին»:

Այս պա­տե­րազ­մը կա­րե­ւոր փոր­ձա­քար մը հան­դի­սա­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գին ու այդ հա­մա­կար­գը գլխա­ւո­րող քա­ղա­քա­կան ընտ­րա­նիին հա­մար: Ան­շուշտ պա­տե­րազ­մի պէտ­քը չկար նոյն այս շրջա­նակ­նե­րուն յո­ռի բար­քե­րը տես­նե­լու հա­մար: ­Սա­կայն կան քա­նի մը կա­րե­ւոր խնդիր­ներ:

­Պա­տե­րազ­մի ա­ռա­ջին իսկ օ­րը, նա­խա­գա­հը յայ­տա­րա­րեց մեր նա­հա­տա­կո­ւած եւ վի­րա­ւոր զի­նո­ւոր­նե­րուն մա­սին եւ նշեց մին­չեւ այդ պա­հը ան­հետ կոր­սո­ւած զի­նո­ւոր­նե­րու պա­րա­գան: ­Մեր դի­տար­կու­մով, ան­հետ կոր­սո­ւած­նե­րու շար­քին էր նաեւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­Նալ­բան­դեա­նը… ­Բա­նա­կը ոչ միայն 18 տա­րե­կան շար­քա­յին զի­նո­ւոր­նե­րով, այլ նաեւ իր սպա­յա­կազ­մով կը կռո­ւէր: ­Նա­հա­տա­կո­ւած սպա­նե­րու թի­ւը ինք­նին կը վկա­յէ ա­նոնց մար­տու­նա­կու­թեան ու անձ­նա­զո­հու­թեան մա­սին: Ա­նոնք ա­պա­հով ա­պաս­տա­նա­րան­նե­րէն հրա­հանգ տո­ւող­ներ չէին. ա­նոնք ի­րենց զի­նո­ւոր­նե­րը կ­՚ա­ռաջ­նոր­դէին խրա­մատ­նե­րուն մէջ:

­Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Արծ­րուն ­Յով­հան­նի­սեան, օ­րի­նա­կե­լի ար­հես­տա­վար­ժու­թեամբ, ժամ առ ժամ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցէր ռազ­մա­դաշ­տի կա­ցու­թեան մա­սին: ­Բայց ո՞ւր էր մեր «դի­ւա­նա­գի­տա­կան բա­նա­կի» հրա­մա­նա­տար նա­խա­րա­րը:

­Գաղտ­նիք չէ, որ մեր երկ­րի ղե­կա­վար ընտ­րա­նիին մօտ ընդ­հան­րա­ցած է սե­փա­կան շա­հեր հե­տապն­դե­լու ձգտու­մը: Այս պա­տե­րազ­մին բե­րու­մով վճիտ ձե­ւով դի­մա­փո­խո­ւած է մեր ժո­ղո­վուրդն ու եր­կի­րը. այ­լեւս կա­րե­լի չէ զա­նոնք կա­ռա­վա­րել սե­փա­կան շա­հեր հե­տապն­դե­լու ներ­քին տրա­մա­բա­նու­թեամբ: ­Ժո­ղովր­դա­յին այս վճիտ ա­լի­քը, մար­տու­նա­կու­թեան ու միաս­նու­թեան այս դրսե­ւո­րու­մը յստակ պատ­գամ փո­խան­ցեց յստակ հաս­ցէ­նե­րու:

­Պե­տու­թեան մի­ջոց­նե­րու չա­րա­շա­հու­մով յղփա­ցած պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը այ­սօր գլխի­կոր պէտք է անդ­րա­դառ­նան, որ այն գրա­սե­նեակ­նե­րը, ուր ի­րենք ցարդ պաշ­տօ­նա­վա­րած են, այ­լեւս ի­րենց տե­ղը չէ: Ի­տէա­լը կ­՛ըլ­լայ այն, որ նոյն այդ մար­դի­կը «մե­ղա­յի գան» ու սու­սիկ-փուսիկ հե­ռա­նան, փո­խա­նակ զի­նուո­րա­կան տա­րազ հա­գո­ւե­լով «սել­ֆի­ներ» նկարուե­լու: Ո­րով­հե­տեւ ժո­ղո­վուր­դը կը տես­նէր նոյն այս մար­դոց կա­ռու­ցած դղեակ­նե­րը, կը տես­նէր ա­նոնց յղփա­ցած ապ­րե­լա­կեր­պը, սա­կայն այս բո­լո­րով հան­դերձ՝ նոյ­նա­ցաւ բա­նա­կին հետ, երբ հայ­րե­նի­քին վտանգ սպառ­նաց:

­Հի­մա նոյն այդ դղեա­կա­տէր պաշ­տօ­նա­տար­նե­րուն կ­՛իյ­նայ խա­ղա­ղօ­րէն քա­ւել հայ­րե­նի­քին դէմ ի­րենց գոր­ծած մեղ­քե­րը:
­Մեր կար­ծի­քով՝ նա­խա­գա­հը կրնայ եւ պար­տա­ւոր է հիմ­նա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ մտցնե­լու կարգ մը նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րէ ներս այն տրա­մա­բա­նու­թեամբ, որ այդ փո­փո­խու­թիւն­նե­րը յան­գին հա­մա­պա­տաս­խան հա­մա­կար­գի ա­ռող­ջաց­ման: ­Սա քա­ղա­քա­կան մշա­կոյ­թի բա­րե­փոխ­ման գործ­նա­կան քայլ կա­րե­լի է հա­մա­րել: Եւ այս ի­մաս­տով, պէտք է թի­կունք կանգ­նիլ նա­խա­գա­հին կող­մէ առ­նո­ւե­լիք քայ­լե­րուն:

­Քա­ղա­քա­կան մշա­կոյ­թի ներ­կայ ա­րա­տա­ւոր ե­րե­ւոյթ­նե­րէն մէկն ալ տնտե­սա­կան մե­նաշնորհ­նե­րու խնդիրն է: ­Նախ­քան պա­տե­րազ­մը, տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Ար­ծո­ւիկ ­Մի­նա­սեան յայ­տա­րա­րած էր, թէ այս բնա­գա­ւա­ռէն ներս լուրջ բա­րե­փո­խում­նե­րու թղթած­րար մը կը պատ­րաս­տո­ւի: Այս գոր­ծըն­թա­ցը ա­րա­գաց­նե­լու պահն է հի­մա: Երբ սկսի այս գոր­ծըն­թա­ցը, մեր կար­ծի­քով, ինք­նա­բե­րա­բար լուծ­ման հու­նի մէջ կը մտնէ նաեւ երկ­րէն դրա­մագլու­խի փա­խուս­տի հար­ցը (որ ի դէպ՝ ու­նի նաեւ հա­մա­կար­գա­յին դրդա­պատ­ճառ­ներ):

Սկ­սած է հա­սուն­նա­լու այս բո­լոր հար­ցե­րը քննար­կե­լու ժա­մա­նա­կը, ա­ռանց ամ­բո­խա­վա­րու­թեան ու փո­ղո­ցա­յին դրսե­ւո­րում­նե­րու: ­Տե­սէք, քա­ղա­քա­կան կա­ռա­վար­ման ներ­քին կար­գու­սար­քը բա­րե­փո­խե­լու ուղ­ղու­թեամբ, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­տա­րո­ւած է օ­րի­նա­կան լուրջ քայլ՝ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րով: Այս օ­րի­նա­կան բա­րե­կար­գու­մը այ­սօր կ­՛անց­նի իր «կրա­կի մկրտու­թիւ­նը» (ինչ­պէս կը հաս­տա­տէ իմ գա­ղա­փա­րա­կից ե­րէց ըն­կեր ­Կա­րօ Ար­մե­նեան): ­Մեր հա­ւա­քա­կան ճի­գը պի­տի ըլ­լայ այն, որ վար­չա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը ե՛ւս կա­տա­րո­ւին նոյն այս ներ­քին տրա­մա­բա­նու­թեան հի­ման վրայ:

­Մեր ժո­ղո­վուր­դը ազ­դան­շա­նը տո­ւած է ար­դէն վե­րած­նող ­Հա­յաս­տա­նի մը: Երկ­րի քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան կ­՛իյ­նայ քայլ պա­հել ա­տոր հետ ու ստեղ­ծո­ւած այս հսկա­յա­կան «դրա­մագ­լու­խը» ծա­ռա­յեց­նել երկ­րի բար­գա­ւա­ճու­մին եւ ու­ժե­ղա­ցու­մին:

Որ­պէս­զի շատ մօ­տիկ ա­պա­գա­յին մեր պե­տա­կան գրա­սե­նեակ­նե­րուն մէջ, վե­րէն վար, տես­նենք պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու այն սե­րուն­դը, որ ինք­զինք պի­տի նկա­տէ ժո­ղո­վուր­դին ծա­ռան, ոչ թէ տզրու­կը:
­Հի­մա խե­լա­միտ քայ­լե­րու պատ­մա­կան ժա­մա­նակն է:
­Բայց մենք չա­ւար­տե­ցինք:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ