Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­alt

 

 

 

 

 

 Պա­տե­րազմ է: ­Գե­րար­դիա­կան զէն­քե­րով: ­Մա­հե­րով:
Ա­զատ եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան եր­կիր­նե­րու գա­ղա­փա­րա­կան-քա­ղա­քա­կան չա­փա­նիշ­նե­րով դի­տել Ար­ցա­խի շուրջ

տե­ղի ու­նե­ցող ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը` ոչ մէկ լուծ­ման կ’ա­ռաջ­նոր­դէ:
Ի­րա­ւունք, պատ­մու­թիւն, ճշմար­տու­թիւն եւ այդ կար­գի գե­ղա­հունչ բա­ռեր նոյն ի­մաս­տը չու­նին ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ա­զատ աշ­խար­հին եւ թուրք-ա­զե­րիին հա­մար:

Այս­քա­նը ե­թէ չհասկ­ցո­ւի ինք­նա­կոչ ի­րա­ւա­րար­նե­րու եւ հաշ­տու­թեան հա­մար եր­թե­ւե­կող­նե­րու կող­մէ, ոչ մէկ հարց կը լու­ծո­ւի:
­Բա­նակ­ցե­լու հա­մար՝ ար­ժէք­նե­րու հա­սա­րակ յայ­տա­րար պէտք է:
Այս հիմ­նա­կան տար­բե­րու­թիւ­նը ին­չո՞ւ մենք չենք բա­ցատ­րեր մար­գա­րէա­կան լու­ծում­ներ փնտռող, եր­թե­ւե­կող եւ ա­ռա­ջար­կող ի­րա­ւա­րար­նե­րուն:

­Թուր­քին եւ ա­զե­րիին հա­մար (այս վեր­ջի­նի դի­մա­գի­ծը ո­րոշ է գէթ ար­ցախ­ցիին հա­մար, որ զայն կը կո­չէ պար­զա­պէս «թորք», ինչ որ բա­նագ­նաց­նե­րը չեն լսեր, թե­րեւս չեն լսած) ջար­դել, կո­ղոպ­տել, ու­րի­շի ի­րա­ւուն­քը խլել՝ ծի­նա­յին մշա­կոյթ է:
­Թուր­քին հա­մար հա­կիրճ տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը հե­տե­ւեալն է. «Ինչ որ իմ սե­փա­կա­նու­թիւնս է, ին­ծի կը պատ­կա­նի, ինչ որ քու սե­փա­կա­նու­թիւնդ է, ան ալ ին­ծի կը պատ­կա­նի»:
Ըլ­լա­լով ե­կո­ւոր­ներ, այն բո­լո­րը, որ այ­սօր կը ներ­կա­յա­ցո­ւի որ­պէս թրքա­կան կամ ա­զե­րիա­կան, ու­րի­շի սե­փա­կա­նու­թիւն են, բռնագ­րա­ւո­ւած:

Ինչ­պէ՞ս ­Թուր­քիան կրնայ ը­սել, որ ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ ­Սուրբ ­Սո­ֆիա ե­կե­ղե­ցին թրքա­կան է, ինչ­պէ՞ս մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քը կ’ըն­դու­նի այդ բիրտ բռնագ­րա­ւու­մը եւ կը հաշ­տո­ւի զէն­քի ու­ժով հաս­տա­տո­ւած կա­տա­րո­ւած ի­րո­ղու­թեան հետ:
Ինչ­պէ՞ս հա­յոց թա­գա­ւո­րու­թեան մայ­րա­քա­ղաք Ա­նին կրնայ ըլ­լալ թրքա­կան եւ ա­նոր մայր տա­ճա­րը ար­ձա­նագ­րո­ւի որ­պէս թրքա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւն:
­Կը պա­տա­հի՞, որ աշ­խար­հի մե­ծե­րը եւ ի­րա­ւա­րար­նե­րը այս պարզ հար­ցում­նե­րը ի­րենք ի­րենց ուղ­ղեն... բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին շուրջ նստե­լէ ա­ռաջ, որ­պէս­զի ար­դար ի­րա­ւա­րար ըլ­լան:

Ի­րա­ւա­րար մը կ’ըլ­լայ ար­դար կամ ա­նար­դար:
Ա­նար­դար ի­րա­ւա­րա­րին ու­րիշ ա­նուն պէտք է տալ: Այդ ա­նուն­նե­րը մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը կրնայ գտնել բա­ռա­րան­նե­րու մէջ, ա­նոնք կրնան քիչ մը ա­ւե­լի, քիչ մը պա­կաս վի­րա­ւո­րա­կան ըլ­լալ: ­Պարզ պէտք է ըլ­լայ, որ կեղծ ի­րա­ւա­րար­նե­րուն կո­րա­քա­մակ շռայ­լանք պէտք չէ շնոր­հել, երբ ի­րա­ւա­րա­րի պա­րե­գօտ կը հագ­նինք:
Աս­կէ ա­ռաջ ալ գրած եւ ը­սած եմ, որ իս­կա­կան մի­ջազ­գա­յին պատ­մա­հե­տա­խու­զա­կան քննու­թիւն պէտք է կա­տա­րել գիր­քե­րու մէջ` Ար­ցա­խի տէ­րե­րը ճշդե­լու հա­մար:

Ար­ցա­խի ամ­բողջ տա­րած­քին պատ­մա­հե­տա­խու­զա­կան աշ­խա­տանք պէտք է կա­տա­րեն ի­րա­ւա­րար­նե­րը` քննե­լու հա­մար պատ­մա­կան յու­շար­ձան­նե­րը, ճշդե­լու հա­մար, թէ ո՞ր ժո­ղո­վուր­դի գոր­ծերն են ա­նոնք, պատ­մու­թեան ո՞ր ժա­մա­նա­կէն ի վեր:
Ե­թէ ուժ ու­նե­նանք՝ կա­րե­նալ ազ­դե­լու հան­րա­յին կար­ծի­քին եւ մի­ջազ­գա­յին ո­րո­շում­նե­րուն վրայ, կրնա՞նք մենք մեզ տէր հռչա­կել ­Փե­րո­ւի, Ա­լաս­քա­յի կամ ­Թաս­մա­նիոյ…

Ե­թէ նման ո­րո­շում կա­յա­ցո­ւի՝ ա­տի­կա ար­դա­րու­թի՞ւն կ’ըլ­լայ:
Այ­սօր այդ­պէս է թուր­քին տի­րա­պե­տու­թիւ­նը բռնագ­րա­ւո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին, ան նման տի­րա­պե­տու­թիւն կ’ու­զէ ձեռք բե­րել Ար­ցա­խի վրայ:
Ին­չո՞ւ այս­քան ան­կուշտ ա­խոր­ժակ ու­նին թուր­քե­րը:
Ե­թէ մեծ դի­ւա­նա­գէտ­ներ չեն ու­զեր այս հարց­ման պա­տաս­խան տալ, մենք եւ մեր ի­րաւ բա­րե­կամ­նե­րը ին­չո՞ւ չենք խօ­սիր թուր­քի հե­տապն­դած բա­ցո­րոշ կեր­պով յայ­տա­րա­րո­ւած նպա­տա­կի մա­սին:

Ոչ ոք կը խօ­սի փան-թիւր­քիզ­մի մա­սին:
Ինչ­պէս հայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ մը օր մը ը­սաւ՝ փան-թիւր­քիզ­մը քա­ղա­քա­կան խրտո­ւի­լակ մըն է, զոր հա­յե­րը կը շի­նեն ի­րենք զի­րենք վախց­նե­լու հա­մար:
­Բայց «փան-թիւր­քիզմ»ը խրտո­ւի­լակ չէ, իս­կա­կան մի­ջազ­գա­յին վտանգ է:
­Մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քը եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը չեն ու­զեր տես­նել վտան­գը, կարճ յի­շո­ղու­թեամբ կը մոռ­նան ը­սո­ւած­նե­րը եւ դէպ­քե­րը:

­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ­նե­րէն մին` ­Սու­լէյ­ման ­Տե­մի­րէլ, յայ­տա­րա­րած էր, որ թրքու­թիւ­նը կը տա­րա­ծո­ւի Ե­գէա­կան ծո­վէն մին­չեւ ­Չի­նաս­տան: Այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը խօս­քի սահ­մա­նէն ան­դին ան­ցաւ, երբ ­Թուր­քիան սպառ­նա­լի­քի տակ պա­հող ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թիւ­նը փուլ ե­կաւ, ­Թուր­քիոյ մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ թրքա­լե­զու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղով` միաց­ման ա­ռա­ջին քայլ առ­նե­լու պէս:
Այդ­քան ալ հին չէ այս պատ­մու­թիւ­նը:
Ու­րիշ նա­խա­գահ մը` ­Թուր­կութ Օ­զալ, Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն, հա­յե­րուն սպառ­նաց` յի­շեց­նե­լով 1915ի դա­սը:

Ֆ­րան­սա­ցի­նե­րը կ’ը­սեն, թէ ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը յա­մառ են (les faits sont tՍtus): Յս­տակ մի­տում ու­նե­ցող յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը պէտք չէ մոռ­նալ, հարկ է զա­նոնք յի­շել եւ յի­շեց­նել եւ ըստ այնմ ա­ռաջ­նոր­դո­ւիլ ու գոր­ծել:
­Հա­յաս­տան եւ հա­յու­թիւն կը գտնո­ւին այդ «փան-թիւր­քիզմ»ի կա­ռուց­ման ճամ­բուն վրայ, սեպ կամ պատ­նէշ, ա­նոր ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար ­Հա­յաս­տան եւ հա­յու­թիւն պէտք է ջնջո­ւին:… ­Պէտք է եր­բեմն դի­տել քար­տէ­սին վրայ գծո­ւած­նե­րը:

Այս յի­շե­ցում­նե­րը նախ մե­զի կը վե­րա­բե­րին, որ­պէս­զի մեր բա­րե­կամ­նե­րուն եւ նո­ւազ բա­րե­կամ­նե­րուն հետ մեր խօս­քը յստակ ըլ­լայ: Այդ յստա­կու­թիւ­նը օգ­տա­կար կ’ըլ­լայ նաեւ ի­րենց՝ ան­մի­ջա­կա­նի ճնշու­մէն ան­դին անց­նե­լով ի­րենց՝ այ­սօ­րո­ւան եւ վա­ղո­ւան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ճշդե­լու հա­մար: Ար­ցա­խեան հար­ցը մի­ջազ­գայ­նաց­նե­լու հա­մար զայն պէտք է, որ կա­րե­նանք շրջա­նա­յին խնդիր ըլ­լա­լու սահ­ման­նե­րէն դուրս հա­նել, այդ պա­րա­գա­յին է, որ մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քը կը լու­սա­բա­նո­ւի, եւ քա­ղա­քա­կան ա­ռաջ­նորդ­ներ ի­րենց նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն կու տան հե­ռան­կա­րա­յին բո­վան­դա­կու­թիւն:

Շր­ջա­նին մէջ ­Հա­յաս­տա­նի գոր­ծա­կից ­Ռու­սիոյ պէտք է յի­շեց­նել այս տո­ւեալ­նե­րը, ե­թէ ար­դէն իր ղե­կա­վար­նե­րը այդ չեն գի­տեր՝ ը­սե­լով, թէ ի՛նչ կ­՚ըլ­լան հե­տե­ւանք­նե­րը, երբ կը զի­նեն Ատր­պէյ­ճա­նը:
Այդ զէն­քե­րով Ատր­պէյ­ճան պի­տի չկռո­ւի ո՛չ ­Թուր­քիոյ, ո՛չ Վ­րաս­տա­նի եւ այ­սօր ո՛չ ալ ­Ռու­սիոյ դէմ:
­Հա­յաս­տա­նի դէմ կռո­ւե­լով` Ատր­պէյ­ճան կը նպաս­տէ «փան-թիւր­քիզմ»ին՝ վտան­գե­լով նոյ­նինքն ­Ռու­սիան:

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ