Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ան­ցեալ շա­բաթ Ար­ցա­խի դէմ լայ­նա­ծա­ւալ յար­ձակ­ման ժա­մա­նակ ատր­պէյ­ճան­ցի զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րը սպան­նե­ցին եւ վի­րա­ւո­րե­ցին տաս­նեակ հայ զի­նո­ւոր­ներ եւ խա­ղաղ բնա­կիչ­ներ՝ օգ­տա­գոր­ծե­լով Իս­րա­յէ­լէն եւ ­Ռու­սիա­յէն ձեռք­բե­րո­ւած մի­լիա­ռա­ւոր տո­լար­նե­րու ար­դիա­կան զէն­քեր:

­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը եւ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թիւ­նը մե­ղադ­րե­ցին թէ՛ Իս­րա­յէ­լը, թէ՛ ­Ռու­սիան, ո­րոնք պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն կը կրեն ատր­պէյ­ճա­նա­ կան վեր­ջին յար­ձա­կու­մէն զո­հո­ւած ան­մեղ հա­յե­րու ա­րեան հա­մար:

Փ­րոֆ. Իս­րա­յէլ ­Չար­նի, իբ­րեւ ար­դա­րա­միտ հրեայ եւ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու ջա­տա­գով, չէր կրնար լուռ մնալ՝ ի­մա­նա­լով, որ իր եր­կի­րը՝ Իս­րա­յէլ, դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցած է հա­յե­րու ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան մէջ: Իբ­րեւ Ե­րու­սա­ղէ­մի ­Հո­լո­քոս­թի եւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Ու­սում­նա­րա­նի գոր­ծա­դիր տնօ­րէ­նի՝ դոկտ. ­Չար­նի խիստ քննա­դա­տա­կան յօ­դո­ւած ու­ղար­կած է իս­րա­յէ­լա­կան «­Հաա­րէց» (Haaretz) թեր­թին՝ հե­տե­ւեալ գրգռիչ վեր­նա­գի­րով. «Ար­դեօք Իս­րա­յէ­լը ա­նօ­դա­չու թռչող սարք պի­տի վա­ճա­ռէ՞ր ­Հիթ­լե­րին»: Ա­հա թէ ի՛նչ կը գրէ ­Չար­նի.

«Ե­թէ նա­ցիա­կան­նե­րը բնաւ սպան­նած չըլ­լա­յին հրեա­նե­րը, այլ «միայն», են­թադ­րենք, ա­տե­լի սլա­ւո­նա­ցի­նե­րը, գնչու­ներն ու Ե­հո­վա­յի Վ­կա­նե­րը, եւ ե­թէ մեր սի­րե­լի Իս­րա­յէ­լի պե­տու­թիւ­նը այն ժա­մա­նակ գո­յու­թիւն ու­նե­նար, ար­դեօք դուք պի­տի հա­մա­ձայ­նէի՞ք, որ մենք զէնք վա­ճա­ռէինք նա­ցիա­կան­նե­րուն:

«­Կը հա­ղոր­դեն, որ Իս­րա­յէ­լը մի­լիա­ռա­ւոր տո­լար­նե­րու զէնք վա­ճա­ռած է, նե­րա­ռեալ այն­պի­սի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք կը սպան­նեն կամ կը սպառ­նան յար­ձա­կե­լու տու­ժած ժո­ղո­վուրդ­նե­րու վրայ: Ան­ցեալ շա­բաթ լուր ե­կաւ, որ իս­րա­յէ­լա­կան ա­նօ­դա­չու թռչող սար­քը, գոր­ծա­ծո­ւած՝ մեր հսկա­յա­ծա­ւալ զէն­քի գնորդ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տա­րած­քին, պատ­ճառ դար­ձած է վեց հա­յե­րու մա­հո­ւան:
«Ես կ­՚ամչ­նամ:

«­Հա­յե­րը 100 տա­րի ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցած այն մեծ ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հերն են, զոր նոյ­նիսկ ո­րոշ իս­րա­յէ­լա­ցի մտա­ւո­րա­կան­ներ ա­նո­ւա­նած են «­Հայ­կա­կան ­Շօ (ցու­ցադ­րու­թիւն)», նե­րա­ռեալ՝ ­Պար-Ի­լա­նի հա­մալ­սա­րա­նէն: Ա­նոնց ազ­գա­յին եւ մշա­կու­թա­յին մտա­հո­գու­թեան մեծ մա­սը կը շա­րու­նա­կէ կեդ­րո­նա­ցած մնալ այդ ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շո­ղու­թեան վրայ (մեզ` հրեա­նե­րուս, ծա­նօթ է, այն­պէս չէ՞):

­Տա­րի­նե­րէ ի վեր մենք` իս­րա­յէ­լա­ցի­ներս, աշ­խա­տա­ւո­րա­կան կամ «­Լի­գուտ» կու­սակ­ցու­թեան գլխա­ւո­րու­թեամբ, վի­րա­ւո­րած եւ ցաւ պատ­ճա­ռած ենք հայ ժո­ղո­վուր­դին` մեր­ժե­լով պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­նալ ա­նոնց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Ար­դեօք մենք պի­տի հան­դուր­ժէի՞նք այլ կա­ռա­վա­րու­թիւն մը, են­թադ­րենք ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ կամ Անգ­լիա, որ մեր­ժէր ճանչ­նալ ­Հո­լո­քոս­թը՝ մեկ­նե­լով յան­ցա­ւոր կա­ռա­վա­րու­թեան հետ ի­րենց ու­նե­ցած ի­րա­պաշ­տա­կան քա­ղա­քա­կան շա­հե­րէն:

«­Բարձ­րաս­տի­ճան հայ պաշ­տօ­նա­տար մը մեզ­մէ քա­նի մը հո­գիին գրած է Իս­րա­յէլ` իր խոր ցաւն ու վրդով­մուն­քը ար­տա­յայ­տե­լով ոչ միայն ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մեր վախ­կոտ ու շա­հա­մո­լա­կան ժխտում­նե­րուն, այլ նաեւ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ մեր սերտ ռազ­մա­կան դա­շին­քին հա­մար: Ես կը յի­շեմ, թէ ինչ­պէ՞ս ժա­մա­նա­կին ­Նա­թան մար­գա­րէն զայ­րա­ցած է ­Դա­ւիթ թա­գա­ւո­րի վրայ` անձ­նա­կան ո­ճի­րի հա­մար.- ­Բա­ւա­րար չէր, որ դուն սպան­նե­ցիր զինք, այլ նաեւ շա՞հ ա­պա­հո­վե­ցիր այդ ստոր ա­րար­քէն: Ատրպէյ­ճան­ցի­նե­րը թրքա­կան ժո­ղո­վուրդ են, ո­րոնք հա­ւա­տա­րիմ են ­Թուր­քիոյ ար­տա­ռոց եւ ֆա­շա­կան ա­ւան­դոյ­թին` խե­ղա­թիւ­րե­լու պատ­մու­թիւ­նը եւ ժխտե­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը:

«Ընդ­հան­րա­պէս մենք՝ իս­րա­յէ­լա­ցի­ներս, որ­քա՞ն կ­՚ու­զենք ամ­րապն­դել մեր տնտե­սու­թիւ­նը շա­հու­թա­բեր զէնք վա­ճա­ռե­լով: Ի հար­կէ, աշ­խար­հի վրայ «բո­լո­րը» զբա­ղած են ա­տով, բայց ար­դեօք մե՞նք եւս պէտք է հե­տե­ւինք ա­նոնց օ­րի­նա­կին: Ար­դեօք մենք հրա­ժա­րա՞ծ ենք Իս­րա­յէ­լի կեր­պա­րէն-ե­րա­զան­քէն՝ իբ­րեւ այս մո­լո­րա­կի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րո­յա­կան ա­ռաջ­նոր­դի: Ար­դեօ՞ք ա­սի­կա ձանձ­րա­լի, միա­միտ եւ ե­րե­խա­յա­կան գա­ղա­փար է այս խե­լա­յեղ ա­ւե­րիչ եւ ինք­նաոչն­չա­ցո­ւող աշ­խար­հին մէջ:

«Այ­լընտ­րան­քա­յին հա­յե­ցա­կարգ կրնայ ըլ­լալ, որ նա­խե­ւա­ռաջ Իս­րա­յէ­լի պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար մեր զէն­քե­րը կրնանք նաեւ վա­ճա­ռել միայն ճնշո­ւած ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, ո­րոնց կը սպառ­նայ զան­գո­ւա­ծա­յին ոչն­չաց­ման վտանգ, եւ/կամ դաշ­նա­կից­նե­րու՝ ինչ­պի­սին ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներն են, ո­րոնք մաս­նա­ւո­րա­պէս յանձ­նա­ռու են տա­րա­ծե­լու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ար­ժէք­ներ եւ խա­ղա­ղու­թիւն: Ի հար­կէ, մենք դեռ կրնանք ո­րոշ սխալ­ներ թոյլ տալ, բայց գո­նէ մեր խիղ­ճը ա­ւե­լի մա­քուր կ­՚ըլ­լայ, որ զէնք չենք ու­ղար­կած «նա­ցիա­կան­նե­րուն»:

«Ես իմ հայ գոր­ծըն­կեր­նե­րուն եւ բա­րե­կամ­նե­րուն միայն կրնամ ը­սել՝ ես իբ­րեւ հրեայ եւ իս­րա­յէ­լա­ցի, սար­սա­փած եմ եւ զայ­րա­ցած»:
Փ­րոֆ. ­Չար­նիի կոշտ խօս­քե­րը լիո­վին ար­դա­րա­ցո­ւած են, քա­նի որ թէ՛ իս­րա­յէ­լա­ցի, թէ՛ ռուս պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը ա­նա­մօ­թա­բար խոս­տա­ցած են շա­րու­նա­կե­լու յա­ւե­լեալ զէնք վա­ճա­ռել Ատր­պէյ­ճա­նին…

­Դոկ­տոր ­Չար­նի եր­բեք չէ խու­սա­փած իր քննա­դա­տա­կան տե­սա­կէտ­նե­րը ար­տա­յայ­տե­լէ Իս­րա­յէ­լի ան­բա­րոյ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մա­սին հայ­կա­կան հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րեալ: 2001ի իր ջախ­ջա­խիչ նա­մա­կին մէջ ան ը­սած է Իս­րա­յէ­լի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Շի­մոն ­Փե­րե­սին.- «­Դուք ան­ցած էք բա­րո­յա­կան այն սահ­մա­նը, որ պէտք չէ ի­րեն թոյլ տայ ո՛չ մէկ հրեայ… իբ­րեւ հրեայ եւ իս­րա­յէ­լա­ցի, ես կ­՚ամչ­նամ, որ այժմ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տա­ցի հերք­ման մէջ ­Դուք այն­քան հե­ռու գա­ցած էք, որ նման է ­Հո­լո­քոս­թի ժխտման»:

Փ­րոֆ. ­Չար­նի պէտք է բարձր գնա­հա­տա­կա­նի ար­ժա­նա­նայ իր խի­զախ եւ ար­դա­րա­միտ դիր­քո­րոշ­ման հա­մար՝ յան­դի­մա­նե­լով իր սե­փա­կան երկ­րի անզ­գայ ա­ռաջ­նորդ­նե­րը…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ - «­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր»