Հայոց պատմութեան ուսուցումը անհրաժեշտ է օտար վարժարաններու մէջ
Ապրիլեան Եղեռնի Հարիւրամեակէն ետք, Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող առաջին՝ 101րդ տարելիցն է արդէն, եւ զանազան բա
րեպատեհ առիթներով հայութեան բարձրագոյն ղեկավար մարմիններէն թէ անձնաւորութիւններէն տարբեր տեսակի հեռանկարային պատգամներ կը հնչեն բեմերէն եւ մամուլէն, տասը տասնամեակ ետք հայութեան պատմական մեծագոյն թուականի առնչութեամբ մեր պայքարը ամրօրէն շարունակելու եւ նորանոր ազգային նուաճումներու տիրանալու հեռապատկերով։
Հարիւրամեակի տարին ամբողջ հայութիւնը՝ ազգային ու քաղաքական, ներկքին եւ արտաքին բազմատեսակ ու ազդեցիկ նախաձեռնութիւններով թէ անհատական-հաւաքական գործունէութեամբ, վստահօրէն որ պահանջատիրական մեր դատը տարբեր ճակատներու վրայ դրսեւորեց, քանի մեր պատմութիւնը լաւ կը ճանչնայ իր սահմանները, ի մասնաւորի պատմական սարսափի առթած հաւասարակշռութիւնները։ Հաւասարակշռութիւնը խաղաղութեան շարունակութիւնն է։ Պէ՛տք է ըլլայ։ Կրօնք եւ պետութիւն չունի։ Անոր առջեւ բոլորն ալ հաւասար ու հաւասարօրէն համաչափ են։
Հիմա՝ որ պատմականօրէն անկիւնադարձային Հարիւրամեակին եռանդը մասամբ կասեցաւ, համայն հայութիւնը իր ուժերը պէտք է վերագտնէ եւ գեր-շեշտուած կերպով շարունակէ իր պայքարը բազմակողմանի ճակատներու վրայ, քանի պատմութիւնը ամէն բանէ առաջ պատմութեան շարունակականութիւն կը նշանակէ։ Շարունակուող մտածողութիւն կը նշանակէ։ Մտածողութեան կարողութիւն կը նշանակէ։
Իմ կողմէ առաջարկ մը կայ, որու մասին պիտի խօսիմ «Ազատ Օր»ի այս թիւի ինծի տրամադրուած էջերուն մէջ, քանի պատմական իրապաշտութեան ընթացքը ինքնաստեղծ ու միաժամանակ ստեղծագործ է ազգին համար, ազգին հաշւոյն հաւաքական իմաստութեան աշխարհատեսական մերձեցումներով, ներկան ու անցեալը պեղող ողջախոհութեամբ։
Հարցը կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան արդարակշիռ ուսուցման, մեր ապրած օտար երկիրներու դպրոցներու բարձրագոյն դասարաններուն մէջ, ձեւով մը պարտադիր դարձնելու երկար ճիգի մը ծրագրումով, հիմնադրումով ու արդիւնաւորութեամբ, որպէսզի անցեալի պատմութիւնը իր ինքնարեւելումը վերահաստատէ արդարամիտ արժեւորումով ու նախանձնախնդրութեամբ։
Բաւական է, որ Թուրքիա մեր պատմութեան գլխուն վրայ բռնօրէն օսմանեան կարմիր ֆէս մը հագցուց։ Հարիւրամեակի մը անցեալը կը վկայակոչէ այս մասին։ Աւելին, հոն կարմիր գիծեր կան, որ ցարդ ջնջուած չեն... տակաւին՝ հասարակաց մեր տեսադաշտը խանգարելով ու տրորելով։
Այս առաջարկին հիմնաւորող միտք բանին ու քաղաքական օգտակարութիւնը բացատրելու հարկ չկայ, սակայն հաշուի առնելով մարդոց միջեւ մտածումի այլազանութեան, զարգացման ու հարստացման բնախօսական տուեալը, պահ մը լուսարձակի տակ առնենք ու պարզենք կարգ մը տեսակէտներ, քանզի մեր իրականութիւններն ու ճշմարտութիւնները իրական ու հաւասարակշռուած մակարդակներու վրայ չեն գտնուիր, չեն գտնուած երբեւէ եւ մեր ընկերութիւնը պատրաստ չէ այդպիսի բաներ ընդունելու, կամ գորգին տակ քողարկելու։
Հինէն ի վեր, բայց յատկապէս ու շեշտուած կերպով վերջին տասնամեակներուն կը դիտենք, որ մարդկութեան ցեղային խտրականութեան հանդէպ՝ արկածախնդիր մակարդակի վրայ գտնուող քաղաքականութիւնն ու դիւանագիտութիւնը, առաւել տիրող անհանդուրժողականութիւնն ու բացասական հաղորդականութեան կեցուածքը՝ մարդկութեան հատուածները առաջնորդած են ազգային, ցեղային, մշակութային ազգասպանութիւններու։
Ուստի՝ պատմական համատարած գիտելիքները արմատական դեր կրնան խաղալ ցեղասպանական կանխածրագրուած քայլերու արգիլման ու չէզոքացման ի խնդիր, որպէսզի որեւէ ազգի ու ժողովուրդի անցեալի պատմութեան հետ կամուրջները չքանդուին եւ պատմութեան բարոյական առաւելութիւնները չնուազին։
Հասարակաց գաղտնիք է, որ վարժարաններու այսօրուան աշակերտները վաղուան ուսանողներն են, ուսանողները՝ վաղուան քաղաքականացած երիտասարդները, հասունցող գիտնականները, դիւանագէտները։ Երբ իրար յաջորդող սերունդներուն բծախնդրօրէն կը ճանչցնենք, ճիշդ կը ծանօթացնենք պատմութիւնը, վստահաբար կը կանխենք նմանատեսակ քայլերու գործադրումը, նպաստած ըլլալով համաշխարհային խաղաղութեան, ազգերու ու կրօններու համագոյակցութեան ու իրաւունքի-արդարութեան հասկացողութեան, քանի պատմութիւնը հաւաստի կերպով կրնայ ազդել մարդոց խիղճին վրայ։
Առանց մրցակցութեան ու խտրականացած զգացումներու զոհ դառնալու ըսենք, թէ այսօր աշխարհիս մէջ ամէն մարդ գիտէ, չի գիտեր կամ քիչ գիտէ Հրէական Ողջակիզման, Հայկական Ցեղասպանութեան, Ռուանտայի, Գանատայի ցեղախումբերու, Ամերիկայի կարմրամորթ հնդիկներու եւ բազում այլ ցեղերու դէմ կանխամտածուած անհատական թէ հաւաքական բնաջնջումներու ոչնչացման պատմութեանց ոդիսականներու սեւ էջերուն մասին։
2015ի Դեկտեմբերին Գերմանիոյ Պոխում Ռուհր համալսարանի տնօրէն՝ փրոֆ. Միհրան Տապաղի ճիգերով հրատարակուեցաւ «Ցեղասպանութեանց դասաւանդումը դպրոցներու մէջ» անունով ուղեցոյց մը, որ առիթ պիտի տայ ուսուցիչներուն՝ դասարանին մէջ արծարծելու ցեղասպանութեան նիւթը եւ զայն ընդգրկելու դասաւանդուող այլ առարկաներու ցանկին մէջ։ Այս նախաձեռնութիւնը կը պատկանէր՝ «Սփիւռքի եւ Ցեղասպանագիտութեան հիմնարկ»ին։
2005ին, դարձեալ Միհրան Տապաղի նախաձեռնութեամբ Գերմանիոյ Լանտի եւ Պրանտըպուրկի նահանգներուն համար հրատարակուեցաւ «Դպրոցներու մէջ 20րդ դարու ցեղասպանութիւններու եւ պետական բռնի ոճիրներու դասաւանդումը» ուսուցչական ուղեցոյցը, որ այսօր աւելի այժմէական է քան երբեք։ Աւելին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը պիտի դասաւանդուի Ֆրանսայի երկրորդական 3րդ դասարանի, յաւելեալ Գերմանիոյ Սաքսոնիա-Անհալթ նահանգի մէջ, Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի վերաբերող դասաբաժնին մէջ։
Այս բոլորը, պահու մը, երբ Կեսարիոյ մէջ 1909ին ծնած եւ Ցեղասպանութենէն վերապրած 107 տարեկան հայուհի մը՝ Քնար Պոհչալեան-Ենիմէճեան Մոնթրէալի մէջ կը շարունակէ վկան ըլլալ թրքական ջարդերուն։ Մենք ունինք մարդիկ, որոնց պէս ուրիշ տեղ չկայ։ Կը վկայակոչենք, որպէսզի մեր հոգեկան պահեստները չքիչնան։ Եւ պատմական մեր փորձառութենէն քայլ մը իսկ չզիջինք։ Այս է փորձառութեան արժէքը։
Մինչ մէկ կողմէ պէտք է աշխատինք օտար վարժարաններու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը դասաւանդելի դարձնելու, զուգահեռաբար ալ պէտք է աշխատինք, որ օտար, իմա՝ ամերիկեան համալսարաններու կողմէ Թուրքիոյ համալսարաններու նիւթաբարոյական ներդրումը կասեցուի, Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ բանաձեւեր առաջադրելով, միշտ նկատի ունենալով Ցեղասպանութեան ժխտման հետեւանքները։
Մեր այս գաղափարը հաստատող լաւագոյն օրինակներն են՝ Լոս Անճելըսի, Ըրվայնի, Պըրքլիի, Տէյվիսի, Սանթա Քրուզի, Ռիվըր Սայտի, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սան Տիէկոյի եւ Սանթա Պարպարայի համալսարաններու մէջ հայ ուսանողներու կողմէ ձեռնարկուած հակազդող արշաւը, որ լաւագոյն արդիւնքներու հասաւ։
Ցեղասպանութեան այլ երեւոյթ մըն է նաեւ Վրաստանի, յատկապէս Ջաւախքի ուսումնական ծրագրին շուրջ յարուցուած դժուարութիւնները, որ կը նախատեսէ հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասաւանդման դասապահերու կրճատումը 2012էն ի վեր։
Հայրենի ղեկավար իշխանաւորները, որ ատենը մէյ մը կ՚երթան-կուգան Երեւան-Թիֆլիս, վստահաբար, որ այս հարցերը սեղանի վրայ դրած պէտք է ըլլան...։
***
Ամէն մարդ գիտէ նաեւ, թէ Օսմանեան Կայսրութիւնը եւ իրեն յաջորդող Թուրքիան երկիր մըն է, որ պատմութեան մէջ հոմանիշ դարձաւ բարբարոսութեան, ոճիրի, ջարդի։ Իր պատմութիւնը ցեղասպանութիւններով յորդող պատմութիւն մըն է, յաջորդական ալ բռնատիրական վարչակարգերուն հակադրուող՝ իր մտաւորական մարդոց բանտարկութեան անծայրածիր արգելարան մը։ Այս բոլորով հանդերձ, ի՞նչ կը պատահի այս երկրին մէջ, ուր փրփրուն արեան հոտը կը սաւառնի երկրի աշխարհագրական բոլոր տարածքներուն վրայ, աղաւաղելով նոյնինքն արդարութեան դիմակը։
Վերեւ իմ կատարած առաջարկին միջուկը խղճամտօրէն ու բոլորովին զգուշաւոր մարտավարութեամբ պէտք է ձեռնարկուի Թուրքիոյ մէջ ալ, առաջնակարգօրէն հիմնուելով 1923ի Լօզանի դաշնագրի 40-41րդ յօդուածներուն վրայ, ուր բարեգուշակօրէն նախատեսուած են կրօնական մոլեռանդութեան դէմ փոքրամասնական (մեծաւ մասամբ քրիստոնէական, ասորական ու հրէական) վարժարաններուն մէջ կրթական իրաւունքներու յարգումն ու ապահովումը։
Մինչդեռ երկար տասնամեակներէ ի վեր, անոնք միտումնաւոր թիւրիմացութեամբ կը դիտուին որպէս առեւտրական շահ հետապնդող հաստատութիւններ, եւ այդ ծիրէն ներս՝ անոնց դիմաց, օր չի պակսիր, որ իւրայատուկ ու արտառոց ճնշումներ ու դժուարութիւններ յարուցուին։ Երեւակայեցէք, որ չի յարգուիր նոյնիսկ Թուրքիոյ Հանրապետութեան 1936 թուականի կրթութեան վերաբերող ճշգրտող համանման բացայայտ օրէնքը, որ փոքրամասնական վարժարանները եկամուտի եւ հաստատութիւններու տուրքերէ զերծ կը կացուցանէ։
Վերադարձ դէպի պահպանողականութիւն, նենգութիւն, դէպի ռազմավարական խաբէութիւն։
Ի՞նչ պատահեցաւ յանկարծ Եւրոպայի դուռը ուժգնօրէն բախող Թուրքիոյ։ Ինչո՞ւ կը դժուարանայ իր անցեալի օրէնքները երկրի նոր հակասահմանադրական օրէնքներու իրականութեան հետ ներդաշնակելու, կարգաւորելու, համընդհանուր ընդունման արժանացնելու։ Իր ըրածը կը նմանի ինքզինքին լարած քաղաքադիւանագիտական ծուղակի մը, որ կը յիշեցնէ անխոհեմ վարորդ մը, որ երկու հարիւր քիլոմեթր արագութեամբ կը սուրայ զառիվարէն, իր ինքնաշարժի փճացած զսպանակներու անկարողութիւնը անտեսելով։
1969ին էր, երբ Թուրքիոյ երանաշնորհ հովուապետ՝ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան, երկրի փոքրամասնական սահմանադրական կանոններու իրաւունքով այցելեց ու անձնապէս ընդունուեցաւ օրուայ վարչապետ Սիւլէյման Տեմիրէլի կողմէ, ներկայացնելով Պոլսահայ համայնքը հետաքրքրող հարցեր, որոնց կարգին նաեւ հայոց վարժարաններու գոյատեւման առնչուած կենսական խնդիրներ, քանի միտումնաւոր արգելքներ կը յարուցուէին նաեւ այդ օրերու կեդրոնական ու շրջանային սպասարկութիւններէն ու համապատասխան նախարարութենէն, որոնք երեւութապէս միայն ամէն բան կլորցնելու ճիգէն դուրս չէին գար։
Մոռնա՞նք տակաւին, որ Վոսփորի նեղուցին վրայ նոր կամուրջի մը շինութեան համար անմիջական խորտակումի ու փլուզումի ենթարկուած էին պետական անմխիթար որոշումով Խասգիւղի հայկական բոլոր հաստատութիւններն ու մանաւանդ վարժարանները, շրջանի հայկական եկեղեցին, անոր կից գտնուող գիշերօթիկ դպրոցը, Գալֆայեան որբանոցը (հիմնուած 150 տարի առաջ), թաղամասի հայկական գերեզմանատունը, եւայլն, եւայլն։
Հակառակ Պատրիարքին հանդէպ ցուցաբերուած սիրալիր ընդունելութեան, ներկայացուած արդար պահանջներուն գոհացում տալու խոստումները մնացին անլոյծ։ Մնաց մանաւանդ Տէմիրէլի սփինքսեան խորհրդաւոր ժպիտը...։
Կը զարմանա՞ք, որ այսօր ալ միտումնաւոր մեքենայութիւններու միեւնոյն քաղաքականութիւնը կը կիրարկուի աւեի շնական ու կեղծապատիր ոճով։ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Թուրքիոյ որդեգրած ժխտողական քաղաքականութիւնը որքա՞ն կը դիմանայ, չեմ գիտեր։ Գիտեմ, լաւ գիտեմ սակայն, որ սուտը, կեղծիքը եւ կամակոր կերպարանափոխումը կարճ ոտքեր կ՚ունենան, քաղաքական լայնաձիգ ոստումներ կատարելու անատակ կ՚ըլլան։ Իսկ խտրականութիւնն ալ երկու թիրախներ կ՚ունենայ. երեւցողը եւ չերեւցողը։
Չյիշե՞լ տակաւին, թէ ի՛նչ ճակատագրի մատնուեցան Պոլսէն ու Անգարայէն զատ, Ամասիոյ, Կեսարիոյ, Սեբաստիոյ, Մալաթիոյ, Խարբերդի, Տիգրանակերտի, Մարտինի, Սղերդի, Ալեքսանտրէթի, Վանի եւ ընդհանրապէս Անատոլուի եւ Կապադովկիոյ հայ համայնքներու դպրոցները, եկեղեցիները, հայկական հաստատութիւնները։ Անատոլուի հայերը ժամանակի բռնադատող ճնշումին տակ՝ ընկերային կամ քաղաքական իմաստով ստիպողաբար իսլամութեան ենթարկուեցան, կամ ալ, իրենց ազգային հաւաքական նկարագիրը կորսնցնելով հետեւեցան ասորական մշակոյթին, իսլամութեան, թէ ...
Պոլսոյ մէջ տասնամեակներ առաջ կը գործէին 100 հայկական վարժարաններ։ Աւելի ետք, անոնցմէ մնացին 32 հատ, որոնցմէ 7ն՝ հայ կաթողիկէ, մէկը՝ հայ բողոքականական։ Դպրոցներէն երկուքը որբանոցներ էին, երեքը՝ գիշերօթիկ, հինգը՝ բարձրագոյն վարժարան։ Աշակերտութեան ընդհանուր թիւը տասը հազարէ վեր կը գնահատուէր։
Պոլսոյ հայոց Պատրիարք Մեսրոպ Արք.ի փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեան կը յայտարարէ, թէ Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններէն ներս, 1914ին կը գործէին 2170 հայկական եկեղեցիներ եւ 100 դպրոցներ։ Ներկայիս կը գործեն 42 եկեղեցիներ եւ 13 դպրոցներ։ Ո՞ւր են մնացեալները։ Ո՞վ բացատրութիւն պիտի տայ այս մասին։ Պոլսոյ հայ համայնքը ինչո՞ւ չվերանորոգուեցաւ, ինչո՞ւ չվերածաղկեցաւ։
Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու կրթական հաստատութիւններու խնդիրները կը շարունակեն լուծուած չըլլալ։
Մխիթարական է, որ խնդիրներու բնութագրման մասին սկսած են բարձրաձայնել (չմոռնալ նահատակ Հրանդ Տինքը) Պոլսոյ հայկական «Ակօս» թերթի խմբագիր Բագրատ Էսթուքեան, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ գաղափարական տարբեր հոսանքներու արեւելումով հայազգի երեսփոխաններ՝ քրտամէտ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլանը, Սելինա Տողանը, Մարգար Էսայեանը, որոնք ծագումով ու ազգութեամբ հայ երեսփոխաններ ըլլալով հանդերձ, իբրեւ երկրի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ չեն ներկայանար։
Անոնցմէ մէկը արդէն իշխանութիւն վայելող կուսակցութեան անդամ է, իսկ մնացեալները բուռն կերպով ընդդիմադիր։ Այս պարագային, պէտք է բնութագրել սակայն, թէ ուրիշ բան է կուսակցականացած ըլլալ, ուրիշ բան է քաղաքականացած ըլլալ, ուրիշ բան է ծագումով հայ եւ թրքական խորհրդարանին մէջ «մեպուս» ըլլալ։ Արդարութիւնը ամէն տեղ նոյնն է, որովհետեւ մարդկութեան վերաբերող հարց է։ Այս բոլորէն անկախ սակայն, կ՚արժէ զատորոշել նաեւ, որ այս մարդիկը երեսփոխան ընտրուեցան տարի մը առաջ, այսինքն Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի լրացման յատկանշական տարին։ Այսպէս կը մեկնաբանուին պատմութեան շարժառիթներն ու հակաշարժառիթները։
Եւ մինչ Սելինա Տողան խիղճի հարց դարձուցած ըլլալով՝ կիրքով ու հետեւողականութեամբ խորդրդարանէն ներս կ՚արծարծէ փոքրամասնական վարժարաններու եւ կրթական կեանքի համակարգին ստեղծած դժուարութիւններն ու բանեցուած ճնշումները, Կարօ Փայլան (Հայ Կարօ, ըստ թուրքերու) արագացնելով պատմական ժամանակը կորովամիտ յաջորդականութեամբ աշխատանքի ձեռնարկած է՝ Թուրքիոյ վարժարանային դասագիրքերուն մէջ հայ ժողովուրդի խեղաթիւրուած ու չարափոխուած պատմութիւնը ճշդելու եւ այդ յերիւրուած բաժիններուն մէջէն զեղչելու հայութեան հասցէին տեղ գտած բացասական նկարագրականները։ Մեծ դեր մը, որով կը յատկանշէ իր նկարագիրը եւ պայքարի իր ընտրած ճանապարհը՝ սուտերով յորդող լեռնակոյտի մը դիմաց, քանի Թուրքիոյ սուտերը ամէն առիթով քանի մը թիրախներ կ՚ունենան, որ կ՚օգտագործուին ըստ պարագայի, ըստ տեղի, ըստ կացութեան, երկրէն ներս համատարած սպառնալիքի մթնոլորտի մը մէջ, ներքին ու պատմական հակադրութիւններու երկար շարանի մը յարակցութեամբ։
Երկու հայ երեսփոխաններուն կողմէ արծարծուած Հայոց Ցեղասպանութեան բուռն ու խորքային նշանակութիւնը բարձր աղմուկ, զայրոյթ ու թշնամական տրամադրութիւններ յառաջացուցած է։ Եւ այս մթնոլորտի իբրեւ եզրակացութիւն՝ Էրտողան Էֆէնտիի հրահրող թիրախային պատգամները, թէ այս բոլոր սուտերուն ետին սփիւռքի հայերը եւ իրենց օտար պաշտպանները կը գտնուին։ Փաթիշահական ըմբռնումը՝ իր գերագոյն արտայայտութեան մէջ։
Բայց Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, օրակարգը, էութիւնը կա՛յ ու կա՛յ, որքան ալ Թուրքիա ատոր շուրջ բռնադատական մօտեցումներ կը դրսեւորէ ատենը մէյ մը։
Թուրքիոյ դպրոցական դասագիրքերուն մէջ հակահայ քարոզչութիւն կը կատարուի, իսկ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ երկրի ռազմական իրադրութենէն յառաջացած ապահովական նկատումներով անհրաժեշտութիւն։ Իսկ Ապրիլ 24ին՝ հայ մտաւորականներու տեղահանութիւնը կը ներկայացուի որպէս Թուրքիոյ դէմ գործող հայ յեղափոխական առաջնորդներու ձերբակալութիւնը, որ կատարուեցաւ ապահովութեան նկատառումներով։
Հապա ինչպէ՞ս կը պատահի, որ Թուրքիոյ մարդու իրաւուքներու պաշտպան գործիչ, թուրք գրող եւ Ցեղասսպանութեան ճանաչման ու դատապարտման ջերմ ջատագով Ֆեթհիյէ Չեթինի «Ազատութեան» մրցանակ կը տրուի...։ Նաեւ Հրանդ Տինքին՝ «Մամուլի ազատութեան» իտալական մրցանակը Հռոմի մէջ։ Արդեօ՞ք ազատութիւնն ու անկախութիւնը միայն մեր երէկը չէ որ կ՚արտայայտեն, այլ նաեւ ու մանաւանդ մեր ներկան, քանի այսպիսի իմաստներուն արժէքը անժամանցելի խորհրդանիշի վերածուած է մեր կեանքին մէջ։
Ասոր զուգահեռ՝ «Նոր Զարթօնք» շարժումը, որ ծլարձակած է 2004ին ու հիմնադրուած է 2007ին, Հրանդ Տինքի սպանութեան վաղորդայնին եւ իբրեւ ռազմավարական առաքելութիւն ճշդած է Հայ Դատի հետապնդումը, արդարութեան որոնումը,- ոչ միայն հայութեան, այլեւ ճնշուած բոլոր փոքրամասնութիւններուն համար։ Այս շարժումը իբրեւ գլխաւոր դերակատարութիւն ընտրած է աւանդել հայերէն լեզուն եւ մշակոյթը։ Ներկայիս երկու հարիւրէ աւելի հայ երիտասարդներու համադրուած ոճով մայրենի լեզու կը դասաւանդ եւ թրքերէնով գիրքեր կը հրատարակէ Հայոց Պատմութեան ու հայոց անվիճելի իրաւունքներուն մասին։
Շշմեցնող բանե՞ր։ Չե՛մ կարծեր։ Մարդիկ կան, որ իրենց բնատուր առաքելութեան չեն դաւաճաներ եւ այդ առաքելութիւնը լուրջի կ՚առնեն, ապրելէ ետք մեծ յոյսի հիասթափութիւնը։ Այսօր, անոնք՝ իրենց դաւանած հակազդեցութեան կրկնօրինակն են եւ բնաւ ալ հեռու չեն իրենց ապրած իրականութենէն։
***
Այս տարուայ «Ազատ Օր»ի Ապրիլեան թիւին մէջ՝ յատկապէս ծանրացայ այս նիւթերուն։ Անցեալ տարուայ թիւին մէջ գրած էի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով Թուրքիոյ եւ թուրքերու կատարելիք դրժումի-հակադրժումի դերին մասին՝ նշելով, որԹուրքիոյ մէջ վերջին տարիներուն անոնց կողմէ շատ աւելի գոհացուցիչ բան եղաւ, քան անցնող 100 տարուան ընթացքին, համայն հայութեան ծանրախոհ ճիգերուն շնորհիւ։
Այսօր, Թուրքիոյ մէջ ապրող թուրք մտաւորականներ ու քաղաքական գործիչներ պատմականօրէն մտածելով, խրոխտ ձայնով կը խօսին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման անհրաժեշտութեան մասին։ Անոնց դիմաց եւս Թուրքիոյ մերժողական կեցուածքը կ՚աւելցնէ մեր յուսախաբութիւնն ու ակնկալութիւնները։ Պատմութիւնը չէզոք բան չէ։ Թէկուզ պատմութիւնը ամէն ինչի համար գոհացնող պատասխան մը չունի։
Վերջին 100 տարուայ, 50 տարուայ, վերջին տասնամեակի, վերջին ամիսներու Թուրքիոյ համատարած տկարութիւններն ու խոցելի կէտերը երեւան բերին Եւրոպայի «հիւանդ մարդուն» գորգին տակ պահուած վաղեմի մեղքերը։ Փաշաներու շարունակութիւնը հանդիսացող իշխանաւորներու կիրարկած քաղաքականութիւնը հիմնուած է մերժումի շարունակականութեան խախուտ փիլիսոփայութեան մը հիմերուն վրայ, տեւաբար ապացուցելով իր յեղյեղուկ ըմբռնումը արդարի ո անարդարի հասկացողութեան հաշւոյն։ Ի՜նչ ըսենք, ի՜նչ ընենք, երբ արդարի մշակոյթի հանգանակը անծանօթ է իրեն։
Արդեօ՞ք, կը խորհին, թէ արդարութիւնը կը խեղդէ զիրենք իրենց ճղճիմ ու բարդութային ազգայնականութեան մէջ...։
Հիմա ի՞նչ կ՚ընենք մենք։ Անցեալի դասերէն օգտուելու համար պատուհան չենք բանար։ Ուրիշ ժամանակներու ուժականութենէն օգտուելու մասին չենք մտածեր։ Մեր այսօրուան վիճակին համար չենք ուզեր գիտնալ, թէ ո՞վ աւելի յանցաւոր է մեր նախորդներէն։ Հիմա ուրիշ ճամբու ուղղութեան վրայ կը գտնուինք եւ պիտի նախընտրենք իրապաշտութեան մկրտութիւնը իրատեսական մկրտարանին մէջ։
Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը աշխարհի, բայց մանաւանդ Թուրքիոյ դպրոցական դասագիրքերու մէջ ներառնելու հետապնդման ճիգը նեղացնող հարցադրումներ կը ստեղծէ, յատկապէ՛ս ազատ աշխարհի ազգայնօրէն մտածող ընկերութիւններու մօտ։ Սակայն, նման հարցադրումներ ճիշդ հունի մէջ կը դնեն պատմութիւն բաղկացնող մշակոյթը եւ կը պահպանեն զայն համապատասխան իր միջավայրի սահմաններուն մէջ։ Ի մասնաւորի՝ կը հակադրուին զայն իր իմաստային խորքէն շեղելու հակում ունեցողներուն, որոնք տարբեր ու տարբեր միտումներով անոր «առասպելի», «շինծուի», «արուեստականի», «դրածոյի» պատմութեան պատմուճան կը փորձեն հագցնել։
Ճիշդ պատմութիւնը արդար աշխարհին համար է, արդար մարդոց համար է։
Պատմութիւնը արդարութեան թթուածինն է։ Սխալ պատմութիւնը անկարող կը դարձնէ մարդկութիւնը իր բնական զարգացման ընթացքը շարունակելու համար, այդ իսկ պատճառով, իր դերը սահմանափակ է եւ հեռանկար չունի։ Ո՛չ ալ երբեք յաղթողի վաւերական կնիք մը տրուեցաւ ժխտողականութեան թէ պատմական կեղծիքին վրայ։ Պարզապէս, ժամանակաւորապէս հանդուրժուեցաւ արուեստական բեւեռացում ստեղծելով հասարակութեան խիղճին վրայ։
Ահա՛, այսպիսի բաներ կ՚՚ըսէ ազգերու պատմութեան տրամաբանութիւնը, եւ այդ տրամաբանութիւնը անցեալի ու ապագայի անհերքելի պատմութեան կը վերաբերի եւ ուրիշ որեւէ բան չի կրնար ըլլալ։ Պատմութեան խաբեբաները վերջին բանն է, որուն պէտք ունի մեր աշխարհը։
Պատմութիւնը կանոնագրային քարտէս ու աշխարհագրութիւն ունի, քանի աշխարհագրութիւնը պատմութիւն կը կերտէ, քանի գաղափարներու ուղեւորութիւն ունի։
Պատմութեան խնդիրները չէզոք չեն կրնար համարուիլ, կը յենուն ժողովուրդներու բաց խիղճին վրայ եւ կը մշակեն ապագայի նոր գաղափարներ։
Ճիշդ ու արդար պատմութիւնը հիմնուած կ՚ըլլայ պատմագիտական աւանդութեան վրայ, պատմական արդարութեան մշակոյթին վրայ, որ գաղափարներ ու տեւական դաստիարակութիւն կ՚արտադրեն, կը դրսեւորեն։
Ցեղասպանութեան պատմութիւնը քաղաքական ճշմարտութեան մը անառարկելի փաստը կը կազմէ։ Տարբեր չի կրնար ըլլալ։ Հայութեան անձնաթուղթն ալ ցեղասպանութիւնն է։
Թուրքիոյ պատմութիւնը փտած նախապաշարումներով լեցուն է եւ կը միտի պատմութեան իր հիասթափեցնող չափանիշը տալու, որովհետեւ ինք զոհն է իր իսկ ստեղծած հասարակական կացութիւններուն, որոնցմէ մենք հեռաւորութիւններ պէտք է առնենք։
Եզրակացնենք. հիմա պատմութիւնը լոյս վարելու, լոյս մարելու պէս դիւրին ու հեշտ բան մը եղած է։ Թուրքիան ալ իր սեփական կեղծիքին զոհն է։ Իր պատմութիւնը ահազանգի մէջ է։ Իր պատմութիւնը կը հիմնուի խաբկանքներու վրայ։ Թուրքիոյ անարդարները նոր անարդարներ պիտի ստեղծեն, բայց այդ անարդարները իրենց սահմաններէն անդին պիտի չկարենան երթալ երբեք։ Կը վստահեցնեմ։ Ցեղասպանութեան իրաւացիութիւնը փաստի չի կարօտիր։
***
101րդ տարելից։ Մեր պատմութեան ամէնէն դժուար հանգրուանին կը գտնուինք։ Պիտի հաշտուի՞նք կարգ մը գաղափարներու հետ, առանց ժողովրդավարութեան սկզբունքները շահարկելու։
Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը ռազմավարական ընտրութիւն ու թիրախ է եւ պէտք է պահպանել մեր ազգային ու քաղաքական հետապնդումներու բարձր մակարդակին վրայ։
Թուրքիոյ պատմութեան մէջ նախապաշարեալ բաներ կան, որ տակաւին կը դժուարանանք մեկնաբանելու։
Գայլը՝ մանաւանդ գորշ գայլը, միշտ մշուշը կը նախընտրէ...։
Մոռնա՞նք տակաւին, որ Վոսփորի նեղուցին վրայ նոր կամուրջի մը շինութեան համար անմիջական խորտակումի ու փլուզումի ենթարկուած էին պետական անմխիթար որոշումով Խասգիւղի հայկական բոլոր հաստատութիւններն ու մանաւանդ վարժարանները, շրջանի հայկական եկեղեցին, անոր կից գտնուող գիշերօթիկ դպրոցը, Գալֆայեան որբանոցը (հիմնուած 150 տարի առաջ), թաղամասի հայկական գերեզմանատունը, եւայլն, եւայլն։
Հակառակ Պատրիարքին հանդէպ ցուցաբերուած սիրալիր ընդունելութեան, ներկայացուած արդար պահանջներուն գոհացում տալու խոստումները մնացին անլոյծ։ Մնաց մանաւանդ Տէմիրէլի սփինքսեան խորհրդաւոր ժպիտը...։
Կը զարմանա՞ք, որ այսօր ալ միտումնաւոր մեքենայութիւններու միեւնոյն քաղաքականութիւնը կը կիրարկուի աւելի շնական ու կեղծապատիր ոճով։ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Թուրքիոյ որդեգրած ժխտողական քաղաքականութիւնը որքա՞ն կը դիմանայ, չեմ գիտեր։ Գիտեմ, լաւ գիտեմ սակայն, որ սուտը, կեղծիքը եւ կամակոր կերպարանափոխումը կարճ ոտքեր կ՚ունենան, քաղաքական լայնաձիգ ոստումներ կատարելու անատակ կ՚ըլլան։ Իսկ խտրականութիւնն ալ երկու թիրախներ կ՚ունենայ. երեւցողը եւ չերեւցողը։
Չյիշե՞լ տակաւին, թէ ի՛նչ ճակատագրի մատնուեցան Պոլսէն ու Անգարայէն զատ, Ամասիոյ, Կեսարիոյ, Սեբաստիոյ, Մալաթիոյ, Խարբերդի, Տիգրանակերտի, Մարտինի, Սղերդի, Ալեքսանտրէթի, Վանի եւ ընդհանրապէս Անատոլուի եւ Կապադովկիոյ հայ համայնքներու դպրոցները, եկեղեցիները, հայկական հաստատութիւնները։ Անատոլուի հայերը ժամանակի բռնադատող ճնշումին տակ՝ ընկերային կամ քաղաքական իմաստով ստիպողաբար իսլամութեան ենթարկուեցան, կամ ալ, իրենց ազգային հաւաքական նկարագիրը կորսնցնելով հետեւեցան ասորական մշակոյթին, իսլամութեան, թէ ...
Պոլսոյ մէջ տասնամեակներ առաջ կը գործէին 100 հայկական վարժարաններ։ Աւելի ետք, անոնցմէ մնացին 32 հատ, որոնցմէ 7ն՝ հայ կաթողիկէ, մէկը՝ հայ բողոքական։ Դպրոցներէն երկուքը որբանոցներ էին, երեքը՝ գիշերօթիկ, հինգը՝ բարձրագոյն վարժարան։ Աշակերտութեան ընդհանուր թիւը տասը հազարէ վեր կը գնահատուէր։
Պոլսոյ հայոց Պատրիարք Մեսրոպ Արք.ի փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեան կը յայտարարէ, թէ Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններէն ներս, 1914ին կը գործէին 2170 հայկական եկեղեցիներ եւ 100 դպրոցներ։ Ներկայիս կը գործեն 42 եկեղեցիներ եւ 13 դպրոցներ։ Ո՞ւր են մնացեալները։ Ո՞վ բացատրութիւն պիտի տայ այս մասին։ Պոլսոյ հայ համայնքը ինչո՞ւ չվերանորոգուեցաւ, ինչո՞ւ չվերածաղկեցաւ։
Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու կրթական հաստատութիւններու խնդիրները կը շարունակեն լուծուած չըլլալ։
Մխիթարական է, որ խնդիրներու բնութագրման մասին սկսած են բարձրաձայնել (չմոռնալ նահատակ Հրանդ Տինքը) Պոլսոյ հայկական «Ակօս» թերթի խմբագիր Բագրատ Էսթուքեան, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ գաղափարական տարբեր հոսանքներու արեւելումով հայազգի երեսփոխաններ՝ քրտամէտ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլանը, Սելինա Տողանը, Մարգար Էսայեանը, որոնք ծագումով ու ազգութեամբ հայ երեսփոխաններ ըլլալով հանդերձ, իբրեւ երկրի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ չեն ներկայանար։
Անոնցմէ մէկը արդէն իշխանութիւն վայելող կուսակցութեան անդամ է, իսկ մնացեալները բուռն կերպով ընդդիմադիր։ Այս պարագային, պէտք է բնութագրել սակայն, թէ ուրիշ բան է կուսակցականացած ըլլալ, ուրիշ բան է քաղաքականացած ըլլալ, ուրիշ բան է ծագումով հայ եւ թրքական խորհրդարանին մէջ «մեպուս» ըլլալ։ Արդարութիւնը ամէն տեղ նոյնն է, որովհետեւ մարդկութեան վերաբերող հարց է։ Այս բոլորէն անկախ սակայն, կ՚արժէ զատորոշել նաեւ, որ այս մարդիկը երեսփոխան ընտրուեցան տարի մը առաջ, այսինքն Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի լրացման յատկանշական տարին։ Այսպէս կը մեկնաբանուին պատմութեան շարժառիթներն ու հակաշարժառիթները։
Եւ մինչ Սելինա Տողան խիղճի հարց դարձուցած ըլլալով՝ կիրքով ու հետեւողականութեամբ խորհրդարանէն ներս կ՚արծարծէ փոքրամասնական վարժարաններու եւ կրթական կեանքի համակարգին ստեղծած դժուարութիւններն ու բանեցուած ճնշումները, Կարօ Փայլան (Հայ Կարօ, ըստ թուրքերու) արագացնելով պատմական ժամանակը կորովամիտ յաջորդականութեամբ աշխատանքի ձեռնարկած է՝ Թուրքիոյ վարժարանային դասագիրքերուն մէջ հայ ժողովուրդի խեղաթիւրուած ու չարափոխուած պատմութիւնը ճշդելու եւ այդ յերիւրուած բաժիններուն մէջէն զեղչելու հայութեան հասցէին տեղ գտած բացասական նկարագրականները։
Մեծ դեր մը, որով կը յատկանշէ իր նկարագիրը եւ պայքարի իր ընտրած ճանապարհը՝ սուտերով յորդող լեռնակոյտի մը դիմաց, քանի Թուրքիոյ սուտերը ամէն առիթով քանի մը թիրախներ կ՚ունենան, որ կ՚օգտագործուին ըստ պարագայի, ըստ տեղի, ըստ կացութեան, երկրէն ներս համատարած սպառնալիքի մթնոլորտի մը մէջ, ներքին ու պատմական հակադրութիւններու երկար շարանի մը յարակցութեամբ։
Երկու հայ երեսփոխաններուն կողմէ արծարծուած Հայոց Ցեղասպանութեան բուռն ու խորքային նշանակութիւնը բարձր աղմուկ, զայրոյթ ու թշնամական տրամադրութիւններ յառաջացուցած է։ Եւ այս մթնոլորտի իբրեւ եզրակացութիւն՝ Էրտողան Էֆէնտիի հրահրող թիրախային պատգամները, թէ այս բոլոր սուտերուն ետին սփիւռքի հայերը եւ իրենց օտար պաշտպանները կը գտնուին։ Փաթիշահական ըմբռնումը՝ իր գերագոյն արտայայտութեան մէջ։
Բայց Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, օրակարգը, էութիւնը կա՛յ ու կա՛յ, որքան ալ Թուրքիա ատոր շուրջ բռնադատական մօտեցումներ կը դրսեւորէ ատենը մէյ մը։
Թուրքիոյ դպրոցական դասագիրքերուն մէջ հակահայ քարոզչութիւն կը կատարուի, իսկ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ երկրի ռազմական իրադրութենէն յառաջացած ապահովական նկատումներով անհրաժեշտութիւն։ Իսկ Ապրիլ 24ին՝ հայ մտաւորականներու տեղահանութիւնը կը ներկայացուի որպէս Թուրքիոյ դէմ գործող հայ յեղափոխական առաջնորդներու ձերբակալութիւնը, որ կատարուեցաւ ապահովութեան նկատառումներով։
Հապա ինչպէ՞ս կը պատահի, որ Թուրքիոյ մարդու իրաւուքներու պաշտպան գործիչ, թուրք գրող եւ Ցեղասսպանութեան ճանաչման ու դատապարտման ջերմ ջատագով Ֆեթհիյէ Չեթինի «Ազատութեան» մրցանակ կը տրուի...։ Նաեւ Հրանդ Տինքին՝ «Մամուլի ազատութեան» իտալական մրցանակը Հռոմի մէջ։ Արդեօ՞ք ազատութիւնն ու անկախութիւնը միայն մեր երէկը չէ որ կ՚արտայայտեն, այլ նաեւ ու մանաւանդ մեր ներկան, քանի այսպիսի իմաստներուն արժէքը անժամանցելի խորհրդանիշի վերածուած է մեր կեանքին մէջ։
Ասոր զուգահեռ՝ «Նոր Զարթօնք» շարժումը, որ ծլարձակած է 2004ին ու հիմնադրուած է 2007ին, Հրանդ Տինքի սպանութեան վաղորդայնին եւ իբրեւ ռազմավարական առաքելութիւն ճշդած է Հայ Դատի հետապնդումը, արդարութեան որոնումը,- ոչ միայն հայութեան, այլեւ ճնշուած բոլոր փոքրամասնութիւններուն համար։ Այս շարժումը իբրեւ գլխաւոր դերակատարութիւն ընտրած է աւանդել հայերէն լեզուն եւ մշակոյթը։ Ներկայիս երկու հարիւրէ աւելի հայ երիտասարդներու համադրուած ոճով մայրենի լեզու կը դասաւանդէ եւ թրքերէնով գիրքեր կը հրատարակէ Հայոց Պատմութեան ու հայոց անվիճելի իրաւունքներուն մասին։
Շշմեցնող բանե՞ր։ Չե՛մ կարծեր։ Մարդիկ կան, որ իրենց բնատուր առաքելութեան չեն դաւաճաներ եւ այդ առաքելութիւնը լուրջի կ՚առնեն, ապրելէ ետք մեծ յոյսի հիասթափութիւնը։ Այսօր, անոնք՝ իրենց դաւանած հակազդեցութեան կրկնօրինակն են եւ բնաւ ալ հեռու չեն իրենց ապրած իրականութենէն։
***
Այս տարուայ «Ազատ Օր»ի Ապրիլեան թիւին մէջ՝ յատկապէս ծանրացայ այս նիւթերուն։ Անցեալ տարուայ թիւին մէջ գրած էի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով Թուրքիոյ եւ թուրքերու կատարելիք դրժումի-հակադրժումի դերին մասին՝ նշելով, որ Թուրքիոյ մէջ վերջին տարիներուն անոնց կողմէ շատ աւելի գոհացուցիչ բան եղաւ, քան անցնող 100 տարուան ընթացքին, համայն հայութեան ծանրախոհ ճիգերուն շնորհիւ։
Այսօր, Թուրքիոյ մէջ ապրող թուրք մտաւորականներ ու քաղաքական գործիչներ պատմականօրէն մտածելով, խրոխտ ձայնով կը խօսին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման անհրաժեշտութեան մասին։ Անոնց դիմաց եւս Թուրքիոյ մերժողական կեցուածքը կ՚աւելցնէ մեր յուսախաբութիւնն ու ակնկալութիւնները։ Պատմութիւնը չէզոք բան չէ։ Թէկուզ պատմութիւնը ամէն ինչի համար գոհացնող պատասխան մը չունի։
Վերջին 100 տարուայ, 50 տարուայ, վերջին տասնամեակի, վերջին ամիսներու Թուրքիոյ համատարած տկարութիւններն ու խոցելի կէտերը երեւան բերին Եւրոպայի «հիւանդ մարդուն» գորգին տակ պահուած վաղեմի մեղքերը։
Փաշաներու շարունակութիւնը հանդիսացող իշխանաւորներու կիրարկած քաղաքականութիւնը հիմնուած է մերժումի շարունակականութեան խախուտ փիլիսոփայութեան մը հիմերուն վրայ, տեւաբար ապացուցելով իր յեղյեղուկ ըմբռնումը արդարի ու անարդարի հասկացողութեան հաշւոյն։ Ի՜նչ ըսենք, ի՜նչ ընենք, երբ արդարի մշակոյթի հանգանակը անծանօթ է իրեն։
Արդեօ՞ք, կը խորհին, թէ արդարութիւնը կը խեղդէ զիրենք իրենց ճղճիմ ու բարդութային ազգայնականութեան մէջ...։
Հիմա ի՞նչ կ՚ընենք մենք։ Անցեալի դասերէն օգտուելու համար պատուհան չենք բանար։ Ուրիշ ժամանակներու ուժականութենէն օգտուելու մասին չենք մտածեր։ Մեր այսօրուան վիճակին համար չենք ուզեր գիտնալ, թէ ո՞վ աւելի յանցաւոր է մեր նախորդներէն։ Հիմա ուրիշ ճամբու ուղղութեան վրայ կը գտնուինք եւ պիտի նախընտրենք իրապաշտութեան մկրտութիւնը իրատեսական մկրտարանին մէջ։
Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը աշխարհի, բայց մանաւանդ Թուրքիոյ դպրոցական դասագիրքերու մէջ ներառնելու հետապնդման ճիգը նեղացնող հարցադրումներ կը ստեղծէ, յատկապէ՛ս ազատ աշխարհի ազգայնօրէն մտածող ընկերութիւններու մօտ։ Սակայն, նման հարցադրումներ ճիշդ հունի մէջ կը դնեն պատմութիւն բաղկացնող մշակոյթը եւ կը պահպանեն զայն համապատասխան իր միջավայրի սահմաններուն մէջ։ Ի մասնաւորի՝ կը հակադրուին զայն իր իմաստային խորքէն շեղելու հակում ունեցողներուն, որոնք տարբեր ու տարբեր միտումներով անոր «առասպելի», «շինծուի», «արուեստականի», «դրածոյի» պատմութեան պատմուճան կը փորձեն հագցնել։
Ճիշդ պատմութիւնը արդար աշխարհին համար է, արդար մարդոց համար է։
Պատմութիւնը արդարութեան թթուածինն է։ Սխալ պատմութիւնը անկարող կը դարձնէ մարդկութիւնը իր բնական զարգացման ընթացքը շարունակելու համար, այդ իսկ պատճառով, իր դերը սահմանափակ է եւ հեռանկար չունի։ Ո՛չ ալ երբեք յաղթողի վաւերական կնիք մը տրուեցաւ ժխտողականութեան թէ պատմական կեղծիքին վրայ։ Պարզապէս, ժամանակաւորապէս հանդուրժուեցաւ արուեստական բեւեռացում ստեղծելով հասարակութեան խիղճին վրայ։
Ահա՛, այսպիսի բաներ կ՚ըսէ ազգերու պատմութեան տրամաբանութիւնը, եւ այդ տրամաբանութիւնը անցեալի ու ապագայի անհերքելի պատմութեան կը վերաբերի եւ ուրիշ որեւէ բան չի կրնար ըլլալ։ Պատմութեան խաբեբաները վերջին բանն է, որուն պէտք ունի մեր աշխարհը։
Պատմութիւնը կանոնագրային քարտէս ու աշխարհագրութիւն ունի, քանի աշխարհագրութիւնը պատմութիւն կը կերտէ, քանի գաղափարներու ուղեւորութիւն ունի։
Պատմութեան խնդիրները չէզոք չեն կրնար համարուիլ, կը յենուն ժողովուրդներու բաց խիղճին վրայ եւ կը մշակեն ապագայի նոր գաղափարներ։
Ճիշդ ու արդար պատմութիւնը հիմնուած կ՚ըլլայ պատմագիտական աւանդութեան վրայ, պատմական արդարութեան մշակոյթին վրայ, որ գաղափարներ ու տեւական դաստիարակութիւն կ՚արտադրեն, կը դրսեւորեն։
Ցեղասպանութեան պատմութիւնը քաղաքական ճշմարտութեան մը անառարկելի փաստը կը կազմէ։ Տարբեր չի կրնար ըլլալ։ Հայութեան անձնաթուղթն ալ ցեղասպանութիւնն է։
Թուրքիոյ պատմութիւնը փտած նախապաշարումներով լեցուն է եւ կը միտի պատմութեան իր հիասթափեցնող չափանիշը տալու, որովհետեւ ինք զոհն է իր իսկ ստեղծած հասարակական կացութիւններուն, որոնցմէ մենք հեռաւորութիւններ պէտք է առնենք։
Եզրակացնենք. հիմա պատմութիւնը լոյս վարելու, լոյս մարելու պէս դիւրին ու հեշտ բան մը եղած է։ Թուրքիան ալ իր սեփական կեղծիքին զոհն է։ Իր պատմութիւնը ահազանգի մէջ է։ Իր պատմութիւնը կը հիմնուի խաբկանքներու վրայ։
Թուրքիոյ անարդարները նոր անարդարներ պիտի ստեղծեն, բայց այդ անարդարները իրենց սահմաններէն անդին պիտի չկարենան երթալ երբեք։ Կը վստահեցնեմ։ Ցեղասպանութեան իրաւացիութիւնը փաստի չի կարօտիր։
***
101րդ տարելից։ Մեր պատմութեան ամէնէն դժուար հանգրուանին կը գտնուինք։ Պիտի հաշտուի՞նք կարգ մը գաղափարներու հետ, առանց ժողովրդավարութեան սկզբունքները շահարկելու։
Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը ռազմավարական ընտրութիւն ու թիրախ է եւ պէտք է պահպանել մեր ազգային ու քաղաքական հետապնդումներու բարձր մակարդակին վրայ։
Թուրքիոյ պատմութեան մէջ նախապաշարեալ բաներ կան, որ տակաւին կը դժուարանանք մեկնաբանելու։
Գայլը՝ մանաւանդ գորշ գայլը, միշտ մշուշը կը նախընտրէ...։
Յովսէփ Պարազեան