Կամաւոր ծառայողներ ու կեանքի գնով հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրուած տարեցներ եւ երիտասարդներ:
Ելեկտրականութեան սակերու բարձրացման համար կառավարութեան դէմ մղուած պայքարներէն, նախագահին եւ կամ կաթողիկոսին դէմ արծարուած ու արձա
նագրուած զանազան մեղադրումներէն ու զրպարտութիւններէն, կազմակերպական եւ թէ կուսակցական զանազան հակառակութիւններէն, ըսի-ըսաւներնէն ու հազար ու մէկ գոյնի բաժանումներէն ետք՝ հայ ժողովուրդը աշխարհին ներկայացաւ դարձեալ որպէս մէկ ամբողջութիւն, իր հակառակութիւններն ու կռիւներու սլաքը ուղղելով այս անգամ թշնամիին դէմ՝ ինչ որ ճշմարտագոյնն ու կարեւորագոյնն է վերոյիշեալ հարցերուն մէջ:
Հարիւրաւոր երիտասարդներ, տարեցներ, զաւակներու տէր անձեր ու նամանաւանդ կիներ ու երիտասարդուհիներ, մէկդի ձգելով Հայաստանի կառավարական բոլոր հարցերը, նիւթական ու շահախնդիր անիրաւութիւնները, հասարակական կեանքին մէջ տիրող անհաւասարութիւններն ու ձգձգումները, ճամբայ ելան դէպի սահմաններ՝ գիտնալով հանդերձ, որ կրնայ վերադարձ տեղի չունենալ... արեան գնով կռուելու համար ի սէր հայրենիքին:
Դժբախտաբար միշտ ալ նոյն յեղյեղուկ վիճակը տեղի ունեցած է: Ազգովին ներկայացած ենք աշխարհին ու հանրութեան որպէս մէկ բռունցք ու միասնական ուժ՝ ընդդէմ թուրքին ու թշնամիին, աշխարհը ճանչցած է մեզ մեր հսկայական բազմամարդ ցոյցերով... սակայն մի քանի օրեր կամ ամիսներ ետք, ժողովուրդին ու կառավարութեան միջեւ գոյութիւն ունեցած շատ յաճախ անմարդկային տեսարաններով օժտուած ցոյցերով ու կռիւներով:
Տակաւին հայուն ինքնութեան մասին որոշ ու հսկայ սահմանում մը կատարուած չէ... Հայ գրող Նշան Պէշիկթաշլեան շատ հետաքրքրականօրէն կը ներկայացնէ հայը... «Ինկի՛ր, ու Հայը ձեռք մը կու տայ քեզի: Ելի՛ր ու կը ստանաս իր ոտքը եւ կամ իր նախանձէն եկող կիցը»:
Մեծանուն գրողը Հայը ներկայացուցած ժամանակ, տարիներ առաջ, նոյնիսկ կրցած է գրել այն իրողութեան մասին, ինչ որ այս օրերուս Յունաստանի մէջ եւս կը տեսնենք, մանաւանդ այստեղ բնակութիւն հաստատած հայրենիքէն ժամանած հայրենակիցներուն մօտ.- «Հայը կապուած է իր ցեղին, իր լեզուին, քիչ թէ շատ՝ իր օրաթերթին ու գրականութեան եւ մշակոյթին:
Սակայն վա՜յ, թէ օտար լեզու մը սորվի՝ կարդացածը հասկնալու չափ. Կամացուկ մը «մնաս բարով» կ՚ըսէ իր մշակոյթին՝ վերէն նայելով անոր վրայ ու կը բռնէ այլասերման նրբուղին»:
Առ այդ՝ ո՞վ է իսկական Հայը...
Ա՞ն, որ ամբողջ տարին հայութենէն հեռու ըլլալով՝ Եղեռնի յիշատակման օրը կը յայտնուի հայկական կեանքէն ներս.
Ա՞ն, որ հասարակական կեանքին մէջ կը փորձէ դիրքի ու աթոռի հասնիլ, առանց գործ ցոյց տալու, թէ ոչ՝ ա՞ն, որ ամէն ձեւով կը փորձէ նախագահին ու կաթողիկոսին բարոյական ու նիւթական բացերը բռնել՝ աշխարհով մէկ յայտարարելու ու պախարակելու համար...:
Իսկական Հայը կամաւոր Հայն է
Հայ մեծանուն գրող Ա. Հայկազ ինչքա՜ն վարպետութեամբ կը փոխանցէ այն գաղափարը, որ մեր օրերուն եւս շատ աւելիով գոյութիւն ունի. «Ազգին մէջ՝ խօսելով ազգին ծառայողներ շատ կան...»: Գրեթէ ամէն տեղ շրջապատուած ենք այնպիսի հայերով, որոնց համար խօսիլը այնքան հարազատ է ու մօտիկ է, որքան հեռու են գործելն ու նուիրումը:
Շատեր իրենց խօսքով ու մեծամեծ բառերով կրնան հիւսել իրենց հայրենասիրութեան մակարդակն ու ծայրայեղ նուիրուածութիւնը՝ անոր ամէն մէկ քարին, եկեղեցւոյ եւ մշակոյթի բոլոր տարրերուն, սակայն անոնք կը մնան խօսքի տարածքներուն մէջ միայն: Նախագահ, վարչապետ, կուսակցական թէ որեւէ կազմակերպութեան անդամ, ձեռնարկներու եւ ճառախօսութեան ճամբով՝ որքան ալ ազգին նուիրուած ձեւանան, իսկական նուիրեալները անոնք են, որոնք իրենց կեանքի գնով ուղղուեցան Ղարաբաղեան սահմաններ:
Ուղղուեցան գործով եւ ոչ թէ խօսքով, որովհետեւ ժողովրդական լեզուով «խօսքով փիղին թեւեր տալը դիւրին է», սակայն գործով կատարուած ինքնանուիրումը հազար անգամ աւելի կ՚արժէ, որովհետեւ շատ յաճախ եւ մեծաւ մասամբ մարդոց խօսքերն ու գործերը կը հակասեն իրարու:
Ինչքա՜ն զգացական էր երեւոյթը, երբ նոյնիսկ 60-70 տարեկան մարդիկ, առանց նայելու իրենց կարողութեան եւ կամ յառաջացած տարիքին, երիտասարդի նուիրուած հոգիով ուղղուեցան Ղարաբաղ: Հաղորդավար մը հարց տուաւ անոնցմէ մէկուն, թէ այդ տարիքին ի՞նչ կրնայ կատարել ինք կռուի ժամանակ... տարեցին պատասխանը եղաւ.- «Նուազագոյնը կրնամ փամփուշտը իմ մարմնիս վրայ ընդունիլ, որպէսզի ետեւս կեցած ջահել երիտասարդին բան մը չըլլայ...»:
Խօսքերը չեն կրնար թափանցել այս զգացումներուն մէջ, որովհետեւ կան երեւոյթներ, որոնք լոկ գործով ու նուիրումով յառաջ կու գան:
Դժբախտաբար շատ մը հայերու համար նման երեւոյթներ զգացական ու անիմաստ են, որովհետեւ անոնք կ՚ապրին եսակեդրոն կեանք մը, մտածելով, աշխատելով ու նուիրուելով միայն իրենց անձնական գործին ու գրպանի շահերուն: Շատեր կ՚անիծեն թուրքերը, սակայն իրենց գործին համար կը սորվին թրքերէնը, ոչ թէ «թշնամիին լեզուն գիտնալը կարեւոր է» խօսքին լոյսին տակ, այլ՝ թուրք յաճախորդները սիրաշահելու միտումով: Շատեր կ՚անիծեն թուրքը, սակայն անոնց ամէնէն մօտիկ ու յարգի յաճախորդն ու զիրենք ապրեցնողը թուրքերը կ՚ըլլան իրենց գնումներով: Ազգ, որ անիծելով իր թշնամին, բարի գալուստ, բարի ախորժակ եւ բարի օրեր կը մաղթէ իր թշնամիին:
Միթէ այդ մէկը չէ՞ պատճառը, որ շատ մը գրողներ «Հայու Լինելութեան» ի՞նչ ըլլալուն մասին յստակ գաղափար չեն կրցած կազմել:
Շատեր, դժբախտաբար, կը համարձակին արտայայտուելու, թէ մինչեւ օրս հայրենիքս ինծի ի՞նչ տուաւ, որպէսզի ես հայրենիքիս բան մը տամ... սակայն նկատի առնենք, որ կամաւորաբար Ղարաբաղ մեկնողները եւս հայրենիքէն «բան մը չտեսան», սակայն անձնուիրաբար մեկնեցան այդտեղ՝ իրենց կեանքը զոհելու:
Հեռատեսիլներէն ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՞ս Ղարաբաղէն վիրաւորուած զինուորներ պահ առաջ կ՚ուզեն առողջանալ ու միանալ իրենց կռուի ընկերներուն, դարձեալ առանց բան մը տեսած ըլլալու հայրենիքէն:
Բան մը տեսնել ու չտեսնելը կու գայ կրթութենէն ու հայրենասիրութենէն. շատերուն համար հայրենիքէն ակնկալուած դրամն է այդ տեսնուելիքը, ուրիշներու համար՝ ազգին համար նուիրուած ու զոհաբերուած նահատակի կոչումը: Շատերու համար՝ տուն, տեղն ու գործն է, իսկ ուրիշներուն համար՝ հայրենիքի պաշտպանութիւնը օտար լուծէն ու տիրապետութենէն:
Շատերու համար՝ Հայաստանի քաղաքացի ըլլալը, հայկական անձնագիրը կրելն ու ունենալը պատիւ է ու հպարտանալու առիթ, իսկ ուրիշներու համար անպէտք բան է, որովհետեւ Եւրոպա կամ այլ երկիրներ առանց Visaի չեն կրնար երթալ... վստահ եղէք Visaի խնդիր թող չըլլար ու Հայաստանի քաղաքացին թող կարենար ազատ մուտք գործել Եւրոպա կամ այլ ցամաքամասեր, վստահ եղէք՝ մեծամասնութիւնը այսօր տիրացած կ՚ըլլար այդ անձնագիրին, որովհետեւ բարոյականը ոչ մէկ իմաստ ունի անոնց համար... կարեւորը իրենց եսակեդրոն կեանքի դիւրացումն ու յառաջացումն է:
Կամաւոր զինուորները անոնք են, որոնք սնած են իսկական հայու արիւնով ու պատուի ամբողջական զգացումներով՝ հաւատալով ազգասիրական այն երգի խօսքին, որ կ՚ըսէ.- «Հայոց Ազգի համար կռուելը փառք է»: Նայեցէք անոնց աչքերուն մէջ. այդտեղ չկայ վախ եւ կամ եսակեդրոն որեւէ մտածում։ Խիզախներ, որոնք նահատակութեան սուրբ պսակին ծարաւը ունին ազգի համար:
Կամաւորութիւնը՝ լոկ նահատակութի՞ւն
Աւելի քան 30-40 տարիներ առաջ, մեծ հաւանականութեամբ, մարդոց համար անկարելի ու անիրագործելի կը թուէր հաւանաբար օր մը օրանց Ղարաբաղի ազատագրումը, մեր քաջարի զինուորներու խիզախութեամբ: Մէկու մը մտքով չէր անցներ, որ օր մը օրանց կռուի ճամբով պիտի կարենանք վերստանալ այն հողերը, որոնք արդէն իսկ մեզի կը պատկանին:
Սակայն պատմութիւնը ոսկի տառերով իր էջերուն մէջ արձանագրեց քաջարիներու այդ յաղթանակը. Այո, շատեր նահատակուեցան ազգի համար, սակայն իրականացան անոնց նպատակն ու կամքը, որ չմեռնիլ եւ կամ հանգիստ կեանք ապրիլը չէր, այլ՝ ազգի փրկութիւնն ու ազատագրումը: Այսօր, երկու տասնեակ տարիներ ետք, նոյն այդ յաղթանակի զգացումն ու «միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» գաղափարի մեծարումն է, որ կամաւորներուն ճամբայ հանեց դէպի սահմաններ:
Երբ երիտասարդներ այդտեղ սահմաններուն վրայ իրենց արիւնը կը թափեն, հաւանաբար այլ տեղ մը հայեր իրենց տան կամ կազմակերպութեան մէջ քէֆ եւ խրախճանք կը կազմակերպեն, կ՚ուտեն, կը խմեն ու կը պարեն...: Դժբախտաբար պէտք է գիտնալ, որ միայն Ապրիլ ամսուն չէ, որ Հայը իր հայութիւնը կը զգայ:
Միայն Ապրիլ 24ի ձեռնարկի մը, քայլարշաւի մը մասնակցիլը հայութիւնը պահել ու հայ ըլլալ չի նշանակեր: Իսկական Հայը ա՛ն է, որ իր հայութիւնը կը զգայ ամէն օր... ազգութիւնը իր հաւատքին ու կրօնին հաւասար դասելով, որովհետեւ իսկական հայու մը համար իր ազգութիւնը եւս Աստուած մըն է, պաշտելու եւ զոհաբերուելու աստիճան նուիրումով:
Առ այդ կամաւորութիւնը լոկ նահատակուիլ, ազգի համար անմահանալ չէ... այլ վրէժի կատարեալ զգացում մըն է, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, թէ «Արարատի գլխին դրօշ պիտի դնենք վաղ թէ ուշ...»:
Փա՜ռք անցեալի ու ներկայի հերոսներուն, որոնք յեղափոխական երգերու բառերով պէտք է գիտնան, որ «դուք մեր սրտում, մեր մէջ էք... մենք ձեզ երբեք չենք մոռանայ ու մի՛շտ կը յիշենք»:
Կ. ԽԱՉԵՐ